Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ17 Մարտ էջ 23-27
  • Գրուած բաներուն ականջ պիտի տա՞ս

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Գրուած բաներուն ականջ պիտի տա՞ս
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՎՍՏԱՀԻԼԸ ՎՆԱՍՈՎ ԿԸ ՀԱՆԷ ՔԵԶ
  • ԳԷՇ ԸՆԿԵՐՆԵՐԸ Ո՞ՒՐ ԿՐՆԱՆ ՀԱՍՑՆԵԼ ՔԵԶ
  • ՄԻ՛ ՁԳԵՐ ՈՐ ՍԻՐՏԴ ՀՊԱՐՏԱՆԱՅ
  • ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՄԲ ՈՐՈՇՈՒՄ ԱՌ
  • ԿԱՏԱՐԵԱԼ ՍԻՐՏ ՄԸ ՊԱՀԷ ԵՒ ՈՒՐԱԽԱՑԻՐ
  • Կատարեա՛լ սրտով Եհովային ծառայէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
  • Եհովայի տան նախանձախնդի՛ր եղիր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
  • Խաղաղութեան ժամանակ՝ իմաստութեամբ վարուէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
  • Պատանինե՛ր, ինչպէ՞ս կրնաք ուրիշներուն վստահութիւնը շահիլ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
դ17 Մարտ էջ 23-27
Յովսափատ եւ Աքաաբ կը պատերազմին ասորիներուն դէմ

Գրուած բաներուն ականջ պիտի տա՞ս

«Այդ բոլոր բաները. . . գրուեցան խրատելու համար մեզ՝ որ հասած ենք դարերու վախճանին» (Ա. ԿՈՐ. 10։11, ԱԾ)։

ԵՐԳԵՐ. 11, 61

Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ՍՈՐՎԻԼ ԱՅՍ ԹԱԳԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ ՍԽԱԼՆԵՐԷՆ՝

  • Ասա եւ Յովսափատ։

  • Եզեկիա։

  • Յովսիա։

1, 2. Ինչո՞ւ նկատի պիտի առնենք Յուդայի չորս թագաւորներուն օրինակները։

ԵԹԷ տեսնես մէկը ճամբու մը վրայ կը սահի ու կ’իյնայ, ուշադիր չե՞ս ըլլար երբ նոյն ճամբուն վրայ քալես։ Նմանապէս, երբ ուրիշներուն սխալները նկատի առնենք, ասիկա մեզի կ’օգնէ որ նոյն փոսերուն մէջ չիյնանք։ Օրինակ, կրնանք Սուրբ Գիրքին մէջ նշուած անհատներուն սխալներէն սորվիլ։

2 Նախորդ յօդուածին մէջ մեր նկատի առած չորս թագաւորները կատարեալ սրտով ծառայեցին Եհովային։ Բայց անոնք լուրջ սխալներ ալ ըրին։ Անոնց փորձառութիւնները գրուած են Սուրբ Գիրքին մէջ, որպէսզի ատոնց վրայ խոկանք եւ ատոնցմէ օգտուինք։ Ի՞նչ դասեր կրնանք սորվիլ անոնցմէ, եւ ինչպէ՞ս կրնանք անոնց սխալները չընել (կարդա՛ Հռովմայեցիս 15։4)։

ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՎՍՏԱՀԻԼԸ ՎՆԱՍՈՎ ԿԸ ՀԱՆԷ ՔԵԶ

3-5. ա) Թէեւ Ասային սիրտը կատարեալ էր Եհովային հանդէպ, բայց ան ի՞նչ սխալ մը ըրաւ։ բ) Ասան թերեւս ինչո՞ւ մարդոց վստահեցաւ երբ Բաասան Յուդային դէմ ելաւ։

3 Նախ նկատի առնենք Ասան եւ տեսնենք թէ Աստուծոյ Խօսքը ինչպէ՛ս կրնայ մեր կեանքին ազդել։ Երբ մէկ միլիոն եթովպիացի յարձակեցան Յուդայի վրայ, Ասան Եհովային վստահեցաւ։ Բայց երբ Իսրայէլի թագաւորը Բաասան սկսաւ վերաշինել Ռամա քաղաքը, Ասան Եհովային չվստահեցաւ։ Ռաման Ասայի թագաւորութեան սահմանին վրայ եղող քաղաք մըն էր (Բ. Մն. 16։1-3)։ Ասան իր իմաստութեան վստահեցաւ եւ Ասորիքի թագաւորին՝ Բենադադին կաշառք տուաւ որ Բաասային վրայ յարձակի։ Ասային ծրագիրը քալե՞ց։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Բաասա այս բանը լսելով՝ Ռաման շինելէն ետ կեցաւ ու գործը դադրեցուց» (Բ. Մն. 16։5)։ Ուրեմն, Ասային ծրագիրը յաջողեցաւ. բայց իրականութեան մէջ՝ ո՛չ։

4 Եհովան ինչպէ՞ս նայեցաւ Ասային ըրածին։ Անանի մարգարէն ղրկեց, որպէսզի Ասային յանցանքը երեսին ըսէ. ան Եհովային չէր վստահած (կարդա՛ Բ. Մնացորդաց 16։7-9)։ Անանի ըսաւ. «Ասկէ ետքը պատերազմներ պիտի ունենաս»։ Ճիշդ է որ Բաասան Ռաման շինելէ կեցաւ, բայց Ասան եւ իր ժողովուրդը պատերազմներ ունեցան մինչեւ իր իշխանութեան վերջը։

5 Նախորդ յօդուածին մէջ տեսանք որ Աստուած Ասային սիրտը քննեց եւ տեսաւ, թէ ատիկա կատարեալ է եւ իրեն նուիրուած է։ Եհովան իրեն կը հաճէր (Գ. Թագ. 15։14)։ Հակառակ ասոր, ան իր անմիտ որոշումին հետեւանքները պիտի կրէր։ Ան ինչո՞ւ իր անձին եւ ուրիշ մարդոց վստահեցաւ, փոխանակ Եհովային վստահելու։ Արդեօք ան մտածե՞ց որ զինուորական մեթոտներով աւելի լաւ արդիւնքի պիտի հասնէր, քան՝ Աստուծոյ օգնութեամբ։ Կամ, կրնայ ըլլալ որ ուրիշներ իրեն սխալ խրատ մը տուած էին։

6. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Ասային սխալէն. բացատրէ։

6 Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Ասային սխալէն։ Բոլո՛ր պարագաներուն մէջ պէտք է Եհովային վստահինք։ Թերեւս դիւրին է Եհովային վստահիլ երբ մեծ խնդիրներ ունենանք։ Բայց ի՞նչ կ’ընենք ամէնօրեայ պզտիկ հարցերուն մէջ։ Մեր անձի՞ն կը վստահինք, փորձելով մե՛ր կերպով լուծել հարցը. թէ ոչ Սուրբ Գիրքի սկզբունքները նկատի կ’առնենք եւ կը ջանանք զանոնք կիրարկել, եւ այսպիսով կը ցուցնենք թէ Եհովային կը վստահինք։ Օրինակ, սեպէ թէ ընտանիքդ քեզի կը հակառակի որ ժողովներու կամ համաժողովի չերթաս։ Եհովայէն կը խնդրե՞ս որ քեզի օգնէ գիտնալու թէ ի՛նչ պէտք է ընես։ Կամ, եթէ գործդ կորսնցնես եւ երկար ժամանակ անգործ մնալէ ետք, վերջապէս մէկը գտնես որ քեզ գործի պիտի առնէ։ Իրեն կ’ըսե՞ս որ շաբթուան ընթացքին ժողովներ ունիս, որոնց կանոնաւորաբար պէտք է ներկայ ըլլաս։ Ի՛նչ ալ ըլլայ խնդիրը, պէտք է այս խրատը յիշենք. «Տէրոջը յանձնէ քու ճամբադ ու անոր յուսա եւ անիկա պիտի կատարէ» (Սաղ. 37։5)։

ԳԷՇ ԸՆԿԵՐՆԵՐԸ Ո՞ՒՐ ԿՐՆԱՆ ՀԱՍՑՆԵԼ ՔԵԶ

7, 8. Յովսափատ ի՞նչ սխալներ ըրաւ, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ (տե՛ս բացման նկարը)։

7 Հիմա նկատի առնենք Ասային տղան՝ Յովսափատը։ Ան շատ մը լաւ յատկութիւններ ունէր, եւ Եհովային վստահելով բազմաթիւ լաւ բաներ ըրաւ։ Բայց ան նաեւ կարգ մը սխալ որոշումներ առաւ։ Օրինակ, ան կարգադրեց որ իր տղան ամուսնանայ Աքաաբ չար թագաւորին աղջկան հետ։ Ետքը, Յովսափատ Աքաաբին հետ պատերազմեցաւ ասորիներուն դէմ, հակառակ որ Միքիա մարգարէն զգուշացուցած էր զինք որ չպատերազմի։ Եւ քիչ մնաց որ Յովսափատ մեռնէր պատերազմին մէջ (Բ. Մն. 18։1-32)։ Երբ ան Երուսաղէմ վերադարձաւ, Յէու մարգարէն իրեն հարցուց. «Պէ՞տք էր որ մեղաւորին օգնէիր ու Տէրը ատողները սիրէիր» (կարդա՛ Բ. Մնացորդաց 19։1-3)։

8 Յովսափատ իր փորձառութենէն սորվեցա՞ւ։ Ցաւօք սրտի՝ ո՛չ։ Թէեւ ան տակաւին կը սիրէր Եհովան եւ կ’ուզէր զինք հաճեցնել, բայց դարձեալ բարեկամացաւ Աստուծոյ թշնամի եղող մարդու մը հետ. Աքաաբին տղան Ոքոզիան։ Յովսափատ եւ Ոքոզիա միասին նաւեր շինեցին, բայց նաւերը ջարդուփշուր եղան առաջ որ գործածուին (Բ. Մն. 20։35-37)։

9. Գէշ ընկերակցութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ ազդել մեր ամբողջ կեանքին։

9 Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Յովսափատէն։ Ընդհանուր առմամբ, Յովսափատ լաւ թագաւոր մըն էր. ան ճիշդը կ’ընէր եւ ‘բոլոր սրտով Տէրը կը խնդրէր’ (Բ. Մն. 22։9)։ Բայց ան չար բարեկամներ ունեցաւ եւ ասիկա լուրջ խնդիրներ պատճառեց իրեն։ Միտքդ բեր Սուրբ Գիրքին այս առակը. «Իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ’ըլլայ, բայց անմիտներուն ընկերացողը չարութեան կը հանդիպի» (Առ. 13։20, ստորանիշ)։ Մեր կարգին, մենք կ’ուզենք հետաքրքրուած անհատներուն օգնել որ ճշմարտութեան գան։ Բայց եթէ մտերիմ բարեկամներ դառնանք անհատներու հետ, որոնք Եհովային չեն ծառայեր, ասիկա կրնայ վտանգաւոր ըլլալ։ Յիշէ թէ Յովսափատ քիչ մնաց որ մեռնէր, քանի որ Աքաաբին հետ անտեղի բարեկամութիւն զարգացուց։

10. ա) Ամուսնանալու մասին ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ Յովսափատէն։ բ) Ի՞նչ պէտք է յիշենք։

10 Ի՞նչ գործնական դաս մը կրնանք քաղել Յովսափատէն։ Քրիստոնեայ մը թերեւս սկսի ռոմանթիկ զգացումներ ունենալ անձի մը հանդէպ, որ Եհովան չի սիրեր, կարծելով թէ յարմար կողակից մը պիտի չգտնէ Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ։ Կամ, թերեւս քրիստոնեայի մը ազգականները զինք ճնշեն որ ամուսնանայ՝ ‘առաջ որ շատ ուշ ըլլայ’։ Նաեւ թերեւս ոմանք զգան որ իրենց մէջ կայ «սիրուելու եւ ընկերակից ունենալու պէտքը», ինչպէս որ քոյր մը ըսաւ։ Լաւ, քրիստոնեան ի՞նչ պէտք է ընէ։ Յովսափատին հետ պատահածին վրայ խոկալը կրնայ իրեն օգնել։ Յովսափատ ընդհանրապէս Եհովայէն կը խնդրէր որ զինք առաջնորդէ (Բ. Մն. 18։4-6)։ Բայց երբ Աքաաբ իր բարեկամը եղաւ, Յովսափատ ականջ չտուաւ Եհովային զգուշացումին։ Ան պէտք էր յիշէր որ «Տէրոջը աչքերը բոլոր երկիրը կը դիտեն, որպէս զի իրեն ուղիղ սրտով յարողները ուժովցնէ» (Բ. Մն. 16։9)։ Մենք ալ պէտք է մեր միտքը պահենք որ Եհովան կ’ուզէ մեզի օգնել։ Ան մեր պարագան կը հասկնայ եւ մեզ կը սիրէ։ Դուն կը հաւատա՞ս որ եթէ փափաքդ է որ կողակից մը ունենաս, Աստուած ասիկա գիտէ եւ կ’ուզէ քեզի օգնել։ Վստահ եղիր որ յարմար ժամանակին ան ասիկա պիտի ընէ։

Գործատեղը, էրիկմարդ մը խմելիք մը կը հրամցնէ քրիստոնեայ աղջկայ մը

Ուշադիր եղիր որ Եհովան չպաշտող մէկու մը հետ մտերիմ չըլլաս (տե՛ս պարբերութիւն 10)

ՄԻ՛ ՁԳԵՐ ՈՐ ՍԻՐՏԴ ՀՊԱՐՏԱՆԱՅ

11, 12. ա) Եզեկիայի սրտին մէջինը ինչպէ՞ս մէջտեղ ելաւ։ բ) Եհովան ինչո՞ւ ներեց Եզեկիային։

11 Ի՞նչ կը սորվինք Եզեկիայէն։ Անգամ մը, Եհովան անոր սրտին մէջինը դուրս հանեց (կարդա՛ Բ. Մնացորդաց 32։31)։ Եզեկիան ծանր հիւանդացաւ եւ Եհովան իրեն նշան մը տուաւ որ պիտի առողջանար։ Եհովան ձգեց որ շուքը տասը աստիճան ետ դառնայ։ Ետքը, Բաբելոնի իշխանները մարդիկ ղրկեցին, որպէսզի այդ նշանին մասին աւելին գիտնան (Դ. Թագ. 20։8-13. Բ. Մն. 32։24)։ Եհովան Եզեկիան «թողուց» որ տեսնէ թէ ինչ պիտի ընէ։ Եզեկիան «իր բոլոր գանձերը» ցուցուց այդ բաբելոնացիներուն։ Այս անմիտ արարքը մէջտեղ հանեց «բոլոր անոր սրտին մէջ եղածը»։

12 Սուրբ Գիրքը չ’ըսեր թէ ճիշդ ի՛նչը ձգեց որ Եզեկիային սիրտը հպարտանայ։ Թերեւս պատճառը այն է՝ որ ասորեստանցիներուն յաղթեց կամ Աստուած հրաշքով մը զինք բժշկեց։ Կամ, թերեւս քանի որ ան հարուստ եւ հռչակաւոր եղած էր։ Ամէն պարագայի, քանի որ ան հպարտացաւ, «իր ընդունած բարիքին փոխարէն շնորհակալութիւն չմատուցանեց»։ Ի՜նչ ցաւալի։ Թէեւ ան կատարեալ սրտով ծառայած էր Եհովային, բայց որոշ ժամանակ մը ան Աստուծոյ սիրտը նեղացուց։ Բայց ետքը, Եզեկիան «խոնարհեցաւ» եւ Աստուած իրեն ներեց (Բ. Մն. 32։25-27. Սաղ. 138։6)։

13, 14. ա) Ո՞ր պարագային մէջ մեր սրտին մէջինը յայտնի կրնայ ըլլալ։ բ) Ինչպէ՞ս պէտք է հակազդենք երբ մէկը մեզ գովէ։

13 Ի՞նչ կը սորվինք Եզեկիայէն եւ անոր սխալէն։ Յիշէ թէ Եզեկիային հպարտութիւնը յայտնի եղաւ՝ Եհովան Սենեքերիմին յաղթելէն եւ Եզեկիան բժշկելէն ետք։ Գալով մեզի, երբ շատ լաւ բան մը ընենք, կրնա՞յ ըլլալ որ Եհովան մեզ ‘թողու որպէսզի փորձէ’ եւ մեր սրտին մէջ եղածը դուրս հանէ։ Օրինակ, եղբայր մը շատ ջանք թափած է որ դասախօսութիւն մը պատրաստէ, եւ զայն մեծ խումբի մը առջեւ տալէ ետք՝ շատեր զինք կը գովեն։ Լաւ, ան ինչպէ՞ս պիտի հակազդէ գովասանքին։

14 Երբ մէկը մեզ գովէ, լաւ կ’ըլլայ որ Յիսուսին այս խօսքը գործադրենք. «Երբ բոլոր ձեզի հրամայուած բաները ընէք, ըսէք, թէ՝ ‘Մենք անպիտան ծառաներ ենք, քանզի ինչ որ պարտական էինք ընելու՝ ըրինք’» (Ղուկ. 17։10)։ Յիշէ թէ երբ Եզեկիան հպարտացաւ, չգնահատեց Եհովային ըրածը իրեն։ Երբ խոկանք Եհովային բոլոր ըրածներուն վրայ եւ ատոնց մասին խօսինք ուրիշներուն, ասիկա մեզի պիտի օգնէ որ չհպարտանանք։ Ի վերջոյ, Եհովան է որ Աստուածաշունչը եւ սուրբ հոգին տուած է, որպէսզի իր ժողովուրդին օգնեն։

ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՄԲ ՈՐՈՇՈՒՄ ԱՌ

15, 16. Յովսիան ինչո՞ւ կորսնցուց Եհովային պաշտպանութիւնը եւ իր կեանքը։

15 Եւ վերջապէս Յովսիայէն ի՞նչ կը սորվինք։ Թէեւ ան լաւ թագաւոր մըն էր, բայց սխալ մը ըրաւ՝ որուն պատճառով պարտուեցաւ ու մեռաւ (կարդա՛ Բ. Մնացորդաց 35։20-22)։ Յովսիան Եգիպտոսի Նեքաւով թագաւորին դէմ «պատերազմելու գնաց», հակառակ որ այդ թագաւորը ըսաւ որ իրեն հետ հարց մը չունէր։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ Նեքաւովին ըսածը «Աստուծոյ բերնէն էր»։ Լաւ, Յովսիան ինչո՞ւ պատերազմելու գնաց։ Սուրբ Գիրքը ասոր պատասխանը չի տար։

16 Յովսիան ինչպէ՞ս պիտի գիտնար որ Նեքաւովին ըսածը Աստուծոյ կողմէ էր։ Ան կրնար Երեմիային հարցնել, որ հաւատարիմ մարգարէ մըն էր (Բ. Մն. 35։23, 25)։ Բայց Սուրբ Գիրքին մէջ գրուած չէ թէ ան իրեն հարցուց։ Նաեւ, Նեքաւով Քարքամիս կ’երթար, որպէսզի պատերազմի «պատերազմ ընող տանը դէմ», եւ ոչ թէ Երուսաղէմին դէմ։ Ասկէ զատ, Նեքաւով չէր անարգեր Եհովան կամ Իր ժողովուրդը։ Յովսիան այս բաներուն մասին լաւ չմտածեց առաջ որ իր որոշումը առնէ։ Ի՞նչ դաս կը սորվինք ասկէ։ Երբ խնդիր մը ունենանք, պէտք է նախ նկատի առնենք թէ Եհովային կամքը ինչ է։

17. Երբ խնդիր մը ունենանք, ինչպէ՞ս կրնանք Յովսիային սխալը չընել։

17 Երբ որոշումի մը առջեւ ըլլանք, նախ պէտք է մտածենք թէ Սուրբ Գիրքին ո՛ր սկզբունքները կրնան մեզի օգնել եւ ինչպէ՛ս կրնանք զանոնք գործադրել։ Ատեններ, թերեւս ուզենք մեր հրատարակութիւններուն մէջ յաւելեալ պրպտում ընել կամ նոյնիսկ խրատ խնդրել երէցէ մը։ Ան կրնայ մեզի օգնել որ ուրիշ սկզբունքներու մասին ալ մտածենք։ Օրինակ, երեւակայէ թէ քոյր մը ամուսնացած է մէկու մը հետ, որ Վկայ չէ։ Ան գիտէ թէ բարի լուրը քարոզելու պատասխանատուութիւնը ունի (Գործք 4։20)։ Օր մը, ան կ’որոշէ ծառայութեան ելլել, բայց ամուսինը կ’ուզէ որ ան տունը մնայ։ Ամուսինը կ’ըսէ որ վերջերս իրարու հետ շատ ժամանակ չեն անցուցած եւ թէ կ’ուզէ որ միասին բան մը ընեն։ Քոյրը միտքէն կ’անցընէ համարներ, որոնք կրնան իրեն օգնել որ իմաստուն որոշում մը առնէ։ Ան գիտէ թէ պէտք է Աստուծոյ հնազանդի եւ աշակերտելու գործին մասնակցի (Մատ. 28։19, 20. Գործք 5։29)։ Բայց ան նաեւ պէտք է յիշէ որ իր ամուսինին պէտք է ենթարկուի եւ տրամաբանական ըլլայ (Եփ. 5։22-24. Փլպ. 4։5)։ Արդեօք ամուսինը կը փորձէ իրեն արգե՞լք ըլլալ որ բնաւ չքարոզէ, թէ՞ պարզապէս կ’ուզէ ա՛յդ օրը իրեն հետ ժամանակ անցընել։ Որպէս Եհովայի ծառաներ, կ’ուզենք որոշումներ առնել որ թէ՛ տրամաբանական են եւ թէ Եհովան կը հաճեցնեն։

ԿԱՏԱՐԵԱԼ ՍԻՐՏ ՄԸ ՊԱՀԷ ԵՒ ՈՒՐԱԽԱՑԻՐ

18. Յուդայի այս չորս թագաւորներուն վրայ խոկալով ի՞նչ կը սորվիս։

18 Մենք ալ կրնանք որեւէ ատեն իյնալ այն փոսերուն մէջ, որ այս չորս թագաւորները ինկան։ Թերեւս 1) մեր իմաստութեան վստահինք, 2) սխալ բարեկամներ զատենք, 3) հպարտանանք կամ 4) որոշում առնենք առաջ որ Աստուծոյ կամքը նկատի առնենք։ Հակառակ ասոր, Եհովան մեր մէջ լաւ բաները կը տեսնէ, ճիշդ ինչպէս որ այդ չորս թագաւորներուն մէջ տեսաւ։ Ան նաեւ կը տեսնէ որ որքա՜ն կը սիրենք զինք եւ կ’ուզենք լման պաշտել զինք։ Այս պատճառով, ան մեզի տուած է օրինակներ, որոնք կրնան մեզի օգնել որ լուրջ սխալներ չընենք։ Թող որ այդ օրինակներուն վրայ խոկանք եւ ատոնց համար Եհովայէն շնորհակալ ըլլանք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել