Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ17 Յունիս էջ 16-20
  • Պիտի ջանա՞ս հարցը լուծել եւ խաղաղութիւնը պահպանել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Պիտի ջանա՞ս հարցը լուծել եւ խաղաղութիւնը պահպանել
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԽՆԴԻՐՆԵՐ ԵՒ ԼՈՒԾՈՒՄՆԵՐ
  • ՏԱՐԲԵՐ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ԳՈՒՆԱՒՈՐԵՆ ԺՈՂՈՎՔԸ
  • ՄԻ՛ ՁԳԵՐ ՈՐ ԱՆՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ
  • Խաղաղութիւն ինչպէ՞ս կրնաս ունենալ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
  • Բախումները սէրէ մղուած լուծէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Շարունակեցէ՛ք ‘զիրար շինել’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • Խաղաղութեան հետամո՛ւտ եղիր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
դ17 Յունիս էջ 16-20
Ժողովին մէջ ջղայնացած քոյր մը

Պիտի ջանա՞ս հարցը լուծել եւ խաղաղութիւնը պահպանել

ԵՀՈՎԱ ԱՍՏՈՒԱԾ կ’ուզէ որ զինք պաշտողները խաղաղութիւն վայելեն։ Ան կ’ուզէ որ անոնք խաղաղութեան ետեւէ ըլլան, եւ այսպիսով խաղաղութիւնը տիրէ քրիստոնէական ժողովքին մէջ։ Ժողովքին այս խաղաղութիւնը բազմաթիւ մարդոց ուշադրութիւնը կը գրաւէ։

Օրինակ՝ Մատակասքարի մէջ, ճանչցուած կախարդ բժիշկ մը նկատեց Եհովայի վկաներուն միջեւ եղած խաղաղութիւնը։ Ան ինքզինքին ըսաւ. «Եթէ օր մը օրանց կրօնքի մը պիտի հետեւիմ, ա՛յս կրօնքին կ’ուզեմ հետեւիլ»։ Ժամանակի ընթացքին, ան իր դիւային սովորութիւնները ձգեց եւ ամիսներով ջանաց Եհովային չափանիշներուն համաձայն ընել իր ամուսնութիւնը։ Ի վերջոյ, ան սկսաւ պաշտել Եհովան՝ խաղաղութեան Աստուածը։

Ամէն տարի, այս մարդուն նման հազարաւոր մարդիկ քրիստոնէական ժողովքին մէջ կը գտնեն այն խաղաղութիւնը, որ շատ կ’ուզեն ունենալ։ Սակայն Սուրբ Գիրքը յստակօրէն կ’ըսէ, թէ ժողովքին մէջ «նախանձը ու կռիւը» կրնան բարեկամութիւններ քանդել եւ խնդիրներ հանել (Յակ. 3։14-16)։ Ուրախ ենք որ Սուրբ Գիրքը նաեւ լաւ խրատներ կու տայ, որ այդ խնդիրներէն հեռու մնանք եւ խաղաղութիւնը զօրացնենք։ Նախ, նկատի առնենք թէ կարգ մը անհատներու հետ ի՛նչ պատահած է։

ԽՆԴԻՐՆԵՐ ԵՒ ԼՈՒԾՈՒՄՆԵՐ

«Շատ չէի համաձայներ հետս աշխատող եղբօր հետ։ Անգամ մը, երբ իրարու վրայ կը պոռայինք, երկու անձեր ներս մտան եւ տեսան մեր պոռթկալը» (ՔՐԻՍ)։

Երկու քոյրեր իրարու ծուռ կը նային

«Քոյր մը, որուն հետ շատ անգամներ ծառայութեան կ’ելլէի, մէկէն սկսաւ հետս ծառայութեան չելլել։ Ետքը, սկսաւ հետս լման չխօսիլ։ Պատճառը չէի գիտեր» (ՃԱՆԷԹ)։

«Երեք հոգիով հեռաձայնի վրայ իրարու հետ կը խօսէինք։ Միւս երկուքէն մէկը պայ–պայ ըսաւ եւ ես կարծեցի որ գիծը գոցեց։ Ետքը, սկսայ անոր մասին գէշ բաներ ըսել հեռաձայնի վրայ եղողին։ Բայց առաջին անձին գիծը տակաւին բաց էր» (ՄԱՅՔԼ)։

«Մեր ժողովքին մէջ, երկու ռահվիրայ քոյրեր սկսան իրարու հետ խնդիրներ ունենալ։ Անոնք իրար ջղայնութեամբ կը քննադատէին։ Ուրիշներ անոնց վէճերէն կը նեղանային» (ԿԷՐԻ)։

Թերեւս մտածես որ ասոնք պզտիկ բաներ են։ Բայց անոնցմէ ամէն մէկը կրնար զգացական եւ հոգեւոր գետնի վրայ մնայուն կերպով վնասել անհատներուն։ Ուրախ ենք որ այս եղբայրներն ու քոյրերը Սուրբ Գիրքին խրատներուն հետեւելով կրցան նորէն խաղաղութիւն ունենալ։ Քու կարծիքովդ, Սուրբ Գիրքին ո՞ր խրատները օգնեցին անոնց։

«Ճամբուն մէջ չխռովիք» (Ծն. 45։24)։ Յովսէփ այս իմաստուն խրատը տուաւ իր եղբայրներուն, երբ անոնք իրենց հօրը կը վերադառնային։ Եթէ անձ մը իր զգացումները չի զսպեր եւ շուտով կը նեղուի, կրնայ պատճառ ըլլալ որ դիմացինն ալ ջղայնանայ։ Քրիս անդրադարձաւ որ անձնապէս հպարտութեամբ կը վարուէր եւ ուղղութիւն չէր ընդուներ։ Փոխուիլ ուզելով, ան ներողութիւն խնդրեց եղբօրմէն։ Ան նաեւ շատ ջանք թափեց որ իր ջղայնութիւնը զսպէ։ Երբ եղբայրը տեսաւ թէ Քրիս որքան ջանք կը թափէ որ փոխուի, ինքն ալ ջանաց փոփոխութիւններ ընել։ Հիմա, անոնք խաղաղութեամբ կը ծառայեն Եհովային։

«Առանց խորհուրդի՝ դիտաւորութիւնները կը ցրուին» (Առ. 15։22)։ Ճանէթ անդրադարձաւ որ պէտք է այս համարը կիրարկէ։ Ան որոշեց քրոջ հետ խօսիլ։ Ան փափկանկատութեամբ քրոջ հարցուց թէ ի՛նչ ունի իրեն դէմ։ Սկիզբը վիճակը լարուած էր, բայց աւելի լաւ եղաւ երբ սկսան հանդարտօրէն առնել–տալ իրարու հետ։ Քոյրը տեսաւ թէ սխալ հասկցած էր հարց մը, որ բնա՛ւ կապ չունէր Ճանէթին հետ, եւ ներողութիւն խնդրեց։ Անոնք հիմա նորէն միասին կը ծառայեն Եհովային։

«Եթէ քու ընծադ սեղանին վրայ բերես ու հոն միտքդ գայ թէ քու եղբայրդ քեզի դէմ բան մը ունի, հոն ձգէ ընծադ սեղանին առջեւ, գնա առաջ եղբօրդ հետ հաշտուէ» (Մատ. 5։23, 24)։ Յիսուս այս խրատը տուաւ Լերան քարոզին մէջ։ Մայքլ շատ գէշ զգաց երբ անդրադարձաւ, որ շատ անփափկանկատ եւ անազնիւ կերպով վարուած էր։ Ան միտքը դրաւ որ ջանք պիտի թափէ որպէսզի հարցը շտկէ։ Ան խոնարհութեամբ երես–երեսի խօսեցաւ եղբօր հետ եւ ներողութիւն խնդրեց։ Լաւ, ի՞նչ պատահեցաւ։ Մայքլ կ’ըսէ. «Եղբայրս սրտանց ներեց ինծի»։ Անոնք նորէն բարեկամներ եղան։

«Իրարու համբերելով եւ իրարու ներելով՝ եթէ մէկը մէկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ» (Կող. 3։12-14)։ Երկու ռահվիրաներուն պարագային, ազնիւ երէց մը իրենց օգնեց որ կարգ մը հարցումներու վրայ խոկան, ինչպէս՝ ‘Իրաւունք ունի՞նք ուրիշները նեղացնելու մե՛ր անհամաձայնութեան պատճառով։ Իսկապէս պատճառ մը կա՞յ որ իրարու չհամբերենք եւ խաղաղութեամբ Եհովային չծառայենք’։ Անոնք երէցին խրատը ընդունեցին եւ զայն գործադրեցին։ Հիմա անոնք լաւ են իրարու հետ, մինչ բարի լուրը կը քարոզեն։

Երբ մէկը քեզ վիրաւորէ, Կողոսացիս 3։12-14–ին մէջ գտնուող խրատը կրնայ քեզի ալ օգնել որ խոնարհ ըլլաս, ներես եւ եղածը մոռնաս։ Բայց եթէ փորձես ներել եւ չկրնաս, Մատթէոս 18։15–ի սկզբունքը կրնայ քեզի օգնել։ Ճիշդ է որ Յիսուս հոս կ’ըսէր թէ ի՛նչ է առնուելիք քայլը երբ մէկը լուրջ մեղք մը գործէ ուրիշին դէմ, բայց նոյն սկզբունքը կրնաս գործածել երբ մէկու մը հետ խնդիր ունենաս։ Պարզապէս գնա՛ եղբօր կամ քրոջ քով եւ ազնուութեամբ ու խոնարհութեամբ փորձէ հարցին մասին խօսիլ ու լուծում գտնել։

Սուրբ Գիրքին մէջ ուրիշ խրատներ ալ կան։ Բայց որպէսզի կարենաս զանոնք գործադրել, պէտք է ունենաս «Հոգիին պտուղը. . . սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն» (Գաղ. 5։22, 23)։ Ճիշդ ինչպէս որ մեքենան կ’իւղուի որ սահուն աշխատի, այս յատկութիւններն ալ կը ձգեն որ սահունութեամբ լուծենք մեր խնդիրները։

ՏԱՐԲԵՐ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ԳՈՒՆԱՒՈՐԵՆ ԺՈՂՈՎՔԸ

Ամէն մէկս իր անձնաւորութիւնը ունի։ Տարբեր յատկութիւններ ունինք եւ տարբեր կերպերով կը դիտենք հարցերը ու կ’արտայայտուինք։ Ասիկա կը ձգէ որ մեր բարեկամութիւնները հաճելի եւ հետաքրքրական ըլլան։ Բայց անձնաւորութիւններու տարբերութիւնները կրնան նաեւ խնդիրներու դուռ բանալ։ Փորձառու երէց մը այս օրինակը տուաւ. «Կրնայ ըլլալ որ ամչկոտ մէկը չկրնայ լեզու գտնել ընկերային եւ ծառայասէր մէկու մը հետ։ Ասիկա թերեւս մեր աչքին կարեւոր չերեւի, բայց կրնայ լուրջ խնդիրներ պատճառել»։ Սակայն կը կարծե՞ս որ պայման է որ շատ տարբեր անձնաւորութիւններ ունեցող անհատներ խնդիրներ ունենան։ Նկատի առ երկու առաքեալներ։ Պետրոս ինչպիսի՞ անձ մըն էր։ Թերեւս երեւակայես որ արտայայտուող էր եւ իր սրտինը բերանն էր։ Իսկ Յովհաննէս ինչպէ՞ս էր։ Թերեւս զինք երեւակայենք սիրալիր մէկը, որ առաջ որ խօսի եւ բան մը ընէ՝ կը մտածէ։ Պետրոսն ու Յովհաննէսը տարբեր անձնաւորութիւններ ունէին, բայց իրարու հետ լաւ համաձայնեցան մինչ Եհովային ծառայեցին (Գործք 8։14. Գաղ. 2։9)։ Ուրեմն ներկայիս կարելի՛ է որ տարբեր անձնաւորութիւններ ունեցող քրիստոնեաներ իրարու հետ համաձայն ըլլան։

Թերեւս ժողովքիդ մէջ կայ եղբայր մը, որուն խօսակցութիւնը կամ ըրածները քեզ ջղագրգիռ կը դարձնեն։ Լաւ կ’ըլլայ որ յիշես թէ Քրիստոս անոր համար ալ մեռաւ, եւ քեզմէ կը խնդրէ որ սիրես զինք (Յովհ. 13։34, 35. Հռով. 5։6-9)։ Փոխանակ անոր հետ յարաբերութիւնդ կտրելու կամ անկէ լման հեռու կենալու, լաւ կ’ըլլայ որ դուն քեզի հարցնես. ‘Այս եղբայրը Սուրբ Գիրքին հակառակ բան մը կ’ընէ՞։ Ան դիտմա՞մբ կը փորձէ վիրաւորել զիս, թէ ոչ պարզապէս տարբեր անձնաւորութիւններ ունինք’։ Նաեւ քեզի շատ պիտի օգնէ այս հարցումը. ‘Իր ո՞ր լաւ յատկութիւններէն կրնամ օգտուիլ’։

Այս վերջին հարցումը բանալի է։ Օրինակ, եթէ դիմացինը խօսիլը կը սիրէ, իսկ դուն լուրջ ես, մտածէ թէ ան ի՜նչ հանգստութեամբ կը խօսակցի մարդոց հետ ծառայութեան մէջ։ Կրնաս իրեն առաջարկել որ միասին ծառայութեան ելլէք, եւ այսպիսով իրմէ սորվիս։ Իսկ եթէ ան քեզմէ աւելի առատաձեռն է, նկատէ թէ ինչ ուրախ է տալով ուրիշներուն, ըլլան տարեցներ, հիւանդներ կամ վիճակով լաւ չեղողներ։ Կէտը այն է թէ նոյնիսկ եթէ դուն եւ եղբայրը տարբեր անձնաւորութիւններ ունիք, կրնաք կեդրոնանալ իրարու լաւ յատկութիւններուն վրայ։ Նոյնիսկ եթէ մտերիմ բարեկամներ չդառնաք, իրարու պիտի մօտենաք։ Ասիկա պիտի օգնէ որ խաղաղութիւն ունենաք թէ՛ ձեր միջեւ եւ թէ ժողովքին մէջ։

Առաջին դարուն, կրնայ ըլլալ որ Եւոդիան եւ Սիւնտիքը իրարմէ շատ տարբեր անձնաւորութիւններ ունէին։ Բայց Պօղոս առաքեալ զիրենք քաջալերեց, որ «միեւնոյն խորհուրդը ունենան Տէրոջմով» (Փլպ. 4։2)։ Դուն ալ պիտի ջանա՞ս նոյնը ընել եւ ժողովքին մէջ խաղաղութիւնը պահպանել։

ՄԻ՛ ՁԳԵՐ ՈՐ ԱՆՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Ճիշդ ինչպէս որ խոտերը աճելով կը ծածկեն գեղեցիկ ծաղիկները, ուրիշներուն հանդէպ գէշ զգացումներն ալ շատ հաւանաբար զարգանան ժամանակի ընթացքին, բացի եթէ արմատէն հանենք զանոնք։ Մէյ մը որ ուրիշին հանդէպ մեր գէշ զգացումը տիրէ մեր սրտին վրայ, ատիկա նոյնիսկ կրնայ ժողովքին խաղաղութեան ազդել։ Եթէ Եհովան եւ մեր եղբայրները կը սիրենք, մեր ամէն կարելին պիտի ընենք որ ժողովքին խաղաղութիւնը պահենք։

Երկու քոյրեր իրարու հետ կը խօսին եւ խաղաղութիւնը կը պահպանեն

Եթէ խոնարհութեամբ փորձես խաղաղութիւն ունենալ ուրիշներուն հետ, կրնաս հոյակապ արդիւնքներ տեսնել

Երբ փորձենք ուրիշներուն հետ խաղաղութիւն ունենալ, թերեւս զարմանանք հոյակապ արդիւնքին։ Ասիկա պատահեցաւ Վկայի մը հետ։ Քոյրը կը պատմէ. «Զգացի թէ քոյր մը պզտիկի տեղ կը դնէր զիս։ Շատ կը նեղանայի։ Երթալէն աւելի ջղագրգիռ դարձայ, եւ սկսայ կտրուկ ըլլալ իրեն հետ։ Մտածեցի. ‘Ինքը զիս չի յարգեր, ես ալ զինք պիտի չյարգեմ’»։

Ետքը, այս քոյրը սկսաւ իր ըրածներուն վրայ մտածել։ «Սկսայ իմ սխալներս տեսնել, եւ շատ գէշ զգացի։ Անդրադարձայ որ պէտք է մտածելակերպս փոխեմ։ Եհովային աղօթեցի ասոր մասին, եւ ետքը պզտիկ նուէր մը բերի քրոջ։ Քարտ մըն ալ գրեցի, որպէսզի ներողութիւն խնդրեմ իրմէ։ Իրարու փաթթուկ ըրինք եւ համաձայնեցանք որ հարցը մեր կռնակին ետեւ նետենք։ Անկէ ետք անգամ մըն ալ խնդիր չունեցանք»։

Մարդիկ խաղաղութեան շատ պէտք ունին։ Բայց երբ անոնք անապահով զգան եւ հպարտ ըլլան, կրնան խաղաղասէր չըլլալ։ Ասիկա սովորական է աշխարհին մէջ, բայց Եհովան պաշտողներուն միջեւ պէտք է խաղաղութիւն եւ միութիւն ըլլայ։ Եհովան Պօղոսը մղեց որ գրէ. «Կ’աղաչեմ ձեզի. . . որ դուք այնպէս քալէք՝ ինչպէս կը վայլէ այն կոչումին որով կանչուեցաք, լման խոնարհութիւնով ու հեզութիւնով, երկայնմտութեամբ, սիրով իրարու ներողամիտ ըլլալով. ջանալով Սուրբ Հոգիին միաբանութիւնը խաղաղութեան կապովը պահել» (Եփ. 4։1-3)։ Այս «խաղաղութեան կապը» շատ արժէքաւոր է։ Թող որ զօրացնենք այս կապը եւ լուծենք որեւէ խնդիր որ կ’ունենանք մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ։

Պօղոս եւ Բառնաբաս իրարմէ տարբեր բայց եղբայրներ էին

Պօղոս եւ Բառնաբաս

Եթէ ըսենք որ Պօղոս զօրաւոր զգացումներ ունէր, քիչ կ’ըլլայ։ Առաջ որ քրիստոնեայ դառնայ, ան «Տէրոջը աշակերտներուն դէմ սպառնալիք եւ մահ կը փչէր» (Գործք 9։1)։ Յետագային, Պօղոս նկարագրեց թէ նախապէս ինչ կը զգար քրիստոնեաներուն հանդէպ։ Ան ըսաւ. «Անոնց դէմ սաստիկ կատղած [էի]» (Գործք 26։11)։

Ան իր մկրտուելէն ետք մեծ փոփոխութիւններ ըրաւ, բայց իր անցեալը իր պոչը չէր ձգեր։ Քրիստոնեայ դառնալէն ժամանակ մը ետք, Երուսաղէմի եղբայրները տակաւին «կը վախնային անկէ, չհաւատալով թէ անիկա աշակերտ էր» (Գործք 9։26)։

Եթէ Յովսէս չըլլար, ժողովքը թերեւս կը շարունակէր Պօղոսին չվստահիլ։ Յովսէս Կիպրոսէն էր, եւ լաւ անուն մը ձգած էր որպէս սիրալիր եւ ազնիւ անձ։ Եղբայրները զինք կը յարգէին եւ նոյնիսկ զինք կոչեցին «Բառնաբաս», որ կը նշանակէ՝ «Մխիթարութեան որդի» (Գործք 4։36, 37)։ Ան ինչպէ՞ս օգնեց Պօղոսին։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Բառնաբաս զանիկա առնելով՝ առաքեալներուն տարաւ ու պատմեց անոնց թէ ի՛նչպէս ճամբուն վրայ Տէրը տեսաւ. . . եւ թէ ի՛նչպէս Դամասկոսի մէջ համարձակ քարոզեց Յիսուսին անունը» (Գործք 9։26-28)։ Երբ Երուսաղէմի եղբայրները լսեցին Բառնաբասին ըսածը, սկսան Պօղոսին վստահիլ եւ զինք եղբայր նկատել։ Շատ չանցած, Պօղոս եւ Բառնաբաս սկսան միասին ծառայել որպէս միսիոնարներ (Գործք 13։2, 3)։

Բառնաբաս վստահաբար կ’արժեւորէր Պօղոսին նախանձախնդրութիւնը եւ առանց քաշուելու խօսիլը։ Իսկ Պօղոս անկասկած կը գնահատէր Բառնաբասին ազնուութիւնը եւ կարեկցութիւնը։

Բայց Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ անգամ մը անոնց միջեւ «գժտութիւն» կամ բարկութեամբ առնել–տալ եղաւ։ Ինչո՞ւ։ Ոչ թէ քանի որ իրարու հակառակ անձնաւորութիւններ ունէին, հապա քանի որ տարբեր կարծիքներ ունէին, թէ Յովհաննէս Մարկոսը իրենց հետ միսիոնարութիւն ընելու որակեա՛լ էր կամ ոչ (Գործք 15։36-40)։

Թէեւ Պօղոս եւ Բառնաբաս տարբեր անձնաւորութիւններ ունէին, այս դէպքէն առաջ իրարու հետ ծառայած էին։ Նոյնիսկ յետագային, Պօղոս եւ Մարկոս նորէն ծառայեցին իրարու հետ (Կող. 4։10)։ Պօղոսին եւ Բառնաբասին պէս, բոլորս իրարմէ տարբեր անձնաւորութիւններ ունինք, բայց տակաւին կրնա՛նք համերաշխութեամբ ծառայել Եհովային։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել