Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ17 Յունիս էջ 4-8
  • Եհովան մեզ կը մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովան մեզ կը մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԽՆԴԻՐՆԵՐ
  • ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՄԽԻԹԱՐՈՒԻԼ ՆԵՂՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
  • ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՄԽԻԹԱՐՈՒԻԼ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՄԷՋ
  • Վստահէ՛ Եհովային, ‘ամէն մխիթարութեան Աստուծոյն’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Վշտահարները մխիթարեցէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2003
  • «Բոլոր սգաւորները մխիթարել»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Չարաշահութեան զոհ գացողները մխիթարել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2019
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
դ17 Յունիս էջ 4-8
Աննան կ’աղօթէ

Եհովան մեզ կը մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ

«Ամէն մխիթարութեան Աստուածը. . . մեզ կը մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ» (Բ. ԿՈՐ. 1։3, 4)։

ԵՐԳԵՐ. 38, 56

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

  • Ինչո՞ւ կրնանք ակնկալել որ ամուսնութեան եւ ընտանեկան կեանքին մէջ նեղութիւններ ըլլան։

  • Աղօթքը անցեալին ինչպէ՞ս մխիթարեց Աստուծոյ ծառաները։

  • Ի՞նչ կրնաս ընել որ ուրիշները մխիթարես։

1, 2. Եհովան ինչպէ՞ս կը մխիթարէ մեզ մեր նեղութիւններուն մէջ, եւ ի՞նչ խոստում կայ իր Խօսքին մէջ։

ԱՄՈՒՐԻ երիտասարդ եղբայր մը, որ պիտի կոչենք Էտուարտօ, կը մտածէր Ա. Կորնթացիս 7։28–ին մասին, որ կ’ըսէ թէ ամուսնացողները «մարմնի նեղութիւն պիտի ունենան»։ Ան Սթիվըն անունով ամուսնացած երէցի մը հարցուց. «Այստեղ նշուած ‘նեղութիւնը’ ի՞նչ է, եւ ատոր հետ ինչպէ՞ս գլուխ պիտի ելլեմ երբ ամուսնանամ»։ Առաջ որ Սթիվըն պատասխանէ հարցումին, Էտուարտոյէն խնդրեց որ նկատի առնէ Պօղոս առաքեալին խօսքը, թէ Եհովան ‘ամէն մխիթարութեան Աստուածն է, որ մեզ կը մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ’ (Բ. Կոր. 1։3, 4)։

2 Եհովան, մեր Հայրը, մեզ կը սիրէ եւ դժուարութիւններուն մէջ կը մխիթարէ։ Թերեւս անձնապէս յիշես պարագաներ, երբ Եհովան քեզի օգնած է եւ առաջնորդած է իր Խօսքին միջոցաւ։ Մենք կրնանք վստահ ըլլալ որ ան լաւագոյնը կը կամենայ մեզի, ինչպէս որ անցեալին կը կամենար իր ծառաներուն (կարդա՛ Երեմիա 29։11, 12)։

3. Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

3 Ընդհանրապէս, երբ մեր խնդիրներուն եւ դժուարութիւններուն պատճառը կը գիտնանք, աւելի դիւրին կ’ըլլայ ատոնց հետ գլուխ ելլել։ Լաւ, ի՞նչ են կարգ մը պատճառները, որ ամուսնութեան կամ ընտանիքին մէջ նեղութիւններ կ’ունենանք։ Եւ Սուրբ Գիրքին օրերուն ու մեր օրերուն ի՞նչ օրինակներ կան, որոնք մեզի կ’օգնեն որ պէտք եղած մխիթարութիւնը ստանանք։

ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԽՆԴԻՐՆԵՐ

4, 5. Ամուսինն ու կինը ի՞նչ նեղութիւններ կրնան ունենալ։

4 Երբ Եհովան առաջին կինը ստեղծեց, զայն բերաւ մարդուն եւ ան անոր կինը եղաւ։ Ետքը, Եհովան ըսաւ. «Այրը պիտի ձգէ իր հայրը ու իր մայրը եւ իր կնոջ պիտի յարի ու մէկ մարմին պիտի ըլլան» (Ծն. 2։24)։ Անշուշտ, քանի որ անկատար ենք, ամուսինն ու կինը կրնան ակնկալել որ խնդիրներ պիտի ունենան (Հռով. 3։23)։ Օրինակ, կինը ամուսնանալէ առաջ կը հնազանդէր իր ծնողքին, բայց ամուսնութենէն ետք՝ իր գլուխը ամուսինը կ’ըլլայ (Ա. Կոր. 11։3)։ Կարգ մը նոր ամուսնացող զոյգերու համար ասիկա դիւրին չէ։ Ըստ Սուրբ Գիրքին, կինը պէտք է ընդունի որ իր ամուսի՛նը զինք պիտի ուղղէ, եւ ոչ թէ իր ծնողքը։ Նաեւ ամուսնացող զոյգերուն եւ իրենց ծնողներուն միջեւ անհամաձայնութիւններ եւ նեղութիւններ կրնան ըլլալ։

5 Նոր հոգեր մէջտեղ կ’ելլեն երբ կինը ամուսինին ըսէ. «Պզտիկ պիտի ունենանք»։ Ճիշդ է որ անոնք ուրախ կ’ըլլան, բայց միեւնոյն ատեն կը մտահոգուին որ արդեօք յղութիւնը լաւ պիտի անցնի՞ եւ պզտիկին առողջութիւնը լաւ պիտի ըլլա՞յ։ Անոնք նաեւ գիտեն թէ իրենց ծախսերը պիտի աւելնան։ Պզտիկը ծնելէն ետք, զոյգը պէտք կ’ունենայ ուրիշ փոփոխութիւններ ալ ընելու։ Մօր ժամանակին եւ հոգատարութեան մեծ մասը պզտիկին կ’երթայ։ Ասոր համար, թերեւս ամուսինն ու կինը չկարենան առաջուան պէս ժամանակ անցընել իրարու հետ։ Ասկէ զատ, հօր պատասխանատուութիւնները կ’աւելնան, քանի որ ընտանիքին նոր անդամին պէտքերը պէտք է ապահովէ։

6-8. Ամուսնացած զոյգ մը ի՞նչ կրնայ զգալ եթէ չի կրնար պզտիկ ունենալ։

6 Կարգ մը ամուսնացած զոյգեր ուրիշ տեսակ նեղութիւն մը ունին։ Անոնք շատ կ’ուզեն պզտիկ ունենալ, բայց չեն կրնար ունենալ։ Կինը յղի չմնալով կրնայ զգացական նեղութիւն քաշել։ Ճիշդ է որ թէ՛ ամուսնութիւնը եւ թէ պզտիկ ունենալը հոգերը կ’աւելցնեն, բայց երբ մէկը ուզէ պզտիկ ունենալ՝ բայց չունենայ, ասիկա իր կարգին «մարմնի նեղութիւն» է (Առ. 13։12)։ Սուրբ Գիրքի օրերուն, պզտիկ ունենալը շատ կարեւոր էր։ Այս պատճառով, Յակոբին կինը Ռաքէլ շատ ընկճուեցաւ երբ տեսաւ թէ իր քոյրը պզտիկ կ’ունենայ, մինչ ինք չի կրնար ունենալ (Ծն. 30։1, 2)։ Այն միսիոնարները որոնք կ’ապրին այնպիսի երկիրներու մէջ, ուր սովորութիւն է շատ պզտիկներ ունենալ, յաճախ իրենց կը հարցուի թէ ինչո՛ւ պզտիկ չունին։ Նոյնիսկ երբ անոնք տրամաբանօրէն եւ փափկանկատութեամբ բացատրեն պատճառը, ոմանք տակաւին կ’ըսեն. «Ձեզի համար պիտի աղօթենք»։

7 Նկատի առ ուրիշ օրինակ մը։ Անգլիոյ մէջ քոյր մը շատ կ’ուզէր պզտիկ ունենալ։ Երբ ան անդրադարձաւ որ այս դրութեան մէջ պիտի չկարենայ պզտիկ ունենալ, սիրտը այրեցաւ։ Ետքը, ինքը եւ իր ամուսինը որոշեցին պզտիկ մը որդեգրել։ Ան ըսաւ. «Որոշ ժամանակ մը տակաւին շատ նեղուած էի, քանի որ գիտէի թէ պզտիկ որդեգրելը հարիւր առ հարիւր պզտիկ ունենալուն պէս պիտի չըլլար»։

8 Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ կինը ‘պիտի փրկուի որդեծնութեամբ’ (Ա. Տիմ. 2։15)։ Բայց ասիկա չի նշանակեր թէ ան յաւիտենական կեանք պիտի առնէ պարզապէս քանի որ պզտիկներ ունի։ Լաւ, այս համարը ի՞նչ կը նշանակէ։ Մայր մը շատ զբաղած կ’ըլլայ իր պզտիկներուն եւ տունին հոգ տանելով, եւ ասիկա կրնայ իրեն օգնել որ չբամբասէ եւ քիթը չմտցնէ ուրիշին գործին մէջ (Ա. Տիմ. 5։13)։ Բայց ան տակաւին կրնայ նեղութիւններ ունենալ իր ամուսնութեան եւ ընտանիքին մէջ։

Սգացող քոյր մը կը մխիթարուի ուրիշ քրոջ մը կողմէ, նաեւ երբ ժողովներու կ’երթայ եւ քարոզչութեան կ’ելլէ

Ինչպէ՞ս կրնանք մխիթարուիլ եթէ սիրելի մը մահանայ (տե՛ս պարբերութիւն 9, 12)

9. Ամուսնացած զոյգերը ուրիշ ի՞նչ նեղութիւն կրնան ունենալ։

9 Երբ ամուսնական նեղութիւններուն մասին կը խօսինք, կայ նեղութիւն մը որ մեր մտքէն շատ չ’անցնիր. սիրելիի մը մահը։ Թէեւ շատեր չէին ակնկալած որ ասիկա իրենց հետ պատահի, բայց պատահած է։ Քրիստոնեաները մեծ հաւատք ունին յարութեան հանդէպ, եւ ասիկա կը մխիթարէ զիրենք (Յովհ. 5։28, 29)։ Մեր սիրալիր Հայրը՝ Եհովան իր Խօսքին միջոցաւ կ’օգնէ եւ կը մխիթարէ մեզ մեր նեղութիւններուն մէջ։ Այժմ նկատի առնենք թէ Աստուծոյ կարգ մը ծառաները ինչպէ՛ս մխիթարուած են եւ արդիւնքը ինչ եղած է։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՄԽԻԹԱՐՈՒԻԼ ՆԵՂՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

10. Աննան ինչպէ՞ս մխիթարուեցաւ (տե՛ս բացման նկարը)։

10 Նկատի առ ինչ պատահեցաւ Եղկանայի կնոջ՝ Աննային։ Ան կ’ուզէր պզտիկ ունենալ, բայց չէր կրնար ունենալ։ Անդին, իր ամուսինին միւս կինը Փենանան շատ պզտիկներ ունէր (կարդա՛ Ա. Թագաւորաց 1։4-7)։ Ասկէ զատ, Փենանան այս վիճակը կ’օգտագործէր որ «ամէն տարի» Աննային վրայ խնդար։ Ասիկա շատ կը նեղացնէր եւ կը վիրաւորէր Աննան։ Ան ի՞նչ ըրաւ մխիթարուելու համար։ Եհովային աղօթեց։ Ան նոյնիսկ գնաց ուր որ Եհովան կը պաշտեն եւ երկար ժամանակ աղօթեց։ Ան Եհովայէն խնդրեց որ իրեն տղայ մը տայ, եւ կասկած չունէր որ Եհովան իրեն պիտի օգնէր։ Աղօթելը վերջացնելէ ետք, Աննան շատ աւելի լաւ զգաց եւ «երեսը անգամ մըն ալ չտրտմեցաւ» (Ա. Թագ. 1։12, 17, 18)։ Ան վստահ էր որ Եհովան իրեն տղայ մը պիտի տար, կամ ալ ուրիշ կերպով մը այդ պարապութիւնը պիտի գոցէր։

11. Աղօթելը ինչպէ՞ս կրնայ մխիթարել մեզ։

11 Պիտի շարունակենք նեղութիւններ ունենալ այնքան ատեն որ անկատար ենք եւ կ’ապրինք Սատանային չար աշխարհին մէջ (Ա. Յովհ. 5։19)։ Բայց մեր նեղութիւններուն մէջ կրնանք օգնութիւն ստանալ։ Կրնանք աղօթել Եհովային՝ ‘ամէն մխիթարութեան Աստուծոյն’։ Աննան իր սիրտը Եհովային բացաւ։ Երբ մենք ալ նեղութեան մէջ ըլլանք, չի բաւեր միայն Եհովային ըսենք մեր զգացումները, հապա՝ իրեն պէտք է աղաչենք, սրտանց մեր զգացումները արտայայտելով (Փլպ. 4։6, 7)։

12. Ի՞նչը օգնեց Աննային որ ուրախ ըլլայ։

12 Կրնայ ըլլալ որ մեծ պարապութիւն մը կը զգանք մեր կեանքին մէջ, քանի որ պզտիկ չունինք կամ սիրելի մը կորսնցուցած ենք։ Բայց կրնա՛նք մխիթարուիլ։ Յիսուսի օրերուն, Աննա մարգարէուհին իր ամուսինը կորսնցուց ամուսնութենէն միայն եօթը տարի ետք։ Սուրբ Գիրքը չի նշեր թէ ան զաւակ ունէր։ Երբ ան 84 տարեկան էր, տակաւին ի՞նչ կ’ընէր։ Ղուկաս 2։37–ն կ’ըսէ. «Տաճարէն չէր զատուեր, հապա ծոմով եւ աղօթքով Աստուծոյ ծառայութիւն կ’ընէր գիշեր ու ցորեկ»։ Եհովան պաշտելը թէ՛ մխիթարեց եւ թէ ուրախացուց Աննան։

13. Իսկական բարեկամները ինչպէ՞ս կրնան մխիթարել մեզ, երբ մեր ընտանիքի անդամները մեզ յուսախաբ ընեն։

13 Երբ մօտէն կ’ընկերակցինք եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ, իսկական բարեկամներ կը գտնենք (Առ. 18։24)։ Փոլան կը յիշէ թէ որքա՜ն նեղուած էր երբ հինգ տարեկանին՝ իր մայրը ճշմարտութիւնը ձգեց։ Այս նեղութեան հետ գլուխ ելլելը դիւրին չէր, բայց ան շատ քաջալերուեցաւ երբ Էն անունով ռահվիրայ քոյր մը անձնապէս հետաքրքրուեցաւ իր հոգեւորութեամբ։ Փոլան կը բացատրէ. «Թէեւ Էնը ազգականս չէր, բայց իր սիրալիր հոգատարութիւնը շատ օգնեց ինծի, որ շարունակեմ Եհովային ծառայել»։ Փոլան մինչեւ այսօր հաւատարմօրէն կը ծառայէ Եհովային, եւ շատ ուրախ է որ իր մայրը ժողովքին վերադարձած է։ Էնն ալ ուրախ է որ հոգեւոր մայր մը եղած է Փոլային։

14. Ի՞նչ օրհնութիւններ կը վայելենք երբ ուրիշները մխիթարենք։

14 Շատ անգամներ, երբ ուրիշներուն լաւ բաներ ընելով զբաղինք, մեր խնդիրները կը մոռնանք։ Օրինակ, բազմաթիւ քոյրեր, ըլլա՛ն ամուսնացած կամ ամուրի, շատ կ’ուրախանան երբ բարի լուրը կը քարոզեն, եւ այսպիսով Եհովային հետ կ’աշխատին եւ իր կամքը կ’ընեն։ Ծառայութիւնը ոմանց համար դեղի պէս է։ Եւ երբ լաւ բաներ կ’ընենք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն, իրենց աւելի կը մօտենանք (Փլպ. 2։4)։ Պօղոս առաքեալ այսպէս ըրաւ։ Ան ուրիշներուն հոգ տարաւ ճիշդ «ինչպէս դայեակ մը որ իր երեխաները կը խնամէ»։ Ան նաեւ ուրիշները մխիթարեց եւ քաջալերեց «ինչպէս հայր մը իր որդիներ»ուն կ’ընէ (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։8, 11, 12)։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՄԽԻԹԱՐՈՒԻԼ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՄԷՋ

15. Պզտիկներուն ճշմարտութիւնը սորվեցնելու պատասխանատուութիւնը որո՞ւ կ’իյնայ։

15 Ինչպէ՞ս կրնանք ժողովքին մէջ եղող ընտանիքները մխիթարել։ Ատեններ, նորեկ մը թերեւս հասուն հրատարակիչէ մը խնդրէ, որ իրեն օգնէ իր զաւակներուն ճշմարտութիւնը սորվեցնելու, եւ նոյնիսկ անոնց հետ Սուրբ Գիրքը սերտէ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ զաւակներուն սորվեցնելու եւ մարզելու պատասխանատուութիւնը ծնողքին կ’իյնայ (Առ. 23։22. Եփ. 6։1-4)։ Սակայն կարգ մը պարագաներու մէջ պէտք կ’ըլլայ որ ուրիշները օգնեն ծնողքին, բայց ասիկա չի նշանակեր որ ծնողքին վրայէն կ’ելլէ այս պատասխանատուութիւնը։ Ծնողքը պէտք է իր զաւակներուն հետ միշտ առնէ–տայ եւ լաւ ճանչնայ զանոնք։

16. Ի՞նչը պէտք է մտքերնիս պահենք երբ պզտիկի մը կ’օգնենք։

16 Երբ ծնողք մը մեզմէ խնդրէ որ Սուրբ Գիրքը սերտենք իր պզտիկին հետ, պէտք չէ փորձենք ծնողքին դերը առնել։ Թերեւս ատեններ նոյնիսկ սերտենք պզտիկի մը հետ, որուն ծնողքը ճշմարտութեան մէջ չէ։ Պէտք է մտքերնիս պահենք թէ ճիշդ է որ հոգեւորապէս կ’օգնենք պզտիկին, բայց անոր ծնողքին տեղը չենք առներ։ Լաւ կ’ըլլայ որ ուսումնասիրութիւնը ընենք պզտիկին տունը՝ ծնողքին կամ ուրիշ հասուն քրիստոնեայի մը ներկայութեամբ, կամ ալ հանրային տեղ մը։ Այսպիսով, սխալ տպաւորութիւն չենք ձգեր։ Եւ թերեւս ժամանակի ընթացքին ծնողքը անձամբ սկսի պզտիկին սորվեցնել Եհովային մասին։

17. Զաւակները ինչպէ՞ս կրնան իրենց ընտանիքի անդամները մխիթարել։

17 Այն զաւակները որոնք սորված են Եհովան սիրել եւ իրեն հնազանդիլ, կրնան իրենց ընտանիքի անդամները մխիթարել եւ քաջալերել։ Ինչպէ՞ս։ Իրենց ծնողքը յարգելով եւ գործնական կերպերով անոնց օգնելով։ Անոնք նաեւ կրնան հոգեւորապէս օգնել ընտանիքին։ Ջրհեղեղէն առաջ, Ղամէք Եհովան կը պաշտէր։ Ան իր տղուն՝ Նոյին մասին ըսաւ. «Ասիկա մեզ պիտի հանգստացնէ մեր գործերէն ու մեր ձեռքերուն աշխատութենէն, որ Տէրոջը անիծած երկրին պատճառով կը կրենք»։ Այս մարգարէութիւնը կատարուեցաւ երբ Եհովան երկրի վրայ եղած անէծքը ջնջեց (Ծն. 5։29. 8։21)։ Այն զաւակները որոնք հաւատարիմ կը մնան Եհովային, կրնան իրենց ընտանիքի անդամները մխիթարել, անոնց օգնելով որ տոկան հիմակուան եւ ապագայ նեղութիւններուն։

18. Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել նեղութիւններուն տոկալու։

18 Ներկայիս, Եհովային ժողովուրդը կը մխիթարուի աղօթելով, աստուածաշնչական օրինակներու վրայ խոկալով եւ եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ սերտօրէն ընկերակցելով (կարդա՛ Սաղմոս 145։18, 19)։ Եհովան միշտ պատրաստ է մեզ մխիթարելու, եւ ան վստահաբար մեզի պիտի օգնէ որ որեւէ նեղութեան տոկանք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել