ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹԵՐԸ ԼԱՒ ԿԵՐՊՈՎ ԳՈՐԾԱԾԵՑԷՔ
1 Երբ գրախանութ մը կ’այցելէք, պարբերաթերթերու ապշեցուցիչ շարք մը կը տեսնէք, որ ամէն բան կը ներկայացնէ՝ զաւեշտականութենէն մինչեւ գիտական արուեստագիտութիւնը։ Երբեք չէք կրնար այդ ամէնը կարդալ։ Մինչ կարգ մը պարբերաթերթեր օգտակար տեղեկութիւններ ունին, մեծամասնութեան արժէքը հարցական է։ Շատեր վատթար են եւ պէտք է անոնցմէ խուսափիլ։
2 Ի՜նչ հակապատկերը Դիտարանին ու Զարթի՛րին։ Այս պարբերաթերթերը նուիրուած են այն ճշմարտութիւնը հետազօտելու եւ յայտարարելու որ կրնայ գործածուիլ բոլոր անոնց փրկութեան համար որոնք Աստուծոյ սիրոյն կ’ընդառաջեն։
3 Զարթի՛րը կրնայ ազդեցիկ կերպով հասնիլ ամէն տեսակ մարդոց, իր լայն տարողութեան եւ յօդուածներուն այլազանութեան պատճառաւ։ Ինչպէս բացատրուած է իւրաքանչիւր թիւին 4–րդ էջին մէջ, ան «ամբողջ ընտանիքին լուսաւորման համար է»։ Ան կը ներկայացնէ յօդուածներ այլազան նիւթերու մասին, որոնք կը պարփակեն ժողովուրդը, կրօնքը, եւ գիտութիւնը։ Ան խորերը կը թափանցէ եւ ընթացիկ դէպքերուն իրական իմաստը կը մատնանշէ։ Ամէն բանէ առաջ, ան «խաղաղ ու ապահով նոր աշխարհի մը նկատմամբ Ստեղծիչին խոստումին վրայ վստահութիւն կը կերտէ»։
4 Զարթի՛րի Հոկտեմբեր 8 թիւը ցցուն կ’ընէ «Ժխտական Յուզումները Կրնաք Յաղթահարել» նիւթը։ Անհամար կեանքեր այսպիսի յուզումներով ջախջախուած են։ Այս պարբերաթերթը ներկայացնելը, կեդրոնանալով անոր Աստուածաշունչի ամոքիչ խրատին վրայ կրնայ հետաքրքրութիւն գրգռել։ Իսկ Հոկտեմբեր 22 թիւին համար, պէտք է կարենանք լսող ականջ գտնել ուշադրութիւն հրաւիրելով՝ «Նոր Աշխարհ մը որ Ամէնը կը Գոհացնէ» յօդուածաշարքին մէջ յիշուած ամոքիչ կէտերուն։
5 Դիտարանը աշխարհի մէջ հռչակաւոր եղած է որպէս պաշտպան մը Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրին եւ բերելիք Դրախտային օրհնութիւններուն։ Հոկտեմբեր 1 թիւը [Անգլ.] պիտի պատասխանէ հետեւեալ քննիչ հարցումին. «Մարդկութիւնը Ի՞րապէս Մեսիայի մը Կարիքը Ունի»։ Ասիկա մեզի գեղեցիկ պատեհութիւն մը պիտի տայ մեր Թագաւորութեան յոյսին մասին խօսելու։ Հոկտեմբեր 15 թիւին [Անգլ.] մէջ ներկայացուած նիւթը՝ «Ընտանեկան Կեանքը Այսօր—Մարտահրաւէրին Հետ Գլուխ Ելլել», պիտի օգնէ մեզի խօսակցութիւններ սկսելու այն ընտանիքի անդամներուն հետ որոնք կ’ուզեն հանգստանալ կեանքի շատ մը ճնշումներէն։
6 Կ’ուզենք որ անկեղծօրէն հետաքրքրուած անհատները կանոնաւորաբար ստանան այս արժէքաւոր պարբերաթերթերը։ Երբ կը բացատրէք պարբերաթերթերուն շատ մը օգուտները, փորձեցէք որոշել թէ անհատը հարազա՛տօրէն հետաքրքրուած է կամ ոչ։ Երբ սկզբնաւորական հետաքրքրութիւն կը գտնէք, կրնաք մի քանի թիւեր անձամբ յանձնել որպէս մաս մը ձեր պարբերաթերթերով կանոնաւոր այցելութիւն ընելէն եւ այս կերպով հետաքրքրութիւնը մշակել։ Երբ կը համոզուիք թէ անհատը հարազատօրէն հետաքրքրուած է, առաջարկեցէք որ պարբերաթերթերը թղթատարական դրութեամբ ստանայ որպէս բաժանորդագրութիւն մը։ Եթէ անհատը ընդունի, կարելի է վեց ամսուայ բաժանորդագրութիւն մը ընել։
7 Մենք կրնանք յանձնարարել մեր պարբերաթերթերը բոլոր մարդոց, քանի որ անոնց արժէքէն վստահ ենք։ Լաւ բան մը ունինք, եւ Քրիստոսին նման զայն կը բաժնենք ուրիշներու հետ։—Առ. 3։27. Եբր. 13։16