Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ17 Յունիս էջ 3
  • Կը յիշե՞ս

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Կը յիշե՞ս
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Կը յիշե՞ս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
  • Կը յիշե՞ս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Կը յիշե՞ս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Կը յիշե՞ս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
դ17 Յունիս էջ 3

Կը յիշե՞ս

Դիտարան–ի վերջին թիւերը ուշի–ուշով կարդացա՞ծ ես։ Փորձէ հետեւեալ հարցումներուն պատասխանել.

Երբ Աստուծոյ կազմակերպութենէն ուղղութիւններ գան, ինչպէ՞ս պէտք է ընդառաջեն եղբայրները, օրինակ՝ շրջանային տեսուչները եւ երէցները։

Անոնք պէտք է շուտով հնազանդին։ Անոնք կրնան իրենք իրենց հարցնել. ‘Շուտով կ’ընդունիմ եւ կը գործադրե՞մ տրուած ուղղութիւնները։ Լաւ կերպով կ’ազդե՞մ շուրջիններուս հոգեւորութեան’ (դ16.11, էջ 11)։

Ճշմարիտ քրիստոնեաները ե՞րբ բաբելոնական գերութեան մէջ եղան։

Ասիկա պատահեցաւ առաքեալներուն մահէն քիչ ետք, երբ կղերական դասակարգ մը սկսաւ երեւիլ։ Եկեղեցին եւ կառավարութիւնը մէջտեղ բերին հաւատուրաց քրիստոնէութիւն մը եւ փորձեցին խեղդել ճշմարիտ քրիստոնեաներուն ձայնը։ Բայց 1914–էն առաջ եղող տասնամեակներուն ընթացքին, օծեալները սկսան ազատագրուիլ (դ16.11, էջ 23-25)։

Էթափլի Լէֆէվրի ըրածը ինչո՞ւ շատ կարեւոր էր։

1520–ականներուն, Լէֆէվր Սուրբ Գիրքը թարգմանեց ֆրանսերէնի, որպէսզի պարզ մարդիկն ալ կարենան կարդալ։ Մարթին Լուտեր, Ուիլիամ Թինտէյլ եւ Ճոն Կալվին ազդուեցան իր տուած սուրբգրային բացատրութիւններէն (դհ16.6, էջ 10-12)։

Ի՞նչ տարբերութիւն կայ «մարմնաւոր» մտածումին եւ «հոգեւոր» մտածումին միջեւ (Հռով. 8։6)։

Ան որ մարմնաւոր մտածում ունի, կը կեդրոնանայ անկատար մարմնին ցանկութիւններուն վրայ եւ միշտ նիւթական բաներու մասին կը խօսի եւ կը քաջալերէ։ Ասիկա մահուան կ’առաջնորդէ։ Իսկ ան որ հոգեւոր մտածում ունի, կը կեդրոնանայ Աստուծոյ հետ կապ ունեցող բաներու վրայ եւ կը հետեւի սուրբ հոգիին։ Ասիկա կեանքի եւ խաղաղութեան կ’առաջնորդէ (դ16.12, էջ 15-17)։

Ի՞նչ գործնական կերպերով կրնանք մտահոգութիւնը թեթեւցնել։

Աւելի կարեւոր բաները առաջին տեղը դիր, տրամաբանական ակնկալութիւններ ունեցիր, ամէն օր հանգիստի ժամ ունեցիր, Եհովային ստեղծագործութենէն հաճոյք առ, կատակասէր եղիր, կանոնաւորաբար մարզանք ըրէ եւ բաւարար քնացիր (դ16.12, էջ 22-23)։

Ինչպէ՞ս «Ենովք երկրէն փոխադրուեցաւ որպէս զի մահ չտեսնէ» (Եբ. 11։5)։

Այնպէս կ’երեւի թէ Աստուած կամացուկ մը Ենովքը փոխադրեց դէպի մահ, եւ ան չզգաց թէ կը մեռնէր (դհ17.1, էջ 12-13)։

Ինչո՞ւ կարեւոր է որ համեստ ըլլանք։

Համեստ անձը ինքզինք կը ճանչնայ, եւ գիտէ թէ կան բաներ որ չի կրնար ընել։ Պէտք է նկատի առնենք թէ մեր վարուելակերպը ինչպէ՛ս կրնայ ազդել ուրիշներուն, եւ պէտք չէ չափէ դուրս կարեւորութիւն տանք մեր անձին (դ17.01, էջ 18)։

Ի՞նչ փաստ կայ թէ առաջին դարուն Աստուած կառավարիչ մարմինը ուղղեց, ճիշդ ինչպէս որ ներկայիս ալ կ’ուղղէ Կառավարիչ մարմինի անդամները։

Անոնք սուրբ հոգիին օգնութեամբ հասկցան սուրբգրային ճշմարտութիւնները։ Անոնք հրեշտակներուն օգնութեամբ առաջնորդեցին քարոզչութիւնը եւ Աստուծոյ Խօսքին հիման վրայ ուղղութիւններ տուին։ Ներկայիս ալ նոյնն է պարագան (դ17.02, էջ 26-28)։

Ի՞նչ բաներ արժէքաւոր կը դարձնեն փրկանքը։

Չորս բաներ. ո՛վ տուաւ զայն, ինչո՛ւ տուաւ, զայն տալու համար ի՛նչ զոհողութիւն եղաւ, եւ ատիկա ի՛նչ իսկական պէտք մը ապահովեց։ Պէտք է խոկանք այս չորս բաներուն վրայ (դհ17.2, էջ 4-6)։

Քրիստոնեայ մը կրնա՞յ իր միտքը փոխել որոշում մը առնելէ ետք։

Պէտք է մեր խօսքին տէրը ըլլանք։ Բայց ատեններ լաւ կ’ըլլայ որ նորէն նկատի առնենք մեր որոշումը։ Օրինակ, Աստուած Նինուէին նկատմամբ իր որոշումը փոխեց, երբ նինուէցիները զղջացին։ Ատեններ, լաւ կ’ըլլայ որ փոխենք մեր որոշումը, երբ պարագաները փոխուին կամ նոր տեղեկութիւններ ստանանք (դ17.03, էջ 16-17)։

Բամբասանքը ինչո՞ւ վտանգաւոր է։

Ատիկա կը ձգէ որ խնդիրը աւելի գէշ ըլլայ։ Վնասակար խօսքերը ո՛չ մէկ օգուտ ունին, նոյնիսկ եթէ ըսուածը ճիշդ է (դ17.04, էջ 21)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել