Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ16 Դեկտեմբեր էջ 24-28
  • Եհովան կը վարձատրէ զինք լրջօրէն փնտռողները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովան կը վարձատրէ զինք լրջօրէն փնտռողները
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԵՀՈՎԱՆ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ԻՐ ԾԱՌԱՆԵՐԸ ՕՐՀՆԵԼ
  • «ԽԱՐԻՍԽ ՄԸ ՄԵՐ ԱՆՁԻՆ»
  • ԵՀՈՎԱՆ ԶԻՐԵՆՔ ՎԱՐՁԱՏՐԵՑ
  • ԵՀՈՎԱՆ ՄԵՐ ԸՐԱԾԸ ՉԻ ՄՈՌՆԱՐ
  • ՎԱՐՁԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ԹԷ՛ ՀԻՄԱ ԵՒ ԹԷ ՅԱՒԻՏԵԱՆ
  • Եհովա «վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
  • Աստուած «վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Եհովան հեթանոս ազգ մը վարձատրեց
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2017)
  • Հաւատարմութիւնը կը Վարձատրուի
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
դ16 Դեկտեմբեր էջ 24-28
Ամուսին մը ու իր կինը ովկիանոսը կը դիտեն ապագայ Դրախտին մէջ

Եհովան կը վարձատրէ զինք լրջօրէն փնտռողները

«Ան որ Աստուծոյ կը մօտենայ, պէտք է որ հաւատայ թէ Աստուած կայ եւ թէ վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն» (ԵԲ. 11։6)։

ԵՐԳԵՐ. 85, 134

ԿՐՆԱ՞Ս ԲԱՑԱՏՐԵԼ

  • Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան իր ծառաները կը վարձատրէ։

  • Անցեալին, Եհովան իր ծառաները ինչպէ՞ս օրհնեց։

  • Եհովայէն ի՞նչ վարձատրութիւններ կը ստանանք։

1, 2. ա) Սէրն ու հաւատքը ինչպէ՞ս իրարու հետ կապուած են։ բ) Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

ՄԵՆՔ կը սիրենք Եհովան, քանի որ «ան առաջ մեզ սիրեց» (Ա. Յովհ. 4։19)։ Որպէսզի իր սէրը ցուցնէ, ան խոստացած է օրհնել իր հաւատարիմ ծառաները։ Որքա՛ն աւելի սիրենք Եհովան, այնքան աւելի կը հաւատանք իրեն, եւ կը համոզուինք որ պիտի վարձատրէ զանոնք որ կը սիրէ (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։6)։

2 Եհովան վարձատրող է։ Ասիկա կարեւոր տեղեկութիւն մըն է Եհովային եւ իր ըրածներուն մասին։ Մեր հաւատքը լման չ’ըլլար եթէ համոզուած չըլլանք որ Աստուած պիտի վարձատրէ զանոնք որ լրջօրէն կը փնտռեն զինք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ «հաւատքը յուսացուած բաներուն հաստատութիւնն [է]» (Եբ. 11։1)։ Հաւատալ կը նշանակէ թէ լման վստահ ենք որ Աստուած պիտի օրհնէ իրեն հաւատարիմ եղողները։ Լաւ, նկատի առնենք այս հարցումները. ինչպէ՞ս կ’օգտուինք գիտնալով որ պիտի վարձատրուինք։ Եհովան ինչպէ՞ս վարձատրած է իր ծառաները թէ՛ անցեալին թէ ալ ներկայիս։

ԵՀՈՎԱՆ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ԻՐ ԾԱՌԱՆԵՐԸ ՕՐՀՆԵԼ

3. Մաղաքիա 3։10–ին մէջ ի՞նչ խոստում կայ։

3 Եհովան խոստացած է օրհնել իր հաւատարիմ ծառաները։ Ան մեզ կը քաջալերէ որ իրեն մեր լաւագոյնը տանք, վստահ ըլլալով որ մեզ պիտի օրհնէ։ Եհովան կ’ըսէ. «Ասով զիս փորձեցէ՛ք. . . թէ արդեօք ձեզի երկնքի պատուհանները պիտի չբանա՞մ ու ձեզի օրհնութիւն թափեմ, այնքան շատ որ բաւական տեղ չըլլայ» (Մաղ. 3։10)։ Երբ Եհովային ըսածը կ’ընենք, կը ցուցնենք թէ իրմէ շատ շնորհակալ ենք։

4. Ինչո՞ւ կրնանք Մատթէոս 6։33–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խոստումին վստահիլ։

4 Յիսուս խոստացաւ իր աշակերտներուն թէ եթէ Թագաւորութիւնը առաջին տեղը դնեն, Աստուած իրենց հոգ պիտի տանի (կարդա՛ Մատթէոս 6։33)։ Յիսուս ասկէ վստահ էր քանի որ գիտէր թէ Եհովան որքա՜ն վստահելի է եւ միշտ կը կատարէ իր խոստումները (Եսա. 55։11)։ Ուրեմն, մենք ալ կրնանք վստահ ըլլալ որ եթէ սրտանց հաւատանք Եհովային, ան իր այս խօսքին տէրը պիտի ելլէ. «Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ» (Եբ. 13։5)։ Եհովային այս խոստումը մեզի կ’օգնէ որ Մատթէոս 6։33–ի մէջ Յիսուսի ըսածին վստահինք։

Յիսուս եւ իր աշակերտները անձրեւէն կը պահպանուին

Յիսուս ցուցուց թէ իր աշակերտները պիտի վարձատրուէին իրենց ըրած զոհողութիւններուն համար (տե՛ս պարբերութիւն 5)

5. Յիսուսին պատասխանը ինչո՞ւ մեր հաւատքը կը զօրացնէ։

5 Անգամ մը, Պետրոս առաքեալ հարցուց Յիսուսին. «Ահա մենք ամէն բան թողուցինք եւ քու ետեւէդ եկանք. ուստի մեզի ի՞նչ պիտի ըլլայ» (Մատ. 19։27)։ Փոխանակ Պետրոսը յանդիմանելու, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ որ պիտի վարձատրուէին իրենց ըրած զոհողութիւններուն համար։ Հաւատարիմ առաքեալները եւ ուրիշներ Յիսուսի հետ պիտի թագաւորեն երկնքին մէջ։ Բայց նոյնիսկ հիմա վարձատրութիւններ կան։ Յիսուս ըսաւ. «Ով որ թողուց տուներ կամ եղբայրներ կամ քոյրեր կամ հայր կամ մայր կամ կին կամ որդիներ կամ արտեր իմ անուանս համար, հարիւրապատիկ պիտի առնէ եւ յաւիտենական կեանքը պիտի ժառանգէ» (Մատ. 19։29)։ Այսօր, Յիսուսի բոլոր հետեւորդները կրնան ժողովքներուն մէջ գտնել հայրեր, մայրեր, եղբայրներ, քոյրեր եւ զաւակներ։ Ասիկա վստահաբար շատ աւելի արժէքաւոր է քան որեւէ զոհողութիւն որ ըրած ենք Աստուծոյ Թագաւորութեան համար։

«ԽԱՐԻՍԽ ՄԸ ՄԵՐ ԱՆՁԻՆ»

6. Եհովան ինչո՞ւ կը խոստանայ իր ծառաները վարձատրել։

6 Մենք ո՛չ միայն հիմա շատ մը հոյակապ օրհնութիւններ կը վայելենք, հապա՝ անհամբեր կը սպասենք որ ապագային շատ աւելի օրհնութիւններ վայելենք (Ա. Տիմ. 4։8)։ Եհովան կը խոստանայ որ իր հաւատարիմ ծառաները պիտի վարձատրէ, եւ ասիկա գիտնալը մեզի կ’օգնէ որ տոկանք դժուար ժամանակներուն մէջ։ Երբ լման համոզուած ըլլանք որ Եհովան «վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն», պիտի կարենանք հաւատարիմ մնալ (Եբ. 11։6)։

7. Յոյսը ինչպէ՞ս խարիսխի կը նմանի։

7 Յիսուս Լերան քարոզին մէջ ըսաւ. «Ցնծացէք եւ ուրախ եղէք, վասն զի ձեր վարձքը շատ է երկինքը. քանզի այս կերպով հալածեցին ձեզմէ առաջ եղած մարգարէները» (Մատ. 5։12)։ Աստուծոյ կարգ մը ծառաները երկնային վարձատրութիւն պիտի ստանան, իսկ ուրիշներ՝ երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու վարձատրութիւնը։ Ասիկա ալ պատճառ մըն է որ անոնք ‘ցնծան եւ ուրախանան’ (Սաղ. 37։11. Ղուկ. 18։30)։ Սակայն մեր բոլորի՛ն համար, մեր յոյսը կրնայ «հաստատ ու անշարժ խարիսխ մը» ըլլալ (Եբ. 6։17-20)։ Ճիշդ ինչպէս որ խարիսխը հաստատ կը պահէ նաւը փոթորիկի մը ընթացքին, մեր զօրաւոր յոյսն ալ մեզի կ’օգնէ որ զգացական, մտային եւ հոգեւոր գետնի վրայ անխախտ մնանք։ Ատիկա կրնայ մեզի զօրութիւն տալ որ դժուարութիւններուն դիմանանք։

8. Մեր յոյսը ինչպէ՞ս կը թեթեւցնէ հոգերը։

8 Մեր յոյսը զօրութիւն ունի որ մեր հոգերը թեթեւցնէ։ Աստուծոյ խոստումները կրնան բալասանի մը նման հանգստացնել մեր մտահոգ սիրտը։ Կը մխիթարուինք երբ գիտնանք որ Եհովան մեզի հոգ պիտի տանի, երբ մեր հոգը իր վրայ ձգենք (Սաղ. 55։22)։ Կրնանք լման վստահ ըլլալ որ Աստուած «կարող է գերազանցօրէն աւելի ընել՝ քան ամէն ինչ որ մենք կը խնդրենք կամ կ’ըմբռնենք» (Եփ. 3։20, ԱԾ)։ Պահ մը երեւակայէ. Եհովան մեզի պիտի օգնէ ո՛չ թէ շատ կամ առատապէս, այլ՝ գերազանցօրէն։

9. Որքա՞ն վստահ կրնանք ըլլալ որ Եհովային օրհնութիւնը պիտի ստանանք։

9 Որպէսզի վարձատրուինք, պէտք է ամբողջովին հաւատանք Եհովային եւ հնազանդինք իր տուած ուղղութիւններուն։ Մովսէս իսրայէլ ազգին ըսաւ. «Տէրը անշուշտ քեզ պիտի օրհնէ այն երկրին մէջ, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի ժառանգութիւն պիտի տայ, որպէս զի անոր տիրես։ Միայն՝ եթէ քու Տէր Աստուծոյդ խօսքին ամէն կերպով հնազանդիս ու այս բոլոր պատուիրանքները, որոնք ես այսօր քեզի կը պատուիրեմ՝ զգուշութեամբ գործադրես, քու Տէր Աստուածդ ալ քեզի ըսածին պէս քեզ պիտի օրհնէ» (Բ. Օր. 15։4-6)։ Իսկապէս վստա՞հ ես որ Եհովան քեզ պիտի օրհնէ, եթէ շարունակես իրեն հաւատարմօրէն ծառայել։ Վստահ ըլլալու լաւ պատճառ ունիս։

ԵՀՈՎԱՆ ԶԻՐԵՆՔ ՎԱՐՁԱՏՐԵՑ

10, 11. Եհովան ինչպէ՞ս վարձատրեց Յովսէփը։

10 Սուրբ Գիրքը մեր օգտին համար գրուեցաւ։ Իր մէջ կը գտնենք շատ մը օրինակներ թէ Աստուած անցեալին ինչպէ՛ս իր հաւատարիմ ծառաները վարձատրեց (Հռով. 15։4)։ Յովսէփ հոյակապ օրինակ մըն է։ Նախ, իր եղբայրները զինք ծախեցին որպէս գերի։ Ետքը, Եգիպտոսի մէջ իր տիրոջ կինը սուտ խօսեցաւ իր մասին եւ այսպիսով ան բանտ մտաւ։ Լաւ, բանտին մէջ ան իր Աստուծմէ բաժնուա՞ծ էր։ Բնա՛ւ երբեք։ «Տէրը Յովսէփին հետ էր ու ողորմութիւն ցուցուց անոր. . . Տէրը անոր հետ էր եւ անոր բոլոր ըրածները Տէրը կը յաջողցնէր» (Ծն. 39։21-23)։ Յովսէփ համբերութեամբ իր Աստուծոյն սպասեց նոյնիսկ այդ դժուար պարագաներուն մէջ։

11 Տարիներ ետք, փարաւոնը բանտէն հանեց Յովսէփը եւ զինք Եգիպտոսի մէջ ամէնէն կարեւոր երկրորդ անձնաւորութիւնը դարձուց (Ծն. 41։1, 37-43)։ Երբ Յովսէփ երկու տղայ ունեցաւ, «անդրանիկին անունը Մանասէ դրաւ. քանզի ըսաւ. ‘Աստուած ինծի մոռցուց իմ բոլոր վիշտերս ու իմ հօրս բոլոր տունը’։ Եւ երկրորդին անունը Եփրեմ դրաւ, քանզի ըսաւ. ‘Աստուած իմ տառապանքիս երկրին մէջ աճեցուց զիս’» (Ծն. 41։51, 52)։ Եհովան վարձատրեց Յովսէփը իր հաւատարմութեան համար, եւ ան կրցաւ թէ՛ իսրայէլացիները թէ ալ եգիպտացիները փրկել։ Կէտը այս է. Յովսէփ գիտակցեցաւ թէ Եհովա՛ն էր որ զինք վարձատրեց եւ օրհնեց (Ծն. 45։5-9)։

12. Յիսուս ինչպէ՞ս հաւատարիմ մնաց փորձութեան տակ։

12 Յիսուս Քրիստոս ալ Եհովային հնազանդ մնաց շատ մը փորձութիւններու մէջ, եւ վարձատրուեցաւ։ Ի՞նչը իրեն օգնեց որ հաւատարիմ մնայ։ Աստուծոյ Խօսքը կը բացատրէ. «Իր առջեւ կեցած ուրախութեանը համար խաչը յանձն առաւ, ամօթը արհամարհեց» (Եբ. 12։2)։ Յիսուսին համար վստահաբար ուրախութիւն էր Աստուծոյ անունը սրբացնել։ Եւ ան վարձատրուեցաւ՝ Աստուծոյ հաճութիւնը եւ շատ մը հոյակապ առանձնաշնորհումներ ունենալով։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ ան «Աստուծոյ աթոռին աջ կողմը նստաւ» եւ Աստուած «զանիկա խիստ բարձրացուց ու անոր անուն մը տուաւ՝ որ ամէն անունէ վեր է» (Փլպ. 2։9)։

ԵՀՈՎԱՆ ՄԵՐ ԸՐԱԾԸ ՉԻ ՄՈՌՆԱՐ

13, 14. Եհովան ի՞նչ աչքով կը նայի այն բանին որ կ’ընենք իրեն համար։

13 Կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան կը գնահատէ ի՛նչ որ կ’ընենք որ իրեն ծառայենք։ Ան կը հասկնայ մեր զգացումները երբ մենք մեր անձէն վստահ չըլլանք կամ կասկած ունենանք մեր կարողութիւններուն վրայ։ Ան մեզի հետ կը զգայ երբ դրամական հոգերու մէջ թաղուած ըլլանք կամ ալ մեր առողջապահական կամ զգացական խնդիրներուն պատճառաւ չկրնանք առաջուան պէս ծառայել իրեն։ Եւ կրնանք լման վստահ ըլլալ որ Եհովան կ’արժեւորէ ամէն բան որ իր ծառաները կ’ընեն, որպէսզի իրեն հաւատարիմ մնան (կարդա՛ Եբրայեցիս 6։10, 11)։

14 Նաեւ միտքդ պահէ թէ Եհովան «աղօթքի լսող»ն է, եւ վստահաբար մտիկ պիտի ընէ մեզի երբ իրեն աղօթենք (Սաղ. 65։2)։ «Գթութեան Հայրը եւ ամէն մխիթարութեան Աստուածը» առանց խնայելու պիտի օգնէ մեզի զգացականօրէն եւ հոգեւորապէս, թերեւս ատեններ գործածելով մեր եղբայրներն ու քոյրերը (Բ. Կոր. 1։3)։ Եհովան կ’ազդուի երբ ուրիշներուն կարեկցինք։ «Աղքատին ողորմութիւն ընողը Տէրոջը փոխ կու տայ ու Անիկա անոր հատուցում պիտի ընէ» (Առ. 19։17. Մատ. 6։3, 4)։ Ուրեմն, երբ մէկու մը օգնենք դժուարութեան մէջ, Եհովան մեր ըրած լաւութիւնը կը սեպէ իրեն տրուած պարտք, եւ կը խոստանայ զայն վարձատրել։

ՎԱՐՁԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ԹԷ՛ ՀԻՄԱ ԵՒ ԹԷ ՅԱՒԻՏԵԱՆ

15. Ո՞ր վարձատրութեան անհամբեր կը սպասես (տե՛ս բացման պատկերը)։

15 Օծեալ քրիստոնեաները յոյսը ունին որ «արդարութեան պսակը» ստանան, որ Յիսուսին կողմէ վարձատրութիւն մըն է (Բ. Տիմ. 4։7, 8)։ Սակայն եթէ դուն տարբեր յոյս մը ունիս, ասիկա ըսել չէ որ Աստուծոյ աչքին աւելի քիչ արժէք ունիս։ Յիսուսի միլիոնաւոր «ուրիշ ոչխարներ»ը անհամբեր կը սպասեն որ դրախտային երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու վարձատրութիւնը ստանան։ Հոն՝ անոնք «խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան» (Յովհ. 10։16. Սաղ. 37։11)։

16. Ա. Յովհաննէս 3։19, 20–ին մէջ ի՞նչ մխիթարութիւն կը գտնենք։

16 Թերեւս ատեններ կը զգանք որ շատ բան չենք ըներ Եհովային ծառայութեան մէջ, կամ կը կարծենք որ Եհովան մեր թափած ջանքերով ուրախ չէ։ Թերեւս նոյնիսկ զգանք թէ արժանի չենք որեւէ վարձատրութիւն ստանալու։ Բայց բնա՛ւ պէտք չէ մոռնանք որ «Աստուած մեր սրտերէն մեծ է եւ ամէն բան գիտէ» (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 3։19, 20)։ Որքան ալ իր ծառայութեան մէջ մեր ըրածը անարժէք երեւի մեր աչքին, Եհովան կը վարձատրէ զայն, այնքան ատեն որ հաւատքով եւ սէրէ մղուած կ’ընենք (Մար. 12։41-44)։

17. Հիմա մեր վայելած վարձատրութիւններէն ոմանք ի՞նչ են։

17 Եհովան կ’օրհնէ իր ժողովուրդը նոյնիսկ Սատանայի աշխարհին այս վերջին օրերուն ընթացքին։ Ան վստահ կ’ըլլայ որ հոգեւորապէս ծաղկինք որեւէ ժամանակէ աւելի (Եսա. 54։13)։ Ինչպէս որ Յիսուս խոստացաւ, Եհովան մեզ հիմա կը վարձատրէ՝ մեզի տալով սիրալիր ընտանիք մը, որ աշխարհի չորս կողմը եղող եղբայրներէ եւ քոյրերէ կազմուած է (Մար. 10։29, 30)։ Ասկէ զատ, անոնք որ սրտանց կը փնտռեն Աստուած, կը ստանան ներքին խաղաղութիւն, գոհունակութիւն եւ ուրախութիւն (Փլպ. 4։4-7)։

18, 19. Եհովայի ծառաները ի՞նչ կը զգան իրենց ստացած վարձատրութիւններուն հանդէպ։

18 Աշխարհի տարածքին Եհովայի ծառաները հոյակապ վարձատրութիւններ ստացած են իրմէ։ Օրինակ՝ Գերմանիայէն եղող Պիյանքա կ’ըսէ. «Ի՛նչ ալ ընեմ չեմ կրնար բաւարար շնորհակալութիւն յայտնել Եհովային՝ ամէն օր իմ կողքիս ըլլալուն համար եւ իմ հոգերուս մէջ ինծի օգնելուն համար։ Աշխարհը տակնուվրայ եւ անյոյս է։ Բայց ես ապահով կը զգամ Եհովային ձեռքերուն մէջ, մինչ իրեն հետ մօտէն կ’աշխատիմ։ Երբոր իրեն համար զոհողութիւններ կ’ընեմ, հարիւր անգամը օրհնութիւններ կը թափէ վրաս»։

19 Կամ նկատի առ Քանատայի մէջ եղող 70 տարեկան Փոլան, որ ողնահերձութենէ (spina bifida) կը տառապի։ Ան կ’ըսէ. «Եթէ շատ չեմ կրնար շարժիլ, ասիկա չի նշանակեր որ չեմ կրնար ծառայել։ Ծառայութեան տարբեր տեսակներ կ’օգտագործեմ, ինչպէս՝ հեռաձայնով վկայել եւ անպաշտօն վկայութիւն։ Քովս կը պահեմ տետրակ մը, ուր գրած եմ համարներ եւ մեր հրատարակութիւններէն առնուած գաղափարներ, որպէսզի ատեն–ատեն կարդամ եւ քաջալերուիմ։ Զայն կը կոչեմ ‘Փրկութեան տետրակս’։ Վհատութիւնը ժամանակաւոր կ’ըլլայ երբ Եհովայի խոստումներուն վրայ կը կեդրոնանանք։ Ան միշտ պատրաստ է մեզի օգնելու, ինչ վիճակի մէջ ալ ըլլանք»։ Թերեւս պարագադ շատ տարբեր է Պիյանքայի կամ Փոլայի պարագայէն։ Բայց վստահաբար տեսած ես թէ Եհովան ի՛նչ կերպերով վարձատրած է քեզ եւ շուրջիններդ։ Ի՜նչ լաւ կ’ըլլայ որ խոկաս թէ Եհովան հիմա ինչպէ՛ս կը վարձատրէ քեզ եւ ապագային ինչպէ՛ս պիտի վարձատրէ։

20. Ի՞նչ բան կրնանք ակնկալել, եթէ շարունակենք սրտանց ծառայել Եհովային։

20 Բնաւ մի՛ մոռնար որ անկեղծ աղօթքներդ «մեծ վարձքի հատուցում ունի[ն]»։ Կրնաս վստահ ըլլալ որ «Աստուծոյ կամքը» ընելէ ետք, ‘խոստումը պիտի վայելես’ (Եբ. 10։35, 36)։ Ուրեմն, շարունակենք մեր հաւատքը զօրացնել եւ սրտանց Եհովային ծառայել, վստահ ըլլալով որ ան պիտի վարձատրէ մեզ (կարդա՛ Կողոսացիս 3։23, 24)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել