Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դհ16 թիւ 2 էջ 3-4
  • Իրապէ՞ս պատահեցաւ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Իրապէ՞ս պատահեցաւ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2016
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ՓԱՍՏԵՐԸ Ի՞ՆՉ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՆ
  • ԻՍԿ ՅԻՍՈՒՍԻ ՅԱՐՈՒԹԻ՞ՒՆԸ
  • Յիսուսի յարութիւնը ի՛նչ կը նշանակէ մեզի համար
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Յիսուսի յարութիւնը իրապէս տեղի ունեցա՞ւ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Աւետարանները. պատմութի՞ւն՝ թէ առասպել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Յարութիւնը ստոյգ յոյս մըն է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2016
դհ16 թիւ 2 էջ 3-4
Յիսուսի մարմինը տանջանքի ցիցէն վար կ’առնուի, մինչ անդին իր աշակերտները կը դիտեն

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ՅԻՍՈՒՍ ԻՆՉՈ՞Ւ ՏԱՌԱՊԵՑԱՒ ՈՒ ՄԵՌԱՒ

Իրապէ՞ս պատահեցաւ

Ք.Ե. 33–ի գարնան, նազովրեցի Յիսուս մահապատիժի ենթարկուեցաւ։ Ան իբրեւ խռովարար ամբաստանուած էր, վայրագ հարուածներ կերած էր եւ փայտին վրայ գամուած էր։ Ան տանջալից մահ մը ունեցաւ։ Բայց Աստուած զինք վերակենդանացուց եւ 40 օր ետք, Յիսուս երկինք համբարձաւ։

Այս արտասովոր դէպքը կը նշուի՝ սովորաբար Նոր Կտակարան կոչուած Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններու չորս Աւետարաններուն մէջ։ Այս բաները իրապէ՞ս պատահեցան։ Ասիկա տեղին եւ լուրջ հարցում մըն է։ Եթէ չպատահեցան, ուրեմն քրիստոնէական հաւատքը արժէք չունի եւ Դրախտին մէջ յաւիտեան ապրելու յոյսը միմիայն երազանք մըն է (Ա. Կորնթացիս 15։14)։ Միւս կողմէ, եթէ այս բաները ի՛րապէս պատահեցան, ուրեմն մարդկութիւնը պայծառ ապագայ մը ունի, որուն մէջ կրնաս բաժին բերել։ Արդ, Աւետարաններուն արձանագրութիւնները իրականութի՞ւն են, թէ ոչ՝ առասպել։

ՓԱՍՏԵՐԸ Ի՞ՆՉ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՆ

Աւետարանները ամենայն ճշգրտութեամբ եւ մանրամասնութեամբ կը ներկայացնեն դէպքերը, ինչ որ կը տարբերի երեւակայական առասպելներէն։ Օրինակի համար, անոնք կը նշեն իրական վայրերու անուններ, որոնցմէ շատեր ներկայիս կարելի է այցելել։ Աւետարանները կը նշեն իրական անձեր, որոնց գոյութիւնը վաւերացուած է աշխարհիկ պատմաբաններու կողմէ (Ղուկաս 3։1, 2, 23)։

Նոյնինքն Յիսո՛ւս նշուած է առաջին եւ երկրորդ դարու աշխարհիկ գրագէտներու կողմէa։ Աւետարաններուն մէջ նկարագրուած իր մահուան կերպը ներդաշնակ է այդ ժամանակուան հռոմէական մահապատիժներու կերպին հետ։ Աւելին, դէպքերը փաստացի եւ անկեղծ կերպով գրուած են,– նոյնիսկ Յիսուսի կարգ մը աշակերտներուն թերութիւնները մէջտեղ հանելով (Մատթէոս 26։56. Ղուկաս 22։24-26. Յովհաննէս 18։10, 11)։ Այս բոլոր կէտերը կը փաստեն, թէ աւետարանագիրները ճշմարտախօս եւ ճշգրիտ էին Յիսուսի կեանքը նկարագրելուն մէջ։

ԻՍԿ ՅԻՍՈՒՍԻ ՅԱՐՈՒԹԻ՞ՒՆԸ

Մարդիկ ընդհանուր առմամբ կ’ընդունին որ Յիսուս ապրեցաւ ու մեռաւ, սակայն ոմանք իր յարութիւնը հարցականի տակ կը դնեն։ Իր առաքեալներն անգամ չհաւատացին, երբ առաջին անգամ տեղեկացան որ յարութիւն առեր է (Ղուկաս 24։11)։ Սակայն ամէն կասկած վերցուեցաւ, երբ անոնք եւ ուրիշ աշակերտներ տեսա՛ն Յիսուսը յարութիւն առած՝ տարբեր առիթներով։ Իրականութեան մէջ, Յիսուս առիթով մը աւելի քան 500 հոգիի երեւցաւ (Ա. Կորնթացիս 15։6)։

Ձերբակալուիլն ու սպաննուիլը աչքերնին առնելով, աշակերտները քաջաբար հռչակեցին Յիսուսի յարութիւնը ամէն մարդու,– նոյնիսկ անոնց, որոնք Յիսուսը մահապատիժի ենթարկած էին (Գործք 4։1-3, 10, 19, 20. 5։27-32)։ Արդեօք այդքան շատ աշակերտներ այդչափ համարձակ պիտի ըլլայի՞ն, եթէ հարիւր առ հարիւր վստահ չըլլային Յիսուսի յարութենէն։ Իրականութեան մէջ, Յիսուսին յարութեան իրական ըլլալն է, որ պատճառ եղած է որ քրիստոնէութիւնը թէ՛ այդ ատենուան եւ թէ հիմակուան աշխարհին վրայ ազդեցութիւն ունենայ։

Յիսուսի մահն ու յարութիւնը նկարագրող Աւետարանները բոլոր անհրաժեշտ փաստերը ունին հեղինակաւոր եւ պատմական նկատուելու։ Զանոնք ուշադրութեամբ կարդալով պիտի համոզուիս, որ այդ դէպքերը ի՛րապէս պատահեցան։ Իսկ երբ հասկնաս թէ ատոնք ինչո՛ւ պատահեցան, ա՛լ աւելի պիտի համոզուիս։ Յաջորդ յօդուածը ասիկա պիտի բացատրէ։

a Տակիտոս (ծնած շուրջ Ք.Ե. 55–ին) գրեց. «Խրիսդուս, որմէ ծագում առած է [քրիստոնեաներ] անունը, Տիբերիոսի իշխանութեան ընթացքին, մեր կուսակալներէն մէկուն՝ Պոնտացի Պիղատոսի ձեռքով ծայրայեղ պատիժի ենթարկուեցաւ»։ Յիսուսին մասին ակնարկութիւն եղած է նաեւ Սուետոնիոսի կողմէ (առաջին դար), հրեայ պատմաբան Յովսեպոսի կողմէ (առաջին դար), եւ Պլինիոս Կրտսերին կողմէ, որ Բիւթանիոյ կառավարիչն էր (երկրորդ դարու սկիզբը)։

Ինչո՞ւ աշխարհիկ շատ արձանագրութիւններ չկան

Գիտնալով որ Յիսուս աշխարհի վրայ մեծ ազդեցութիւն ձգեց, պէ՞տք է ակնկալենք որ Աստուածաշունչէն զատ իր մասին ուրիշ արձանագրութիւններ ալ ըլլան առաջին դարէն։ Պայման չէ։ Առաջին, Աւետարանները գրեթէ 2000 տարի առաջ գրուեցան։ Այդ ժամանակէն մնացած գրութիւններուն թիւը շատ քիչ է (Ա. Պետրոս 1։24, 25)։ Երկրորդ, հաւանական չէ որ Յիսուսի հակառակորդներէն շատեր գրէին բաներ, որոնք պիտի պատճառէին որ մարդիկ հաւատան ու վստահին Յիսուսին։

Պետրոս առաքեալ Յիսուսին յարութեան մասին ըսաւ. «Աստուած զանիկա երրորդ օրը յարուցանեց եւ յայտնի ըրաւ զանիկա, ո՛չ թէ բոլոր ժողովուրդին, հապա մեզի, նախապէս Աստուծմէ վկայ ըլլալու ընտրուածներուս, որ իրեն հետ կերանք ու խմեցինք ալ անոր մեռելներէն յարութիւն առնելէն ետքը» (Գործք 10։40, 41)։ Ինչո՞ւ ոչ բոլոր մարդոց։ Մատթէոսի Աւետարանէն կ’իմանանք, որ երբ կրօնական թշնամիները Յիսուսի յարութեան մասին տեղեկացան, ջանացին այնպէս մը ընել, որ այս լուրը չտարածուի (Մատթէոս 28։11-15)։

Բայց ասիկա կը նշանակէ՞ թէ Յիսուս ուզեց որ իր յարութիւնը գաղտնիք մնայ։ Ո՛չ, որովհետեւ Պետրոս ըսաւ. «Ինք պատուիրեց մեզի, որ ժողովուրդին քարոզենք ու վկայութիւն տանք, թէ անիկա է Աստուծմէ սահմանուած՝ կենդանիներուն ու մեռելներուն Դատաւորը»։ Ճշմարիտ քրիստոնեաները այս մէկը ըրած են եւ տակաւին կ’ընեն (Գործք 10։42)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել