Կարիք Մը Կը Նկատէ՞ք
1 Եհովան նկարագրուած է որպէս Օգնական մը եւ Ապաստան մը։ Գիտենք որ կրնանք իրեն դիմել նեղութեան ժամանակ եւ ան մեզի պիտի օգնէ։ (Սաղմ. 18։2. 46։1) Կրնանք այս համակրական հասկացողութեան յատկութիւնը ընդօրինակել, ուրիշներու ձեռնտու ըլլալով երբ կարիք մը կը նկատենք։
2 Ի՞նչ բան անձ մը կը մղէ որ մասնաւոր ջանք թափէ ուրիշի մը օգնելու համար։ Մարդոց մեծամասնութիւնը կ’ընդունի որ ասիկա ընելիք սիրալիր, մարդասէր բան մըն է։ Աներկբայօրէն Աստուծոյ Խօսքը զայն կը քաջալերէ։ (Հռովմ. 15։1) Պօղոս մեզ յորդորեց որ ‘միայն մեր անձերուն շահը չփնտռենք հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ’։—Փիլ. 2։4
3 Ասիկա բան մըն է որ բոլորս կրնանք ուրախութիւն գտնել զայն ընելու մէջ։ (Գործք 20։35) Պօղոս երիտասարդ Տիմոթէոսը ընտրեց որպէս օրինակ թէ ինչպէս իր եղբայրներուն վրայ ‘մտերմաբար հոգ կը տանէր’։ (Փիլ. 2։20) Լաւ է որ այսօր ժողովքներուն մէջ նոյնանման մտավիճակով շատ երիտասարդներ ունինք։ Սակայն, ըլլա՛նք երիտասարդ թէ տարեց, բաներ կան զորս կրնանք ընել եթէ կարիք մը նկատենք։
4 Արդեօք որեւէ ժամանակ նկատա՞ծ էք որ ոմանք կարիքներ ունին որոնց աւելի լաւ ուշադրութիւն կրնայ տրուիլ։ Թերեւս եղբայր մը կամ քոյր մը հիւանդանոց էր եւ քիչեր այցելեցին. կամ մէկը անկարող դարձաւ, բայց ոչ մէկը իրեն օգտակար ծառայութիւն մը մատուցանեց կամ առտնին աշխատանքներուն նկատմամբ օգնեց։ Յիսուս Եհովայի ծառայողները նկատեց որպէս ընտանիքի մը անդամները որոնք հարազատօրէն իրարու հոգ կը տանին։ (Մար. 3։33–35) Ոչխարներու եւ այծերու առակին մէջ, ան ցոյց տուաւ որ Թագաւորին եղբայրներուն օգնական եղողներն են որոնք Թագաւորին հաճութեան աջ կողմը կը վայելեն։—Մատթ. 25։40
5 Ինչպէ՞ս Կրնամ Օգնել. Ի՞նչ կարելի է ընել օգնութիւն հայթայթելու համար երբ բացայայտ կարիք մը կայ։ Կրնա՞նք նախաքայլը առնել կերպով մը օժանդակելու։ Թերեւս տարեցներ կան որոնք քաջալերութեան պէտք ունին, բայց իրենց օգնող մօտիկ ընկերակիցներ չունին։ Թերեւս երիտասարդներ կան որոնք օժանդակութեան կարիքը ունին։ Վերջերս հետաքրքրուած մի քանի զաւակներով ընտանիք մը կրնայ Թագաւորութեան Սրահը ներկայ ըլլալ երբ իր հետ ուսումնասիրող հրատարակիչը ներկայ չէ։ Անոնք կը գնահատեն որ կամաւոր մը իրենց օգնէ զաւակներուն առնչութեամբ։
6 Ճշմարտութեան եւ Եհովայի կազմակերպութեան հանդէպ մեր սիրոյ մէջ մինչ կ’աճինք, նաեւ աւելի գնահատանք ու հետաքրքրութիւն կ’ունենանք ուրիշներու հանդէպ ժողովքին մէջ։ Պօղոս մեզ քաջալերեց որ ասոր նկատմամբ ընդլայնինք։ (Բ. Կորն. 6։11–13) Յիսուս շեշտեց թէ իրարու հանդէպ մեր սէր ցուցաբերելը հիմնական կերպն է որով կ’ապացուցանենք թէ իրապէս իր հետեւորդներն ենք։—Յովհ. 13։35
7 Ուրեմն, երբ կարիք մը նկատենք, մեր եղբայրներուն եւ ժողովքին հանդէպ անկեղծ սէրը պէտք է մեզ մղէ որ նախաքայլը առնենք եւ օգնենք որեւէ կերպով որ կրնանք։ (Գաղ. 6։9, 10) Այս հետաքրքրուիլը ուրիշներով մեզ իրարու կը մօտեցնէ խոր սիրոյ եւ միութեան մէջ։ (Ա. Կորն. 10։24) Այս կերպով, մեր բաժինը կը բերենք ժողովքին մէջ կարիքի մը գոհացում տալու մէջ։