Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կահ յօդուած 90
  • Պէ՞տք է կազմակերպուած կրօնքի պատկանիմ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Պէ՞տք է կազմակերպուած կրօնքի պատկանիմ
  • Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուածաշունչին պատասխանը
  • Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2016
  • Շիտակ կրօնքը գտա՞ծ էք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Աստուած հաճեցնող պաշտամունք
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
կահ յօդուած 90
Խումբ մը մարդիկ կը հաւաքուին պաշտամունքի համար

Պէ՞տք է կազմակերպուած կրօնքի պատկանիմ

Աստուածաշունչին պատասխանը

Այո՛, քանի որ Աստուած կ’ուզէ որ մարդիկ քով քովի հաւաքուին զինք պաշտելու համար։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով եւ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք» (Եբրայեցիս 10։24, 25)։

Յիսուս յստակ դարձուց որ իր հետեւորդները կազմակերպուած խումբ մը պիտի ըլլային, երբ անոնց ըսաւ. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք» (Յովհաննէս 13։35)։ Իրարու հանդէպ սէր ունենալու համար, Քրիստոսին աշակերտները պէտք էր նախ եւ առաջ իրարու հետ ընկերակցէին։ Անոր համար, անոնք պէտք էր կազմակերպէին ժողովքներ կամ եկեղեցիներ, որ պաշտամունքի համար կանոնաւորաբար հաւաքուէին (Ա. Կորնթացիս 16։19)։ Միասնաբար, այս բոլոր ժողովքները պիտի կազմէին համաշխարհային եղբայրութիւն (Ա. Պետրոս 2։17)։

Բաւարա՞ր է միայն կրօնքի մը պատկանիլ

Ճիշդ է որ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ որ մարդիկ պէ՛տք է հաւաքուին Աստուած պաշտելու համար, բայց ատիկա չի սորվեցներ որ անհատ մը կրնայ Աստուծոյ քով ընդունելի ըլլալ՝ պարզապէս կրօնքի մը պատկանելով։ Աստուծոյ քով ընդունելի ըլլալու համար, մէկու մը կրօնքը պէտք է ազդէ իր առօրեայ կեանքին։ Օրինակ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Աստուծոյ՝ մեր Հօրը քով մաքուր ու անարատ կրօնասիրութիւնը այս է. որբերուն ու որբեւայրիներուն այցելել նեղութեան ատենը ու անձը անարատ պահել աշխարհէն» (Յակոբոս 1։27)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել