Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դհ16 թիւ 4 էջ 16
  • Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2016
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Մա՞րդը մէջտեղ բերած է կրօնքը։
  • Կարեւո՞ր է որ կրօնքի մը պատկանինք։
  • Պէ՞տք է կազմակերպուած կրօնքի պատկանիմ
    Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
  • Շիտակ կրօնքը գտա՞ծ էք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Աստուած հաճեցնող պաշտամունք
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
  • Կրօնքի մասին ի՞նչ ուրախ լուրեր կան
    Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2016
դհ16 թիւ 4 էջ 16
Ընտանիք մը կը նայի պաշտամունքի զանազան վայրերու

Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ

Մա՞րդը մէջտեղ բերած է կրօնքը։

ՈՄԱՆՔ ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՆ թէ մարդը հնարած է կրօնքը։ Ուրիշներ կը կարծեն որ Աստուած կրօնքը կը գործածէ, որպէսզի մարդոց օգնէ որ իրեն մօտենան։ Դուն ի՞նչ կը կարծես։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ

Կա՛յ «Աստուծոյ՝ մեր Հօրը քով մաքուր ու անարատ կրօնասիրութիւն» կամ կրօնք (Յակոբոս 1։27)։ Մաքուր կամ ճշմարիտ կրօնքը Աստուծմէ կու գայ։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԷՆ ԱՅԼ ԿԷՏԵՐ

  • Կրօնք մը պէտք է Սուրբ Գիրքին ճշմարտութեան վրայ հիմնուած ըլլայ, որպէսզի Աստուած ատոր հաճի (Յովհաննէս 4։23, 24)։

  • Այն կրօնքները որ մարդոց գաղափարներուն վրայ հիմնուած են, անօգուտ են (Մարկոս 7։7, 8)։

Կարեւո՞ր է որ կրօնքի մը պատկանինք։

Ի՞ՆՉ Կ’ԸՍԵՍ

  • Այո

  • Ոչ

  • Կախում ունի

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ

«Իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով եւ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք» (Եբրայեցիս 10։24, 25)։ Ուրեմն, Աստուած կ’ուզէ որ զինք պաշտողները միասին հաւաքուին որպէս կազմակերպուած խումբ մը։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԷՆ ԱՅԼ ԿԷՏԵՐ

  • Անոնք որոնք միասին կը պաշտեն Աստուած, պէտք է նոյն հաւատալիքները ունենան (Ա. Կորնթացիս 1։10, 11)։

  • Այն անհատները որոնք Աստուծոյ հաճած կրօնքին կը պատկանին, համաշխարհային եղբայրութիւն մը կը կազմեն (Ա. Պետրոս 2։17)։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին 15–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ

Նաեւ մատչելի է մեր կայքին մէջ՝ www.jw.org/hy-latn

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել