ՀԱՐՑՈՒՄԻ ՏՈՒՓ
◼ Քրիստոնեայ ծնողներու զաւակները, չմկրտուած հրատարակիչներ ըլլալէ առաջ, ի՞նչ տարողութեամբ կրնան դաշտի ծառայութեան մասնակցիլ։
Քրիստոնեայ ծնողներ կ’ուզեն իրենց զաւակները զարգանան մինչեւ որ ըլլան Եհովայի հասուն, նուիրուած ծառաներ։ (Ա. Թագ. 2։18, 26. Ղուկ. 2։40) Նոյնիսկ շատ կանուխ տարիքին, Քրիստոնեայ ընտանիքի պզտիկները պէտք է կարող ըլլան յստակ արտայայտութիւններ ընելու Աստուածաշունչի հիման վրայ եղած իրենց հաւատքին առ ի պաշտպանութիւն։ Մանուկներուն հոգեւոր աճումը կ’արագանայ մինչ իրենց մատղաշ տարիքէն կ’ընկերանան իրենց ծնողներուն հետ դաշտի ծառայութեան մէջ։ Բայց կարեւոր է պզտիկներուն համար որ սրտէն մղուած ըլլան եթէ պիտի վայելեն դաշտի ծառայութիւնը, փափաքին չմկրտուած հրատարակիչներ ըլլալ, եւ շարունակեն բաժին բերել Թագաւորութիւնը քարոզելու գործին մէջ։ Ծնողները պէտք է լաւ կերպով մարզեն։ (Ա. Տիմ. 4։6. Բ. Տիմ. 2։15) Ուրիշ որակելի հրատարակիչներ երբեմն կրնան օգնել եթէ ծնողները ընդունին։—Տես՝ Մեր Ծառայութիւնը էջ 99, 100 [100–1, Արբ.]։
Լաւ վարուող պզտիկներ մինչ կ’ընկերանան իրենց Քրիստոնեայ ծնողներուն հետ տունէ–տուն գործին մէջ, կը սորվին ի՛նչպէս ծառայութեան միջամուխ ըլլալ։ Բայց անոնք պիտի չընդունուին որպէս չմկրտուած հրատարակիչներ մինչեւ որ որոշ կարողութիւն եւ հմտութիւն զարգացնեն։ Քրիստոնեայ ծնողներ կրնան որոշել ո՞ր տարողութեամբ զաւակ մը կրնայ մասնակցիլ վկայութիւն մը տալու մինչ միասնաբար կ’աշխատին։ Այն դեռատիները որոնք տակաւին չեն ընդունուած որպէս չմկրտուած հրատարակիչներ, պէտք չէ առանձին ծառայեն կամ ուրիշ պզտիկներու հետ դաշտի ծառայութեան մասնակցին։ Ծնողները կրնան իրենց զաւակները պատրաստել դաշտի ծառայութեան համար եւ թոյլ տալ որ մասնակցին այլազան կերպերով, ինչպէս՝ համար մը կարդալով, թերթիկ մը կամ պարբերաթերթ մը ներկայացնելով, կամ տանուտիրոջ ցուցնելով պատկեր մը գրականութիւններէն մէկուն մէջ։ Մինչ մանուկ մը կը մեծնայ, թերեւս կրնայ աւելի մեծ չափով բաժին բերել խօսակցութեան մէջ։
Պատշաճ մարզումով, դեռատիները կը սորվին գնահատել ծառայութեան լրջութիւնը մինչ կ’ընդառաջեն իրենց ծնողներուն տուած ուղղութեան եւ կարգապահ կերպով կը վարուին։ Ծնողները պէտք չէ ձգեն իրենց զաւակները, որոնք դեռ չեն ընդունուած որպէս չմկրտուած հրատարակիչներ, դաշտի ծառայութեան համար եղած ժողովին մէջ, ակնկալելով որ ուրիշները անոնց հոգ տանին։ Հոգատար ծնողներ կ’ընդունին իրենց անձնական պատասխանատուութիւնը վերահսկելու իրենց զաւակներուն գործունէութիւնը։ Անշուշտ, ուրիշ պատասխանատու հրատարակիչներ կրնան պատրաստակամ ըլլալ մարզելու ժողովքին մէջ եղող այն դեռատիները որոնք հարազատ հետաքրքրութիւն կ’ապացուցանեն Եհովային ծառայելու դաշտի ծառայութեամբ։