ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐ ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ ԱՄՍՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ
Հոկտեմբեր 5–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն Թիւ 138
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ, Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկէն ընտրուած ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ, եւ աչքառու կէտեր Աստուածպետական Լուրերէն։ Վերաքաղ ըրէք ուշագրաւ յօդուածներ ընթացիկ պարբերաթերթերէն. մէկ կամ երկու ցուցադրութիւններ կարգադրեցէք ցոյց տալու թէ ի՛նչպէս կարելի է զանոնք ներկայացնել Սուրբ Գրային խօսակցութենէ մը ետք։ Բոլորը քաջալերեցէք որ Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին մեղմ կլիման օգտագործեն ընդլայնելու համար իրենց բաժինը դաշտի ծառայութեան մէջ։
15 վյրկ. «Պարբերաթերթերը Լաւ Կերպով Գործածեցէք»։ Հարց պատասխանով։ Շեշտեցէք կարիքը վստահ ըլլալու թէ հարազատ հետաքրքրութիւն կայ բաժանորդագրութիւն մը ներկայացնելէ առաջ։ Երբ կը բացատրէք 6–րդ պարբերութիւնը, թելադրութիւններ տուէք թէ ինչպէ՛ս սկսիլ պարբերաթերթերով կանոնաւոր այցելութիւններ ընել. Պարզ, ուղղակի մօտեցում մը գործածեցէք. տունէ–տուն լաւ արձանագրութիւն մը պահեցէք. ապագայ թիւերուն հանդէպ հետաքրքրութիւն գրգռեցէք յիշելով գալիք յօդուածները. հարցումներ յարուցանեցէք որոնց կը պատասխանեն յօդուածները։ Վստահ եղէք վերադառնալու ամէն երկու շաբաթ։
20 վյրկ. Տեղւոյն կարիքներ։
Երգեցողութիւն Թիւ 63 եւ փակման աղօթք։
Հոկտեմբեր 12–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն Թիւ 77
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Կարդացէք հաշիւներու ամսական տեղեկագիրը. Բ. Կորնթացիս 9։6, 7–ի հիման վրայ գովեցէք։ Հրաւիրեցէք նախապատրաստուած հրատարակիչներ որ պատմեն ուշագրաւ փորձառութիւններ պարբերաթերթեր եւ բաժանորդագրութիւններ մատուցանելու մասին, Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին։
15 վյրկ. «Մղիչ Բացում մը Զարգացուցէք»։ Դասախօսութիւն մը տուէք որ կը բացատրէ ի՛նչպէս պատրաստել ներկայացումներ գործածելով Հոկտեմբերի պարբերաթերթերուն գլխաւոր յօդուածները։ Կարգադրեցէք որ երկու կամ երեք կարող հրատարակիչներ ցուցադրեն թելադրուած ներկայացումները. թող մէկ ներկայացումը ըլլայ դեռատի հրատարակիչի մը կողմէ։
20 վյրկ. «Հետաքրքրուող Անհատներուն Նկատմամբ Հոգատարութիւն Ցուցաբերեցէք»։ Ունկնդիրներուն հետ խօսակցութիւն։ Երբ 2–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնէք, յիշեցէք ընտրուած կէտեր Յուլիս 1, 1981, Դիտարանի թիւէն, էջ 4–6 (Անգլ.) [4/1/82 էջ 51–3, Արբ.], ցոյց տալով թէ ի՛նչպէս կրնանք Յիսուսը ընդօրինակել ուրիշներու նկատմամբ հոգատարութիւն ցուցաբերելով։ Պարփակեցէք մեկնաբանութիւններ տունէ–տուն արձանագրութիւնը ինչպէ՛ս լեցնելու մասին եւ ինչպէ՛ս պէտք է գործածուի հետաքրքրութիւնը հետապնդելու։ Թելադրութիւններէն մէկը հակիրճ կերպով ցուցադրեցէք։ Կարող հրատարակիչ մը թելադրուած մեթոտը ցուցադրելէ ետք, խնդրեցէք ունկնդիրներէն որ մեկնաբանեն թէ ինչո՛ւ անիկա կրնայ ազդեցիկ կերպ մը ըլլալ ուսումնասիրութիւններ սկսելու տեղական թաղամասին մէջ։
Երգեցողութիւն Թիւ 123 եւ փակման աղօթք։
Հոկտեմբեր 19–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն Թիւ 59
5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հակիրճ կերպով բացատրեցէք ինչպէ՛ս լեցնել բաժանորդագրութեան խնդրանք մը եւ բնորոշեցէք նշանակուած եղբայր(ներ)ը բաժանորդագրութիւններուն հոգ տանելու։
20 վյրկ. «Պզտիկնըերուն Օգնեցէք Որպէսզի Եհովային Սրտանց Ծառայեն»։ Ունկնդիրներուն հետ խօսակցութիւն։ Շեշտեցէք կարիքը որ ծնողներ իրենց պատասխանատուութիւնը վերցնեն լաւ օրինակ մը հանդիսանալու եւ իրենց զաւակները անձամբ մարզելու ծառայութեան մէջ։ Հրաւիրեցէք մէկ կամ երկու ծնողներ որ պատմեն ինչ որ ըրած են լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգելով։ Թող ծնող մը ցուցադրէ ինչպէ՛ս օգնած է իր զաւկին որ պատրաստէ Սուրբ Գրային խօսակցութիւն մը, տունէ–տուն ծառայութեան մէջ գործածելու համար։ Եզրափակեցէք ցուցադրելով թելադրուած խօսակցութիւններէն մէկը պատանիի մը միջոցաւ։
10 վյրկ. Հարցումի Տուփ։ Խօսակցեցէք ունկնդիրներուն հետ։ Շեշտեցէք թէ ինչո՛ւ կարեւոր է պզտիկներուն համար որ ունենան լաւ վարքի համբաւ եւ անկեղծ փափաք դաշտի ծառայութեան մասնակցելու, որպէսզի որակելի ըլլան որպէս չմկրտուած հրատարակիչներ։
10 վյրկ. Արտայայտութիւններ Դեռատի Հրատարակիչներէն։ Հրաւիրեցէք նախապատրաստուած կարգ մը դեռատի հրատարակիչներ որ բացատրեն թէ ի՛նչպէս որակելի եղան չմկրտուած հրատարակիչներ ըլլալու եւ ինչո՛ւ կը վայելեն դաշտի ծառայութիւնը եւ կ’ուզեն աւելի մեծ բաժին բերել։ Անոնք պէտք է ներկայացնեն իրենց դրական արտայայտութիւնները եւ ոչ թէ իրենց ըսուած խօսքեր կրկնեն։
Երգեցողութիւն Թիւ 160 եւ փակման աղօթք։
Հոկտեմբեր 26–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն Թիւ 46
5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Բոլորը քաջալերեցէք որ մտածեն օժանդակ ռահվիրայ ըլլալու կարելիութեան մասին Նոյեմբեր կամ Դեկտեմբեր ամիսներուն ընթացքին, երբ տօներու ժամանակաշրջանը սովորաբար յաւելեալ ժամանակ մատչելի կը դարձնէ։
15 վյրկ. «Աստուածաշունչը» նիւթին մասին դասախօսութիւն, հիմնուած Պատճառաբանել գրքին վրայ, էջ 58–64 [330–36, Արբ.]։ Ցցուն ըրէք այն օգուտը զոր անձամբ կը քաղենք կիրարկելով Աստուածաշունչի սկզբունքները մեր կեանքին մէջ։
15 վյրկ. Աստուածաշունչը Աստուծո՞յ թէ Մարդոց Խօսքն Է գիրքը ներկայացնել Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին։ Դասախօսութիւն եւ ցուցադրութիւն։ Ցուցադրեցէք ինչպէ՛ս Պատճառաբանել գրքին 10–րդ էջին [13–րդ, Արբ.] մէջ եղած երկրորդ թելադրութիւնը կարելի է գործածել խօսակցելու համար տանուտիրոջ մը հետ։
10 վյրկ. «1992–ի ‘Լոյս Կրողներ’ Նահանգային Համաժողով»։ Ունկնդիրներուն հետ խօսակցութիւն։ Հրատարակիչները կրնան խօսիլ յարմար կէտերու մասին իրենց Աստուածաշունչի աշակերտներուն հետ, որոնք համաժողովին ներկայ պիտի ըլլան։
Երգեցողութիւն Թիւ 162 եւ փակման աղօթք։