Պատերազմի բոլոր զէնքերը պիտի կործանին
Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ
Օր մը օրանց երկրի վրայ խաղաղութիւն պիտի ըլլա՞յ։
Ի՞նչ կ’ըսես
Այո
Ոչ
Թերեւս
Աստուածաշունչը կ’ըսէ
Երբ Յիսուս Քրիստոս իշխէ, «շատ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ, մինչեւ որ այլեւս լուսին չըլլայ», այսինքն՝ յաւիտեան (Սաղմոս 72։7)։
Աստուածաշունչէն այլ կէտեր
Չար մարդիկը պիտի վերցուին երկրէն, իսկ բարի մարդիկը «խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան» (Սաղմոս 37։10, 11)։
Աստուած բոլոր պատերազմներուն վերջ պիտի դնէ (Սաղմոս 46։8, 9)։
Կարելի՞ է որ հիմա իսկապէս մտքի խաղաղութիւն ունենանք։
Ոմանք կը հաւատան թէ այնքան ատեն որ աշխարհը չարչարանքով եւ անարդարութիւնով լեցուն է, կարելի չէ իսկապէս մտքի խաղաղութիւն ունենալ։ Դո՛ւն ի՞նչ կը կարծես։
Աստուածաշունչը կ’ըսէ
Անոնք որոնք Աստուծոյ մօտիկ են, նոյնիսկ հի՛մա կրնան ունենալ «Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է» (Փիլիպպեցիս 4։6, 7)։
Աստուածաշունչէն այլ կէտեր
Աստուած կը խոստանայ որ չարչարանքն ու անարդարութիւնը մէջտեղէն պիտի վերցնէ, եւ ‘ամէն բաները նոր պիտի ընէ’ (Յայտնութիւն 21։4, 5)։
Կրնանք մտքի խաղաղութիւն ունենալ, երբ հոգեւոր բաներու ետեւէ ըլլանք (Մատթէոս 5։3)։