Եհովա Զօրութիւն Կը Շնորհէ
1 Որպէս Եհովայի ժողովուրդ, մեզի տրուած է բարի լուրը քարոզելու նշանակումը մինչ մեր վարքը «հեթանոսներուն մէջ բարի» կը պահենք։ (Ա. Պետ. 2։12. Մատթ. 24։14) Նկատի առնելով դժուար ժամանակները ինչպէս նաեւ մեր տկարութիւնները եւ թերութիւնները, մենք առանձին երբեք չէինք կրնար այս գործը կատարել։ (Բ. Տիմ. 3։1–5) Որքա՜ն ուրախ ենք որ կրնանք Եհովայի դիմել օգնութեան համար։
2 Պօղոս առաքեալ շատ փորձութիւններու տոկաց։ (Բ. Կորն. 11։23–27) Ան ինչպէ՞ս կրցաւ ատոնց հետ գլուխ ելլել եւ իր նշանակուած գործը վերջացնել։ Եհովա զինք օժտեց ‘բնականէ աւելի եղած զօրութեամբ’։ (Բ. Կորն. 4։7, ՆԱ) Պօղոս գիտակցեցաւ այդպիսի աստուածային օգնութեան երբ ան գրեց. «Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց»։ (Փիլ. 4։13) Եհովա նոյն կերպով մեզի պիտի օգնէ։ Այս օժանդակութիւնը ինչպէ՞ս կրնանք ձեռք ձգել։
3 Անդադար Աղօթելով. Յիսուս մեզ քաջալերեց որ շարունակենք ‘խնդրել, փնտռել եւ դուռը զարնել’, եւ չյուսահատիլ։ (Ղուկ. 11։5–10) Աղօթքին մէջ մեր յարատեւելը Եհովայի ցոյց կու տայ մեր մտահոգութեան լրջութիւնը, մեր փափաքին խորութիւնը եւ մեր շարժառիթին հարազատութիւնը։ (Սաղմ. 55։17. 88։1, 13. Հռովմ. 1։9–11) Պօղոս գիտակցեցաւ աղօթքի մէջ յարատեւելու կարեւորութեան երբ մեզ քաջալերեց որ ‘անդադար աղօթք ընենք’։ (Ա. Թես. 5։17) Աղօթքը հիմնական միջոցներէն մէկն է որով Եհովայի օգնութիւնը կը ստանանք։
4 Աստուածպետական Առաջնորդութեան Հետեւելով. «Աստուածպետութիւն» կը նշանակէ «Աստուծոյ իշխանութիւն», Որ սէր է։ Մենք անոր իշխանութենէն կ’օգտուինք ընդունելով անոր հեղինակութիւնը եւ հետեւելով անոր ուղղութիւններուն երբ մեծ եւ պզտիկ որոշումներ կ’առնենք։ «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» կը ներկայացնէ աստուածպետական իշխանութիւնը այս երկրի վրայ։ (Մատթ. 24։45–47) «Ծառայ»ին գործածած կազմակերպութեան հետ համագործակցիլը կենսական է եթէ կ’ուզենք Եհովայի օրհնութիւնը ստանալ։ (Բաղդատել Եբրայեցիս 13։17։) Եհովա պիտի վարձատրէ իրեն հանդէպ մեր ցուցաբերած հաւատարմութիւնը եւ մեր կամեցողութիւնը իր օրէնքներուն հնազանդելու, մեզի պէտք եղած զօրութիւնը հայթայթելով յարմար ժամանակին։—Եբր. 4։16
5 Մեր Եղբայրներուն Մօտիկ Մնալով. Սէրը Յիսուսի աշակերտներուն յատկորոշող նշանն է։ (Յովհ. 13։34, 35) Անձնաւորութիւններու ընդարձակ այլազանութիւն ըլլալով, բախում կրնայ ծագիլ մեր միջեւ անձնական տարբերութիւններու պատճառով։ Գթալիր ըլլալու կարիքը ունինք, առատօրէն իրարու ներելով։ (Եփ. 4։32) Ասիկա կարելի կը դարձնէ որ մեր հաւատակից եղբայրներուն մօտիկ մնանք եւ փորձութեան տակ անոնց հաստատ տոկալով քաջալերուինք։ «Գիտնալով որ [մեր] եղբայրներն ալ աշխարհի մէջ նոյն չարչարանքները կը կրեն», մենք աստուածատուր զօրութիւնը ունինք նոյնանման ճնշումներու հետ գլուխ ելլելու։—Ա. Պետ. 5։9
6 Անձնական Ուսումնասիրութեան Լաւ Սովորութիւն մը Պահպանելով. Մեր մտքերը եւ սրտերը հոգեւորապէս ամրացնելը մեզ կարող կը դարձնէ որ Սատանայի յարձակումները վանենք։ (Ա. Պետ. 5։8) Անձնական ուսումնասիրութեան լաւ սովորութիւն մը պիտի աւելցնէ մեր աստուածային գիտութեան պաշարը։ Կրնանք զայն օգտագործել երբ կը դիմագրաւենք ամէնօրեայ մարտահրաւէրները։ Պօղոս շեշտեց թէ ‘ճշգրիտ գիտութիւնը’ կենսական դեր մը կը խաղայ փրկութիւն ձեռք ձգելու մէջ։ (Ա. Տիմ. 2։3, 4) Անհրաժեշտ է որ կանոնաւորաբար հոգեւոր սնունդ իւրացնենք։
7 Բոլոր հայթայթումները որոնք անհրաժեշտ են մեզի օգնելու որ զօրաւոր մնանք, դիւրամատչելի են Քրիստոնէական ժողովքին միջոցաւ։ Անոր գործունէութիւններուն լման սրտով նեցուկ կանգնիլը պիտի երաշխաւորէ որ ‘պիտի քալենք ու չյոգնինք’։—Եսայ. 40։29–31