Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դհ18 թիւ 1 էջ 3
  • Սուրբ Գիրքին խրատները այսօր գործնակա՞ն են

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Սուրբ Գիրքին խրատները այսօր գործնակա՞ն են
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2018
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Բացում
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2018
  • Ներկայ կեանքին համար գործնական գիրք մը
    Գիրք մը՝ բոլոր մարդոց համար
  • Համակարգիչի Արուեստագիտութեան Հանդէպ Հաւասարակշռուած Տեսակէտ Մը Պահպանենք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
  • Ամէն բանի մէջ Աստուծոյ առաջնորդութիւնը խնդրէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2018
դհ18 թիւ 1 էջ 3
Տիեզերագնաց մը, օդանաւ մը, գիտնական մը, ընտանիք մը եւ Սուրբ Գիրքը կարդացող տղամարդ մը

Սուրբ Գիրքին խրատները այսօր գործնակա՞ն են

ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴԻԿ Ո՛Չ Կ’ԸՍԵՆ։ Բժիշկ մը ըսաւ որ խրատի համար Սուրբ Գիրքը գործածելը կը նմանի՝ քիմիաբանութիւն սորվեցնելու համար 1920–ական թուականներէն մնացած գիրք մը գործածելուն։ Սուրբ Գիրքը չյարգող անձ մը թերեւս նոյնիսկ հարցնէ քեզի, որ արդեօք հին եւ մէկ կողմ դրուած համակարգիչի մը ձեռագիրքը կ’օգտագործե՞ս, որպէսզի գիտնաս ինչպէ՛ս գործածել շատ նոր համակարգիչ մը։ Ուրիշ խօսքով, ոմանք կը կարծեն որ Սուրբ Գիրքը չափէ դուրս հին գիրք մըն է։

Մէկը ինչո՞ւ այսքան հին գիրք մը գործածէ այս զարգացած աշխարհին մէջ։ Եթէ իրականութեան նայինք, բազմաթիւ կայքէջերու եւ օրագրութիւններու մէջ կանոնաւոր կերպով կը գտնենք վերջին խրատները եւ ուղղութիւնները։ Հեռատեսիլի յայտագիրներ շատ մը հոգեբաններու, դաստիարակներու եւ հեղինակներու խրատները կը ներկայացնեն։ Իսկ գրախանութները ինքնօգնութեան գիրքեր կը ծախեն աներեւակայելի թիւով, եւ այսպիսով մեծ շահեր կ’ընեն։

Նկատի առնելով որ բոլոր այս ամէնէն վերջին տեղեկութիւնները դիւրաւ կրնանք ստանալ, ի՞նչ պէտք կայ Սուրբ Գիրքին դիմելու, որուն գրութիւնը 2000 տարի առաջ ամբողջացաւ։ Մարդիկ իրաւունք չո՞ւնին երբ կ’ըսեն, թէ խրատ ստանալու համար այսչափ հին գիրք մը գործածելը կը նմանի՝ քիմիագիտութեան հին գիրք մը կամ հնաձեւ համակարգիչի ձեռագիրք մը գործածելուն։ Իրականութեան մէջ, այս գաղափարը սխալ է։ Ճիշդ է որ գիտութիւնը եւ արուեստագիտութիւնը շատ փոխուած են, բայց մարդոց հիմնական պէտքերը չեն փոխուած։ Մարդիկ տակաւին կ’ուզեն իմաստալից կեանք ապրիլ, ուրախ ու ապահով ըլլալ, ընտանեկան լաւ կեանք ունենալ եւ սերտ բարեկամութիւններ վայելել։

Հակառակ որ Սուրբ Գիրքը հին է, բայց այդ պէտքերուն մասին կը խօսի, ինչպէս նաեւ ուրիշ պէտքերու մասին։ Նաեւ անոր մէջ գրուած է որ մեր Ստեղծիչին կողմէ ներշնչուած է։ Անոր մէջ կան խրատներ կեանքի բոլոր մարզերուն մասին։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ կրնայ մեզ կարող դարձնել, որ որեւէ դժուարութեան հետ գլուխ ելլենք (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17)։ Ասկէ զատ, կը նշէ թէ իր տուած խրատները շատ արժէքաւոր են, քանի որ բնա՛ւ չեն հիննար։ Սուրբ Գիրքը ինք կ’ըսէ. «Աստուծոյ խօսքը կենդանի է» (Եբրայեցիս 4։12)։

Սուրբ Գիրքին այդ ըսածները իրապէս կրնա՞ն ճիշդ ըլլալ։ Անիկա անցեալի՞ն պատկանող գիրք մըն է, թէ ոչ իրապէս ամէնէն գործնական գիրքն է, որ մէկու մը կեանքին կ’ազդէ։ Դիտարան–ի այս թիւը, որ շարք մը յատուկ թիւերու առաջինն է, քեզի պիտի օգնէ որ այս հարցումներուն պատասխանները առնես։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել