Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դհ17 թիւ 2 էջ 6-7
  • Ինչպէ՞ս պիտի ընդառաջես Աստուծոյ մեծագոյն նուէրին

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ինչպէ՞ս պիտի ընդառաջես Աստուծոյ մեծագոյն նուէրին
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Փրկանքը՝ Աստուծոյ մեծագոյն նուէրը
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
  • Աստուծոյ տուած ամէնէն արժէքաւոր նուէրը՝ փրկանքը
    Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն
  • Յիսուս Քրիստոս. իր պատգամը եւ դուն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
  • Աստուծոյ մեծագոյն նուէրը ինչո՞ւ շատ արժէքաւոր է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
դհ17 թիւ 2 էջ 6-7
Կին մը Սուրբ Գիրքի անձնական ուսումնասիրութիւն կ’ընէ

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՊԱՐԳԵՒԸ ՊԻՏԻ ԸՆԴՈՒՆԻ՞Ս

Ինչպէ՞ս պիտի ընդառաջես Աստուծոյ մեծագոյն նուէրին

«Քրիստոսին սէրը մեզ կը ստիպէ. . . Ան ամենուն համար մեռաւ, որպէս զի կենդանի եղողներն ալ միայն իրենց անձերուն համար կենդանի չըլլան, հապա անոր՝ որ իրենց համար մեռաւ» (Բ. Կորնթացիս 5։14, 15)։

ԵՐԲ բացառիկ նուէր մը ստանանք, պէտք է մղուինք մեր գնահատանքը արտայայտելու։ Յիսուս այս կէտը շեշտեց երբ բժշկեց տասը մարդոց հիւանդութիւնը, որ այդ ժամանակ բուժում չունէր։ Այդ տասը մարդոցմէ մէ՛կը «ետ դարձաւ ու մեծ ձայնով փառք կու տար Աստուծոյ» (Ղուկաս 17։12-17)։ Ասիկա ի՞նչ կը ցուցնէ։ Իրապէս շատ արագ կրնանք մոռնալ մեզի ի նպաստ ուրիշին ըրած լաւ բաները։

Փրկանքը ուրիշ նուէրի չի նմանիր։ Ատիկա մինչեւ հիմա տրուած մեծագոյն նուէրն է։ Լաւ, ինչպէ՞ս պէտք է ընդառաջես Աստուծոյ տուած այս նուէրին։

  • Տուողը ճանչցիր։ Փրկանքը ինքնաբերաբար յաւիտենական կեանք չի տար բոլոր մարդոց։ Յիսուս աղօթքի մը մէջ Աստուծոյ ըսաւ. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր» (Յովհաննէս 17։3)։ Եթէ անհատ մը քեզի ըսէր որ երբ պզտիկ էիր՝ մէկը քու կեանքդ ազատեց, պիտի չուզէի՞ր աւելին գիտնալ այդ մարդուն մասին եւ թէ ինչո՛ւ ազատեց քեզ։ Եհովա Աստուած, որ կեանք ազատող փրկանքի նուէրը տուաւ, ոչ միայն կ’ուզէ որ զինք ճանչնաս, այլեւ՝ իրեն հետ մտերիմ ըլլաս։ Սուրբ Գիրքը կը քաջալերէ. «Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ» (Յակոբոս 4։8)։

  • Կին մը կ’աղօթէ

    Փրկանքին հաւատա՛։ «Ան որ Որդիին կը հաւատայ, յաւիտենական կեանքն ունի» (Յովհաննէս 3։36)։ Հաւատալը կը պահանջէ բան մը ընել։ Փրկանքին հաւատալը գործով կ’ըլլայ (Յակոբոս 2։17)։ Ի՞նչ գործ։ Նուէր մը քեզի կ’ըլլայ միայն երբ ձեռքդ երկարես եւ ընդունիս զայն։ Ուրեմն, պէտք է ‘ձեռքդ երկարես’ եւ ընդունիս փրկանքը։ Ինչպէ՞ս։ Սորվէ թէ Աստուած ինչպէ՛ս կ’ուզէ որ ապրիս եւ ատոր համաձայն ապրէa։ Աղօթքով Աստուծմէ ներում եւ մաքուր խիղճ խնդրէ։ Աստուծոյ մօտեցիր լման վստահութիւն ունենալով որ փրկանքը կ’ապահովէ խաղաղութիւնով, ապահովութիւնով եւ յաջողութեամբ լեցուն ապագայ մը (Եբրայեցիս 11։1)։

  • Յիսուսի մահուան Յիշատակատօնին դասախօսութիւն մը կը տրուի

    Յիսուսին մահուան Յիշատակատօնին ներկայ եղիր։ Յիսուս այս առիթը հաստատեց, որպէսզի մեզի յիշեցնէ փրկանքին կարգադրութիւնը։ Ան ատոր մասին ըսաւ. «Ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար» (Ղուկաս 22։19)։ Երեքշաբթի, 11 ապրիլ 2017–ին՝ արեւամուտէն ետք, Եհովայի վկաները պիտի յիշատակեն Յիսուսին մահը։ Յայտագիրը մօտաւորապէս մէկ ժամ կը տեւէ եւ կը պարունակէ դասախօսութիւն մը, որ կը բացատրէ Յիսուսին մահուան նշանակութիւնը եւ թէ ատիկա ի՛նչ օգուտներ կը բերէ թէ՛ ներկայիս եւ թէ ապագային։ Անցեալ տարի, աշխարհի չորս կողմը շուրջ 20 միլիոն անհատներ Յիշատակատօնին ներկայ գտնուեցան։ Սրտանց քեզ կը հրաւիրենք որ մեզի հետ գնահատանքդ ցուցնես Աստուծոյ տուած մեծագոյն նուէրին հանդէպ։

a Աստուծոյ Խօսքը՝ Սուրբ Գիրքը սերտելը լաւագոյն ձեւն է, որ Աստուած ճանչնաս եւ իրեն մօտենաս։ Տե՛ս թէ ասիկա ինչպէ՛ս կրնաս ընել՝ Եհովայի վկաներէն խնդրելով կամ այցելելով մեր կայքը՝ www.jw.org/hy-latn։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել