Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 4/92 էջ 7
  • ՀԱՐՑՈՒՄԻ ՏՈՒՓ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • ՀԱՐՑՈՒՄԻ ՏՈՒՓ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1992)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Նոր Կարգադրութիւն մը՝ Թագաւորութեան Սրահի Գրադարաններուն Համար
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
  • Ինչպէ՞ս կրնանք Թագաւորութեան սրահի գրադարանէն օգտուիլ
    Ներկայիս Եհովայի կամքը որո՞նք կը կատարեն
  • Հարցումի Տուփ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
  • Յաջողութիւն Գտնող Ներկայացումը Գործածեցէք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1992)
թծ 4/92 էջ 7

ՀԱՐՑՈՒՄԻ ՏՈՒՓ

◼ Ժողովքը պէ՞տք է Մեր Թագաւորութեան Ծառայութեան թղթածրար մը պահէ։

Մեր Թագաւորութեան Ծառայութեան Մայիս 1972 (Յունիս 1972, Արբ.) թիւին մէջ, նշուեցաւ թէ յարմար է պահել Թագաւորութեան Սրահի գրադարանին մէջ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութեան ամսական թիւերու թղթածրար մը, վերագրութեան նպատակներով։ Տակաւին նպատակայարմար է պահպանել այսպիսի թղթածրար մը իւրաքանչիւր Թագաւորութեան Սրահի գրադարանին մէջ, երէցներուն ու հրատարակիչներուն գործածութեան համար։

Այսպիսի թղթածրար մը մատչելի ըլլալով, հրատարակիչները կրնան դառնալ նախկին տեղեկութիւններուն, որոնք կը վերաբերին դաշտի ծառայութեան ներկայացումներուն, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելուն, վերայցելութիւններ ընելուն հետ, եւ նոյն եղանակով։ Կարելի է գտնել լաւ գաղափարներ ծառայութեան մէջ գործածելու։ Ժամանակ առ ժամանակ, Մեր Թագաւորութեան Ծառայութեան ընթացիկ թիւերը կ’ակնարկեն այն թիւերուն որոնք հրատարակուեցան երբ կարգ մը եղբայրներ ժողովքին հետ ընկերակցած չէին։ Վերջերս ընկերակցող անհատները կրնան օգտուիլ եթէ թղթածրարը պահուի։ Կարելի է գործածել վերջերս պատրաստուած Դիտարանի թղթածրարի տուփերէն մէկը Մեր Թագաւորութեան Ծառայութեան նախկին թիւերը պահելու Թագաւորութեան Սրահին մէջ։

Երէցները պէտք է նշանակեն կա՛մ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի տեսուչը եւ կամ որակելի օգնական ծառայ մը վստահ ըլլալու թէ այս թղթածրարը ամիսէ ամիս այժմէական կը պահուի։ Մինչ ներկայացուած տեղեկութիւնները Մեր Թագաւորութեան Ծառայութեան մէջ թելադրութիւններու կերպով են եւ անթեք կանոններ չեն, անիկա տակաւին ընտիր աղբիւր մըն է վերագրութեան տեղեկութիւններու, որ պէտք է մաս կազմէ իւրաքանչիւր ժողովքի Թագաւորութեան Սրահի գրադարանէն։ Սակայն, Մեր Թագաւորութեան Ծառայութեան հին թիւերը կարելի չէ Ընկերութենէն խնդրել։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել