Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դհ17 թիւ 1 էջ 3
  • Ինչո՞ւ կ’արժէ Սուրբ Գիրքը կարդալ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ինչո՞ւ կ’արժէ Սուրբ Գիրքը կարդալ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ինչպէ՞ս կրնաս Սուրբ Գիրքէն ամէնէն շատ օգտուիլ
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Կարդալու Հետամուտ Եղէք
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. օգտաւէտ եւ հաճելի
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Ինչպէ՞ս կրնամ սկսիլ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
դհ17 թիւ 1 էջ 3
Կին մը Սուրբ Գիրքը կ’առնէ գրադարանէն

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ԱՒԵԼԻ ՕԳՏՈՒԻԼ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԷՆ

Ինչո՞ւ կ’արժէ Սուրբ Գիրքը կարդալ

«Կը կարծէի որ Սուրբ Գիրքը շատ դժուար է որ հասկնամ» (Ճուվի)։

«Կը զգայի որ կարդալը ձանձրանալի պիտի ըլլայ» (Քուիննի)։

«Երբ նայեցայ Սուրբ Գիրքին հաստութեան, կարդալու ախորժակս գնաց» (Էզէքյէլ)։

Օրին մէկը մտածա՞ծ ես Սուրբ Գիրքը կարդալու մասին, բայց ետքը վազ անցած ես այդպիսի պատճառներու համար։ Սուրբ Գիրքը կարդալու գաղափարը շատերը կը վախցնէ։ Լաւ, ի՞նչ կ’ընես եթէ քեզի ըսուի որ Սուրբ Գիրքը կ’օգնէ որ աւելի ուրախ եւ գոհունակ կեանք մը ապրիս, ինչպէս նաեւ ըսուի որ կրնաս զայն աւելի հետաքրքրական կերպերով կարդալ։ Այս պարագային, կը փափաքի՞ս տեսնել թէ Սուրբ Գիրքին մէջ ի՛նչ գրուած է։

Նկատի առ միայն քանի մը անհատներու ըսածները, որոնք օգուտներ քաղեցին երբ սկսան Սուրբ Գիրքը կարդալ։

Էզէքյէլ, որ 20–ական տարիքին սկիզբն է, կ’ըսէ. «Առաջ, կը նմանէի մէկու մը որ ինքնաշարժ կը քշէ առանց գիտնալու թէ ո՛ւր կ’երթայ։ Բայց Սուրբ Գիրքը կարդալը ինծի օգնած է որ կեանքս իմաստ ունենայ։ Ատոր մէջ կան գործնական խրատներ որ կրնամ ամէն օր գործածել»։

Ֆրիտա, որ ինքն ալ 20–ական տարիքին մէջն է, կը բացատրէ. «Առաջ, շատ շուտ կը ջղայնանայի։ Բայց Սուրբ Գիրքը սորվեցուցած է որ ինքզինքս զսպեմ։ Ասիկա ձգած է որ մարդիկ հետս լեզու գտնեն, եւ հիմա աւելի բարեկամներ ունիմ»։

Եունըս անունով կին մը, որ 50–ական տարիքին մէջն է, Սուրբ Գիրքին մասին կ’ըսէ. «Ատիկա ինծի կ’օգնէ որ աւելի լաւ անձ մը դառնամ եւ գէշ սովորութիւններս փոխեմ»։

Այս անհատները եւ միլիոնաւոր ուրիշներ տեսած են որ Սուրբ Գիրքը կարդալը կ’օգնէ աւելի հաճելի կեանք մը ապրելու (Եսայի 48։17, 18)։ Ատիկա շատ մը բաներու մէջ կրնայ քեզի օգնել, ինչպէս՝ 1) լաւ որոշումներ առնել, 2) իսկական բարեկամներ ունենալ, 3) խնդիրներուն հետ գլուխ ելլել եւ 4) ամէնէն լաւագոյնը՝ Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը գիտնալ։ Սուրբ Գիրքին խրատները Աստուծոյ կողմէ են. ուրեմն եթէ ատոնց հետեւիս, բնա՛ւ սխալած չես ըլլար, քանի որ Աստուած բնա՛ւ սխալ խրատ չի տար։

Կարեւորը այն է որ սկսի՛ս կարդալ։ Ի՞նչ բաներ քեզի կրնան օգնել որ աւելի դիւրութեամբ եւ հաճոյք առնելով սկսիս կարդալ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել