Ձեր գործը կրակի պիտի դիմանա՞յ
«Ամէն մէկը թող զգուշանայ թէ ի՛նչպէս կը շինէ [հիմին վրայ]»։—Ա. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 3։10
1. Հաւատարիմ Քրիստոնեաներ ի՞նչ յոյս կը սնուցանեն ապագացու աշակերտներու առնչութեամբ։
ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ամուսնացած զոյգ մը իր նորածին մանուկը կը դիտէ։ Թագաւորութեան հրատարակիչ մը Աստուածաշունչի աշակերտի մը դէմքին վրայ կը նկատէ անկեղծ հետաքրքրութեան արտայայտութիւն մը։ Բեմէն սորվեցնող Քրիստոնեայ երէց մը հանդիսականներուն մէջ կը նշմարէ նոր հետաքրքրուած անհատ մը, որ անկուշտօրէն կը հետեւի Աստուածաշունչի համարներուն։ Եհովայի այս հաւատարիմ ծառաներուն սիրտը յոյսով լեցուն է։ Անոնք բնականաբար հարց կու տան. ‘Այս անհատը Եհովան պիտի սիրէ եւ անոր ծառայէ՞, եւ հաւատարիմ պիտի մնա՞յ’։ Անշուշտ այս արդիւնքը ինքնաբերաբար ձեռք չի ձգուիր։ Անիկա աշխատանք կը պահանջէ։
2. Պօղոս առաքեալ ի՞նչպէս Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն յիշեցուց սորվեցնելու գործին կարեւորութիւնը, եւ ասիկա ի՞նչ ինքնաքննութիւն ընելու կ’առաջնորդէ մեզ։
2 Ճարտար ուսուցիչ մը՝ Պօղոս առաքեալ, սորվեցնելու ու աշակերտելու գործին կարեւորութիւնը շեշտեց, երբ գրեց. «Դուք ժամանակի ընթացքին պարտաւոր էիք ուսուցիչներ ըլլալ»։ (Եբրայեցիս 5։12, Երուսաղէմ) Այն Քրիստոնեաները որոնց ուղղած էր իր խօսքը, շատ քիչ յառաջդիմութիւն ըրած էին, հաւատացեալներ ըլլալու ժամանակին հետ բաղդատած։ Ուրիշներուն սորվեցնելու պատրաստ չըլլալէն զատ, անոնք պէտք ունէին վերյիշելու ճշմարտութեան հիմնական երեսակները։ Ներկայիս, լաւ կ’ըլլայ եթէ բոլորս ալ ատենը անգամ մը մեր կարողութիւնները աչքէ անցընենք որպէս ուսուցիչներ եւ տեսնենք թէ ինչպէս կրնանք բարելաւումներ ընել։ Կեանքեր վտանգի տակ են։ Ի՞նչ կրնանք ընել։
3. (ա) Պօղոս առաքեալ Քրիստոնեայ աշակերտ մը պատրաստելը ի՞նչ բանի հետ կը բաղդատէ։ (բ) Որպէս Քրիստոնեայ շինարարներ, ի՞նչ մեծ առանձնաշնորհում ունինք։
3 Լայն պատկեր մը գործածելով, Պօղոս աշակերտելու գործը նմանցուց շինարարութեան մը։ Ան հետեւեալ ձեւով կը սկսի. «Մենք Աստուծոյ գործակից ենք. դուք Աստուծոյ մշակութիւնն էք, Աստուծոյ շինութիւնն էք»։ (Ա. Կորնթացիս 3։9) Ուստի մենք շինարարութեամբ մը կը զբաղինք, որ մարդոց հետ կապ ունի. մենք մարդիկը Քրիստոսի աշակերտներ շինելու կը նպաստենք։ Ասիկա ընելով, ‘բոլոր բաները Շինողին’ հետ գործակից կ’ըլլանք։ (Եբրայեցիս 3։4) Ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում։ Տեսնենք թէ Կորնթացիներուն տուած Պօղոսի ներշնչեալ խրատը ի՛նչպէս կրնայ օգնել մեզի որ մեր գործին մէջ աւելի հմուտ ըլլանք։ Մեր ուշադրութիւնը մասնաւորաբար պիտի դարձնենք ‘սորվեցնելու արուեստին’ վրայ։—Բ. Տիմոթէոս 4։2, ՆԱ։
Շիտակ Հիմ Դնել
4. (ա) Քրիստոնէական շինարարութեան մէջ Պօղոսի դերը ի՞նչ էր։ (բ) Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ Յիսուս եւ իր ունկնդիրները լաւ հիմերու կարեւորութիւնը գիտէին։
4 Շինարարութիւն մը կայուն եւ դիմացկուն ըլլալու համար, լաւ հիմի պէտք ունի։ Ուստի, Պօղոս գրեց. «Աստուծոյ շնորհքին չափովը, որ ինծի տրուեցաւ, իմաստուն ճարտարապետի մը պէս հիմ դրի»։ (Ա. Կորնթացիս 3։10) Նման պատկեր մը գործածելով, Յիսուս Քրիստոս խօսեցաւ տան մը մասին որ փոթորիկէն կանգուն մնաց, քանի որ զայն կառուցանողը հաստատուն հիմ մը ընտրած էր։ (Ղուկաս 6։47-49) Յիսուս հիմերու կարեւորութեան լաւ ծանօթ էր։ Ինք ներկայ էր երբ Եհովա երկրի հիմերը դրաւ։a (Առակաց 8։29-31) Յիսուսի ունկնդիրներն ալ լաւ հիմերուն արժէքը գիտէին։ Միայն լաւ հիմ ունեցող տուներն էին որ Պաղեստինի մէջ երբեմն պատահած հեղեղներուն եւ երկրաշարժներուն կանգուն կը մնային։ Արդ, Պօղոսի մտքին մէջ եղած հիմը ի՞նչ էր։
5. Քրիստոնէական ժողովքին հիմը ո՞վ է եւ ասիկա ի՞նչպէս նախագուշակուած էր։
5 Պօղոս գրեց. «Մէկը ա՛լ ուրիշ հիմ չի կրնար դնել դրուածէն զատ, որ է Յիսուս Քրիստոսը»։ (Ա. Կորնթացիս 3։11) Ասիկա առաջին անգամ չէ որ Յիսուս հիմի մը նմանցուած է։ Եսայեայ 28։16–ը կը նախագուշակէր. «Ահա ես Սիօնի մէջ վէմ մը կը դնեմ իբրեւ հիմ. ընտիր վէմ՝ պատուական անկիւն, հաստատուն հիմ»։ Եհովա շատոնց նպատակադրած էր որ իր Որդին քրիստոնէական ժողովքին հիմը պիտի ըլլար։—Սաղմոս 118։22. Եփեսացիս 2։19-22. Ա. Պետրոս 2։4-6
6. Պօղոս ի՞նչպէս լաւ հիմ դրած էր Կորնթացի Քրիստոնեաներուն մէջ։
6 Անհատապէս Քրիստոնեաներուն համար հիմը ի՞նչ է։ Ինչպէս Պօղոս ըսաւ, ճշմարիտ Քրիստոնեային համար, Աստուծոյ Խօսքին մէջ միայն մէկ հիմ կայ, որ է Յիսուս Քրիստոս։ Անկասկած, Պօղոս այսպիսի հիմ մը դրաւ։ Կորնթոսի մէջ, ուր փիլիսոփայութիւնը շատ բարձր աչքով դիտուած էր, ան չջանաց մարդիկը տպաւորել աշխարհային իմաստութեամբ։ Այլ, ան «խաչեալ [«ցցահան», ՆԱ] Քրիստոսը» քարոզեց, զոր ազգերը որպէս «յիմարութիւն» կը մերժէին։ (Ա. Կորնթացիս 1։23) Պօղոս սորվեցուց որ Յիսուս Եհովայի նպատակներուն առանցքը կը կազմէր։—Բ. Կորնթացիս 1։20. Կողոսացիս 2։2, 3
7. Երբ Պօղոս ինքզինքին կ’ակնարկէ որպէս «իմաստուն ճարտարապետ», ասկէ ի՞նչ կրնանք սորվիլ։
7 Պօղոս նշեց որ ինք այս ուսուցումը ըրաւ «իմաստուն ճարտարապետի մը պէս»։ Այս արտայայտութիւնը ինքնահաւանութիւն չէր, այլ ան պարզապէս կը գիտակցէր որ Եհովա իրեն հոյակապ պարգեւ մը տուած էր, որ էր կազմակերպելու կամ առաջնորդութիւն տալու գործը։ (Ա. Կորնթացիս 12։28) Ճիշդ է որ ներկայիս առաջին դարու Քրիստոնեաներուն նման հրաշագործ պարգեւներ չունինք։ Թերեւս մենք մեր մասին չենք մտածեր որպէս պարգեւատրուած ուսուցիչներ։ Բայց մենք պարգեւատրուած ուսուցիչներ ե՛նք, շատ կարեւոր առումով մը։ Նկատի առէք. Եհովա մեզի իր սուրբ հոգին կու տայ որ մեզի օգնէ։ (Բաղդատել՝ Ղուկաս 12։11, 12։) Իսկ մենք Եհովան կը սիրենք եւ իր Խօսքին հիմնական ուսուցումներուն մասին գիտութիւն ունինք։ Ասոնք արդարեւ հոյակապ պարգեւներ են ուրիշներուն սորվեցնելու համար։ Ուստի, վճռենք զանոնք գործածել լաւ հիմ դնելու համար։
8. Ապագացու աշակերտներուն մէջ ի՞նչպէս կրնանք Քրիստոսը որպէս հիմ դնել։
8 Երբ Քրիստոսը որպէս հիմ կը դնենք, կը նշանակէ որ զինք չենք ներկայացներ որպէս անօգնական մանուկ մը մսուրին մէջ, ոչ ալ Երրորդութեան մէջ Եհովայի հաւասար մէկը։ Այսպիսի ոչ–սուրբ գրային գաղափարներ կեղծ Քրիստոնեաներու համար որպէս հիմ կը ծառայեն։ Հապա մենք կը սորվեցնենք որ Յիսուս ցարդ ապրած մեծագոյն մարդն է, որ իր կատարեալ կեանքը մեզի համար զոհեց եւ թէ ներկայիս երկնքի մէջ տիրող Եհովայի նշանակած Թագաւորն է։ (Հռովմայեցիս 5։8, 9. Յայտնութիւն 11։15) Նաեւ կը ջանանք որ մեր աշակերտները մղուին Յիսուսի քայլերուն հետեւիլ եւ իր յատկութիւնները ընդօրինակել։ (Ա. Պետրոս 2։21) Կը փափաքինք որ անոնք խորապէս ազդուին ծառայութեան հանդէպ Յիսուսի ունեցած նախանձախնդրութենէն, համեստներուն ու ոտնակոխուածներուն հանդէպ իր կարեկցութենէն, իրենց յանցանքին համար ընկճուած մեղաւորներուն հանդէպ իր ողորմութենէն, փորձութեանց դիմաց իր անշեղ քաջութենէն։ Արդարեւ, Յիսուս հոյակապ հիմ մըն է։ Բայց ասոր ի՞նչ կը յաջորդէ։
Շիտակ Նիւթերով Շինել
9. Թէեւ Պօղոս գլխաւորաբար հիմ դնող մըն էր, սակայն իր ուսուցումով ճշմարտութիւնը ընդունողներուն հանդէպ ի՞նչ հետաքրքրութիւն ունէր։
9 Պօղոս գրեց. «Եթէ մէկը այս հիմին վրայ շինելու գործածէ ոսկի, արծաթ, պատուական քարեր, փայտ, խոտ, եղէգ, ամէն մէկուն գործը յայտնի պիտի ըլլայ. քանզի օրը երեւան պիտի հանէ, վասն զի կրակով պիտի յայտնուի եւ ամէն մէկուն գործին ի՛նչ տեսակ ըլլալը կրակը պիտի փորձէ»։ (Ա. Կորնթացիս 3։12, 13) Պօղոս ի՞նչ ըսել ուզեց։ Ենթահողը նկատի առէք. Պօղոս գլխաւորաբար հիմ դնող մըն էր։ Իր միսիոնարական շրջապտոյտներու ընթացքին, ան քաղաքէ քաղաք գնաց, քարոզելով շատերուն, որոնք բնաւ չէին լսած Քրիստոսի մասին։ (Հռովմայեցիս 15։20) Մինչ մարդիկ իր սորվեցուցած ճշմարտութիւնը կ’ընդունէին, ժողովքներ կը հաստատուէին։ Պօղոս շատ հոգ տարաւ այդ հաւատարիմներուն։ (Բ. Կորնթացիս 11։28, 29) Սակայն, իր գործը կը պահանջէր որ ան շարունակէր իր ուղեւորութիւնը։ Ուստի, Կորնթոսի մէջ 18 ամիս հիմ դնելով զբաղելէ ետք, ան գնաց որպէսզի ուրիշ քաղաքներու մէջ քարոզէ։ Սակայն, ան տակաւին անկեղծօրէն հետաքրքրուած էր որ ուրիշներ իր սկսած գործը ի՛նչպէս կը շարունակէին։—Գործք 18։8-11. Ա. Կորնթացիս 3։6
10, 11. (ա) Պօղոս ի՞նչ բաղդատութիւն կ’ընէ շինարարական տարբեր նիւթերու միջեւ։ (բ) Վաղեմի Կորնթոսի մէջ բառացի ի՞նչպիսի շինարարութիւններ գոյութիւն ունենալու էին։ (գ) Ի՞նչ տեսակ շինարարութիւններ աւելի հաւանական են որ կրակի դիմանան, եւ ասիկա Քրիստոնեայ աշակերտներ պատրաստողներուն համար գործնական ի՞նչ օրինակ կը հայթայթէ։
10 Այնպէս կը թուի որ Կորնթոսի մէջ Պօղոսի դրած հիմին վրայ աշխատողներէն ոմանք շատ խղճալի գործ մը կ’ընէին։ Այս խնդիրը երեւան հանելու համար, Պօղոս շինարարական երկու նիւթեր իրարու հետ կը բաղդատէ. ոսկի, արծաթ եւ պատուական քարեր մէկ կողմէն եւ փայտ, խոտ, եղէգ միւս կողմէն։ Շինարարութիւն մը կրնայ կառուցուիլ լաւ, տոկուն եւ կրակի դիմացող նիւթերով. բայց անհատ մը կրնայ հապճեպով կառուցանել, գործածելով անպէտ, ժամանակաւոր եւ բռնկուող նիւթեր։ Կորնթոսի նման մեծ քաղաքի մը մէջ անկասկած երկու տեսակն ալ գտնուելու էր։ Կային հսկայական տաճարներ, որոնք սուղ քարի զանգուածներով շինուած՝ թերեւս կարգ մը մասերը ոսկիով ու արծաթով պատուած կամ զարդարուած էին։b Այս փարթամ շինարարութիւնները հաւանաբար կը շողային անոնց մօտերը գտնուող անտաշ փայտերով շինուած եւ ծղօտով ծածկուած խրճիթներուն, հիւղակներուն եւ կրպակներուն քով։
11 Հրդեհի պարագային այս շինարարութիւններուն ի՞նչ կրնար պատահիլ։ Պատասխանը բացայայտ էր Պօղոսի օրերուն, ինչպէս նաեւ՝ մեր։ Կորնթոս քաղաքը նուաճուած եւ կրակի տրուած էր Հռովմէացի Զօրավար Մումիուսի կողմէ, Հ.Դ.Ա. 146–ին։ Փայտէ, խոտէ կամ եղէգէ շինուած շատ կառոյցներ հիմնայատակ եղած էին։ Իսկ քարէ շինուած եւ արծաթով ու ոսկիով զարդարուած շինարարութիւններո՞ւն ինչ պատահած էր։ Անոնք անկասկած փրկուած էին։ Կորնթոսի մէջ գտնուող Պօղոսի աշակերտները ամէն օր այսպիսի շինարարութիւններու կողքէն անցնելու էին. աղէտներէ վերապրած քարեղէն փարթամ շինարարութիւններ, մինչ աւելի նուազ դիմացկուն շինարարութիւնները շատոնց հիմնայատակ եղած էին։ Արդ, Պօղոս շատ վառ կերպով շեշտեց իր կէտը։ Երբ կը սորվեցնենք, մենք մեզ պէտք է նկատենք որպէս շինարարներ։ Կ’ուզենք կարելի եղած չափով լաւագոյն եւ ամենադիմացկուն նիւթերով աշխատիլ։ Այդ պարագային շատ հաւանաբար մեր գործը գոյատեւէ։ Ի՞նչ են այդ դիմացկուն նիւթերը եւ ինչո՞ւ կենսական է անոնց գործածութիւնը։
Ձեր Գործը Կրակի Պիտի Դիմանա՞յ
12. Կորնթացի Քրիստոնեաներէն ոմանք ի՞նչ կերպերով անփութօրէն կը շինէին։
12 Պօղոս զգաց որ Կորնթոսի մէջ կարգ մը Քրիստոնեաներ խեղճ կերպով կը շինէին։ Ո՞ւր էր սխալը։ Ընդհանուր բովանդակութիւնը ցոյց կու տայ որ ժողովքին մէջ երկպառակութիւններ կային եւ ժողովքին միութիւնը վտանգելու աստիճան, մարդկային անձնաւորութիւններու կապուած էին։ Ոմանք կ’ըսէին՝ «Ես Պօղոսեան եմ», իսկ ուրիշներ կը պնդէին՝ ‘Ես Ապօղոսեան եմ’։ Այնպէս կը թուի որ ոմանք իրենք իրենց վրայ բարձր համարում ունէին։ Ուստի զարամանալի չէր որ մարմնաւոր խորհուրդներու, հոգեւոր անհասունութեան եւ ‘նախանձի ու հակառակութեան’ մթնոլորտ մը կը տիրէր։ (Ա. Կորնթացիս 1։12. 3։1-4, 18) Այս կեցուածքները անշուշտ ժողովքին մէջ կատարուած ուսուցումին եւ ծառայութեան կ’ազդէին։ Որպէս հետեւանք, անոնց աշակերտելու գործը կաղաց, անորակ նիւթերով եղած շինարարութեան մը նման։ Անիկա պիտի չկարենար «կրակի» դիմանալ։ Պօղոս ի՞նչ կրակի մասին կը խօսէր։
13. Պօղոսի օրինակին մէջ կրակը ի՞նչ կը ներկայացնէ, եւ ամէն մէկ Քրիստոնեայ ի՞նչ բանի գիտակից պէտք է ըլլայ։
13 Կրակ մը կայ, որ բոլորս ալ մեր կեանքի ընթացքին անկէ կ’անցնինք. մեր հաւատքին փորձութիւնը։ (Յովհաննու 15։20. Յակոբու 1։2, 3) Կորնթոսի մէջ եղբայրներ պէտք էր գիտնային՝ ինչպէս որ մենք ներկայիս պէտք է գիտնանք, թէ անոր որ ճշմարտութիւնը կը սորվեցնենք՝ փորձէ պիտի անցնի։ Եթէ խեղճ կերպով սորվեցնենք, անիկա գէշ հետեւանք կրնայ ունենալ։ Պօղոս զգուշացուց. «Եթէ մէկուն շինած գործը մնայ, ինք վարձք պիտի առնէ. եւ եթէ մէկուն շինածը այրի, անիկա վնաս պիտի քաշէ. բայց ինք պիտի ազատի, սակայն այնպէս՝ իբր թէ կրակի մէջէն ելած է»։c —Ա. Կորնթացիս 3։14, 15
14. (ա) Քրիստոնեայ աշակերտող մը ի՞նչպէս կրնայ ‘վնաս քաշել’, ասով հանդերձ ան ի՞նչպէս կրնայ ազատիլ որպէս թէ կրակի մէջէն։ (բ) Ի՞նչպէս կրնանք նուազագոյն կորուստ կրել։
14 Մտածելու արժանի խօսքեր, արդարեւ։ Շատ վիշտ կը պատճառէ ծանր աշխատիլ անհատ մը աշակերտելու համար, ապա տեսնել որ ան փորձութեան կամ հալածանքի տեղի տալով ճշմարտութեան ճամբէն հեռանայ։ Պօղոս ասո՛ր կ’ակնարկէ, երբ կ’ըսէ որ այսպիսի պարագաներու կորուստ կ’ունենանք։ Այս փորձառութիւնը այնքան կրնայ վիշտ պատճառել, որ մեր փրկութիւնը անգամ նկարագրուած է «իբր թէ կրակի մէջէն». ճիշդ կը նմանի մարդու մը որ կրակին մէջ ամէն բան կորսնցնելով, հազիւ կրցած է ինքզինք ազատել։ Անհատապէս ի՞նչ կրնանք ընել, որպէսզի կորուստը նուազեցնենք։ Պէտք է դիմացկուն նիւթերով շինենք։ Եթէ մեր աշակերտներուն այնպէս մը սորվեցնենք որ անոնց սրտին հասնինք, որպէսզի գնահատեն իմաստութեան, ներատեսութեան, Եհովայի վախի եւ անկեղծ հաւատքի նման քրիստոնէական յատկութիւններ, այդ պարագային տոկուն եւ կրակի դիմացող նիւթերով շինած կ’ըլլանք։ (Սաղմոս 19։9, 10. Առակաց 3։13-15. Ա. Պետրոս 1։6, 7) Անոնք որոնք այս յատկութիւնները ձեռք կը ձգեն, պիտի շարունակեն Աստուծոյ կամքը կատարել. անոնք յաւիտեան ողջ մնալու վստահ յոյսը կ’ունենան։ (Ա. Յովհաննու 2։17) Արդ, Պօղոսի տուած օրինակը ի՞նչպէս կրնանք գործնական կերպով ի գործ դնել։ Կարգ մը օրինակներ նկատի առնենք։
15. Ի՞նչ կերպերով կրնանք Աստուածաշունչի աշակերտները անփութօրէն կերտելէ խուսափիլ։
15 Երբ Աստուածաշունչի աշակերտներու կը սորվեցնենք, որեւէ ժամանակ Եհովա Աստուծմէ առաջ պէտք չէ դնենք մարդիկը։ Մեր նպատակը չէ անոնց սորվեցնել որ մեզի նային, որպէս իմաստութեան գլխաւոր աղբիւր։ Կ’ուզենք որ անոնք Եհովայի, իր Խօսքին եւ իր կազմակերպութեան նային առաջնորդութեան համար։ Անոր համար, իրենց հարցումներուն մեր անձնական տեսակէտներով չենք պատասխաներ։ Այլ, անոնց կը սորվեցնենք որ իրենց պատասխանները գտնեն Աստուածաշունչին եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին հայթայթած գրականութիւններուն մէջ։ (Մատթէոս 24։45-47) Նոյնանման պատճառներով, ուշադիր կ’ըլլանք որ մեր Աստուածաշունչի աշակերտները մեզի չկապենք։ Երբ ուրիշներ անոնցմով հետաքրքրուին, փոխանակ բարկանալու, պէտք է մեր աշակերտները քաջալերենք որ իրենց սիրոյն մէջ ‘լայննան’, ժողովքին մէջ կարելի եղած չափով աւելի շատ անհատներու հետ ծանօթանալով եւ զանոնք գնահատելով։—Բ. Կորնթացիս 6։12, 13
16. Երէցները ի՞նչպէս կրնան կրակի դիմացող նիւթերով շինել։
16 Քրիստոնեայ երէցներն ալ կենսական դեր կը խաղան աշակերտները կերտելու մէջ։ Երբ ժողովքին դիմաց կը սորվեցնեն, անոնք կը ջանան կրակի դիմացող նիւթերով շինել։ Անոնց սորվեցնելու կարողութիւնը, փորձառութիւնը եւ անձնաւորութիւնը կրնան մեծապէս իրարմէ տարբերիլ, բայց անոնք այս տարբերութիւնները շահագործելով, անհատներ իրենց ետեւէն չեն քաշեր։ (Բաղդատել՝ Գործք 20։29, 30։) Ճիշդ չենք գիտեր թէ Կորնթոսի մէջ ոմանք ինչո՛ւ կ’ըսէին՝ «Ես Պօղոսեան եմ», կամ՝ ‘Ես Ապօղոսեան եմ’։ Բայց վստահ ենք որ այս հաւատարիմ երէցներէն ոեւէ մէկը բաժանում բերող այսպիսի միտքեր չքաջալերեց։ Պօղոսի հաճոյք չէր պատճառեր այսպիսի զգացումներ. ան զանոնք հաստատօրէն մերժեց։ (Ա. Կորնթացիս 3։5-7) Այսօր ալ, երէցները իրենց միտքը կը պահեն որ իրենք «Աստուծոյ հօտ»ին հովիւներն են։ (Ա. Պետրոս 5։2) Հօտը ոեւէ անհատի չի պատկանիր։ Ուստի, երէցները հաստատ դիրք կը բռնեն հօտին կամ երէցներու մարմինին վրայ մէկ հոգի տիրապետելու որեւէ հակումի դէմ։ Այնքան ատեն որ երէցներուն մղումն է խոնարհաբար ծառայել ժողովքին, սրտերուն հասնիլ, եւ ոչխարներուն օգնել որ բոլոր սրտով Եհովայի ծառայեն, ուրեմն կրակի դիմացող նիւթերով շինած կ’ըլլան։
17. Քրիստոնեայ ծնողներ ի՞նչպէս կրնան կրակի դիմացող նիւթերով շինելու ջանք թափել։
17 Քրիստոնեայ ծնողներն ալ խորապէս հետաքրքրուած են այս հարցով։ Անոնք որքա՜ն կը տենչան որ իրենց զաւակները յաւիտեան ապրին։ Անոր համար շատ ծանր կ’աշխատին, Աստուծոյ Խօսքը ‘քանդակելու’ իրենց զաւակներուն սրտին մէջ։ (Բ. Օրինաց 6։6, 7, ՆԱ) Անոնք կ’ուզեն որ իրենց զաւակները ճշմարտութիւնը գիտնան, ոչ թէ որպէս կանոններու կամ իրողութիւններու շարք մը, այլ որպէս լեցուն, վարձահատոյց եւ ուրախ ապրելակերպ մը։ (Ա. Տիմոթէոս 1։11) Իրենց զաւակները Քրիստոսի հաւատարիմ աշակերտները դարձնելու համար, սիրալիր ծնողներ կը ջանան կրակի դիմացող նիւթեր գործածելով կերտել զանոնք։ Անոնք համբերութեամբ կ’աշխատին իրենց զաւակներուն հետ, անոնց օգնելով որ Եհովայի ատած յատկանիշները վանեն իրենց մէջէն ու Անոր սիրած յատկութիւնները մշակեն։—Գաղատացիս 5։22, 23
Ո՞վ Է Պատասխանատուն
18. Երբ աշակերտ մը ճշգրիտ ուսուցումը մերժէ, ինչո՞ւ անպայմանօրէն իրեն սորվեցնողին ու մարզողին յանցանքը չէ։
18 Այս զրոյցը կարեւոր հարցում մը կը յարուցանէ։ Անհատ մը, որու ջանացինք օգնել, եթէ ճշմարտութենէն հեռանայ, կը նշանակէ՞ որ մենք որպէս ուսուցիչ թերացանք եւ թէ վատորակ նիւթերով շինեցինք։ Պայման չէ։ Պօղոսի խօսքերը մեզի կը յիշեցնեն որ աշակերտներ շինելու գործին մասնակցիլը մեծ պատասխանատուութիւն մըն է։ Մեր կարողութեան մէջ եղող ամէն ջանք պէտք է թափենք որ լաւ կառուցանենք։ Բայց Աստուծոյ Խօսքը մեզի չ’ըսեր որ ամէն պատասխանատուութիւնը մենք շալկենք եւ յանցապարտ զգանք, երբ այն անհատները որոնց ջանացինք օգնել՝ ճշմարտութենէն հեռանան։ Որպէս շինարարներ մեր դերէն զատ, ուրիշ ազդակներ ալ խնդրոյ առարկայ են։ Օրինակ, նկատի առէք թէ Պօղոս ի՛նչ կ’ըսէ, նոյնիսկ այն ուսուցիչին նկատմամբ որ իր շինարարական գործը խեղճօրէն ըրած է. «Անիկա վնաս պիտի քաշէ. բայց ինք պիտի ազատի»։ (Ա. Կորնթացիս 3։15) Եթէ այս անհատը վերջապէս կը փրկուի, հակառակ անոր որ իր աշակերտին մէջ իր շինած քրիստոնէական անձնաւորութիւնը կրակոտ փորձէ մը անցնելով ‘կ’այրի’, ի՞նչ պէտք է եզրակացնենք։ Կ’եզրակացնենք որ Եհովա աշակերտը գլխաւորաբար պատասխանատու կը բռնէ հաւատարիմ ընթացքի մը հետեւելու կամ ոչ իր որոշումին մէջ։
19. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ բան ձեռք պիտի առնուի։
19 Անձնական կամ անհատական պատասխանատուութիւնը շատ մեծ կարեւորութիւն ունեցող հարց մըն է։ Անիկա ամէն մէկուս կ’ազդէ։ Աստուածաշունչը այս մասին մասնաւորաբար ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Մեր յաջորդ յօդուածը ասիկա ձեռք պիտի առնէ։
[Ստորանիշներ]
a «Երկրի հիմերը» արտայայտութիւնը կրնայ ակնարկել երկիրը՝ եւ երկնային բոլոր մարմինները՝ իրենց տեղը կանգուն պահող ֆիզիքական ուժերուն։ Ասկէ զատ, երկիրը այնպէս մը շինուած է որ անիկա բնաւ պիտի «չխախտի» կամ կործանի։—Սաղմոս 104։5
b Պօղոսի հոս յիշած «պատուական քարեր» արտայայտութիւնը անպայմանօրէն գոհարներու, ինչպէս՝ ադամանդի եւ սուտակի, չ’ակնարկեր։ Անոնք շինարարական սուղնոց քարեր ըլլալու էին, ինչպէս՝ մարմարը, ալապաստրը կամ կրանիթը։
c Պօղոս ո՛չ թէ շինարարին փրկութիւնը կասկածի տակ կը դնէր, այլ՝ շինարարի «գործ»ին։ Անթիլիաս թարգմանութիւնը այս համարը հետեւեալ կերպով կու տայ. «Եթէ մէկուն շինածը կրակին դիմանայ՝ ենթական պիտի վարձատրուի. իսկ եթէ այրի՝ ենթական պիտի տուժէ, այսինքն թէեւ անձը ինք պիտի փրկուի, սակայն իր գործերուն համար վարձատրութիւն պիտի չստանայ»։
Ի՞նչպէս Պիտի Պատասխանէիք
◻ Ճշմարիտ Քրիստոնեային «հիմը» ի՞նչ է եւ անիկա ի՞նչպէս դրուած է։
◻ Շինարարական նիւթերու տարբեր տեսակներէն ի՞նչ կը սորվինք։
◻ «Կրակը» ի՞նչ կը ներկայացնէ եւ անիկա ի՞նչպէս կրնայ պատճառ ըլլալ որ անհատ մը ‘վնաս քաշէ’։
◻ Աստուածաշունչի ուսուցիչներ, երէցներ եւ ծնողներ ի՞նչպէս կրնան կրակի դիմացող նիւթերով շինել։
[Նկար՝ էջ 23]
Վաղեմի շատ մը քաղաքներու մէջ, կրակի դիմացող քարէ շինարարութիւններ գոյութիւն ունէին խախուտ կառոյցներու կողքին