Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դհ19 թիւ 2 էջ 3
  • Երբ կեանքը անտանելի թուի

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Երբ կեանքը անտանելի թուի
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2019
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Երբ կեանքը անտանելի դառնայ
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2023)
  • Երբ սիրելի մը մեռնի
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2019
  • Երբ բնական աղէտ մը հարուածէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2019
  • Կեանքը իսկապէս կ’արժէ ապրիլ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2019
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2019
դհ19 թիւ 2 էջ 3
Երիտասարդուհի մը գործատեղը կու լայ

Երբ կեանքը անտանելի թուի

ԿԵԱՆՔԸ հրաշալի է, երբ ամէն բան լաւ կ’ընթանայ։ Բայց երբեմն դժուար պարագաները պատճառ կ’ըլլան, որ կեանքը անտանելի թուի։

Օրինակ, Միացեալ Նահանգներէն Սէլինa, որ զօրաւոր փոթորիկի պատճառով գրեթէ իր ամբողջ ունեցածը կորսնցուց, կը բացատրէ. «Զգացի որ ասկէ աւելի ճնշում չեմ կրնար տանիլ։ Շատ անգամ կը զգայի որ պիտի յանձնուիմ»։

Ուրիշ դժուար պարագայ մըն է՝ սիրելիի մը մահը։ Ճենիսը, որ Աւստրալիայի մէջ կ’ապրի, կ’ըսէ. «Երկու տղաքս կորսնցնելէ ետք, պէտք էր որ քայքայուած կեանքս ետ ձեւի բերէի։ Աստուծոյ աղաչեցի. ‘Հաճիս, սիրտս ասկէ աւելին չի կրնար վերցնել։ Կ’ուզեմ քնանալ եւ նորէն չարթննալ’»։

Իսկ Տանիէլը ջախջախուեցաւ, երբ իր կինը իրեն դաւաճանեց։ Ան կը բացատրէ. «Երբ կինս խոստովանեցաւ թէ անհաւատարիմ գտնուած էր, կարծես դանակ մը խոցեց սիրտս։ Կրկին անգամ այդ ֆիզիքական ցաւը զգացի, եւ ասիկա ամիսներ տեւեց»։

Դիտարան–ի այս թիւը պիտի քննարկէ, թէ ինչո՛ւ կ’արժէ շարունակել ապրիլ, նոյնիսկ երբ՝

  • Բնական աղէտ մը հարուածէ

  • Սիրելի մը մեռնի

  • Կողակիցը անհաւատարիմ գտնուի

  • Լուրջ հիւանդութիւն մը տառապեցնէ

  • Կեանքը անտանելի դառնայ

Նա՛խ, նկատի առնենք թէ ի՛նչ կրնանք ընել երբ բնական աղէտ մը հարուածէ։

a Այս յօդուածաշարքին մէջ կարգ մը անուններ փոխուած են։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել