Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դհ16 թիւ 4 էջ 14-15
  • Կ’ուզե՞ս հաւատալիքներդ բաղդատել Սուրբ Գիրքին հետ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Կ’ուզե՞ս հաւատալիքներդ բաղդատել Սուրբ Գիրքին հետ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2016
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՄԵՐ ՀԱՒԱՏԱԼԻՔՆԵՐԸ ԲԱՂԴԱՏԵԼ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻՆ ՀԵՏ
  • Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
  • Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը
    Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն
  • Եհովայի վկաներու հաւատալիքները ի՞նչ են
    Եհովայի վկաներու հաւատալիքները ի՞նչ են
  • Բոլո՞ր բարի մարդիկը կ’երթան երկինք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2016
դհ16 թիւ 4 էջ 14-15

Կ’ուզե՞ս հաւատալիքներդ բաղդատել Սուրբ Գիրքին հետ

ԴՈՒՆ քեզ քրիստոնեայ կը սեպե՞ս։ Եթէ այո՛, քեզմէ զատ երկրի վրայ աւելի քան երկու միլիառ անհատներ կան, որոնք կ’ըսեն թէ Քրիստոսին կը հետեւին։ Այսօր, հազարաւոր յարանուանութիւններ կան որ քրիստոնէական կը կոչուին, բայց մէկը միւսէն կը տարբերի իր հաւատալիքներով եւ կարծիքներով։ Ասոր համար, թերեւս քու հաւատալիքներդ շատ տարբեր են ուրիշ քրիստոնեաներու հաւատալիքներէն։ Արդեօք տարբերութիւն կ’ընէ՞ թէ ինչի կը հաւատաս։ Այո՛ կ’ընէ, եթէ կ’ուզես Սուրբ Գիրքին սորվեցուցածին պէս քրիստոնեայ մը ըլլալ։

Յիսուս Քրիստոսին առաջին հետեւորդները ճանչցուեցան որպէս «Քրիստոնեայ» (Գործք 11։26)։ Անոնք ուրիշ անուններու պէտք չունէին, քանի որ միայն մէ՛կ քրիստոնէական հաւատք կար։ Անոնք միութեամբ հետեւեցան Յիսուս Քրիստոսի սորվեցուցածներուն եւ ցուցմունքներուն։ Լաւ, ի՞նչ կրնաս ըսել քու եկեղեցիիդ մասին։ Համոզուա՞ծ ես որ եկեղեցիդ կը սորվեցնէ Քրիստոսին սորվեցուցածները եւ ի՛նչ որ Քրիստոսին առաջին հետեւորդները կը հաւատային։ Ինչպէ՞ս կրնաս ասկէ վստահ ըլլալ։ Միայն մէ՛կ կերպ կայ. հաւատալիքներդ բաղդատել Սուրբ Գիրքին հետ։

Ասիկա նկատի առ. Յիսուս Քրիստոս Սուրբ Գրութիւնները շատ կը յարգէր որպէս Աստուծոյ Խօսքը։ Ան չընդունեց որ մարդիկ Սուրբ Գիրքին սորվեցուցածներուն զօրութիւնը տկարացնեն՝ մարդկային աւանդութիւնները աւելի կարեւոր սեպելով (Մարկոս 7։9-13)։ Ուստի կրնանք վստահութեամբ ըսել, որ Յիսուսի ճշմարիտ հետեւորդները իրենց հաւատալիքները կը հիմնեն Սուրբ Գիրքին վրայ։ Ուրեմն լաւ կ’ըլլայ որ ամէն քրիստոնեայ ինքն իրեն հարցնէ. ‘Եկեղեցիիս սորվեցուցածները համապատասխա՞ն են Սուրբ Գիրքին հետ’։ Այս հարցումին պատասխանը գտնելու համար, եկեղեցիիդ սորվեցուցածները բաղդատէ Սուրբ Գիրքին ըսածներուն հետ։

Յիսուս ըսաւ որ մեր պաշտամունքը պէտք է հիմնուած ըլլայ ճշմարտութեան վրայ, որ Սուրբ Գիրքին մէջն է (Յովհաննէս 4։24. 17։17)։ Եւ Պօղոս առաքեալ ըսաւ որ մեր փրկութիւնը կախեալ է ‘ճշմարտութիւնը ճանչնալէն’ (Ա. Տիմոթէոս 2։4)։ Ուրեմն, կարեւոր է որ մեր հաւատալիքները հիմնուած ըլլան Սուրբ Գիրքի ճշգրիտ գիտութեան վրայ, քանի որ մեր փրկութիւնը վտանգի մէջ է։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՄԵՐ ՀԱՒԱՏԱԼԻՔՆԵՐԸ ԲԱՂԴԱՏԵԼ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻՆ ՀԵՏ

Քեզ կը քաջալերենք որ տրուած վեց հարցումները կարդաս եւ Սուրբ Գիրքին պատասխանները նկատի առնես։ Նշուած համարները բաց, եւ պատասխաններուն վրայ մտածէ։ Ետքը՝ դուն քեզի հարցուր. ‘Իմ եկեղեցիիս սորվեցուցածները կը տարբերի՞ն Սուրբ Գիրքին ըսածներէն’։

Այս պզտիկ քննութիւնը քեզի կ’օգնէ որ կեանքիդ մէջ ամէնէն գործնական բաղդատութիւնը ընես։ Կ’ուզե՞ս եկեղեցիիդ միւս սորվեցուցածներն ալ բաղդատել Սուրբ Գիրքին ըսածներուն հետ։ Եհովայի վկաները ուրախութեամբ քեզի պիտի օգնեն որ անոր յստակ ճշմարտութիւնը քննես։ Կրնաս Վկայէ մը խնդրել որ Աստուածաշունչը ձրիօրէն սերտէ հետդ։ Կամ ալ կրնաս մեր կայքը այցելել՝ jw.org/hy-latn։

ՀԱՐՑՈՒՄ 1. Ո՞վ է Աստուած։

ՊԱՏԱՍԽԱՆ. Եհովան, Յիսուսին Հայրը, յաւիտենական Աստուածն է, եւ բոլոր բաներուն ամենակարող Արարիչը։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ Կ’ԸՍԷ.

«Ամէն ատեն ձեզի համար աղօթք ընելով՝ կը գոհանանք Աստուծմէ ու մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Հօրմէն» (Կողոսացիս 1։3)։

«Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու, վասն զի ամէն բան դուն ստեղծեցիր» (Յայտնութիւն 4։10բ)։

Տե՛ս նաեւ Հռովմայեցիս 10։13. Ա. Տիմոթէոս 1։17։

ՀԱՐՑՈՒՄ 2. Ո՞վ է Յիսուս Քրիստոս։

ՊԱՏԱՍԽԱՆ. Յիսուս Աստուծոյ միածին Որդին է։ Յիսուս ստեղծուած է. ուրեմն ան սկիզբ ունի։ Ան Աստուծոյ կ’ենթարկուի եւ Իր կամքը կը կատարէ։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ Կ’ԸՍԷ.

«Հայրս ինձմէ մեծ է» (Յովհաննէս 14։28)։

«[Յիսուս] աներեւոյթ Աստուծոյ պատկերն է, բոլոր ստեղծուածներուն անդրանիկը» (Կողոսացիս 1։15)։

Տե՛ս նաեւ Մատթէոս 26։39. Ա. Կորնթացիս 15։28։

ՀԱՐՑՈՒՄ 3. Ի՞նչ է սուրբ հոգին։

ՊԱՏԱՍԽԱՆ. Սուրբ հոգին ոյժ մըն է։ Աստուած զայն կը գործածէ իր կամքը ընելու համար։ Ատիկա անձ մը չէ։ Մարդիկ կրնան սուրբ հոգիով լեցուիլ եւ ատկէ զօրութիւն առնել։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ Կ’ԸՍԷ.

«Երբ Եղիսաբէթ Մարիամին բարեւը լսեց, մանուկը անոր որովայնին մէջ խաղաց ու Եղիսաբէթ Սուրբ Հոգիով լեցուեցաւ» (Ղուկաս 1։41)։

«Սուրբ Հոգին ձեր վրայ եկած ատենը զօրութիւն պիտի առնէք» (Գործք 1։8)։

Տե՛ս նաեւ Ծննդոց 1։2. Գործք 2։1-4. 10։38։

ՀԱՐՑՈՒՄ 4. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչ է։

ՊԱՏԱՍԽԱՆ. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկնային կառավարութիւն մըն է։ Յիսուս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորն է։ Մօտ ատենէն այս Թագաւորութիւնը պիտի պատճառէ որ Աստուծոյ կամքը կատարուի ամբողջ երկրագունդին վրայ։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ Կ’ԸՍԷ.

«Եօթներորդ հրեշտակը փողը հնչեցուց ու երկնքի մէջ մեծ ձայներ եղան, որ կ’ըսէին. ‘Աշխարհի թագաւորութիւնները մեր Տէրոջը ու իր Օծեալինը եղան։ Ինք պիտի թագաւորէ յաւիտեանս յաւիտենից’» (Յայտնութիւն 11։15)։

Տե՛ս նաեւ Դանիէլ 2։44. Մատթէոս 6։9, 10։

ՀԱՐՑՈՒՄ 5. Բոլո՞ր բարի մարդիկը երկինք կ’երթան։

ՊԱՏԱՍԽԱՆ. Ո՛չ։ Աստուած սահմանափակ թիւով հաւատարիմ անհատներ զատած է, որպէսզի երկինք երթան։ Անոնք կը կոչուին «պզտիկ հօտ»։ Անոնք Յիսուսի հետ մարդկութեան վրայ պիտի իշխեն որպէս թագաւորներ։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ Կ’ԸՍԷ.

«Մի՛ վախնար, պզտիկ հօտ, վասն զի ձեր Հայրը հաճեցաւ, որ թագաւորութիւնը ձեզի տայ» (Ղուկաս 12։32)։

«Անոնք Աստուծոյ եւ Քրիստոսին քահանաները պիտի ըլլան ու անոր հետ հազար տարի պիտի թագաւորեն» (Յայտնութիւն 20։6)։

Տե՛ս նաեւ Յայտնութիւն 14։1, 3։

ՀԱՐՑՈՒՄ 6. Երկրին եւ մարդկութեան նկատմամբ Աստուծոյ կամքը ի՞նչ է։

ՊԱՏԱՍԽԱՆ. Երկիրը Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ դրախտի պիտի վերածուի, եւ հաւատարիմ անհատներ պիտի վայելեն կատարեալ առողջութիւն, մնայուն խաղաղութիւն եւ անվերջ կեանք։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ Կ’ԸՍԷ.

«Հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան» (Սաղմոս 37։10, 11)։

«[Աստուած] անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան» (Յայտնութիւն 21։3, 4)։

Տե՛ս նաեւ Սաղմոս 37։29. Բ. Պետրոս 3։13։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել