Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ19 Յուլիս էջ 20-24
  • Անկրօն մարդոց սրտին հասնիլ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Անկրօն մարդոց սրտին հասնիլ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2019
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԴՐԱԿԱՆ ԿԵՑՈՒԱԾՔ ՊԱՀՊԱՆԷ
  • ՄԱՐԴՈՑ ՍՐՏԻՆ ՀԱՍՆԻԼ
  • ԱՍԻԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՔԱՐՈԶԵԼ
  • Անկրօն անձերուն օգնէ որ իրենց Ստեղծիչը ճանչնան
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2023)
  • Ծառայութեանդ հանդէպ դրական եղիր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
  • Օգնել անոնց՝ որոնք տակաւին պատրաստ չեն «Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ» գիրքը սերտելու
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2013)
  • Ո՛վ պատանիներ, ձեր հաւատքը զօրացուցէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2019
դ19 Յուլիս էջ 20-24

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 30

Անկրօն մարդոց սրտին հասնիլ

«Ամենուն հետ ամէն բան եղայ, որպէս զի մէկ քանիները ապրեցնեմ» (Ա. ԿՈՐ. 9։22)։

ԵՐԳ 93 «Թող լուսաւորուի ձեր լոյսը»

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿa

1. Վերջին տասնամեակներուն, կարգ մը շրջաններու մէջ ի՞նչ փոփոխութիւն եղած է։

ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ տարիներ, աշխարհի մարդոց մեծամասնութիւնը այս կամ այդ կրօնքին կը պատկանէին։ Բայց վերջին տասնամեակներուն, մեծ փոփոխութիւն մը եղած է։ Երթալէն աւելի մարդիկ կրօնքի մը չեն հետեւիր։ Իրողութիւնը այն է, որ կարգ մը երկիրներու մէջ, բնակչութեան մեծ մասը կ’ըսէ թէ կրօնք չունի (Մատ. 24։12)b։

2. Ի՞նչ կարգ մը պատճառներով շատեր անկրօն են։

2 Ինչո՞ւ անկրօնc մարդիկ երթալէն կը շատնան։ Ոմանք թերեւս հաճոյքներու վրայ կեդրոնացած են կամ օրուան մտահոգութիւններով տարուած են (Ղուկ. 8։14)։ Ուրիշներ անաստուած դարձած են։ Իսկ ոմանք Աստուծոյ կը հաւատան, բայց իրենց կարծիքով կրօնքը հնադարեան ու անգործնական է եւ գիտութեան ու տրամաբանութեան հետ ներդաշնակ չէ։ Անոնք թերեւս իրենց ընկերներէն, ուսուցիչներէն կամ լրատուամիջոցներէն կը լսեն որ կեանքը բարեշրջութեամբ յառաջ եկաւ, բայց յաճախ չեն լսեր Աստուծոյ հաւատալու վաւերական պատճառներ։ Շատեր ալ կրօնական առաջնորդներէն խրտչած են, քանի որ ագահօրէն դրամի եւ հեղինակութեան ետեւէ են։ Իսկ կարգ մը երկիրներու մէջ, կառավարութիւնը կրօնական գործունէութիւնը պաշտօնապէս կը սահմանափակէ։

3. Այս յօդուածին նպատակը ի՞նչ է։

3 Յիսուս մեզի պատուիրած է որ ‘բոլոր ազգերէն մարդիկ աշակերտենք’ (Մատ. 28։19, ՆԱ)։ Ինչպէ՞ս կրնանք անկրօն մարդոց օգնել, որ սորվին Աստուած սիրել եւ դառնան Քրիստոսի աշակերտները։ Պէտք է գիտակցինք, որ անհատին ո՛ւր մեծցած ըլլալը կ’ազդէ թէ ան ինչպէ՛ս պիտի հակազդէ մեր պատգամին։ Օրինակ, Եւրոպայէն եղող մարդիկը թերեւս չհակազդեն ինչպէս որ Ասիայէն եղող մարդիկը կը հակազդեն։ Ինչո՞ւ։ Եւրոպայի մէջ, շատեր Աստուածաշունչէն որոշ գիտելիքներ ունին եւ ծանօթ են այն գաղափարին, որ Աստուած ամէն բան ստեղծեց։ Բայց Ասիոյ մէջ, մարդոց մեծամասնութիւնը Աստուածաշունչի մասին չնչին կամ ո՛չ մէկ տեղեկութիւն ունի եւ թերեւս չի հաւատար որ Ստեղծիչ մը գոյութիւն ունի։ Այս յօդուածին նպատակն է մեզի օգնել, որ ծառայութեան մէջ բոլոր մարդոց սրտին հասնինք, ինչ ալ ըլլայ անոնց ենթահողը։

ԴՐԱԿԱՆ ԿԵՑՈՒԱԾՔ ՊԱՀՊԱՆԷ

4. Ինչո՞ւ կրնանք դրական կեցուածք պահպանել։

4 Դրական եղիր։ Ամէն տարի, անկրօն մարդոցմէն ոմանք Եհովայի վկաներ կը դառնան։ Անոնցմէ շատեր արդէն բարոյական բարձր չափանիշներ ունէին եւ կրօնական կեղծաւորութենէն գանած էին։ Իսկ ուրիշներ բարոյական ցած չափանիշներ ունէին եւ գէշ սովորութիւններու բռնուած էին։ Եհովայի օգնութեամբ, կրնանք վստահ ըլլալ որ պիտի գտնենք անոնք՝ որոնք «յաւիտենական կեանքի համար ճիշդ տրամադրուած» են (Գործք 13։48, ՆԱ. Ա. Տիմ. 2։3, 4)։

Եղբայր մը հիւանդանոցին մէջ իր գործակիցին կը վկայէ. գործակիցը ետքը կը քննէ մեր կայքը

Ներկայացումդ յարմարցուր, երբ կը վկայես անոնց՝ որոնք Աստուածաշունչին չեն հաւատար (տե՛ս պարբերութիւն 5-6)d

5. Ի՞նչ բան յաճախ կը ձգէ որ մարդիկ մեր պատգամին ականջ տան։

5 Ազնիւ եւ փափկանկատ եղիր։ Մարդիկ յաճախ մեր պատգամին ականջ կու տան ո՛չ թէ մեր ըսածին, հապա ըսելու կերպին պատճառաւ։ Կը գնահատեն մեր ազնուութիւնը, փափկանկատութիւնը եւ անկեղծ հետաքրքրութիւնը իրենցմով։ Փոխանակ ստիպելու որ մեր տեսակէտը մտիկ ընեն, կը ջանանք ըմբռնել կրօնքին վերաբերեալ իրենց կեցուածքին պատճառը։ Կարգ մը մարդիկ չեն սիրեր օտարի մը հետ կրօնքի մասին խօսիլ։ Ոմանք կը զգան որ անքաղաքավարութիւն է մէկու մը կարծիքը հարցնել Աստուծոյ մասին։ Իսկ ուրիշներ նեղ կացութեան կը մատնուին, եթէ մարդիկ տեսնեն որ Աստուածաշունչը կը կարդան, մանաւանդ Եհովայի վկայի մը հետ։ Պարագան ի՛նչ որ ալ ըլլայ, կը ջանանք անոնց զգացումները հասկնալ (Բ. Տիմ. 2։24)։

6. Պօղոս առաքեալ ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ յարմարող էր, եւ ինչպէ՞ս կրնանք զինք ընդօրինակել։

6 Ի՞նչ կրնանք ընել, եթէ մէկը անհանգիստ կը զգայ, երբ գործածենք այսպիսի բառեր՝ «Աստուած», «Աստուածաշունչ», «կրօնք» կամ «ստեղծագործութիւն»։ Կրնանք Պօղոս առաքեալը ընդօրինակել եւ մեր խօսելու կերպը փոխել։ Ան հրեաներուն հետ խօսելու ատեն, Սուրբ Գրութիւններէն պատճառաբանեց։ Սակայն, երբ Արիսպագոսի մէջ յոյն փիլիսոփաներու հետ կը խօսէր, չըսաւ թէ ինք Սուրբ Գրութիւններէն կը մէջբերէր (Գործք 17։2, 3, 22-31)։ Մենք ալ եթէ հանդիպինք անհատի մը, որ Սուրբ Գիրքը չ’ընդունիր, աւելի լաւ կ’ըլլայ որ իրեն հետ խօսելու ատեն, ուղղակիօրէն անկէ չմէջբերենք։ Իսկ եթէ նշմարենք որ անհատը չ’ուզեր որ ուրիշներ տեսնեն որ մեզի հետ Աստուածաշունչը կը կարդայ, ջանանք համարները աննկատ կերպով ցուցնել, օրինակ՝ ելեկտրոնային սարքով։

7. Թերեւս հարկ ըլլայ որ ի՞նչ ընենք, որպէսզի Պօղոսը ընդօրինակենք, ինչպէս որ ինքզինք նկարագրեց Ա. Կորնթացիս 9։20-23–ի մէջ։

7 Հասկացող եղիր եւ մտիկ ըրէ։ Պէտք է ջանանք հասկնալ, թէ մեր հանդիպած անհատները ինչո՛ւ որոշ կերպով կը մտածեն (Առ. 20։5)։ Նորէն նկատի առ Պօղոսին օրինակը։ Ան հրէական շրջանակին մէջ մեծցաւ։ Ուստի, վստահաբար պէտք էր իր քարոզչութիւնը յարմարցնէր ոչ–հրեաներուն, որոնք շատ քիչ կամ ոչինչ գիտէին Եհովային եւ Սուրբ Գրութիւններուն մասին։ Մենք ալ թերեւս պէտք է փնտռտուք ընենք կամ ժողովքին մէջ փորձառու անհատներու հետ խօսինք, որպէսզի գիտնանք ինչպէ՛ս թաղամասի մարդոց կարեկցիլ եւ զիրենք հասկնալ (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 9։20-23)։

8. Նշէ Աստուածաշունչին նկատմամբ խօսակցութիւն մը սկսելու կերպ մը։

8 Մեր նպատակն է «արժանաւոր»ները գտնել (Մատ. 10։11)։ Ազդու կերպ մըն է՝ անհատը մղել որ արտայայտուի եւ յետոյ ուշադրութեամբ իրեն մտիկ ընել։ Անգլիոյ մէջ եղբայր մը կը խնդրէ անհատին կարծիքը երջանիկ ամուսնութեան, զաւակներ մեծցնելու կամ անարդարութեան տոկալու մասին։ Պատասխանը մտիկ ընելէ ետք, ան կ’ըսէ. «Ի՞նչ է կարծիքդ այս խրատին մասին, որ գրուեցաւ գրեթէ 2000 տարի առաջ»։ Ետքը, առանց «Աստուածաշունչ» բառը ըսելու, իր սմարթֆոնին միջոցաւ համապատասխան համարներ ցոյց կու տայ։

ՄԱՐԴՈՑ ՍՐՏԻՆ ՀԱՍՆԻԼ

9. Ի՞նչ կերպով կրնանք օգնել այն մարդոց, որոնք հակում չունին Աստուծոյ մասին խօսելու։

9 Մարդիկ, որոնք հակում չունին Աստուծոյ մասին խօսելու, կ’ազդուին երբ խօսինք նիւթի մը շուրջ, որ արդէն զիրենք կը հետաքրքրէ։ Օրինակ, շատեր կը սքանչանան բնութեան վրայ։ Ուստի կրնանք այսպիսի բան մը ըսել. «Հաւանաբար գիտես, որ երբ գիտնականները նոր բան մը հնարեն, յաճախ կ’ընդօրինակեն ի՛նչ որ արդէն բնութեան մէջ կայ։ Օրինակ, մանրաձայն ծրագրողները ականջներ կը սերտեն, իսկ քամերա ծրագրողները՝ աչքեր։ Քու կարծիքովդ, բնութիւնը իրապէս ի՞նչ է։ Հիանալի ո՞յժ մըն է, ա՞նձ է, թէ՞ ուրիշ բան մը»։ Ուշի–ուշով մտիկ ընելէ ետք, կրնանք աւելցնել. «Որովհետեւ գիտնականները ականջի եւ աչքի կազմուածքէն կը սորվին, թերեւս հարցնենք. ‘Անոնք որմէ՞ կը սորվին’։ Ինծի համար շատ հետաքրքրական էր հին բանաստեղծի մը գրածը. ‘Միթէ ականջը տնկողը չի՞ լսեր, կամ թէ աչքը ստեղծողը չի՞ տեսներ. . . միթէ մարդուն գիտութիւն սորվեցնողը չի՞ գիտեր’» (Սաղ. 94։9, 10)։ Ետքը կրնանք ցոյց տալ Տարեկիցներդ ի՛նչ կ’ըսեն. Աստուծոյ հաւատալ վիտէոն, www.jw.org/hyw կայքէն (նայէ՛ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ > ՏԵՍԱԵՐԻԶՆԵՐ > Պատանիներ)։ Նաեւ կրնանք տալ կա՛մ Կեանքը ստեղծագործութեա՞մբ գոյացաւ գրքոյկը եւ կամ Կեանքին ծագումը. հինգ հարցումներ, որոնք կ’արժէ քննել գրքոյկը (երկուքն ալ՝ անգլերէն)։

10. Ուրիշ ի՞նչ կերպով կրնանք խօսակցիլ անհատի մը հետ, որ չի սիրեր Աստուծոյ մասին խօսիլ։

10 Մարդոց մեծամասնութիւնը կը ցանկայ աւելի լաւ ապագայ մը ունենալ։ Սակայն, շատեր կը վախնան որ երկրագունդը պիտի կործանի կամ անբնակելի պիտի դառնայ։ Նորվեկիոյ մէջ, շրջագայող տեսուչ մը կ’ըսէ որ մարդիկ, որոնք չեն սիրեր Աստուծոյ մասին խօսիլ, յաճախ կ’ընդունին խօսիլ աշխարհի վիճակներուն մասին։ Անհատին բարեւ տալէ ետք, ան կը հարցնէ. «Կը կարծե՞ս որ աւելի լաւ ապագայ մը կրնանք ունենալ։ Արդեօք որո՞ւն պէտք է յուսանք. քաղաքագէտներո՞ւն, գիտնականներո՞ւն կամ ուրի՞շ մէկու»։ Ուշադրութեամբ մտիկ ընելէ ետք, կը կարդայ կամ կը մէջբերէ համար մը, որ պայծառ ապագայի մը կ’ակնարկէ։ Ոմանց հետաքրքրութիւնը կը շարժէ Աստուածաշունչի խոստումը, որ երկրագունդը յաւիտեան պիտի մնայ եւ բարի մարդիկը անոր վրայ առյաւէտ պիտի ապրին (Սաղ. 37։29. Ժող. 1։4)։

11. Ինչո՞ւ զանազան մօտեցումներ պէտք է գործածենք, եւ ինչպէ՞ս կրնանք Պօղոսի օրինակին հետեւիլ, ինչպէս որ Հռովմայեցիս 1։14-16–ին մէջ նկարագրուած է։

11 Պէտք է զանազան մօտեցումներ գործածենք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մէկ անհատը միւսէն կը տարբերի։ Նոյն նիւթը կրնայ մէկու մը համար հետաքրքրական ըլլալ, իսկ միւսին համար՝ նեղացուցիչ։ Ոմանք խնդիր չունին Աստուծոյ կամ Աստուածաշունչին մասին քննարկելու, մինչ ուրիշներ աւելի կ’ընդառաջեն, երբ նա՛խ ուրիշ նիւթերու մասին խօսինք։ Երկու պարագաներուն ալ, պէտք է առիթը օգտագործենք ամէն տեսակ մարդոց խօսելու (կարդա՛ Հռովմայեցիս 1։14-16)։ Անշուշտ, պէտք չէ մոռնանք, որ Եհովան ի՛նք ճշմարտութիւնը կ’աճեցնէ այն անհատներուն սրտին մէջ, որոնք արդարասէր են (Ա. Կոր. 3։6, 7)։

ԱՍԻԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՔԱՐՈԶԵԼ

Եհովայի վկայ մը Աստուածաշունչէն գործնական կէտ մը կը բաժնէ ոչ–քրիստոնեայ երկիրէ մը եկած կնոջ մը հետ

Բազմաթիւ հրատարակիչներ անձնական հետաքրքրութիւն ցոյց կու տան ուրիշներու, որոնք ոչ–քրիստոնեայ երկիրներէ են, եւ անոնց կը խօսին Սուրբ Գիրքին բովանդակած գործնական իմաստութեան մասին (տե՛ս պարբերութիւն 12-13)

12. Ի՞նչ կրնանք ընել որ օգնենք ասիացիներու, որոնք Ստեղծիչի մը գոյութեան մասին բնաւ չեն մտածած։

12 Աշխարհի տարածքին, բազմաթիւ հրատարակիչներ Ասիոյ երկիրներէն եկող մարդոց կը ծանօթանան, մէջը ըլլալով անհատներ, որոնց երկրին կառավարութիւնը կրօնական գործունէութիւնները սահմանափակած է։ Կարգ մը ասիական երկիրներու մէջ, շատեր բնա՛ւ լրջօրէն չեն մտածած թէ արդեօք Ստեղծիչ մը գոյութիւն ունի՛ կամ ոչ։ Ոմանք հետաքրքիր են եւ Աստուածաշունչը սերտելու առաջարկը անմիջապէս կ’ընդունին, բայց ուրիշներ սկիզբը չեն ուզեր նոր գաղափարներ գիտնալ։ Ի՞նչ կրնանք ընել որ իրենց օգնենք։ Կարգ մը փորձառու հրատարակիչներ կը գործածեն այս յաջող կերպը. բարեկամական խօսակցութիւն մը սկսիլ, անձնական հետաքրքրութիւն ցոյց տալ եւ երբ որ յարմար ըլլայ՝ պատմել թէ իրենց կեանքը ինչպէ՛ս բարելաւուեցաւ, երբ սկսան Աստուածաշունչէն որոշ սկզբունք մը գործադրել։

13. Ի՞նչը կրնայ Աստուածաշունչին նկատմամբ մարդոց հետաքրքրութիւնը շարժել (տե՛ս կողքին նկարը)։

13 Շատեր սկիզբը կը հրապուրուին Աստուածաշունչի բովանդակած գործնական իմաստութեամբ (Ժող. 7։12)։ Նիւ Եորքի մէջ քոյր մը, որ չինարէն–մանտարին խօսող մարդոց կ’այցելէ, կ’ըսէ. «Կը ջանամ անհատներով հետաքրքրուիլ եւ իրենց մտիկ ընել։ Եթէ գիտնամ որ նոր փոխադրուած են, կը հարցնեմ. ‘Բաւական հաստատուեցա՞ր։ Գործ գտա՞ր։ Տեղացիները քեզի հետ լաւ կերպով կը վարուի՞ն’»։ Երբեմն այս խօսակցութիւնը քրոջ կ’օգնէ, որ Աստուածաշունչին մէկ ուսուցումին մասին խօսի։ Երբ յարմար է, ան կ’աւելցնէ. «Քու կարծիքովդ, մարդոց հետ լաւ փոխյարաբերութիւններ ունենալու գաղտնիքը ի՞նչ է։ Կրնա՞մ Սուրբ Գիրքէն առակ մը ցոյց տալ։ Կ’ըսէ. ‘Կռիւին սկզբնաւորութիւնը ջուրին արձակմանը կը նմանի, ուրեմն վէճը չբռնկած ետ քաշուէ’։ Կը կարծե՞ս որ այս խրատը մեզի կ’օգնէ որ ուրիշներուն հետ համերաշխ ըլլանք» (Առ. 17։14)։ Այս տեսակ խօսակցութիւններ կրնան օգնել որ գիտնանք, թէ որո՛նք կ’ուզեն յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալ։

14. Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ եղբայր մը ինչպէ՞ս կ’օգնէ անոնց, որոնք կ’ըսեն թէ Աստուծոյ չեն հաւատար։

14 Ի՞նչ կրնանք ըսել անոնց, որոնք կը նշեն թէ Աստուծոյ չեն հաւատար։ Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ, անկրօն մարդոց քարոզելու շատ փորձառութիւն ունեցող եղբայր մը կը բացատրէ. «Հոս երբ մէկը ըսէ. ‘Աստուծոյ չեմ հաւատար’, ըսել կ’ուզէ որ չի հաւատար շրջանի մարդոց աւանդական աստուածներուն։ Անոր համար սովորաբար կը համաձայնիմ, որ աստուածներուն մեծ մասը մարդոց կողմէ շինուած է։ Յաճախ կը կարդամ Երեմիա 16։20–ը. ‘Միթէ մարդ իրեն աստուածներ կրնա՞յ շինել։ Ու անոնք աստուածներ չեն’։ Ետքը, կը հարցնեմ. ‘Ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ թէ ո՛ր աստուածը իրական է եւ ո՛ր աստուածը մարդու կողմէ հնարուած է’։ Ուշադրութեամբ մտիկ կ’ընեմ, եւ յետոյ կը կարդամ Եսայի 41։23–ը. ‘Ասկէ ետքը ըլլալիքները պատմեցէ՛ք, որպէս զի ձեր աստուած ըլլալը գիտնանք’։ Ապա օրինակ մը կու տամ, թէ Եհովան ինչպէ՛ս ապագային մասին մարգարէացած է»։

15. Արեւելեան Ասիոյ մէջ եղբայր մը ի՞նչ մօտեցում կը գործածէ։

15 Արեւելեան Ասիոյ մէջ եղբայր մը վերայցելութիւններու ատեն հետեւեալ մօտեցումը կը գործածէ։ Ան կ’ըսէ. «Անոնց ցոյց կու տամ Աստուածաշունչի իմաստութեան ու կատարուած մարգարէութիւններու օրինակներ եւ կ’ակնարկեմ բնութեան օրէնքներու։ Ետքը ցոյց կու տամ թէ ինչպէ՛ս այս ամէնը կը նշանակէ, որ ապրող եւ իմաստուն Ստեղծիչ մը կայ։ Երբ անհատը սկսի մտածել, թէ կրնայ ըլլալ որ Աստուած գոյութիւն ունի, կը սկսիմ բացատրել, որ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ Եհովային մասին»։

16. Եբրայեցիս 11։6–ի համաձայն, աշակերտները ինչո՞ւ պէտք է Աստուծոյ եւ Աստուածաշունչին հանդէպ հաւատք ունենան, եւ այս առնչութեամբ ինչպէ՞ս կրնանք իրենց օգնել։

16 Երբ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարենք անկրօն մարդոց հետ, պէտք է Աստուծոյ գոյութեան նկատմամբ իրենց հաւատքը յարատեւաբար կերտենք (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։6)։ Եւ պէտք է իրենց օգնենք որ Աստուածաշունչին հանդէպ հաւատք կերտեն։ Ասիկա կրնայ պահանջել որ կարգ մը կէտեր կրկին անգամ բացատրենք։ Իւրաքանչիւր ուսումնասիրութեան ընթացքին, թերեւս հարկ ըլլայ որ քննարկենք ապացոյցներ, թէ Սուրբ Գիրքը Աստուծոյ Խօսքն է։ Կրնանք հակիրճ կերպով նկատի առնել Աստուածաշունչին կատարուած մարգարէութիւնները, գործնական իմաստութիւնը կամ գիտական եւ պատմական գետնի վրայ ճշգրիտ ըլլալը։

17. Մարդոց հանդէպ մեր սէրը ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ։

17 Մարդոց կ’օգնենք որ Քրիստոսի աշակերտները դառնան, երբ իրենց հանդէպ սէր ցուցաբերենք, կրօնասէր ըլլա՛ն կամ ոչ (Ա. Կոր. 13։1)։ Մինչ իրենց կը սորվեցնենք, մեր նպատակն է ցոյց տալ, թէ Աստուած զիրենք կը սիրէ եւ կ’ուզէ որ իրենք ալ զինք սիրեն։ Ամէն տարի հազարաւորներ, որոնք նախապէս կրօնքով քիչ հետաքրքրուած էին կամ բնա՛ւ չէին հետաքրքրուած, կը մկրտուին, քանի որ կը սորվին Աստուած սիրել։ Ուրեմն դրական եղիր, եւ ամէն տեսակ մարդոցմով սիրալիրօրէն հետաքրքրուէ։ Անոնց մտիկ ըրէ։ Ջանա՛ զիրենք հասկնալ։ Քու ապրելակերպովդ իրենց սորվեցուր որ Քրիստոսի աշակերտները ըլլան։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

  • Ինչպէ՞ս կրնանք ծառայութեան մէջ դրական կեցուածք ցոյց տալ։

  • Ինչպէ՞ս կրնանք անկրօն մարդոց սրտին հասնիլ։

  • Ինչո՞ւ պէտք է ճշմարտութեան մասին խօսինք ամէն տեսակ մարդոց։

ԵՐԳ 153 Արդեօք ինչպէ՞ս կը զգաս

a Ներկայիս աւելի յաճախ կը հանդիպինք անկրօն մարդոց։ Յօդուածը կը քննարկէ թէ ինչպէ՛ս կրնանք Աստուածաշունչի ճշմարտութեան մասին խօսիլ իրենց եւ ինչպէ՛ս կրնանք օգնել, որ Աստուածաշունչին վստահին եւ Եհովա Աստուծոյ հանդէպ հաւատք կերտեն։

b Փորձագիտանքներու համաձայն, հետեւեալները այդ երկիրներէն ոմանք են. Ազրպէյճան, Ալպանիա, Աւստրալիա, Աւստրիա, Գերմանիա, Դանիա, Զուիցերիա, Իսրայէլ, Իրլանտա, Հարաւային Քորէա, Հոլանտա, Հոնկ Քոնկ, Ճափոն, Միացեալ Թագաւորութիւն, Նորվեկիա, Շուէտ, Չեխիայի Հանրապետութիւն, Չինաստան, Սպանիա, Վիեթնամ, Քանատա եւ Ֆրանսա։

c ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. Այս յօդուածին մէջ, անկրօն բառը կ’ակնարկէ անոնց, որոնք կա՛մ կազմակերպուած կրօնքի չեն պատկանիր, կամ ալ Աստուծոյ չեն հաւատար։

d ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Եղբայր մը հիւանդանոցին մէջ կը վկայէ իր գործակիցին, որ ետքը կը քննէ մեր կայքը՝ jw.org®։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել