ՏՈՒՆԷ–ՏՈՒՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵԼ
1 Տունէ տուն երթալու եւ օտարներ այցելելու գաղափարը իսկական մարտահրաւէր մը կը ներկայացնէ մաքուր պաշտամունք որդեգրողներէն շատերու։ Բայց Եհովայի հանդէպ հարազատ սէրը, անհատին կ’օգնէ այս մարտահրաւէրը դիմագրաւելու եւ նոյնիսկ բնոյթով շատ ամչկոտ եղողներ յառաջդիմած են բարի լուրի լիաժամ քարոզիչներ ըլլալու աստիճան։
2 Աստուածաշունչին մէջ յստակ է որ նախկին Քրիստոնեաները տունէ տուն երթալով Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը բաժնած են։ (Գործք 5։42. 20։20, 21) Որպէս Ի. դարու Քրիստոնեաներ, մենք ալ այս գործին կը մասնակցինք։ Աստուծոյ եւ մեր դրացիներուն հանդէպ ունեցած մեր սէրը մեզ կը մղէ որ այս գործը ընենք, նոյնիսկ եթէ անտարբերութեան, ձանձրոյթի, անարգանքի կամ ուղղակի հակառակութեան հանդիպինք։
3 Մարտահրաւէրը Դիմագրաւելը Ինչ կը Կատարէ. Ամէն անգամ որ այցելենք, կը ջանանք ճշմարտութեան մի քանի սերմ ցանել, գիտնալով որ կուտակական արդիւնքը վերջապէս կրնայ ըլլալ Թագաւորութեան պտուղը արտադրել։ (Ժող. 11։6) Անհատական պարագաները կը փոխուին։ Բան մը կրնայ պատահիլ որ պատճառ կ’ըլլայ որ տանուտէր մը մտածէ մեզմէ մէկուն ըսածին մասին դրան առջեւ եւ յաջորդ անգամ աւելի ընդունակ ըլլայ։
4 Մեր տունէ–տուն ծառայութիւնը, ճշմարտութեան եւ արդարութեան հանդէպ հակում ունեցողներուն առիթ կու տայ Եհովային եւ իր նպատակներուն մասին սորվելու, զանոնք առաջնորդելով որ յաւիտենական կեանքի ճամբուն մէջ քալեն։ Այսպիսով, աշխարհային հաճոյքներ հետապնդողները սիրալիր կերպով կ’ազդարարուին թէ փոխուելու կարիքը ունին Եհովայի հաւանութիւնը վայելելու համար։ Այս ծառայութիւնը նաեւ Եհովայի անունը կը ճանչցնէ եւ իրեն պատիւ կը բերէ, տանուտէրները լսեն կամ ոչ։—Եզեկ. 3։11
5 Ծառայութեան մէջ աշխատիլը մեզի կ’օգնէ հոգիին պտուղները մշակելու, ինչպէս՝ անձնուրաց սէրը, ուրախութիւնը, խաղաղութիւնը եւ երկայնամտութիւնը։ (Գաղ. 5։22) Ան մեզի կ’օգնէ խոնարհ ու կարեկցող ըլլալու, քանի որ կը պարփակէ ուրիշներու լաւութիւն ընել։ Եհովայի գործով զբաղած մնալը մեզ աշխարհէն կը պաշտպանէ։—Ա. Կորն. 15։58
6 Օգնեցէք Մարտահրաւէրը Դիմագրաւելու. Նորեկները կարիքը ունին սորվելու թէ ինչպէս մասնակցին այս մեծապէս հետաքրքրական գործին։ Անոնք յաճախ ինքնավստահութիւն չունին, ուստի կրնան տունէ տուն երթալու գաղափարէն վհատիլ։ Անոնց հետ կրնանք նկատի առնել հասարակ առարկութիւնները եւ ինչպէ՛ս անոնց կրնանք պատասխանել։ Կրնանք փորձ ընել գործածելով Պատճառաբանել գրքի լաւ առաջարկները, խօսակցութիւնը դադրեցնողներուն ինչպէս պատասխանելու մասին։ Ինչո՞ւ չառաջարկէք իրենց օգնել դաշտի ծառայութեան պատրաստուելու համար։ Անոնք կրնան նաեւ շատ օգնութիւն ստանալ, կանոնաւորաբար ներկայ ըլլալով դաշտի ծառայութեան ժողովներուն եւ անկէ ետք աւելի փորձառու հրատարակիչներու հետ աշխատելով։ Խումբի մը հետ աշխատիլը կրնայ մեծապէս զօրացուցիչ ըլլալ։
7 Երբ տունէ տուն կ’երթանք, մեր Աստուածը՝ Եհովան՝ ներկայացնելու առանձնաշնորհումը կ’ունենանք։ Ոեւէ անհատ ի՞նչ աւելի մեծ պատիւ կրնայ ունենալ քան իսկապէս Աստուծոյ գործակիցը ըլլալ։ (Ա. Կորն. 3։9) Եթէ անոր ապաւինինք, իր հոգին պիտի օգնէ մեզի տունէ–տուն ծառայութեան մարտահրաւէրը դիմագրաւելու։—Բ. Կորն. 3։5