Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ96 8/1 էջ 19-24
  • Միտք դիր կարդալու

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Միտք դիր կարդալու
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Երանի՜ Անոր որ Բարձրաձայն կը Կարդայ»
  • Խորհեցէք ու Պարապեցէք
  • Հին Կէտերը Կապեցէք Նորերուն Հետ
  • Մտապատկերացուցէք Սուրբ Գրային Դէպքերը
  • Արժէքաւոր Դասեր Սորվիլ
  • Ընտանեօք Աստուածաշունչ Կարդալուն Օգուտները
  • Ընթերցանութիւն եւ Քրիստոնէական Ծառայութիւն
  • Կարդալու Հետամուտ Եղէք
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. օգտաւէտ եւ հաճելի
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Աստուծոյ Խօսքէն Հաճոյք Առէք
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Աստուածաշունչը—Կարդացուելիք գիրք մը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
դ96 8/1 էջ 19-24

Միտք դիր կարդալու

«Մինչեւ ես գամ միտք դիր կարդալու, յորդորելու, սորվեցնելու»։—Ա. ՏԻՄՈԹԷՈՍ 4։13

1. Աստուածաշունչը կարդալով ի՞նչպէս կ’օգտուինք։

ԵՀՈՎԱ ԱՍՏՈՒԱԾ մարդկութեան տուած է կարդալ ու գրել սորվելու հոյակապ կարողութիւնը։ Ան նաեւ տուած է իր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը՝ որպէսզի լաւ կերպով դաստիարակուինք։ (Եսայեայ 30։20, 21) Այլաբանօրէն խօսելով, անոր էջերը մեզի կ’օգնեն որ Աբրահամի, Իսահակի ու Յակոբի նման աստուածավախ նահապետներուն հետ «քալենք»։ Նաեւ Սառայի, Ռեբեկայի եւ հաւատարիմ Մովաբացի Հռութին նման բարեպաշտ կիներ կրնանք «տեսնել»։ Այո, նոյնիսկ Յիսուս Քրիստոսի Լերան Քարոզը կրնանք «լսել»։ Սուրբ Գրութիւններէն այս բոլոր հաճոյքը կը ստանանք եւ անոր հոյակապ դաստիարակութենէն կ’օգտուինք, եթէ լաւ ընթերցողներ ըլլանք։

2. Ի՞նչ բան կ’ապացուցանէ որ Յիսուս եւ առաքեալները լաւ կարդալ գիտէին։

2 Կատարեալ մարդը, Յիսուս Քրիստոս, անկասկած կարդալու հոյակապ կարողութիւն ունէր եւ Եբրայերէն Գրութիւնները վստահաբար շատ լաւ գիտէր։ Երբ Բանսարկուին կողմէ փորձուեցաւ, Յիսուս կրկնակիօրէն անոնց ակնարկութիւն ըրաւ, ըսելով. «Գրուած է»։ (Մատթէոս 4։4, 7, 10) Առիթով մը, երբ Նազարէթի ժողովարանը կը գտնուէր, ան Եսայիի մարգարէութենէն հանրապէս հատուած մը կարդաց եւ ապա զայն իր անձին կիրարկեց։ (Ղուկաս 4։16–21) Յիսուսի առաքեալներուն պարագան ի՞նչ էր։ Անոնք իրենց գրութեանց մէջ յաճախ Եբրայերէն Գրութիւններէն մէջբերումներ ըրին։ Թէեւ Եբրայական վարժարաններու մէջ բարձրագոյն կրթութիւն ստացած չըլլալնուն պատճառաւ Հրեայ կառավարիչները Պետրոսն ու Յովհաննէսը տգէտ եւ հասարակ անհատներ կը նկատէին, սակայն աստուածային ներշնչման ներքեւ անոնց գրած նամակները կը փաստեն որ անոնք լաւ կարդալ ու գրել գիտէին։ (Գործք 4։13) Սակայն, լաւ կարդալը այդքան ալ կարեւո՞ր է։

«Երանի՜ Անոր որ Բարձրաձայն կը Կարդայ»

3. Աստուածաշունչը եւ Քրիստոնէական գրականութիւնները կարդալը Ինչո՞ւ այդքան կարեւոր է։

3 Աստուածաշունչի ճշգրիտ գիտութիւնը ստանալը եւ զայն կիրարկելը կրնայ յաւիտենական կեանքի առաջնորդել։ (Յովհաննու 17։3) Հետեւաբար, Եհովայի Վկաները կը գիտակցին որ շատ կենսական է Սուրբ Գրութիւնները, ինչպէս նաեւ օծեալ Քրիստոնեաներու հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգին կողմէ հայթայթուած գրականութիւնները կարդալ եւ սերտել։ (Մատթէոս 24։45–47) Իրականութեան մէջ, Դիտարանի Ընկերութեան կողմէ մասնայատուկ կերպով պատրաստուած գրականութիւնները գործածելով, հազարաւոր անհատներ կարդալ սորված եւ այս կերպով Աստուծոյ Խօսքին կենսատու գիտութիւնը ձեռք ձգած են։

4. (ա) Աստուծոյ Խօսքը կարդալը, ուսումնասիրելը եւ կիրարկելը ինչո՞ւ ուրախութիւն կու տան։ (բ) Կարդալու մասին Պօղոս ի՞նչ ըսաւ Տիմոթէոսի։

4 Աստուծոյ Խօսքը կարդալը, ուսումնասիրելը եւ կիրարկելը ուրախութիւն կը պատճառէ։ Քանի որ այդպէս ընելով Աստուած կը հաճեցնենք ու կը պատուենք, իր օրհնութիւնը կը ստանանք եւ ուրախութիւն կ’ունենանք։ Եհովա կ’ուզէ որ իր ծառաները ուրախ ըլլան։ Անոր համար, քահանաներուն պատուէր տուաւ որ իր Օրէնքը կարդան վաղեմի Իսրայելացիներուն։ (Բ. Օրինաց 31։9–12) Երբ Եզրաս դպիրը եւ ուրիշներ Երուսաղէմի մէջ հաւաքուած ժողովուրդին Օրէնքը կարդացին ու անոր իմաստը բացատրեցին, արդիւնքը «մեծ ուրախութիւն» եղաւ։ (Նէեմեայ 8։6–8, 12) Հետագային, Քրիստոնեայ առաքեալը, Պօղոս, իր գործակիցին՝ Տիմոթէոսի՝ գրեց. «Մինչեւ ես գամ միտք դիր կարդալու, յորդորելու, սորվեցնելու»։ (Ա. Տիմոթէոս 4։13) Ուրիշ թարգմանութիւն մը կ’ըսէ. «Հետամտի՛ր Աստուծոյ խօսքը ընթերցել»։—Արեւելահայերէն Նոր Թարգմանութիւն։

5. Յայտնութիւն 1։3–ը ինչպէ՞ս ուրախութիւնը կը կապէ կարդալուն հետ։

5 Յայտնութիւն 1։3–ը յստակօրէն ցոյց կու տայ որ մեր ուրախութիւնը Աստուծոյ Խօսքը կարդալէն եւ զայն կիրարկելէն կախեալ է։ Հոն կ’ըսուի. «Երանի՜ անոր որ [բարձրաձայն], (ՆԱ) կը կարդայ ու անոնց որ կը լսեն այս մարգարէութեան խօսքերը եւ կը պահեն ինչ որ անոր մէջ գրուած է. վասնզի ժամանակը մօտ է»։ Այո, հարկ է որ բարձրաձայն կարդանք եւ լսենք Յայտնութեան գրքին եւ Աստուածաշունչի մնացեալ մասերուն մէջ Աստուծոյ մարգարէական խօսքերը։ Իրապէս ուրախ է ա՛յն անհատը, որու «հաճութիւնը Աստուծոյ օրէնքին մէջ է, եւ ցորեկ ու գիշեր անոր օրէնքին վրայ կը մտածէ»։ Հետեւանքը ի՞նչ կ’ըլլայ անոր համար։ «Ինչ բան որ ընէ՝ պիտի յաջողի»։ (Սաղմոս 1։1–3) Ուստի, լաւ պատճառով Եհովայի կազմակերպութիւնը մեզ կը յորդորէ որ անհատապէս, որպէս ընտանիք, ինչպէս նաեւ բարեկամներով Աստուծոյ Խօսքը կարդանք եւ ուսումնասիրենք։

Խորհեցէք ու Պարապեցէք

6. Ի՞նչ կարդալու յորդոր տրուեցաւ Յեսուի, եւ ասիկա ինչպէ՞ս օգտակար էր։

6 Աստուծոյ Խօսքին եւ Քրիստոնէական հրատարակութիւններու ընթերցանութենէն ինչպէ՞ս կրնաք լաւագոյն կերպով օգտուիլ։ Հաւանաբար օգտակար պիտի գտնէք վաղեմի Իսրայէլի աստուածավախ առաջնորդներէն մէկուն՝ Յեսուի՝ ըրածը։ Անոր հետեւեալ պատուէրը տրուեցաւ. «Այս օրէնքներու գիրքը քու բերնէդ թող չզատուի, հապա գիշեր ցորեկ անոր վրայ մտածէ [ցած ձայնով կարդայ], (ՆԱ) որպէսզի բոլոր անոր մէջ գրուածները պահես ու կատարես. քանզի այն ատեն քու գործերդ յառաջ պիտի տանիս եւ այն ատեն յաջողութիւն պիտի գտնես»։ (Յեսուայ 1։8) ‘Ցած ձայնով կարդալ’ կը նշանակէ ձեզի լսելի ձայնով կարդալ։ Ասիկա նիւթը մտքին վրայ տպաւորելով՝ վերյիշելու կը նպաստէ։ Յեսուն Աստուծոյ Օրէնքը «գիշեր ցորեկ», ուրիշ խօսքով՝ կանոնաւորաբար պէտք էր կարդար։ Այդ կերպով յաջողութիւն պիտի գտնէր եւ իր աստուածատուր պատասխանատուութիւնները իմաստութեամբ պիտի կատարէր։ Աստուծոյ Խօսքը կանոնաւորաբար կարդալը ձեզի ալ նոյն կերպով կրնայ օգնել։

7. Երբ Աստուծոյ Խօսքը կը կարդանք, ինչո՞ւ արագ կարդալու պէտք չէ նայինք։

7 Երբ Աստուծոյ Խօսքը կը կարդաք, ձեր գլխաւոր հետաքրքրութիւնը արագութիւնը թող չըլլայ։ Եթէ ծրագրած էք Աստուածաշունչ կամ Քրիստոնէական գրականութիւններ կարդալու որոշ ժամանակ տրամադրել, ասիկա հապճեպով մի՛ ընէք։ Ասիկա մասնաւորաբար կարեւոր է, երբ որոշ կէտեր վերյիշելու մտքով կ’ուսումնասիրէք։ Իսկ երբ կը կարդաք, ձեր միտքը աշխատցուցէք։ Վերլուծեցէք Աստուածաշունչը գրողին խօսքերը։ Դուք ձեզի հարցուցէք. ‘Ի՞նչ է գրողին նպատակը։ Այս տեղեկութիւնը ի՞նչ ընելու պէտք է մղէ զիս’։

8. Աստուածաշունչ կարդալու ժամանակ ինչո՞ւ խոկալը օգտակար է։

8 Մինչ Սուրբ Գիրքը կը կարդաք, խոկալու ժամանակ տրամադրեցէք։ Ասիկա պատմութիւնները վերյիշելու եւ սուրբ գրային սկզբունքները կիրարկելու պիտի նպաստէ։ Աստուծոյ Խօսքին վրայ խոկալը, ձեր մտքին մէջ որոշ կէտեր դրոշմելը նաեւ պիտի օգնէ որ ձեր սրտէն խօսիք, անկեղծօրէն հարցում հարցնողներուն լաւ պատասխաններ տալով, փոխանակ ըսելու բան մը որու համար թերեւս ետքը զղջաք։ Ներշնչեալ առակ մը կ’ըսէ. «Արդարին սիրտը տրուելիք պատասխանին վրայ կը մտածէ»։—Առակաց 15։28

Հին Կէտերը Կապեցէք Նորերուն Հետ

9, 10. Աստուածաշունչի ձեր ընթերցանութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ աւելի արժէք ունենալ, երբ սուրբ գրային նոր կէտերը կապէք ձեր արդէն գիտցածին հետ։

9 Ընդհանրապէս Քրիստոնեաները կ’ընդունին որ ժամանակ մը շատ քիչ տեղեկութիւն ունէին Աստուծոյ, իր Խօսքին եւ իր նպատակներուն մասին։ Սակայն հիմա, այդ Քրիստոնեայ քարոզիչները ստեղծագործութենէն եւ մարդը մեղքի մէջ իյնալէն սկսելով, կրնան բացատրել Քրիստոսի զոհագործութեան նպատակը, իրերու այս դրութեան վախճանին մասին կրնան խօսիլ եւ ցոյց տալ թէ հնազանդ մարդկութիւնը ի՛նչպէս դրախտային երկրի վրայ յաւիտենական կեանքի օրհնութիւնը պիտի ստանայ։ Ասիկա մեծաւ մասամբ կարելի եղած է, քանի որ Եհովայի այս ծառաները Աստուածաշունչը եւ Քրիստոնէական գրականութիւնները ուսումնասիրելով՝ «Աստուծոյ գիտութիւնը» ստացած են։ (Առակաց 2։1–5) Անոնք աստիճանաբար, իրենց սորված նոր կէտերը կապած են իրենց արդէն գիտցածին հետ։

10 Շատ օգտակար եւ վարձահատոյց է սուրբ գրային նոր կէտերը ձեր արդէն գիտցածին հետ կապել։ (Եսայեայ 48։17) Երբ Աստուածաշունչի օրէնքներ, սկզբունքներ կամ նոյնիսկ կարգ մը վերացական գաղափարներ ներկայացուին, զանոնք կապեցէք ձեր արդէն գիտցածին հետ։ Այդ տեղեկութիւնը ներդաշնակեցուցէք ձեր գիտցած «ողջամիտ խօսքերուն» հետ։ (Բ. Տիմոթէոս 1։13) Ուշադիր եղէք այն տեղեկութիւններուն, որոնք Աստուծոյ հետ ձեր յարաբերութիւնը ամրապնդելու, ձեր անձնաւորութիւնը բարելաւելու, կամ ուրիշներուն հետ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները բաժնելու կը նպաստեն։

11. Երբ Աստուածաշունչէն վարքի մասին բան մը կարդաք, ի՞նչ պէտք է ընէք։ Բացատրեցէք։

11 Երբ Աստուածաշունչէն վարքի մասին բան մը կարդաք, ջանացէք անոր մէջի սկզբունքը ըմբռնել։ Անոր վրայ խորհեցէք եւ որոշեցէք թէ նման պարագաներու ներքեւ անձնապէս ի՛նչ պիտի ընէիք։ Յակոբի որդին՝ Յովսէփ՝ հաստատօրէն մերժեց Պէտափրէսի կնոջ հետ սեռային յարաբերութիւն ունենալ, ըսելով. «Ես ի՜նչպէս այս մեծ չարութիւնը ընեմ ու Աստուծոյ դէմ մեղանչեմ»։ (Ծննդոց 39։7–9) Այս յուզիչ պատմութեան մէջ սկզբունք մը կը գտնենք. սեռային անբարոյութիւնը Աստուծոյ դէմ գործուած մեղք մըն է։ Մտքով, այս սկզբունքը կրնաք կապել Աստուծոյ Խօսքին ուրիշ արտայայտութիւններուն հետ եւ եթէ նոյնանման փորձութեան մէջ իյնաք, կրնաք զայն յիշել ու պաշտպանուիլ։—Ա. Կորնթացիս 6։9–11

Մտապատկերացուցէք Սուրբ Գրային Դէպքերը

12. Մինչ կը կարդաք Աստուածաշունչի պատմութիւնները, ինչո՞ւ լաւ է զանոնք մտապատկերացնել ։

12 Կարդալու ժամանակ կէտերը ձեր մտքին վրայ դրոշմելու համար, ձեր կարդացածը մտապատկերացուցէք։ Ձեր մտքով տեսէք վայրը, տուները, մարդիկը։ Անոնց ձայնը լսեցէք։ Փուռին մէջ եփած հացին հոտը առէք։ Տեսարանը վերապրեցէք։ Ա՛յդ պարագային ձեր ընթերցանութիւնը շատ ազդու պիտի ըլլայ, քանի որ պիտի կարենաք հին քաղաք մը տեսնել, սէգ լեռ մը բարձրանալ, ստեղծագործութեան հրաշագործութիւններուն վրայ զմայլիլ, կամ հաւատքի տէր այրերու ու կիներու հետ ընկերակցիլ։

13. Դատաւորաց 7։19–22–ի արձանագրութիւնը ինչպէ՞ս պիտի նկարագրէիք։

13 Ենթադրենք որ Դատաւորաց 7։19–22–ը կը կարդաք։ Մտապատկերացուցէք դէպքը։ Գեդէօն դատաւորը եւ երեք հարիւր կտրիճ Իսրայելացի այրեր Մադիանացիներու բանակավայրի մը մէջ դիրք բռնած են։ Ժամը գրեթէ իրկուան տասն է, այսինքն, ‘կէս գիշերին պահապաններուն դրուած’ ժամանակը։ Մադիանացի գիշերապահները տակաւին նոր իրենց դիրքը գրաւած են եւ խաւարը կը ծածկէ Իսրայելացիներու քնացող թշնամիներուն բանավայրը։ Նայեցէ՛ք. Գեդէօն եւ իր մարդիկը փողերով զինուած են։ Անոնք մեծ սափորներ ունին, որոնցմով իրենց ձախ ձեռքը գտնուող ջահերը կը ծածկեն։ Յանկարծ, իւրաքանչիւրը հարիւր հոգիէ բաղկացած երեք խումբեր իրենց փողերը կը հնչեցնեն, սափորները կը փշռեն եւ ջահերը վեր կը բարձրացնեն՝ պոռալով. «Տէրոջը [Եհովայի] ու Գեդէօնի սուրը»։ Նայեցէք բանակավայրին, Մադիանացիները կը փախչին եւ կը սկսին աղաղակել։ Մինչ երեք հարիւր մարդիկը կը շարունակեն իրենց փողերը հնչեցնել, Աստուած Մադիանացիներու սուրը իրարու վրայ կը դարձնէ։ Մադիանացիները կը սկսին փախչիլ եւ Եհովա Իսրայելացիներուն յաղթանակ կու տայ։

Արժէքաւոր Դասեր Սորվիլ

14. Դատաւորաց 9–րդ գլուխը ինչպէ՞ս կարելի է գործածել, երախայի մը խոնարհութեան կարիքը սորվեցնելու համար։

14 Աստուծոյ Խօսքը կարդալով, շատ արժէքաւոր դասեր կը սորվինք։ Օրինակ, թերեւս կ’ուզէք ձեր զաւկին հասկցնել հեզ ըլլալու կարեւորութիւնը։ Եթէ Գեդէօնի որդւոյն՝ Յովաթամի մարգարէութեան մէջի ըսուածը մտապատկերացնէք եւ կէտը հասկնաք, ասիկա ընելը դիւրին պիտի ըլլայ։ Սկսեցէք կարդալ Դատաւորաց 9։8–ն։ Յովաթամ ըսաւ. «Ծառերը գացին, որ իրենց համար թագաւոր օծեն»։ Ձիթենին, թզենին եւ որթատունկը մերժեցին անոնց վրայ իշխել։ Բայց խոնարհ դժնիկը ուրախութեամբ ուզեց իշխան ըլլալ։ Երբ այս պատմութիւնը բարձրաձայն կարդաք ձեր զաւակներուն, կրնաք անոնց բացատրել որ արժանիքներ ունեցող անձնաւորութիւններ ներկայացնող արժէքաւոր ծառերը չուզեցին իրենց Իսրայելացի ընկերներուն վրայ թագաւորել։ Դժնիկը՝ որ միայն որպէս վառելիք կը գործածուէր՝ կը ներկայացնէր հպարտ Աբիմելէքի թագաւորութիւնը. մարդասպան մը, որ ուզեց ուրիշներու վրայ իշխել, բայց ինչպէս Յովաթամի մարգարէութիւնը ըսած էր, անիկա երկար չապրեցաւ։ (Դատաւորաց 9–րդ գլուխը)։ Ո՞ր զաւակը պիտի փափաքէր մեծնալ եւ դժնիկին նմանիլ։

15. Հռութայ գրքին մէջ հաւատարմութեան կարեւորութիւնը ինչպէ՞ս շեշտուած է։

15 Աստուածաշունչի Հռութայ գրքին մէջ շեշտուած է հաւատարմութեան կարեւորութիւնը։ Ենթադրենք որ ընտանեօք փոխնիփոխ այդ գիրքը կը կարդաք եւ կը փորձէք ըմբռնել անոր պատգամը։ Կը տեսնէք Մովաբացի Հռութը որ իր այրի կեսրոջ՝ Նոյեմիի՝ հետ Բեթլէհէմ կը վերադառնայ եւ կը լսէք Հռութի խօսքերը, որ կ’ըսէ. «Քու ժողովուրդդ իմ ժողովուրդս պիտի ըլլայ ու քու Աստուածդ իմ Աստուածս պիտի ըլլայ»։ (Հռութայ 1։16) Աշխատասէր Հռութ Բոոսի դաշտին մէջ հնձողներուն ետեւէն հասկ կը ժողվէ։ Կը լսէք իրեն ուղղուած Բոոսի գովասանքը. «Իմ քաղաքիս բոլոր ժողովուրդը գիտէ որ դուն առաքինի կին մըն ես»։ (Հռութայ 3։11) Շատ չանցած, Բոոս կ’ամուսնանայ Հռութի հետ։ Տագրամուսնութեան կարգադրութեան համաձայն, Բոոսի հետ ամուսնանալով, ան «Նոյեմիի» որդի մը կը ծնանի։ Հռութ՝ Դաւիթի եւ հետեւաբար, Յիսուս Քրիստոսի, նախամայրերէն մէկը կ’ըլլայ։ Այս կերպով ան լաւ «հատուցում» կը ստանայ։ Ասկէ զատ, սուրբ գրային այս պատմութիւնը կարդացողները արժէքաւոր դաս մը կը սորվին. Եհովայի հաւատարիմ եղէ՛ք եւ մեծապէս կ’օրհնուիք։—Հռութայ 2։12. 4։17–22. Առակաց 10։22. Մատթէոս 1։1, 5, 6

16. Երեք Եբրայեցիները ի՞նչ փորձէ անցան եւ այս պատմութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ օգնել մեզի։

16 Սեդրաք, Միսաք ու Աբեդնագով կոչուած Եբրայեցիներուն պատմութիւնը մեզի կ’օգնէ որ փորձութեանց ներքեւ Աստուծոյ հաւատարիմ մնանք։ Մինչ Դանիէլի 3–րդ գլուխի պատմութիւնը բարձրաձայն կը կարդացուի, մտապատկերացուցէք դէպքը։ Ոսկիէ հսկայ արձան մը կանգնուած է Դուրա դաշտին մէջ, ուր համախմբուած են Բաբելոնի պաշտօնեաները։ Նուագարաններու ձայնը լսելով, անոնք երկրպագութիւն կ’ընեն եւ կը պաշտեն Նաբուգոդոնոսոր Թագաւորին կանգնած արձանը։ Սեդրաք, Միսաք եւ Աբեդնագովէ զատ բոլորը կը հնազանդին։ Անոնք յարգալից՝ բայց վճռական կերպով թագաւորին կ’ըսեն որ իրենք իր աստուածներուն չեն ծառայեր եւ ոսկիէ արձանն ալ չեն պաշտեր։ Այս երիտասարդ Եբրայեցիները կրկնակիօրէն տաքցուած հնոցին մէջ կը նետուին։ Բայց ի՞նչ կը պատահի։ Թագաւորը կրակին մէջ նայելով կը տեսնէ չորս կայտառ մարդիկ եւ անոնցմէ մէկը «աստուածներու որդիի կը նմանի»։ (Դանիէլ 3։25) Երեք Եբրայեցիները հնոցէն դուրս կը հանուին եւ Նաբուգոդոնոսոր կ’օրհնէ անոնց Աստուածը։ Այս պատմութիւնը մտապատկերացնելը վարձահատոյց է։ Փորձութեան ներքեւ Եհովայի հաւատարիմ մնալու նկատմամբ ի՜նչ գեղեցիկ դաս մը կը բովանդակէ։

Ընտանեօք Աստուածաշունչ Կարդալուն Օգուտները

17. Հակիրճօրէն թուեցէք կարգ մը օգտակար բաներ, զորս ձեր ընտանիքը կրնայ սորվիլ միասնաբար Աստուածաշունչ կարդալով։

17 Ձեր ընտանիքը շատ օգուտներ կը քաղէ, եթէ միասնաբար Աստուածաշունչը կարդալու համար կանոնաւորաբար ժամանակ տրամադրէք։ Ծննդոցէն սկսելով, կրնաք ականատես ըլլալ ստեղծագործութեան եւ տեսնել մարդուն սկզբնական Դրախտ բնակարանը։ Հաւատարիմ նահապետներուն եւ անոնց ընտանիքներուն փորձառութիւնը կը բաժնէք եւ Իսրայելացիներուն կ’ընկերակցիք, մինչ անոնք Կարմիր Ծովու ցամքած հունէն կ’անցնին։ Կրնաք տեսնել Փղշտացի հսկայ Գողիաթը տապալող պատանի հովիւ Դաւիթը։ Ընտանեօք կրնաք նկատի առնել Երուսաղէմի տաճարին շինութիւնը, կրնաք տեսնել Բաբելոնական բանակներու կողմէ անոր կործանումը, նաեւ, Զօրաբաբէլ Կառավարիչին ներքեւ անոր վերաշինութիւնը։ Բեթլէհէմի մօտ գտնուող խոնարհ հովիւներուն հետ կրնաք լսել Յիսուսի ծնունդը աւետող հրեշտակներուն ծանուցումը։ Կրնաք իր մկրտութեան եւ ծառայութեան մասին մանրամասնութիւններ գիտնալ. կրնաք տեսնել իր մարդկային կեանքը որպէս փրկանք տալը, մասնակցելով անոր յարութեան ուրախութեան։ Ապա, Մինչ Քրիստոնէութիւնը կը տարածուի, Պօղոս առաքեալին հետ կրնաք ճամբորդել եւ ժողովքներուն հաստատուիլը դիտել։ Յետոյ, կրնաք ընտանեօք վայելել Յայտնութիւն գրքէն Յովհաննէս առաքեալի տրուած ապագայի հոյակապ տեսիլքը, մէջը ըլլալով Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութիւնը։

18, 19. Աստուածաշունչի ընտանեկան ընթերցանութեան համար ի՞նչ թելադրութիւններ տրուած են։

18 Երբ ընտանեօք բարձրաձայն Աստուածաշունչ կարդաք, զայն յստակօրէն եւ եռանդով կարդացէք։ Երբ հատուած մը կը կարդաք, ընտանիքի անդամներէն մէկը՝ թերեւս հայրը՝ կրնայ պատմական մասը կարդալ։ Միւսները կրնան անոր մէջի դերակատարներուն դերերը առնել եւ ամէն մէկը իր բաժինը կարդալ, անոր մէջ զգացում դնելով։

19 Մինչ ընտանեօք Աստուածաշունչի ընթերցանութեան կը մասնակցիք, ձեր կարդալու կարողութիւնը կը բարելաւուի։ Աստուծոյ մասին ձեր գիտութիւնը կ’աւելնայ եւ ասիկա ձեզ աւելի կը մօտեցնէ իրեն։ Ասափ երգեց. «Աստուծոյ մօտենալս բարի է ինծի։ Յոյսս դրեր եմ Տէր Եհովային վրայ, որպէսզի քու բոլոր գործերդ պատմեմ»։ (Սաղմոս 73։28) Ասիկա պիտի օգնէ որ ձեր ընտանիքը Մովսէսին պէս ըլլայ, որ «համբերեց՝ որպէս թէ Անտեսանելին [Եհովա Աստուածը] կը տեսնէր»։—Եբրայեցիս 11։27

Ընթերցանութիւն եւ Քրիստոնէական Ծառայութիւն

20, 21. Քարոզելու մեր յանձնարարութիւնը ի՞նչ կապակցութիւն ունի կարդալու կարողութեան հետ։

20 «Անտեսանելին» պաշտելու մեր ցանկութիւնը մեզ պէտք է մղէ որ լաւ ընթերցողներ ըլլալու համար ջանք թափենք։ Լաւ կարդալու կարողութիւնը մեզի պիտի օգնէ որ Աստուծոյ Խօսքէն վկայութիւն տանք։ Վստահաբար անիկա պիտի նպաստէ որ Թագաւորութեան քարոզչութիւնը կատարենք, որու համար Յիսուս յանձնարարութիւն տուաւ իր հետեւորդներուն, երբ ըսաւ. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէ՛ք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ հոգւոյն սրբոյ. սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի»։ (Մատթէոս 28։19, 20. Գործք 1։8) Եհովայի ծառաներուն գլխաւոր գործուէութիւնն է վկայել, իսկ կարդալու կարողութիւնը մեզի կ’օգնէ որ զայն իրագործենք։

21 Լաւ կարդացող եւ Աստուծոյ Խօսքին հմուտ ուսուցիչ մը ըլլալը ջանք կը պահանջէ։ (Եփեսացիս 6։17) Ուստի, ‘Ջանացէ՛ք ձեր անձը ընտիր ցուցնելու Աստուծոյ առջեւ, այնպիսի բանուոր մը ըլլալով, որ պիտի չամչնաք ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրելով»։ (Բ. Տիմոթէոս 2։15) Սուրբ գրային ճշմարտութեան մասին ձեր գիտութիւնը աւելցուցէք եւ որպէս Եհովայի Վկայ աւելի ատակ եղէք՝ դուք ձեզ կարդալու նուիրելով։

Ի՞նչ պիտի պատասխանէք

◻ Ուրախութիւնը ինչպէ՞ս Աստուծոյ Խօսքը կարդալէն կախեալ է։

◻ Աստուածաշունչէն մեր կարդացած բաներուն վրայ ինչո՞ւ պէտք է խոկանք։

◻ Երբ Սուրբ Գիրք կը կարդանք, ինչո՞ւ պէտք է կապակցութիւններ փնտռենք եւ մտապատկերացնենք զանոնք։

◻ Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն ի՞նչ դասեր կրնանք սորվիլ։

◻ Աստուածաշունչը ընտանեօք բարձրաձայն կարդալը ինչո՞ւ լաւ է եւ կարդալը ինչպէ՞ս կրնայ ազդել մեր Քրիստոնէական ծառայութեան։

[Նկարներ՝ էջ 22]

Երբ ընտանեօք Աստուածաշունչ կարդաք, պատմութիւնները մտապատկերացուցէք եւ անոնց իմաստին վրայ խորհեցէք

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել