Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դհ17 թիւ 1 էջ 4
  • Ինչպէ՞ս կրնամ սկսիլ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ինչպէ՞ս կրնամ սկսիլ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ինչպէ՞ս կրնաս Սուրբ Գիրքէն ամէնէն շատ օգտուիլ
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Կարդալու Հետամուտ Եղէք
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Միտք դիր կարդալու
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. օգտաւէտ եւ հաճելի
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
դհ17 թիւ 1 էջ 4

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ԱՒԵԼԻ ՕԳՏՈՒԻԼ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԷՆ

Ինչպէ՞ս կրնամ սկսիլ

Կին մը կ’աղօթէ առաջ որ Սուրբ Գիրքը կարդայ

Ի՞նչը քեզի պիտի օգնէ որ Սուրբ Գիրքը կարդալէն հաճոյք առնես եւ լաւագոյն կերպով օգտուիս։ Նկատի առ այս հինգ քայլերը, որ շատերու օգնած են։

Լաւ միջավայր մը ստեղծէ։ Փորձէ հանդարտ տեղ մը գտնել։ Խանգարող բաները հեռու պահէ որպէսզի կարենաս կեդրոնանալ։ Եթէ բաւարար լոյս եւ մաքուր օդ կայ, ասիկա քեզի կ’օգնէ որ լաւագոյն կերպով օգտուիս կարդացածէդ։

Ճիշդ կեցուածքով կարդա՛։ Սուրբ Գիրքը մեր երկնաւոր Հօր կողմէն է։ Ուրեմն, եթէ կարդաս այն կեցուածքով որ պզտիկ մը կ’ունենայ երբ պատրաստ կ’ըլլայ իր սիրալիր հօրմէն սորվելու, այն ատեն ամէնէն շատ պիտի օգտուիս։ Եթէ որեւէ գէշ կարծիք կազմած ես Սուրբ Գիրքին մասին առաջ որ զայն կարդաս, փորձէ զայն մէկ կողմ դնել, որպէսզի Աստուած կարենայ քեզի սորվեցնել (Սաղմոս 25։4)։

Առաջ որ կարդաս, աղօթէ՛։ Սուրբ Գիրքին մէջ գրուած են Աստուծոյ խօսքերը։ Ուրեմն, հասկնալու համար իր օգնութեան պէտք ունինք։ Ան կը խոստանայ որ «Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն» (Ղուկաս 11։13)։ Սուրբ հոգին քեզի կ’օգնէ որ Աստուծոյ մտածելակերպը հասկնաս։ Ժամանակի ընթացքին, ատիկա քեզի պիտի օգնէ որ նոյնիսկ «Աստուծոյ խորունկ բաները» հասկնաս (Ա. Կորնթացիս 2։10)։

Հասկնալու նպատակով կարդա՛։ Կարդալու սիրոյն մի՛ կարդար։ Կարդացածիդ մասին մտածէ։ Դուն քեզի այսպիսի հարցումներ հարցուր. ‘Այս անձը որուն մասին կը կարդամ, ի՞նչ յատկութիւններ ունի։ Ինչպէ՞ս կրնամ ասիկա գործադրել կեանքիս մէջ’։

Մասնայատուկ նպատակակէտեր դի՛ր։ Որպէսզի օգտուիս կարդալէն, նպատակդ թող ըլլայ՝ բան մը սորվիլ որ կեանքդ աւելի լաւ պիտի դարձնէ։ Կրնաս այսպիսի նպատակակէտեր դնել. ‘Կ’ուզեմ Աստուծոյ մասին աւելին գիտնալ’, ‘Կ’ուզեմ աւելի լաւ անձ մը, ամուսին մը կամ կին մը ըլլալ’։ Ետքը կարդա՛ Սուրբ Գիրքին այն մասերը որ քեզի պիտի օգնեն նպատակակէտերուդ հասնելուa։

Այս հինգ քայլերը քեզի պիտի օգնեն որ սկսիս կարդալ։ Բայց ինչպէ՞ս կրնաս կարդալդ աւելի հետաքրքրական դարձնել։ Յաջորդ յօդուածը պիտի խօսի ասոր մասին։

a Եթէ չես գիտեր թէ Սուրբ Գիրքին ո՛ր մասերը ամէնէն յարմարն են որ դրած նպատակակէտերուդ հասնիս, Եհովայի վկաները ամենայն ուրախութեամբ քեզի կրնան օգնել։

ԱՒԵԼԻ ՕԳՏՈՒԷ ԿԱՐԴԱՑԱԾԷԴ

  • Ժամանակդ առ եւ մի՛ աճապարեր

  • Կարդացածդ երեւակայէ

  • Փորձէ տեսնել թէ կարդացած համարդ ի՛նչ կապ ունի իր շուրջի համարներուն հետ

  • Կարդացածիդ մէջ դասեր փնտռէ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել