Հաւատարմութիւնը կը Վարձատրուի
1 Եբրայեցիս 11։6–ին մէջ, մեզի կ’ըսուի որ Աստուած «վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն»։ Կերպերէն մէկը որով ան ‘քիչ բանի մէջ հաւատարիմ եղող’ իր նուիրուած ծառաները կը վարձատրէ, այն է որ ‘զանոնք շատ բաներու վրայ կը կեցնէ’։ (Մատթ. 25։23) Ուրիշ խօսքով, Եհովա յաճախ ժրաջան աշխատանքը կը վարձատրէ, իր հաւատարիմ վկաներուն ծառայութեան յաւելեալ առանձնաշնորհումներ տալով։
2 Պօղոս առաքեալի հաւատարմութիւնը վարձատրուեցաւ, երբ ան ծառայութեան մը նշանակուեցաւ, որ զինք տարաւ Եւրոպայի եւ Փոքր Ասիոյ քաղաքներն ու գիւղերը։ (Ա. Տիմ. 1։12) Թէեւ իր ծառայութիւնը ամբողջացնելու համար շատ ջանք պահանջուեցաւ, սակայն Պօղոս մեծարեց իր ստացած առանձնաշնորհումը։ (Հռովմ. 11։13. Կող. 1։25) Ան իր սրտագին գնահատութիւնը ցոյց տուաւ, լրջօրէն փնտռելով քարոզելու պատեհութիւններ։ Իր եռանդուն գործունէութեամբ, յստակօրէն ցոյց տուաւ որ իր հաւատքին համաձայն կ’ապրէր։ Իր օրինակը կը մղէ մեզ, որ մեր ծառայութեան առանձնաշնորհումին վրայ գուրգուրանք։
3 Եհովա Մեզի Ծառայութիւն մը Տուած Է. Ինչպէ՞ս կրնանք ցուցաբերել Պօղոսի ունեցած միեւնոյն տեսակէտը ծառայութեան առանձնաշնորհումին հանդէպ։ Ծառայութեան մեր մասնակցութիւնը աւելցնելու կերպեր կը փնտռենք։ Ամէն պատեհութիւն կ’օգտագործենք վկայելու համար անպաշտօն կերպով, ինչպէս նաեւ՝ դռնէ դուռ։ Տունը չեղողները կը հետապնդենք ու կը վերայցելենք բոլոր հետաքրքրուողներուն։ Իսկ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ վարելու համար, մեր ժամադրութիւնները կը յարգենք։
4 Մեր ծառայութեան նկատմամբ, Պօղոս յորդորեց. «Մտադրութեամբ [«ստիպողականօրէն», ՆԱ] գործիդ պարապէ՛»։ (Բ. Տիմ. 4։2) Ստիպողական բան մը, անմիջական ուշադրութիւն կը պահանջէ։ Մեր ծառայութիւնը ստիպողական ձեւով կ’ընե՞նք, նախապատուութիւնը անոր տալով։ Օրինակի համար, չենք ուզեր թոյլ տալ, որ շաբաթավերջի մեր զբօսանքը եւ ուրիշ անհատական հետապնդումներ խանգարեն մեր դաշտի ծառայութեան յատկացուած ժամանակը։ Համոզուած ենք որ այս դրութեան վախճանը արագօրէն կը մօտենայ. նաեւ համոզուած ենք որ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելը, ամենակարեւոր գործունէութիւնն է զոր կրնանք ընել։
5 Աստուծոյ հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը կը յատկանշուի, իրեն հանդէպ ճշմարիտ ու հաւատարիմ ըլլալով եւ մեզի նշանակած գործին մէջ յարատեւելով։ Թող որ մեր ծառայութիւնը լիովին կատարենք, որպէսզի Եհովա մեր հաւատարմութիւնը մեծապէս վարձատրէ։