Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 6/95 էջ 2
  • Հարցումի Տուփ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումի Տուփ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ժողովներուն իրար քաջալերենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
  • Ժողովքին մէջ Եհովան գովէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2019
  • Իրար Կերտենք՝ Ժողովներուն Պատասխաններ Տալով
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
  • Անխախտ Պահենք Մեր Յոյսին Դաւանութիւնը
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1994)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
թծ 6/95 էջ 2

Հարցումի Տուփ

◼ Ինչպէ՞ս կրնանք ժողովներուն աւելի ազդեցիկ կերպով մեկնաբանել։

Մենք անձկագին կը սպասենք որ միասնաբար հաւաքուինք շաբաթական ժողովքային հանդիպումներուն։ Հոն առիթը ունինք որ մեր մեկնաբանութիւններով մեր հաւատքը արտայայտենք եւ ուրիշները քաջալերենք։ (Առ. 20։15. Եբր. 10։23, 24) Մեկնաբանելը պէտք է նկատենք որպէս առանձնաշնորհում մը եւ ջանք թափենք որ կանոնաւորապէս մասնակցինք։ Ասիկա ինչպէ՞ս կրնանք աւելի ազդեցիկ կերպով ընել։

Նախապատրաստուիլը առաջին քայլն է։ Առաջուընէ նիւթը կարդալը եւ անոր վրայ խոկալը կարեւոր է։ Փորձեցէք ներկայացուած կէտին բուն իմաստը ըմբռնել։ Նոյնիսկ եթէ նիւթը անցեալին նկատի առնուած է, փնտռեցէք ընդարձակուած կամ աւելցուած կէտեր որոնք ներկայացուած են։ Ձեր մտքին մէջ պահեցէք նիւթին ընդհանուր բնաբանը։ Երբ մեկնաբանութիւններ կը պատրաստէք գրականութենէ մը որ կը հայթայթէ խոր ուսումնասիրութիւն Աստուածաշունչի մէկ գրքին նկատմամբ, ինչպէս՝ Յայտնութեան Յանգումը գիրքը, փորձեցէք նկատել թէ ինչպէ՛ս որոշ համար մը կապ ունի իրեն շուրջ եղող համարներուն հետ։ Այս թելադրութիւններուն հետեւիլը պիտի խթանէ ձեր մտածելու կարողութիւնը։ Անիկա ձեզի պիտի օգնէ որ լաւ մեկնաբանութիւններ պատրաստէք եւ ձեր մասնակցութեամբ ուրախանաք։

Լաւագոյն մեկնաբանութիւնները հակիրճ, պարզօրէն ըսուած եւ ուսումնասիրուելիք գրականութեան վրայ հիմնուած են։ Առաջին մեկնաբանողը պէտք է հարցումին ուղղակիօրէն պատասխանէ, միւս կէտերը ձգելով յաւելեալ մեկնաբանութիւններու համար։ Խուսափեցէք երկար, կապակցութիւն չունեցող մեկնաբանութիւններէ որոնք չափազանց ժամանակ կ’առնեն եւ ուրիշներու արգելք կը հանդիսանան որ մասնակցին։ Դուք ձեզ արտայայտեցէք ձեր բառերով, փոխանակ գրականութենէն բառ առ բառ ձեր մեկնաբանութիւնը կարդալու։ Յաւելեալ մեկնաբանութիւններ կրնան պարփակել կէտեր որոնք յիշուած են մէջբերուած համարներուն մէջ։ Ուշադրութեամբ մտիկ ըրէք ինչ որ ուրիշները կ’ըսեն, որպէսզի կարենաք անհարկի կրկնութենէ խուսափիլ։

Լաւ է որ ձեր ձեռքը մի քանի անգամ բարձրացնէք, բայց ոչ իւրաքանչիւր պարբերութեան համար։ Մենք կը հրաւիրենք երախաները որ մեկնաբանութեան մասնակցին։ Եթէ պատասխանելու կը վարանիք, կրնաք նախապէս վարիչին տեղեակ պահել թէ ո՛ր պարբերութեան առնչութեամբ կ’ուզէք մեկնաբանել եւ հաւանաբար ձեզի պատեհութիւնը պիտի տայ որ մեկնաբանէք։

Բոլորս ալ պէտք է ջանանք բաժնելիք բան մը ունենալ այն ժողովներուն որոնք ունկնդիրներու մասնակցութիւն կը պարփակեն։ Յիշենք որ այսպիսի ժողովներու յաջողութիւնը մեծաւ մասամբ կախեալ է մեր մեկնաբանելու կամեցողութենէն եւ ազդեցիկ մեկնաբանութիւններ ներկայացնելէն։—Սաղմ. 26։12

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել