Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 9/92 էջ 8
  • ԲԱՐԻ ԼՈՒՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼ՝

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • ԲԱՐԻ ԼՈՒՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼ՝
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1992)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Սերտելու համար առաջարկ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
  • Ինչպէ՛ս կրնանք յաւիտեան ապրիլ
    Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Բարի Լուրը Դրական Կեցուածքով Ներկայացնենք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1992)
թծ 9/92 էջ 8

ԲԱՐԻ ԼՈՒՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼ՝

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԱԾՈՅ ԳՐՔՈՎ

1 «Ան պարզ է, բայց դաստիարակիչ արժէք ունի»։ Շատեր այսպէս կ’արտայայտուին Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ գրքին մասին։ Անկասկած, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան այս ընտիր օժանդակը կրնայ մեզի օգնել որ աւելի անհատներու, ըլլան մանուկներ կամ չափահասներ, Աստուածաշունչի պատգամը հասկցնենք։

2 Քանի որ շատեր սիրելի մը մահով կորսնցուցած են, կրնաք խօսակցիլ մեռեալներու վիճակին եւ յարութեան յոյսին մասին, գործածելով Յովհաննու 5։28, 29–ն եւ Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ գրքին 92–րդ Պատմութիւնը։

3 Մեր խօսակցութիւնը հետեւեալ կերպով կրնանք սկսիլ. «Բոլորս ալ մահուան պատճառով ընկեր մը կամ ազգական մը կորսնցուցած ենք։ Արդեօք հարց տուա՞ծ էք թէ անոնց վիճակը ի՛նչ է։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Աստուծոյ Խօսքը մեզի յոյս կու տայ Յովհաննու 5։28, 29–ի խօսքերով։ [Կարդացէք։] Աստուած որքա՜ն գթասիրտ է որ թէ՛ մեռեալներուն համար եւ թէ մեզի՝ ողջերուս՝ յոյս տուած է։ Այս պատկերը [Բացէք 92–րդ Պատմութիւնը] ցոյց կու տայ յարութիւն մը զոր Քրիստոս Յիսուս կատարեց, ոչ թէ միայն դեռատի աղջկան ի նպաստ, այլ նաեւ անոր ծնողներուն ուրախութեան համար։ Կրնաք մտապատկերել այս ծնողներուն մեծ ուրախութիւնը։ Բայց ան առաջին անձը չէր զոր Յիսուս մեռելներէն յարուց։ Այս պատմութեան վերջին պարբերութիւնը կը նշէ թէ Յիսուս յարուց այրի կնոջ մը որդին եւ Ղազարոսը՝ իր մտերիմ բարեկամը։ Իսկ վերջին երկու նախադասութիւններուն մէջ նկատեցէք հետեւեալ բարի լուրը։ [Կարդացէք։] Այս գրականութիւնը պատրաստուած է թէ՛ մանուկներուն եւ թէ չափահասներուն համար, որպէսզի կարենանք աւելի գնահատել Աստուծոյ ունեցած սէրն ու հետաքրքրութիւնը մեզի հանդէպ»։ Կրնաք յարմարցնել այս ներկայացումը պարագաներուն համաձայն։

4 Այս գիրքը կրնանք նաեւ ներկայացնել գործածելով 115–րդ Պատմութեան պատկերը։ Կրնանք ըսել. «Այս գրականութիւնը կ’օգնէ թէ՛ մանուկներուն եւ թէ ծնողներուն հայթայթելով ընթերցուելիք լաւ նիւթեր։ Ան կը սորվեցնէ Աստուծոյ խոստումները ապագային նկատմամբ։ [Բացէք 115–րդ Պատմութիւնը եւ առաջին պարբերութեան վերջին նախադասութիւնը կարդացէք։] Այս Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ գիրքը կը բովանդակէ աւելի քան 125 պատկերներ որոնք Աստուածաշունչի արձանագրութեան համաձայն են [կրնաք գրքէն ցոյց տալ] եւ մատչելի է որոշ նուիրատուութեամբ մը։ Ձեր մանուկներուն (թոռներուն) համար կը փափաքի՞ք օրինակ մը ունենալ»։

5 Շատեր վայելած են գեղեցիկ փորձառութիւններ անպաշտօն կերպով ներկայացնելով Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ գիրքը։ Քոյր մը տեղեկագրեց թէ օրինակներ տեղաւորած է գիրքը ներկայացնելով մանուկներու հիւանդութեանց մասնագէտներու, ըսելով թէ ան ընթերցելու լաւ նիւթ մը պիտի ըլլայ սպասասրահին մէջ եղող մանուկներուն համար։ Քոյր մը որ գիրքը ներկայացուց մանուկներու յատկացուած ուսումնարանի մը մէջ, կարողացաւ մանուկներուն հետ ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ Նաեւ, ան տեղաւորեց 70 գիրք մանուկներուն, անոնց ծնողներուն եւ դրացիներուն հետ։ Ուսումնարանի տնօրէնուհին 24 գիրք առաւ իրեն, իր ազգականներուն եւ ծանօթներուն համար։ Ուստի արթուն եղէք պատեհութիւններ օգտագործելու որպէսզի այս գիրքը ներկայացնէք։

6 Թող որ առիթներ փնտռենք խօսակցելու համար մանուկներուն եւ իրենց ծնողներուն հետ։ Թող որ գործածենք Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ գիրքը մեր եւ ուրիշներու օգտին համար մինչ Եհովան կը փառաբանենք։—Սաղմ. 146։10

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել