Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ17 Յունուար էջ 12-16
  • Արժեւորէ ազատ կամքի պարգեւդ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Արժեւորէ ազատ կամքի պարգեւդ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԵՀՈՎԱՅԷՆ ԵՒ ՅԻՍՈՒՍԷՆ Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՆՔ ՍՈՐՎԻԼ
  • ԱԶԱՏ ԿԱՄՔԻ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԻՒՆԸ
  • ԱԶԱՏ ԿԱՄՔԴ ՍԽԱԼ ԿԵՐՊՈՎ ՄԻ՛ ԳՈՐԾԱԾԵՐ
  • ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ԱԶԱՏ ԿԱՄՔԸ ՅԱՐԳԵԼ
  • Ինչպէ՞ս կրնանք իսկական ազատութեան հասնիլ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
  • Ազատ՝ բայց համարատու ժողովուրդ մը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Ծառայէ Եհովային՝ ազատութեան Աստուծոյն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
  • Ազատ կամքը. հոյակապ պարգեւ մը
    Աստուած իրապէս հոգ կը տանի՞ մեզի
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
դ17 Յունուար էջ 12-16
Աբրահամ, Սառա եւ ուրիշներ կը ձգեն Ուր քաղաքը

Արժեւորէ ազատ կամքի պարգեւդ

«Ուր որ Տէրոջը Հոգին կայ, հոն ազատութիւն կայ» (Բ. ԿՈՐ. 3։17)։

ԵՐԳԵՐ. 62, 65

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

  • Ազատ կամքը ի՞նչ է։

  • Մեր որոշումները ինչպէ՞ս կը ցուցնեն թէ որքա՛ն կը սիրենք Եհովան։

  • Ուրիշներուն որոշումները ինչպէ՞ս կը յարգենք։

1, 2. ա) Մարդիկ ի՞նչ տարբեր կարծիքներ ունին ազատ կամքին մասին։ բ) Սուրբ Գիրքը ի՞նչ կը սորվեցնէ ազատ կամքին մասին, եւ ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

ԵՐԲ կին մը որոշում մը պիտի առնէր, իր բարեկամին ըսաւ. «Աւելի դիւրին է որ ինծի ըսես ի՛նչ ընեմ։ Մի՛ ձգեր որ խելքս աշխատցնեմ»։ Կինը նախընտրեց որ մէկը իրեն ըսէ թէ ի՛նչ պէտք է ընէ, քան թէ իր ազատ կամքը գործածէ, ինչ որ Ստեղծիչին կողմէ պարգեւ մըն է։ Ի՞նչ կրնաս ըսել քու մասիդ։ Կը սիրես անձա՞մբ որոշումներդ առնել, թէ՞ ուրիշները քու տեղդ որոշումներ առնեն։ Ինչպէ՞ս կը նկատես ազատ կամքը։

2 Մարդիկ տարբեր կարծիքներ ունին ազատ կամքին մասին։ Կարգ մը մարդիկ կ’ըսեն որ ազատ կամք ըսուած բան մը չկայ, քանի որ Աստուած արդէն որոշած է մեր բոլոր ընելիքները։ Ուրիշներ կ’ըսեն որ իսկական ազատ կամք կ’ունենանք միայն եթէ բացարձակ ազատութիւն ունենանք։ Բայց որպէսզի այս նիւթը լաւ հասկնանք, պէտք է Սուրբ Գիրքին ըսածին նայինք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ատիկա կը սորվեցնէ թէ Եհովան ազատ կամքով ստեղծեց մեզ, այսինքն՝ իմաստուն որոշումներ առնելու կարողութեամբ եւ ազատութեամբ (կարդա՛ Յեսու 24։15)։ Սուրբ Գիրքին մէջ նաեւ կը գտնենք այսպիսի հարցումներու պատասխանները. որոշումներ առնելու մեր ազատութիւնը ինչպէ՞ս պէտք է գործածենք, մեր ազատ կամքը սահման ունի՞, մեր որոշումները ինչպէ՞ս կը ցուցնեն թէ որքա՛ն կը սիրենք Եհովան, ինչպէ՞ս կրնանք ուրիշներուն որոշումները յարգել։

ԵՀՈՎԱՅԷՆ ԵՒ ՅԻՍՈՒՍԷՆ Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՆՔ ՍՈՐՎԻԼ

3. Եհովան իր բացարձակ ազատութիւնը ինչպէ՞ս կը գործածէ։

3 Միայն Եհովան բացարձակ ազատութիւն ունի, եւ զայն գործածելու իր կերպէն կրնանք սորվիլ։ Օրինակ՝ ան իսրայէլ ազգը ընտրեց որ իր ժողովուրդը ըլլայ՝ «սեփական ժողովուրդ»ը (Բ. Օր. 7։6-8)։ Ան այս ընտրութիւնը ընելու պատճառ մը ունէր։ Ան ուզեց իր բարեկամին՝ Աբրահամին տուած իր խօսքը յարգել (Ծն. 22։15-18)։ Ասկէ զատ, Եհովան սիրալիրօրէն եւ արդարութեամբ կը գործածէ իր ազատութիւնը։ Ասիկա յայտնի կ’ըլլայ երբ նկատի կ’առնենք, թէ Եհովան ինչպէ՛ս կը կրթէր իսրայէլացիները երբ անհնազանդ ըլլային իրեն։ Երբ անոնք սրտանց զղջային, Եհովան յօժար կամքով կ’արտայայտէր իր սէրն ու ողորմութիւնը անոնց հանդէպ։ Ան ըսաւ. «Անոնց անհաւատութիւնը պիտի բժշկեմ, զանոնք յօժարութեամբ պիտի սիրեմ» (Ով. 14։4)։ Եհովան իր ազատութիւնը ուրիշներուն օգտին համար գործածեց եւ այսպիսով լաւ օրինակ մը ձգեց մեզի։

4, 5. ա) Առաջին անգամ ո՞վ ստացաւ ազատ կամքի պարգեւը եւ զայն ինչպէ՞ս գործածեց։ բ) Իւրաքանչիւրս ի՞նչ պէտք է հարցնենք։

4 Եհովա Աստուած ազատ կամքով ստեղծեց հրեշտակներն ու մարդիկը։ Յիսուս իր առաջին ստեղծագործութիւնն էր եւ ազատ կամք ունէր (Կող. 1։15)։ Ան ինչպէ՞ս գործածած է իր ազատութիւնը։ Նոյնիսկ առաջ որ երկիր գայ, Յիսուս ընտրեց Եհովային հաւատարիմ մնալ եւ Սատանայի ըմբոստութեան չմասնակցիլ։ Ետքը, երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, որոշեց Սատանային փորձութիւնները մերժել (Մատ. 4։10)։ Իսկ իր մահուան նախորդող գիշերը, Յիսուս իր Հօր ըսաւ որ կ’ուզէ Իր կամքը կատարել։ Ան ըսաւ. «Հա՛յր, եթէ կ’ուզես, այս գաւաթը ինձմէ անցուր. բայց ոչ թէ իմ կամքս՝ հապա քուկդ թող ըլլայ» (Ղուկ. 22։42)։ Լաւ, մենք իրապէս կրնա՞նք Յիսուսին նմանիլ եւ մեր ազատ կամքը գործածել Եհովային փառք բերելու եւ իր կամքը կատարելու։

5 Այո՛, կրնանք Յիսուսին նմանիլ քանի որ մենք ալ Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած ենք (Ծն. 1։26)։ Բայց մենք Եհովային պէս բացարձակ ազատութիւն չունինք։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ Եհովան սահման դրած է մեր ազատութեան, եւ մեզմէ կ’ակնկալէ որ զայն ընդունինք։ Օրինակ, ընտանիքին մէջ՝ կինը պէտք է իր ամուսինին ենթարկուի, իսկ զաւակները՝ իրենց ծնողքին (Եփ. 5։22. 6։1)։ Մեր ազատ կամքը ինչպէ՞ս կը գործածենք յարգելով այս սահմանը։ Մեր յաւիտենական ապագան ասկէ կախեալ է։

ԱԶԱՏ ԿԱՄՔԻ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԻՒՆԸ

6. Օրինակ մը տուր որ կը ցուցնէ թէ կարեւոր է որ մեր ազատութիւնը սահման ունենայ։

6 Սահման ունեցող ազատութիւնը իսկական ազատութիւն կրնա՞յ ըլլալ։ Այո՛ կրնայ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ սահմանը կրնայ մեզ պաշտպանել։ Օրինակ՝ թերեւս որոշենք ինքնաշարժով հեռու շրջան մը երթալ։ Բայց ապահով կը զգա՞նք եթէ երթեւեկութեան օրէնքներ չըլլան եւ ամէն մարդ ինք որոշէ որքա՛ն արագ երթալ եւ ճամբուն ո՛ր կողմը քշել։ Անշուշտ ո՛չ։ Որպէսզի բոլոր մարդիկը վայելեն ազատութեան օրհնութիւնները, սահման ունենալը կարեւոր է։ Նկատի առնենք Սուրբ Գիրքէն կարգ մը օրինակներ, որոնք կը ցուցնեն թէ Եհովային դրած սահմանները մեր օգտին համար են։

7. ա) Նշէ Ադամին եւ անասուններուն միջեւ եղած տարբերութիւն մը։ բ) Բացատրէ կերպ մը, որով Ադամ իր ազատ կամքը գործածեց։

7 Երբ Եհովան ստեղծեց առաջին մարդը՝ Ադամը, անոր տուաւ այն նոյն պարգեւը որ հրեշտակներուն տուած էր՝ ազատ կամքը։ Այսպիսով, Ադամ տարբեր էր անասուններէն, քանի որ անոնք բնազդով կ’ապրին։ Լաւ, Ադամ ի՞նչ լաւ կերպով գործածեց իր ազատ կամքը։ Եհովան իրեն տուած էր անասուններուն անուն տալու ուրախութիւնը։ Աստուած անասունները «Ադամին առջեւ բերաւ, որպէս զի տեսնէ թէ անոնց ի՛նչ անուն պիտի դնէ»։ Երբ Ադամ իւրաքանչիւր անասուն ուշի ուշով դիտեց եւ ատոր յարմար անուն մը տուաւ, Աստուած անոր զատած անունները չփոխեց։ Ընդհակառակը, «Ադամ ի՛նչ անուն, որ դրաւ շնչաւոր կենդանիի, այն եղաւ անոր անունը» (Ծն. 2։19)։

8. Ադամ ի՞նչ սխալ կերպով գործածեց իր ազատ կամքը, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

8 Եհովան Ադամին տուաւ երկիրը դրախտի վերածելու պատասխանատուութիւնը, եւ ըսաւ. «Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք ու ծովու ձուկերուն ու երկնքի թռչուններուն եւ երկրի վրայ սողացող բոլոր կենդանիներուն իշխեցէք» (Ծն. 1։28)։ Բայց Ադամ ասկէ գոհ չէր եւ որոշեց արգիլուած պտուղէն ուտել, եւ այսպիսով չյարգեց այն սահմանը որ Եհովան դրած էր։ Որովհետեւ Ադամ սխալ կերպով գործածեց իր ազատ կամքը, մարդիկ հազարաւոր տարիներէ ի վեր կը չարչարուին (Հռով. 5։12)։ Ադամի որոշումին լուրջ հետեւանքները մտքերնիս պահելով, պիտի մղուինք մեր ազատութիւնը լաւ կերպով գործածելու եւ Եհովային դրած սահմանները յարգելու։

9. Եհովան իր ժողովուրդին առջեւ ի՞նչ ընտրութիւն դրաւ եւ անոնք ի՞նչ խոստացան ընել։

9 Բոլորս անկատարութիւն եւ մահ ժառանգած ենք Ադամէն ու Եւայէն։ Բայց տակաւին իրաւունք ունինք որ ազատ կամքի պարգեւը գործածենք։ Ասիկա յայտնի կ’ըլլայ երբ նկատի կ’առնենք թէ Աստուած ինչպէ՛ս վարուեցաւ իսրայէլ ազգին հետ։ Եհովան անոնց տուաւ այն իրաւունքը որ ընտրեն Իր «սեպհական ժողովուրդ»ը ըլլալ կամ ոչ (Ել. 19։3-6)։ Ազգը ընտրեց Աստուծոյ ժողովուրդը ըլլալ եւ ընդունեց Աստուծոյ դրած սահմանները։ Անոնք ըսին. «Տէրոջը բոլոր ըսածները պիտի ընենք» (Ել. 19։8)։ Ցաւօք սրտի, յետագային ժողովուրդը սխալ կերպով գործածեց իր ազատ կամքը եւ այդ խոստումը չյարգեց։ Կրնանք կարեւոր դաս մը սորվիլ անոնցմէ։ Թող որ միշտ արժեւորենք ազատ կամքի մեր պարգեւը ու շարունակենք Եհովային մօտիկ մնալ եւ իր օրէնքներուն հնազանդիլ (Ա. Կոր. 10։11)։

10. Ո՞ր օրինակները կը փաստեն թէ անկատար մարդիկը կրնան իրենց ազատ կամքը գործածել Աստուծոյ փառք բերելու (տե՛ս բացման պատկերը)։

10 Եբրայեցիս 11–րդ գլուխին մէջ կը գտնենք 16 հաւատարիմ ծառաներու անունները, որոնք Եհովային դրած սահմանները յարգեցին։ Այսպիսով, անոնք շատ մը օրհնութիւններ վայելեցին եւ ապագային նկատմամբ հոյակապ յոյս մը ունեցան։ Օրինակ՝ Նոյ մեծ հաւատք ունէր եւ Աստուծոյ ցուցմունքներուն հնազանդելով տապան մը շինեց, որպէսզի թէ՛ իր ընտանիքը եւ թէ ապագայ սերունդները փրկուին (Եբ. 11։7)։ Աբրահամ ու Սառա յօժար սրտով հնազանդեցան Աստուծոյ եւ գացին այն երկիրը որ խոստացած էր իրենց տալ։ Ետքը, անոնց առջեւ առիթը բացուեցաւ որ Ուր քաղաքը վերադառնան, բայց անոնք կեդրոնացան ապագային նկատմամբ Աստուծոյ խոստումներուն վրայ։ Անոնք աւելի լաւ վայրի մը կը ձգտէին (Եբ. 11։8, 13, 15, 16)։ Իսկ Մովսէս իր կռնակը դարձուց Եգիպտոսի գանձերուն, եւ «աւելի աղէկ սեպեց Աստուծոյ ժողովուրդին հետ չարչարուիլ, քան թէ մեղքին ժամանակաւոր զուարճութիւնը վայելել» (Եբ. 11։24-26)։ Թող որ այսպիսի մարդոց հաւատքը ունենանք, արժեւորելով մեր ազատ կամքը եւ զայն գործածելով Աստուծոյ կամքը կատարելու։

11. ա) Ազատ կամքի մեծագոյն օրհնութիւններէն մէկը ի՞նչ է։ բ) Ի՞նչը կը ձգէ որ լաւ կերպով գործածես ազատ կամքդ։

11 Թերեւս աւելի դիւրին է որ մէկը մեր տեղը որոշում առնէ, բայց ասիկա չի ձգեր որ վայելենք ազատ կամք ունենալուն մեծագոյն օրհնութիւններէն մէկը։ Բ. Օրինաց 30։19, 20–ը կը յայտնէ այդ օրհնութիւնը (կարդա՛)։ 19–րդ համարին մէջ գրուած է թէ Աստուած ընտրութիւն մը դրաւ իսրայէլացիներուն առջեւ։ 20–րդ համարին մէջ կը տեսնենք թէ Աստուած իրենց տուաւ առիթ մը, որ ցուցնեն թէ որքա՛ն կը սիրեն զինք։ Մենք ալ կրնանք որոշել Եհովան պաշտել։ Այսպիսով, առիթ կ’ունենանք որ մեր ազատ կամքը գործածելով իրեն փառք բերենք եւ ցուցնենք թէ որքա՛ն կը սիրենք զինք։

ԱԶԱՏ ԿԱՄՔԴ ՍԽԱԼ ԿԵՐՊՈՎ ՄԻ՛ ԳՈՐԾԱԾԵՐ

12. Բնաւ ի՞նչ պէտք չէ ընենք։

12 Հաշուէ թէ արժէքաւոր նուէր մը տուիր բարեկամիդ։ Ի՞նչ կը զգաս եթէ գիտնաս թէ ան նուէրդ աղբը թափեց, կամ ասկէ աւելի գէշ՝ զայն գործածեց որ մէկու մը վնաս հասցնէ։ Հիմա մտածէ թէ Եհովա՛ն ինչ կը զգայ երբ կը տեսնէ, թէ մարդիկ իրենց ազատ կամքը սխալ կերպով գործածելով գէշ որոշումներ կ’առնեն, եւ նոյնիսկ ուրիշներուն կը վնասեն։ Սուրբ Գիրքը ըսաւ որ «վերջին օրերը» մարդիկ «ապերախտ» պիտի ըլլային (Բ. Տիմ. 3։1, 2)։ Թող որ Եհովային տուած այս արժէքաւոր պարգեւը բնա՛ւ սխալ կերպով չգործածենք կամ զայն թեթեւի չառնենք։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնանք սխալ կերպով չգործածել զայն։

13. Կերպերէն մէկը ի՞նչ է որ մեր ազատութիւնը սխալ կերպով չգործածենք։

13 Բոլորս ազատութիւն ունինք որ զատենք մեր բարեկամները, մեր հագուստներն ու յարդարանքը եւ ժամանցը։ Բայց կրնայ ըլլալ որ մեր ազատութիւնը չարաչար գործածելով Աստուծոյ չսիրած բաները ընենք, կամ աշխարհին գէշ սովորութիւններուն հետեւինք (կարդա՛ Ա. Պետրոս 2։16)։ Փոխանակ մեր ազատութիւնը սխալ բաներու համար գործածելու, պէտք է զայն գործածենք որ «ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար» ընենք (Ա. Կոր. 10։31. Գաղ. 5։13)։

14. Ինչո՞ւ պէտք է Եհովային վստահինք երբ մեր ազատ կամքը կը գործածենք։

14 Եհովան ըսաւ. «Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ, քալելու ճամբուդ մէջ քեզի կ’առաջնորդեմ» (Եսա. 48։17)։ Պէտք է Եհովային վստահինք եւ ընդունինք իր դրած սահմանները, որպէսզի կարենանք լաւ որոշումներ առնել։ Պէտք է խոնարհութեամբ ընդունինք, թէ «մարդուն ճամբան իր ձեռքը չէ, քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ» (Եր. 10։23)։ Թող որ Ադամին եւ անհաւատարիմ իսրայէլացիներուն ինկած փոսը չիյնանք, այսինքն՝ մենք մեզի չվստահինք, այլ՝ ‘բոլոր սրտով Տէրոջը ապաւինինք’ (Առ. 3։5)։

ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ԱԶԱՏ ԿԱՄՔԸ ՅԱՐԳԵԼ

15. Գաղատացիս 6։5–ի սկզբունքէն ի՞նչ կը սորվինք։

15 Նաեւ պէտք է յարգենք ուրիշին իրաւունքը որոշումներ առնելու։ Ինչո՞ւ։ Չի կրնար ըլլալ որ երկու անձեր միշտ ճիշդ նոյն որոշումը առնեն, քանի որ բոլորս ազատ կամք ունինք։ Վարքի եւ պաշտամունքի վերաբերեալ որոշումներուն պարագան ալ նոյնն է։ Միտքդ բեր Գաղատացիս 6։5–ի սկզբունքը (կարդա՛)։ Երբ ըմբռնենք որ ամէն քրիստոնեայ ինք պատասխանատու է իր որոշումներուն համար, պիտի յարգենք ուրիշին ազատութիւնը որ իր ազատ կամքի պարգեւը գործածէ։

Հաւաքոյթի մը ընթացքին, եղբայր մը կը մերժէ գինի խմել

Կրնանք մեր անձնական որոշումը առնել, առանց ուրիշը ստիպելու որ նոյն որոշումը առնէ (տե՛ս պարբերութիւն 15)

16, 17. ա) Ազատ կամքին վերաբերեալ ի՞նչ հարց ծագեցաւ Կորնթոսի մէջ։ բ) Պօղոս ինչպէ՞ս լուծեց հարցը, եւ ասիկա ի՞նչ կը սորվեցնէ մեզի։

16 Նկատի առնենք Սուրբ Գիրքէն օրինակ մը, որ կը ցուցնէ թէ ինչո՛ւ պէտք է մեր եղբայրներուն ազատութիւնը յարգենք, որ խղճի հետ կապուած հարցերու մէջ անձամբ որոշումներ առնեն։ Կորնթոսի քրիստոնեաները տարբեր կարծիքներ ունէին, թէ արդեօք կրնայի՞ն ուտել այդ միսը որ թերեւս կուռքերու զոհուած էր բայց ետքը կը ծախուէր շուկային մէջ։ Ոմանք կը մտածէին. ‘Միսը կրնամ հանգիստ խղճով ուտել, քանի որ կուռքը ոչինչ է’։ Բայց ուրիշներ որոնք նախապէս այդ կուռքերը կը պաշտէին, կը զգային որ այդ միսը ուտելը պաշտամունքի արարք մըն է (Ա. Կոր. 8։4, 7)։ Ասիկա զգայուն նիւթ մըն էր եւ կրնար ժողովքին մէջ բաժանումներ պատճառել։ Պօղոս այս քրիստոնեաներուն ինչպէ՞ս օգնեց որ այս կարեւոր հարցը լուծեն։

17 Նախ, Պօղոս յիշեցուց երկու կողմերուն ալ, որ ուտելիքը չի զօրացներ իրենց բարեկամութիւնը Աստուծոյ հետ (Ա. Կոր. 8։8)։ Ապա ան զգուշացում տուաւ որ թոյլ չտան որ իրենց «ազատութիւնը» վնասէ «տկարներուն» խիղճին (Ա. Կոր. 8։9)։ Ետքը, ան աւելի զգայուն խիղճ ունեցողներուն ըսաւ, որ չդատեն այն անձերը որ կ’ուտեն միսը (Ա. Կոր. 10։25, 29, 30)։ Ուրեմն, պաշտամունքի հետ կապուած կարեւոր հարցերուն մէջ, ամէն քրիստոնեայ իր խիղճին համաձայն որոշում պէտք էր առնէր։ Լաւ, պէտք չէ՞ նաեւ յարգենք մեր եղբօր իրաւունքը որ անձամբ որոշում առնէ նոյնիսկ աւելի պզտիկ հարցերու մէջ (Ա. Կոր. 10։32, 33)։

18. Ինչպէ՞ս պիտի ցուցնես որ կ’արժեւորես ազատ կամքի պարգեւդ։

18 Եհովան մեզի տուած է ազատ կամքի պարգեւը, ինչ որ մեզի իսկական ազատութիւն կու տայ (Բ. Կոր. 3։17)։ Մենք այս պարգեւը կ’արժեւորենք, քանի որ մեզի թոյլ կու տայ որ ցուցնենք թէ որքա՛ն կը սիրենք Եհովան։ Ուրեմն, թող որ շարունակենք Եհովային փառք բերող որոշումներ առնել, եւ յարգենք ուրիշներուն իրաւունքը որ իրենց ուզածին պէս գործածեն իրենց ազատ կամքը։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել