ՊԶՏԻԿՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԵՑԷՔ ՈՐՊԷՍԶԻ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՍՐՏԱՆՑ ԾԱՌԱՅԵՆ
1 Սողոմոն նշեց թէ «տղաքը Տէրոջը ժառանգութիւնն են»։ (Սաղմ. 127։3–5) Արդարեւ, անոնք անգնահատելի արժէքով ժառանգութիւն մըն են։ Ծնողները աստուածատուր պատասխանատուութիւն ունին իրենց զաւակները սորվեցնելու, մարզելու, եւ կրթելու։ Ասիկա կը պարփակէ ծառայութեան առնչութեամբ մարզելը, զաւակները քաջալերելով որ սրտանց խօսին Եհովայի ու Թագաւորութեան մասին։—Եփ. 6։4
2 Ո՞ր տարիքին ծնողները պէտք է սկսին մարզել։ Աստուածաշունչին պատասխանը յստակ է. Ան պէտք է ըլլայ մանկութենէն ի վեր։ (Բ. Տիմ. 3։14, 15) Որքան աւելի կանուխ մարզումը կը սկսի, այդքան աւելի հաւանականութիւն կ’ըլլայ որ զաւակները ճշմարտութեան մէջ հաստատ հիմ մը պիտի մշակեն եւ ծառայութիւնը իրենց ընտրութիւնը պիտի ընեն։ Այս կանուխ մարզումը նաեւ պիտի ծառայէ զիրենք պահպանելու աշխարհային մտածելակերպէն ու վերաբերմունքէն։
3 Դեռ դպրոց չգացած շատ մը մանուկներ ցոյց տուած են մեծ ընդունակութիւն մը բարդ հմտութիւններ ձեռք ձգելու։ Կանուխ տարիքին սորվելու այս կարելիութիւնը պէտք է օգտագործել զիրենք մարզելու Եհովայի հաճութիւնը բերող հմտութիւններուն մէջ։ (Դիտարան Օգոստոս 1, 1988, էջ 15 [Անգլ.]. Դեկտեմբեր 1, 1989, էջ 31 [Անգլ.]) Շատ մը մանկահասակներ յառաջդիմած են մինչեւ չմկրտուած հրատարակիչներ ըլլալու։ Կարգ մը պզտիկներ նուիրուած ու մկրտուած են անչափահասութեան տարիքը մտնելէ առաջ։ Ասիկա ճամբան բացած է անոնց որ ծառայեն որպէս օժանդակ ռահվիրաներ եւ նոյնիսկ՝ կանոնաւոր ռահվիրաներ, իրենց դպրոցը աւարտելէ առաջ։ Այս նպատակակէտերը իրագործելու համար, անոնց պէտք է սորվեցնենք մարդոց հետ խօսակցիլ Աստուածաշունչի այլազան նիւթերու մասին։
4 Կարգ մը չափահասներ, որոնք հակամէտ են դիտելու այսօրուան պատանիներուն ընդհանուր առմամբ որպէս անզուսպ ու անբարեկիրթ, կրնան քիչ հետաքրքրութիւն ունենալ խօսակցելու պատանիի մը հետ որ այցելութիւն կու տայ։ Դուռին առջեւ պատանի հրատարակիչ մը ի՞նչ կրնայ ըսել այսպիսի արգելք մը յաղթահարելու եւ չափահաս տանուտիրոջ ուշադրութիւնը գրաւելու համար։ Պատանի հրատարակիչ մը ասոր նման բան մը գործածեց. «Բարի լոյս, անունս ----------։ Իմ դրացիներս այսօր կ’այցելեմ քանի որ շատեր կը մտահոգուին ապագային նկատմամբ։ Որպէս չափահաս մը, դուք վստահաբար ինծմէ շատ աւելի փորձառութիւն ունիք կեանքի հարցերուն մէջ։ Սակայն, ահաւասիկ համար մը որ ամոքիչ է մեր բոլորին համար»։ Յայտնութիւն 21։3, 4–ը կարդալէ ետք, խօսակցութիւնը կարելի է կեդրոնացնել Նոր Աշխարհի օրհնութիւններուն մասին։
5 Ուրիշ թելադրութիւն մըն է. «Բարեւ, անունս ----------։ Կարճ այցելութիւններ կու տամ շրջակայքին մէջ, քանի որ գիտեմ շատ մը չափահասներ մտահոգուած են պատանիներուն հետեւած ուղղութեան նկատմամբ այսօր։ Պատանիները երբեմն կը ցուցաբերեն անբարեկիրթ, նոյնիսկ ըմբոստ վերաբերմունք մը։ Բայց համար մը կը բաժնեկցիմ որ ցոյց կու տայ ինչպէս օր մը ամէն անհատ պիտի սորվի համերաշխաբար ապրիլ»։ Ապա կարդացէք Սաղմոս 37։11–ը եւ յարմար կերպով մեկնաբանեցէք։ Երբ չափահաս տանուտէրներ կը լսեն այսպիսի հարազատ արտայայտութիւններ մեր պատանի հրատարակիչներուն կողմէ, վստահաբար անոնցմէ շատեր նպաստաւոր կերպով պիտի տպաւորուին։
6 Հազարաւոր պատանի հրատարակիչներ կը շարունակեն լաւ մասնակցութիւն բերել Թագաւորութիւնը քարոզելու եւ աշակերտելու գործին մէջ։ Անոնց պէտք է ջերմօրէն գովել։ Այն պատանիները որոնք մանկութենէն ի վեր մարզուած են աստուածապաշտ ծնողներու կողմէ, անյապաղ կ’ընդառաջեն տրուած քաջալերութեան որ ջանք թափեն աւելի լման բաժին մը բերելու ծառայութեան ամէն երեսակներուն մէջ։ Անոնք որոնք դպրոց կը յաճախեն բացառիկ պատեհութիւնը ունին վկայելու թէ՛ դասընկերներուն եւ թէ ուսուցիչներուն։ Շատեր հաճելի փորձառութիւններ վայելած են այս մասնայատուկ թաղամասին մէջ վկայելով։
7 Ուստի, ձեր ժողովքին մէջ պատանի հրատարակիչներուն օգնեցէք որ օգտագործեն պատեհութիւնը Եհովային ծառայելու երիտասարդական կորովով, զինք սրտանց փառաբանելով։—Ժող. 12։1