Յուսացած բաներուդ հանդէպ հաւատքդ զօրացուր
‘Հաւատքը յուսացուած բաներուն հաստատութիւնն է’ (ԵԲ. 11։1)։
1, 2. ա) Ի՞նչ տարբերութիւն կայ մեր յոյսին եւ ուրիշ մարդոց յոյսին միջեւ։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ կէտեր պիտի քննարկենք։
ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐԸ ի՜նչ գեղեցիկ յոյս մը ունին։ Եհովան խոստացած է որ իր անունը սրբացնէ եւ իր կամքը կատարէ երկինքը եւ երկրի վրայ (Մատ. 6։9, 10)։ Ան նաեւ խոստացած է որ յաւիտենական կեանք տայ մեզի, կա՛մ երկինքը կամ ալ երկրի վրայ (Յովհ. 10։16. Բ. Պետ. 3։13)։ Անհամբեր կը սպասենք որ ասոնք իրականանան։ Մինչ այդ, ուրախութեամբ կը դիտենք Աստուծոյ ժողովուրդին հոգեւոր յառաջդիմութիւնը։
2 Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ հաւատքը մեր յուսացած բաներուն «հաստատութիւն»ն է։ Ասիկա ըսել է թէ ա՛ն որ հաւատք ունի, վերջին ծայր վստահ է որ Եհովային խոստացած բաները պիտի իրականանան (Եբ. 11։1)։ Անդին, այսօր շատ մը մարդիկ կը յուսան բաներ, բայց չեն կրնար վստահ ըլլալ որ ատոնք պիտի իրականանան։ Օրինակ՝ միլիոնաւոր մարդիկ կը յուսան որ վիճակահանութիւնը շահին, բայց անոնք բնա՛ւ չեն կրնար վստահ ըլլալ որ պիտի շահին։ Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք թէ ի՛նչ կրնանք ընել որ Աստուծոյ խոստումներուն աւելի հաւատանք։ Նաեւ նկատի պիտի առնենք որ զօրաւոր հաւատքը ի՛նչ օգուտներ կը բերէ։
3. Իսկական քրիստոնէական հաւատքը ինչի՞ վրայ հիմնուած է։
3 Հաւատքը բան մը չէ որ անկատար մարդիկ անով կը ծնին, ոչ ալ բան մըն է որ բնականաբար կը զարգանայ մեր մէջ։ Հաւատք ունենալու համար պէտք է ձգենք որ սուրբ հոգին մեր սրտին վրայ աշխատի (Գաղ. 5։22, 23, ՆԱ)։ Սուրբ Գիրքը չ’ըսեր որ Աստուած հաւատք ունի կամ ատոր պէտք ունի, քանի որ բան մը չկայ որ կրնայ զինք կեցնել իր նպատակը կատարելէ։ Ան ամենակարող եւ ամէնիմաստուն է։ Մեր երկնաւոր Հայրը այնքա՛ն վստահ է թէ իր խոստումները պիտի կատարուին, որ իրեն համար ատոնք արդէն իսկ իրականացած են։ Այս պատճառով ան կ’ըսէ. «Եղա՛ւ» (կարդա՛ Յայտնութիւն 21։3-6)։ Եհովան «հաւատարիմ Աստուած»ն է որ միշտ իր խոստումները կը կատարէ։ Քրիստոնէական հաւատքը ասոր վրայ հիմնուած է (Բ. Օր. 7։9)։
ՍՈՐՎԻՆՔ ԱՆՈՆՑՄԷ ՈՐՈՆՔ ԶՕՐԱՒՈՐ ՀԱՒԱՏՔ ՈՒՆԷԻՆ
4. Անցեալին, Աստուծոյ ծառաները ինչի՞ կը հաւատային։
4 Եբրայեցիս 11–րդ գլուխը 16 տղամարդոց եւ կիներու անունները կու տայ, որոնք զօրաւոր հաւատք ունէին։ Հոն նաեւ նշուած են բազմաթիւ ուրիշներ, որոնք «ընդունեցին բարի վկայութիւն մը իրենց հաւատքին համար» (Եբ. 11։39, ԱԾ)։ Անոնք բոլորն ալ կը սպասէին Եհովայի խոստացած «սերունդ»ին, որ մէջտեղէն պիտի վերցնէր Աստուծոյ թշնամիները եւ երկիրը դարձեալ դրախտի պիտի վերածէր (Ծն. 3։15)։ Այս հաւատարիմները զօրաւոր հաւատք ունէին որ Եհովան յարութիւն պիտի տայ իրենց։ Անշուշտ, անոնք չէին ակնկալեր որ երկնքի մէջ ապրելու համար յարութիւն առնեն, քանի որ Յիսուս տակաւին այդ դուռը չէր բացած (Գաղ. 3։16)։ Փոխարէն անոնք կը յուսային երկրի վրայ յաւիտեան ապրիլ գեղեցիկ դրախտի մը մէջ (Սաղ. 37։11. Եսա. 26։19. Ով. 13։14)։
5, 6. ա) Աբրահամ եւ իր ընտանիքը ի՞նչ բանի անհամբեր կը սպասէին։ բ) Անոնք ինչպէ՞ս զօրաւոր պահեցին իրենց հաւատքը (տե՛ս բացման պատկերը)։
5 Եբրայեցիս 11։13–ը Եհովայի այս հաւատարիմ ծառաներուն մասին կ’ըսէ. «Ասոնք ամէնքն ալ հաւատքով մեռան՝ խոստումները չառած, հապա հեռուէն տեսան զանոնք ու ողջունեցին»։ Անոնք անհամբեր սպասեցին նոր աշխարհին եւ երեւակայեցին որ հոն կ’ապրին։ Աբրահամ անոնցմէ մէկն էր։ Յիսուս ըսաւ որ Աբրահամ «ցանկացաւ» այդ ժամանակը տեսնել (Յովհ. 8։56)։ Սառան, Իսահակը, Յակոբը եւ շատ մը ուրիշներ ալ իրենց յոյսը դրին ապագայ Թագաւորութեան վրայ, «որուն ճարտարապետն ու արարիչը Աստուած է» (Եբ. 11։8-11)։
6 Աբրահամ եւ իր ընտանիքը ինչպէ՞ս զօրաւոր պահեցին իրենց հաւատքը։ Անոնք շարունակ սորվեցան Աստուծոյ մասին։ Ատեններ Աստուած իրենց հետ կը խօսէր հրեշտակներու, տեսիլքներու կամ երազներու միջոցաւ։ Անոնք հաւանաբար սորվեցան նաեւ տարիքով մեծ եղող հաւատարիմ անհատներէ կամ վստահելի հին գրութիւններէ։ Աւելի կարեւորը, անոնք բնա՛ւ չմոռցան Աստուծոյ խոստումներն ու պահանջները, եւ ատոնց վրայ խոկացին։ Անոնք այնքա՛ն վստահ էին իրենց յոյսէն, որ նոյնիսկ դժուարութիւններու ժամանակ Եհովային հաւատարիմ մնացին։
7. Եհովան մեզի ի՞նչ տուած է որ մեր հաւատքը զօրացնենք, եւ մենք ի՞նչ պէտք է ընենք։
7 Եհովան Սուրբ Գիրքը տուած է մեզի, որպէսզի մեր հաւատքը զօրաւոր պահենք։ Ուրախ եւ յաջող ըլլալու համար, լաւ կ’ըլլայ որ օրական կարդանք Սուրբ Գիրքը (Սաղ. 1։1-3. կարդա՛ Գործք 17։11)։ Եհովան նաեւ ‘ատենին կերակուր’ կու տայ մեզի «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցաւ (Մատ. 24։45)։ Պէտք է Եհովայի անցեալի ծառաներուն պէս շարունակենք խոկալ իր խոստումներուն վրայ եւ իրեն հնազանդինք։ Ասիկա մեզի պիտի օգնէ որ հաւատարիմ մնանք եւ անհամբեր սպասենք այն ժամանակուան, երբ իր Թագաւորութիւնը պիտի իշխէ ամբողջ աշխարհին վրայ։
8. Աղօթքը ինչպէ՞ս կրնայ մեր հաւատքը զօրացնել։
8 Աղօթքն ալ օգնեց Եհովայի անցեալի ծառաներուն որ իրենց հաւատքը զօրաւոր պահեն։ Երբ անոնք կը տեսնէին Աստուծոյ պատասխանը իրենց աղօթքներուն, իրենց հաւատքը կը զօրանար (Նէ. 1։4, 11. Սաղ. 34։4, 15, 17. Դան. 9։19-21)։ Մենք ալ կրնանք մեր մտահոգութիւնները պատմել Եհովային, գիտնալով որ մեզ պիտի լսէ եւ ոյժ տայ որ ուրախութեամբ տոկանք։ Եւ երբ մեր աղօթքները կը պատասխանուին, մեր հաւատքը կը զօրանայ (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 5։14, 15)։ Նաեւ պէտք է միշտ սուրբ հոգին ‘խնդրենք’, քանի որ հաւատքը անոր պտուղին մէկ երեսակն է (Ղուկ. 11։9, 13)։
9. Ի՞նչ բաներու մասին կրնանք աղօթել։
9 Երբ Եհովային աղօթենք, միայն պէտք չէ խնդրենք որ մեզի օգնէ։ Ամէն օր կրնանք իրեն շնորհակալութիւն յայտնել եւ զինք փառաբանել իր «սքանչելիքներ»ուն համար, որոնք «համրանքէն աւելի շատ են» (Սաղ. 40։5)։ Նաեւ կ’աղօթենք աշխարհի չորս կողմը եղող եղբայրներուն համար։ Օրինակ՝ ‘մտքերնիս կ’ըլլան կապուածները’, այսինքն՝ բանտարկեալները, եւ կ’աղօթենք ‘մեր մէջ առաջնորդութիւն առնողներուն’ համար։ Իսկ երբ տեսնենք թէ Եհովան ինչպէ՛ս կը պատասխանէ մեր աղօթքներուն, մեր հաւատքը կը զօրանայ եւ իրեն աւելի կը մօտենանք (Եբ. 13։3, 7)։
ԱՆՈՆՔ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՄՆԱՑԻՆ
10. Ի՞նչը օգնեց շատերու որ քաջ ըլլան եւ Աստուծոյ հաւատարիմ մնան։
10 Եբրայեցիս 11–րդ գլուխին մէջ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Կիներ իրենց մեռելները ընդունեցին յարութիւն առած. ոմանք չարչարուեցան եւ չընդունեցին ազատութիւնը, որպէս զի լաւագոյն յարութեան հասնին» (Եբ. 11։35)։ Շատեր փորձութիւններու տոկացին եւ Եհովային հաւատարիմ մնացին, քանի որ զօրաւոր հաւատք ունէին որ յարութիւն պիտի առնեն, ինչպէս որ Աստուած խոստացած է։ Անոնք գիտէին որ Եհովան դարձեալ պիտի կենդանացնէ զիրենք եւ երկրի վրայ յաւիտեան պիտի ապրին։ Միտքդ բեր Նաբովթը եւ Զաքարիան, որոնք քարկոծուելով մահացան քանի որ Աստուծոյ հնազանդ մնացին (Գ. Թագ. 21։3, 15. Բ. Մն. 24։20, 21)։ Դանիէլ դրուեցաւ անօթի առիւծներու գուբին մէջ, իսկ իր ընկերները՝ բորբոքած կրակի հնոցին մէջ։ Անոնք նախընտրեցին մեռնիլ, քան թէ չաստուածներ պաշտել։ Անոնք Աստուծոյ զօրութեան հաւատալով կրցան «առիւծներու բերաններ գոց[ել], կրակի զօրութիւն մար[ել]» (Եբ. 11։33, 34. Դան. 3։16-18, 20, 28. 6։13, 16, 21-23)։
11. Կարգ մը մարգարէներ ի՞նչ փորձութիւններու տոկացին իրենց հաւատքին շնորհիւ։
11 Շատ մը մարգարէներ ծաղրուեցան կամ բանտ դրուեցան, ինչպէս՝ Միքիան եւ Երեմիան։ Ուրիշներ, ինչպէս՝ Եղիան, «անապատներու ու լեռներու եւ այրերու ու երկրի խոռոչներու մէջ» թափառեցան։ Բոլորն ալ տոկացին, քանի որ «յուսացուած բաներուն հաստատութիւնը» ունէին (Եբ. 11։1, 36-38. Գ. Թագ. 18։13. 22։24-27. Եր. 20։1, 2. 28։10, 11. 32։2)։
12. Ո՞վ է լաւագոյն օրինակը, որուն կրնանք նմանիլ, եւ ի՞նչը օգնեց իրեն որ տոկայ։
12 Յիսուս Քրիստոս ամէնէն դժուար փորձութեան տոկաց եւ Եհովային հաւատարիմ մնաց։ Ի՞նչը իրեն օգնեց որ տոկայ։ Պօղոս ըսաւ. «Իր առջեւ կեցած ուրախութեանը համար խաչը յանձն առաւ, ամօթը արհամարհեց ու Աստուծոյ աթոռին աջ կողմը նստաւ» (Եբ. 12։2)։ Ետքը, Պօղոս քրիստոնեաները քաջալերեց որ Յիսուսին օրինակը ‘միտք բերեն’ կամ լրջօրէն մտածեն ատոր մասին (կարդա՛ Եբրայեցիս 12։3)։ Առաջին դարուն, շատ մը քրիստոնեաներ ալ մահացան, քանի որ Եհովային հաւատարիմ մնացին։ Անթիպաս անոնցմէ մէկն էր (Յայտ. 2։13)։ Այսպիսի քրիստոնեաներ արդէն իսկ յարութիւն առած են որ երկնքի մէջ ապրին, մինչ իրենցմէ առաջ եղող հաւատարիմ ծառաներուն յոյսն էր որ երկրի վրայ ապրին (Եբ. 11։35)։ Յիսուս 1914–ին Թագաւոր ըլլալէն ժամանակ մը ետք, մահացած բոլոր հաւատարիմ օծեալները յարութիւն առնելով երկինք գացին, որպէսզի Յիսուսին հետ իշխեն մարդկութեան վրայ (Յայտ. 20։4)։
ՆԵՐԿԱՅԻՍ ԶՕՐԱՒՈՐ ՀԱՒԱՏՔ ՈՒՆԵՑՈՂ ԾԱՌԱՆԵՐ
13, 14. Ռուտոլֆ Կրայխըն ի՞նչ փորձութիւններ ունեցաւ, եւ ի՞նչը իրեն օգնեց որ տոկայ։
13 Աստուծոյ միլիոնաւոր ծառաներ Յիսուսի օրինակին կը հետեւին։ Անոնք Աստուծոյ խոստումներուն վրայ կը խոկան եւ չեն ձգեր որ փորձութիւնները տկարացնեն իրենց հաւատքը։ Անոնցմէ մէկն է Ռուտոլֆ Կրայխըն, որ Գերմանիա ծնած է 1925–ին։ Ան պատմեց որ իրենց տան պատերուն վրայ կային սուրբգրային տեսարաններ։ Ան գրեց. «Պատկերի մը մէջ կային գայլն ու գառը, ուլն ու ինձը, հորթն ու առիւծը, որոնք բոլորն ալ խաղաղութեան մէջ էին եւ պզտիկ տղայ մը կը քշէր զանոնք. . . Այսպիսի պատկերներ շատ տպաւորած էին զիս» (Եսա. 11։6-9)։ Ասիկա Ռուտոլֆին հաւատքը զօրացուց եւ օգնեց որ միշտ մտածէ դրախտին մասին։ Այս պատճառով, ան Եհովային հաւատարիմ մնաց, հակառակ որ երկար տարիներ շատ ծանր հալածանք կրեց նացի Կեսթափոյին կողմէ, եւ ետքը՝ Արեւելեան Գերմանիոյ համայնավար Շթազի–ին կողմէ։
14 Ռուտոլֆ ուրիշ շատ մը փորձութիւններ ունեցաւ։ Իր մայրը բծատենդի պատճառով մահացաւ Ռավընսպրիւք համակեդրոնացման ճամբարին մէջ։ Իր հայրը թուղթ մը ստորագրեց, ուր ըսաւ որ այլեւս Եհովայի վկայ մը չէ։ Բայց Ռուտոլֆ իր հաւատքը զօրաւոր պահեց։ Բանտէն ելլելէ ետք, ան ծառայեց որպէս շրջանային տեսուչ եւ ետքը հրաւիրուեցաւ Գաղաադի դպրոց։ Ան նշանակուեցաւ Չիլի, ուր դարձեալ ծառայեց որպէս շրջանային տեսուչ։ Հոն, ան ամուսնացաւ Բէդսի անունով միսիոնար քրոջ մը հետ։ Բայց ցաւօք սրտի, մէկ տարի ետք իրենց նորածին աղջիկը մեռաւ։ Ժամանակ մը ետք, իր սիրելի կինն ալ մեռաւ 43 տարեկանին։ Ռուտոլֆ բոլոր այս փորձութիւններուն տոկաց։ Նոյնիսկ երբ տարիքով աւելի մեծցաւ եւ առողջութիւնը ետեւ գնաց, ան կը ծառայէր որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ եւ երէց, երբ իր կենսագրութիւնը լոյս տեսաւ Դիտարան–ի 1 օգոստոս 1997 թիւին մէջ, էջ 20-25 (անգլերէն)[1]։
15. Տուր Եհովայի վկաներու օրինակներ, որոնք այսօր ուրախութեամբ կը տոկան հալածանքին։
15 Ներկայիս, մեր եղբայրներէն եւ քոյրերէն շատեր ուրախութեամբ կը ծառայեն Եհովային, հակառակ որ ծանր հալածանք կը կրեն։ Հարիւրաւորներ բանտարկուած են Էրիթրիոյ, Հարաւային Քորէայի եւ Սինկափուրի մէջ, քանի որ չեն ուզեր ‘սուր առնել’ (Մատ. 26։52)։ Օրինակ՝ Այզաք, Նեկետէ եւ Փաուլոս աւելի քան 20 տարիէ ի վեր բանտարկուած են Էրիթրիոյ մէջ։ Հոն, անոնց հետ շատ գէշ կերպով վարուած են։ Եւ բոլոր այս տարիներուն ընթացքին, անոնք չեն կրցած իրենց ծնողքին հոգ տանիլ եւ զրկուած են ամուսնանալէ։ Բայց անոնք հաւատարիմ մնացած են եւ նոյնիսկ իրենց բանտապահները այլեւս կը յարգեն զիրենք։ jw.org կայքին մէջ կայ անոնց նկարը, ուր իրենց ժպտուն դէմքը կը ցուցնէ թէ իրենց հաւատքը զօրաւոր մնացած է։
Ժողովքիդ մէջ զօրաւոր հաւատք ունեցողներէն կ’օգտուի՞ս (տե՛ս պարբերութիւն 15, 16)
16. Զօրաւոր հաւատքը ինչի՞ն մէջ կ’օգնէ քեզի։
16 Եհովայի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը ծանր հալածանք չէ կրած։ Անոնք ուրիշ տեսակի փորձութիւններ ունեցած են։ Շատեր անցած են աղքատութենէ, բնական աղէտէ կամ քաղաքացիական պատերազմէ։ Ուրիշներ Աբրահամին, Իսահակին, Յակոբին եւ Մովսէսին պէս վազ անցած են հարստութենէն ու համբաւէն։ Անոնք շատ կը պայքարին որ իրենց կեանքը չկեդրոնանայ նիւթական բաներու կամ անձնական հանգիստին վրայ։ Ի՞նչը իրենց կ’օգնէ ասոր մէջ։ Եհովային հանդէպ իրենց սէրը եւ իր խոստումներուն հանդէպ իրենց հաւատքը։ Անոնք գիտեն որ ան իր հաւատարիմ ծառաները պիտի վարձատրէ, թոյլ տալով որ յաւիտեան ապրին արդար նոր աշխարհի մը մէջ (կարդա՛ Սաղմոս 37։5, 7, 9, 29)։
17. Ինչպէ՞ս զօրաւոր պիտի պահես հաւատքդ, եւ յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի տեսնենք։
17 Այս յօդուածին մէջ տեսանք թէ մեր հաւատքը ինչպէ՛ս «յուսացուած բաներուն հաստատութիւն»ն է։ Եւ որպէսզի մեր հաւատքը զօրաւոր մնայ, պէտք է Աստուծոյ խոստումներուն վրայ խոկանք եւ կանոնաւորաբար աղօթենք։ Այսպիսով պիտի կարենանք փորձութիւններուն տոկալ։ Յաջորդ յօդուածը աւելի պիտի խօսի թէ ի՛նչ ըսել է հաւատք ունենալ։
^ [1] (պարբերութիւն 14) Տե՛ս նաեւ Սլովաքիայէն եղող Անտրէյ Հանագի կենսագրութիւնը, Զարթի՛ր–ի 22 ապրիլ 2002 թիւին հետեւեալ յօդուածին մէջ՝ «Հակառակ փորձութիւններու, յոյսս պայծառ մնացած է»։