Փրկանքը գնահատութեամբ յիշել
1, 2. Ի՞նչ պատճառներ ունինք փրկանքը գնահատութեամբ յիշելու։
1 Առ ի հնազանդութիւն Յիսուսի պատուէրին, Շաբաթ 22 Մարտ 2008–ին՝ արեւնամուտէն ետք, աշխարհի տարածքին Քրիստոնեաները պիտի ժողվուին Յիսուս Քրիստոսի մահը յիշատակելու համար։ (Ղուկ. 22։19. Ա. Կորն. 11։23-26) Նոյն թուականին՝ 1,975 տարի առաջ իրագործուած բոլոր բաները խորապէս գնահատելով կ’ընենք ասիկա։ Տանջանքի ցիցի մը վրայ ցաւալի մահով կատարեալ ուղղամտութիւն պահպանելով, Յիսուս իր Հօր անունը սրբացուց, Սատանայի նախատինքներուն վերջնական պատասխանը հայթայթելով։—Յոբ 1։11. Առ. 27։11
2 Յիսուսի թափուած արիւնը նոր ուխտը վաւերացուց, կարելի դարձնելով որ անկատար մարդիկ որդեգրուին որպէս Աստուծոյ որդիներ, Քրիստոսի հետ իր երկնային Թագաւորութեան մէջ իշխելու հեռանկարով։ (Երեմ. 31։31-34. Մար. 14։24) Ասկէ զատ, մարդկութեան հանդէպ Աստուծոյ սիրոյն խորութիւնը բացայայտ դարձաւ՝ իր սիրելի Որդին զոհելով, ինչպէս Յիսուս անձամբ Նիկոդէմոսի բացատրեց։—Յովհ. 3։16
3. Յիշատակատօնին ներկայ եղողները ի՞նչպէս պիտի օգտուին։
3 Ուրիշները հրաւիրէ. Յունուարի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկը թելադրեց որ ծանօթներու անուանացանկ մը պատրաստենք եւ անձամբ զանոնք հրաւիրենք։ Անուանացանկին վրայ եղողները սկսա՞ր հրաւիրել։ Մարդիկը Յիշատակատօնին հրաւիրելու նպատակաւ Մարտ 1–ին սկսելիք արշաւին լիովին մասնակցելու կարգադրութիւններ կ’ընե՞ս։ Ներկաները աստուածաշնչական տեղեկութիւններ պիտի լսեն, որոնք կրնան փրկանքին հանդէպ հաւատք կերտել, որ իր կարգին կրնայ յաւիտենական կեանքի առաջնորդել։—Հռովմ. 10։17
4. Ինչո՞ւ Յիշատակատօնին կանուխ պէտք է հասնինք։
4 Անոնք որ կրնան՝ պէտք է ծրագրեն կանուխ հասնիլ, այս մասնայատուկ հրաւէրին ընդառաջողներուն ջերմ բարի գալուստ մաղթելու համար։ Յիշատակատօնի ներկաներուն մեծ թիւին ի տես, կարեւոր է որ մասնայատուկ ուշադրութիւն ընծայենք նորեկներուն եւ անոնց՝ որոնք երբեմն մեր ժողովներուն ներկայ կը գտնուին։
5. Ի՞նչպէս կրնաս այս առիթին նկատմամբ սիրտդ պատրաստել։
5 Սիրտդ պատրաստէ. 2008–ի Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր գրքոյկը եւ 2008–ի Օրացոյց–ը, Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութեան յայտագիր մը կը բովանդակեն, սկսելով Մարտ 17–էն։ Յիսուսի երկրային կեանքին վերջին օրերուն տեղի ունեցած կարեւոր դէպքերը նկատի առնելը, քեզի պիտի օգնէ Յիշատակատօնի տօնակատարութեան համար սիրտդ պատրաստելու։ (Եզրաս 7։10) Աստուածաշունչի այս պատմութիւններուն վրայ աղօթքով խոկալը գնահատութիւնդ պիտի խորացնէ այն սիրոյն հանդէպ, որ Եհովա ու իր Որդին ցուցաբերեցին՝ փրկանքը հայթայթելով։—Սաղմ. 143։5
6. Փրկանքին հանդէպ գնահատութիւն կերտելը ի՞նչպէս մեզի պիտի ազդէ։
6 Մինչ Յիշատակատօնը կը մօտենայ, թող ամենայն ուշադրութեամբ մենք մեզ եւ ուրիշները պատրաստենք այս կարեւոր առիթին համար։ Փրկանքը գնահատութեամբ յիշելը, Եհովայի եւ իր Որդւոյն հետ մեր յարաբերութիւնը պիտի ամրացնէ։ (Բ. Կորն. 5։14, 15) Անիկա նաեւ մեզ պիտի մղէ զիրենք ընդօրինակելու՝ ուրիշներու հանդէպ անձնազոհ սէր ցուցաբերելու մէջ։—Ա. Յովհ. 4։11