Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դհ16 թիւ 3 էջ 16
  • Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2016
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուած անուն ունի՞։
  • Սխա՞լ է Աստուծոյ անունը գործածել։
  • Աստուծոյ անունը
    Զարթի՛ր 2017
  • Աստուծոյ անունը ինչո՞ւ պէտք է գործածենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Աստուծոյ անունը ի՞նչ է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2019
  • Աստուծոյ անունը. այդ անուան գործածութիւնն ու նշանակութիւնը
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2016
դհ16 թիւ 3 էջ 16
Աստուծոյ անունը Աստուածաշունչի հին ձեռագրի մը մէջ

Աստուծոյ անունը Աստուածաշունչի հին ձեռագրի մը մէջ

Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ

Աստուած անուն ունի՞։

ՈՄԱՆՔ Կ’ԸՍԵՆ թէ Աստուած անուն չունի, ուրիշներ կ’ըսեն թէ իր անունը Աստուած կամ Տէր է, իսկ ուրիշներ ալ կ’ըսեն թէ ան շատ անուններ ունի։ Դուն ի՞նչ կը խորհիս։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ

«Դո՛ւն, որուն անունը Եհովա է, Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ» (Սաղմոս 83։18)։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԷՆ ԱՅԼ ԿԷՏԵՐ

  • Թէեւ Աստուած շատ մը տիտղոսներ ունի, բայց միայն մէկ անուն տուած է ինքն իրեն (Ելից 3։15)։

  • Աստուած խորհուրդ չէ. ան կ’ուզէ որ զինք ճանչնանք (Գործք 17։27)։

  • Աստուծոյ անունը գիտնալը կրնայ առաջին քայլը ըլլալ իր բարեկամը ըլլալու (Յակոբոս 4։8)։

Սխա՞լ է Աստուծոյ անունը գործածել։

Ի՞ՆՉ Կ’ԸՍԵՍ

  • Այո

  • Ոչ

  • Նայած պարագայէն

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ

«Տէրոջը, քու Աստուծոյդ, անունը պարապ տեղ բերանդ չառնես» (Ելից 20։7)։ Աստուծոյ անունը գործածելը սխալ կ’ըլլայ միայն այն պարագային, եթէ անարգական կերպով ըսուի (Երեմիա 29։9)։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԷՆ ԱՅԼ ԿԷՏԵՐ

  • Յիսուս գիտէր եւ գործածեց Աստուծոյ անունը (Յովհաննէս 17։25, 26)։

  • Աստուած մեզի կ’ըսէ որ զինք իր անունով կանչենք (Սաղմոս 105։1)։

  • Աստուծոյ թշնամիները կը ջանան իր անունը մոռցնել տալ մարդոց (Երեմիա 23։27)։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին առաջին գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ

Նաեւ մատչելի է մեր կայքին մէջ՝ www.jw.org/hy-latn

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել