Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դհ19 թիւ 2 էջ 4-5
  • Երբ բնական աղէտ մը հարուածէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Երբ բնական աղէտ մը հարուածէ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2019
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԶԻ ՅՈՅՍ ԿՈՒ ՏԱՅ
  • Պատրա՞ստ ես
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2020)
  • Ամէն հոգդ Եհովային վրայ ձգէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Ինչպէ՞ս կրնանք մտահոգութեան հետ գլուխ ելլել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • Ձեր ամէն մտահոգութիւնը Եհովայի վրայ ձգեցէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2019
դհ19 թիւ 2 էջ 4-5
Երկու տղամարդիկ շէնքի մը աւերակներուն քով նստած են

Երբ բնական աղէտ մը հարուածէ

«Սկիզբը շատ անյոյս վիճակ մը ունէինք։ Հողի սահանքը եւ հեղեղը մեր ամբողջ ունեցածը առին տարին» (Էնտրու, Սիերա Լէոնէ)։

«Զօրաւոր փոթորիկը վերջանալէ ետք երբ տուն վերադարձանք, բա՛ն մը չէր մնացած։ Շա՜տ ցնցուեցանք։ Աղջիկս ծունկի ինկաւ ու լացաւ» (Տէյվիտ, Վերճինեան Կղզիներ)։

ԵԹԷ բնական աղէտէ մը վերապրած ես, կրնաս ըմբռնել թէ վերապրողները ի՛նչ բաներէ կ’անցնին. անոնք կը ցնցուին, եղածը կ’ուրանան, շուարած վիճակ կ’ունենան, չափէ դուրս կը մտահոգուին եւ գէշ երազներ կը տեսնեն։ Եւ շատ մը վերապրողներ այնքա՛ն կը յուսահատին եւ ուժասպառ կ’ըլլան, որ չեն փափաքիր ջանալ ետ ոտքի կենալ եւ շարունակել կեանքը։

Եթէ աղէտի պատճառաւ կեանքդ քանդուած է, դուն ալ թերեւս զգաս որ ա՛լ չես կրնար այսքան ճնշումի տոկալ։ Թերեւս նոյնիսկ սկսիս զգալ որ կեանքդ իմաստ չունի։ Սակայն, Սուրբ Գիրքը պատճառներ կու տայ, թէ ինչո՛ւ կ’արժէ ապրիլ եւ ինչո՛ւ կրնաս աւելի լաւ ապագայի մը յուսալ։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԶԻ ՅՈՅՍ ԿՈՒ ՏԱՅ

Ժողովող 7։8–ը կ’ըսէ. «Բանի մը վախճանը սկիզբէն աղէկ է»։ Երբ դեռ աղէտէ մը նոր կը սկսիս ապաքինիլ, կեանքը կրնայ անյոյս թուիլ։ Բայց մինչ համբերութեամբ ջանք կը թափես որ կեանքդ վերականգնես, պարագաներդ ժամանակի ընթացքին կը բարելաւուին։

Սուրբ Գիրքը կը խօսի ժամանակի մը մասին, երբ «անգամ մըն ալ լացի ձայն ու ողբի ձայն պիտի չլսուի» (Եսայի 65։19)։ Ասիկա պիտի իրականանայ, երբ երկիրը դրախտի վերածուի Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ (Սաղմոս 37։11, 29)։ Բնական աղէտները բնա՛ւ պիտի չպատահին։ Տխուր յիշատակները եւ երկարատեւ ֆիզիքական կամ զգացական ցաւերը յաւիտեան պիտի անհետանան, քանի որ Ամենակալ Աստուածը կը խոստանայ. «Առաջինները պիտի չյիշուին ու մարդուս միտքը պիտի չգան» (Եսայի 65։17)։

Մէյ մը մտածէ. Ստեղծիչը կարգադրութիւններ ըրած է, որ քեզի ‘ապագայ մը եւ յոյս մը տայ’. ուրիշ խօսքով՝ խաղաղ կեանք մը իր կատարեալ իշխանութեան ներքեւ (Երեմիա 29։11)։ Չե՞ս կարծեր որ այս ճշմարտութիւնը գիտնալով կեանքդ նպատակ կ’ունենայ։ Նախորդ յօդուածին մէջ նշուած Սէլին կ’ըսէ. «Երբ դուն քեզի յիշեցնես այն բոլոր հոյակապ բաները, որոնք Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ապագային մեզի համար պիտի ընէ, պիտի կարենաս անցեալին պատահած գէշ բաներուն վրայ չկեդրոնանալ եւ ներկայ պարագաներուդ տոկալ»։

Քեզ կը քաջալերենք որ մարդկութեան համար Աստուծոյ Թագաւորութեան ընելիքներուն մասին աւելին գիտնաս։ Այդպէս ընելով վստահ պիտի ըլլաս, որ հակառակ պատահած աղէտին, տակաւին կ’արժէ ապրիլ եւ սպասել ապագայի մը, երբ աղէտներ պիտի չըլլան։

Համարներ, որոնք կրնան օգնել

Բաւարար չափով քնացիր։

«Աւելի աղէկ է մէկ լեցուն ձեռք հանգստութեամբ, քան թէ երկու լեցուն ձեռք, որ աշխատանքով ու հոգիի տանջանքով է» (Ժողովող 4։6)։

Հետազօտիչները կ’ըսեն որ ցնցիչ պարագայէ մը անցնելէ ետք, որակաւոր քունի պակասը կրնայ պատճառ դառնալ, որ անհատին վիճակը վատթարանայ եւ զգացական յաւելեալ խնդիրներ ունենայ։ Ուրեմն, բաւարար չափով քնանալը օգտակար է։

Զգացումներդ արտայայտէ։

«Մարդուն սրտին մէջ եղող վիշտը զանիկա կը ճնշէ, բայց աղէկ խօսքը կ’ուրախացնէ զանիկա» (Առակաց 12։25)։

Խօսէ ընտանիքի անդամի մը կամ վստահելի բարեկամի մը հետ։ Անոնք քեզի ուշի–ուշով մտիկ ընելէ զատ, կրնան քաջալերական խօսքեր ըսել եւ գործնական օգնութիւն տալa։

Մտածէ ապագային մասին, երբ ամէն բան աւելի լաւ պիտի ըլլայ։

«[Աստուծոյ] խոստումին համեմատ, նոր երկնքի ու նոր երկրի մը կը սպասենք, որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի» (Բ. Պետրոս 3։13)։

a Այն անհատը, որ երկար ատեն ճնշուած կը զգայ կամ չափազանց մտահոգ է, թերեւս պէտք է բժիշկի դիմէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել