ՁԵՐ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ
1 ‘‘Որդին մարդոյ չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, հապա սպասաւորութիւն ընելու եւ իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալու’’։ (Մատթ. 20։28) Ուրիշ ոչ մէկ մարդ որ երկրի վրայ ապրած է կրնայ ընել ինչ որ Յիսուս Քրիստոս ըրաւ մարդկութեան համար։ Իր կեանքի ընթացքով ու չարչարանքի ցիցի վրայ իր մահով, առաջնորդուեցանք այն ճամբուն մէջ, որով կը ստանանք մեծագոյն պարգեւը զոր անհատ մը կրնայ ձեռք ձգել, յաւիտենական կեանքը։ Այսուհանդերձ, մարդոց մեծամասնութիւնը քիչ գնահատանք ունի Քրիստոսին ըրածին հանդէպ։
2 Մտածեցէք այն հանդիպումին մասին զոր Յիսուս ունեցաւ տասը բորոտ մարդոց հետ։ Երբ անոնք Յիսուսը տեսան, ձայներնին վերցուցին ու ըսին. ‘‘Յիսո՛ւս վարդապետ, ողորմէ մեզի’’։ (Ղուկ. 17։13) Անիկա ողորմեց անոնց, օրէնքին համաձայն անոնց հրահանգելով որ երթան ու քահանաներուն տեղեկացնեն։ Գացած ատենին, բոլոր տասը բորոտ մարդիկը բժշկուեցան։
3 Սակայն միայն մէկը վերադարձաւ Յիսուսին շնորհակալութիւն յայտնելու։ Իսկ այն ի՞նը։ Շարունակեցին իրենց ճամբան առանց մտածելու որ շնորհակալութիւն յայտնեն իրենց բարերարին։ (Ղուկ. 17։15-17) Որո՞ւ կը նմանինք։ Կ’ուզենք այն մարդուն պէս ըլլալ որ վերադարձաւ։ Ան իսկական գնահատանք ունէր։ Արդեօք այդպէս կը զգա՞ք Քրիստոսի մահուան հանդէպ։
4 Մեր Երախտագիտութիւնը Ցոյց Տանք. Ամէն տարի Ընկերութիւնը կը թելադրէ որ Աստուածաշունչէն մասնայատուկ համարներ կարդացուին այն շաբթուան ընթացքին, որ կը նախորդէ Յիշատակատօնին թուականը։ Թելադրուած Աստուածաշունչի ընդերցումները կարելի է գտնել Եհովայի Վկաներու 1992–ի Օրացոյցին մէջ՝ Ապրիլ 12-17–ի թուականներուն տակ, 3/1/1992 Դիտարանին մէջ՝ էջ 32, եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութեան այս թիւին մէջ։ Կրնանք մեր երախտագիտութիւնը ցուցնել կարդալով ու խոկալով այս դէպքերուն մասին, որոնք տեղի ունեցան Յիսուսի կեանքին մէջ, իր մահէն ճիշդ առաջ։
5 Մեր դաշտի ծառայութեան գործունէութիւնը կապ ունի երախտագիտութեան հետ Յիշատակատօնին համար։ Երէցները պիտի ուզեն լաւ կազմակերպուած կարգադրութիւններ ընել, այնպէս որ ռահվիրաներն ու հրատարակիչները կարենան ծրագրել դաշտի աւելցած գործունէութիւն մը Ապրիլ ամսուան ընթացքին։
6 Ասիկա, սովորաբար, ամիս մըն է երբ տասնեակ հազարաւորներ բաժին կը բերեն օժանդակ ռահվիրայութեան գործին մէջ։ Լիբանանի մէջ անցեալ Ապրիլին, 287 անհատներ բաժին բերին։ Կրնա՞ք այդպէս ընել այս Ապրիլին։ Եթէ կարող չէք օժանդակ ռահվիրայութեան մասնակցիլ, ծրագրեցէք ձեր բաժինը աւելցնել քարոզչութեան գործունէութեան մէջ, ինչպէս որ պարագաները կը ներեն։
7 Երախտագիտութիւն Կերտեցէք Ուրիշներու Մէջ. Իւրաքանչիւր տարի Յիշատակատօնի տօնակատարութեան ատեն, հետաքրքրուած շատ անհատներ մեզի հետ ներկայ կ’ըլլան։ Զոր օրինակ, 10,650,158 անհատներէն որոնք Յիշատակատօնին ներկայ եղան համայն աշխարհի մէջ անցեալ Ապրիլին, աւելի քան 6,370,000 հոգի հետաքրքրուած անհատներ էին։ Ասիկա ցոյց կու տայ աճման մեծ կարելիութիւնը կազմակերպութեան մէջ։
8 Պէտք է հրաւիրենք ու փոխադրութեան միջոցներ հայթայթելու կարգադրութիւններ ընենք Աստուածաշունչի աշակերտներուն ու հետաքրքրուած անհատներուն համար, երբ կարիքը կայ։ Ջերմօրէն խանդավառ եղէք երբ անոնց կը հրաւիրէք։
9 Անոնց օգնեցէք որ տեսնեն թէ ինչո՛ւ Յիշատակատօնը հիմնուեցաւ, որոնք խորհրդանիշերուն կը մասնակցին, եւ խորհրդանիշերը ի՛նչ կը ներկայացնեն։ (Ա. Կորնթ. 11։23-26) Նաեւ, բացատրեցէք անոնց յոյսը որոնք կը մասնակցին եւ դիտողներուն յոյսը որոնք խորհրդանիշերուն չեն մասնակցիր։ (Յովհ. 10։16. Յայտ. 14։3, 4) Ասիկա պիտի օգնէ հետաքրքրուած անհատներուն որ հասկնան թէ բոլորն ալ կարիքը ունին հաւատք ընծայելու եւ թէ տարին անգամ մը Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնին պարզապէս ներկայ ըլլալը բաւարար չէ։—Յովհ. 3։16
10 Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնը շատ մասնայատուկ դէպք մըն է։ Անոր համար լման կերպով պատրաստութիւն տեսնելով, ցոյց կու տանք թէ իսկապէս կը գնահատենք ամէն ինչ որ Եհովա ու Քրիստոս ըրին մեզի համար։ Այս առիթին համար երախտագիտութիւն կերտելը մեր Աստուածաշունչի աշակերտներուն մէջ եւ հետաքրքրուած ուրիշ անհատներուն մէջ, պիտի օգնէ իրենց ալ որ հաւատք ընծայեն Եհովայի փրկանքի հայթայթումին՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։