Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 7/95 էջ 1
  • «Արթուն Կեցէք»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Արթուն Կեցէք»
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ինչո՞ւ պէտք է ‘արթուն կենանք’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • «Արթո՛ւն կեցէք, հսկեցէ՛ք»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
  • «Արթուն կեցէք». դատաստանին ժամը հասաւ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
  • Յիսուսի արթնութիւնը ընդօրինակէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
թծ 7/95 էջ 1

«Արթուն Կեցէք»

1 Երբ Յիսուս ըսաւ Մատթէոս 26։38–41–ի մէջ արձանագրուած խօսքերը, ան կը մօտենար իր մարդկային գոյութեան ամենէն վճռական պահին։ Ատիկա պիտի փաստէր ամենէն կարեւոր ժամանակը ըլլալ մարդկային ամբողջ պատմութեան մէջ։ Ամբողջ մարդկութեան փրկութիւնը վտանգի մէջ էր։ Յիսուսի աշակերտները կարիքը ունէին ‘արթուն մնալու’։

2 Ազատարարի եւ դահիճի երկեակ դերով Յիսուսի հասնելուն սեմին կը գտնուինք այսօր։ Որպէս արթուն Քրիստոնեաներ որոնք կը գիտակցին ժամանակներուն ստիպողականութեան, մենք պարզապէս ձեռքերնիս ծալելով ազատումի չենք սպասեր։ Գիտենք թէ ամէն ատեն պատրաստ պէտք է ըլլանք։ Անհրաժեշտ է որ շարունակենք ‘աշխատիլ եւ ճգնիլ’ Եհովայի մեր ծառայութեան մէջ։ (Ա. Տիմ. 4։10, ՆԱ) Ի՞նչ կրնանք ըսել իւրաքանչիւրիս մասին։ Արթուն կեցա՞ծ ենք։

3 Մենք Մեզ Քննենք. Յիսուս նաեւ ազդարարեց. «Զգուշացէք ձեր անձերուն»։ (Ղուկ. 21։34, 35) Պէտք է մեր անձերուն ուշադիր ըլլանք, վստահ ըլլալով որ «անբիծ ու անարատ [ենք] . . . կամակոր ու խոտորեալ ազգին մէջ»։ (Փիլ. 2։15) Իւրաքանչիւր օր որպէս Քրիստոնեաներ կ’ապրի՞նք, Յիսուս ընդօրինակելով եւ Աստուծոյ Խօսքին մէջ ուրուագծուած սկզբունքներուն հետ ներդաշնակ քալելով։ Պէտք է խուսափինք ոչ–Քրիստոնէական վարքէ որ կը յատկանշէ աշխարհ մը որ «չարին մէջ է»։ (Ա. Յովհ. 5։19. Հռովմ. 13։11–14) Երբ մենք մեզ կը քննենք Սուրբ Գրութիւններուն լոյսին տակ, իրապէս արթո՞ւն ենք ինչպէս որ Յիսուս հրահանգ տուաւ։

4 Երէցները պէտք է գերուշադիր ըլլան որ ժրաջանութեամբ կատարեն իրենց նշանակումները ժողովքին մէջ, գիտակցելով որ հաշիւ պիտի տան թէ ինչպէ՛ս հօտին հոգ կը տանին։ (Եբր. 13։17) Ընտանիքներու գլուխները մասնաւոր պարտաւորութիւն մը ունին որ իրենց ընտանիքները առաջնորդեն Եհովայի ճամբաներուն մէջ։ (Ծննդ. 18։19. Յես. 24։15. բաղդատել Ա. Տիմ. 3։4, 5։) Նաեւ, որքա՜ն կենսական է որ բոլորս ալ ի գործ դնենք Աստուածաշունչի պատուէրը զիրար սիրելու։ Ասիկա ճշմարիտ Քրիստոնէութեան նշանն է։—Յովհ. 13։35

5 Գերուշադիր Ըլլանք Ուրիշները Ազդարարելու. Արթուն մնալը կը պարփակէ մեր անձերուն ուշադրութիւն ընծայելէ շատ աւելին։ Մենք ուրիշները աշակերտելու յանձնարարութիւն մը ունինք։ (Մատթ. 28։19, 20) Դրացին սիրելը պէտք է մեզ մղէ որ ուրիշները ազդարարենք այնպէս որ կարենան վերապրիլ այս աշխարհի վրայ գալիք կործանումէն։ Ասիկա պատասխանատուութիւն մըն է զոր բոլոր Քրիստոնեաները կը կրեն։ Ան մեր պաշտամունքին կարեւոր մէկ մասն է։ (Հռովմ. 10։9, 10. Ա. Կորն. 9։16) Յաճախ կը դիմագրաւենք անտարբերութիւն կամ ուղղակի հակառակութիւն այս կենսապահ գործին հանդէպ։ Մենք պարտաւորութիւն ունինք որ յարատեւենք, նոյնիսկ եթէ մեծամասնութիւնը անտեսէ մեր ազդարարութիւնը։ (Եզեկ. 33։8, 9) Աստուծոյ եւ դրացիին հանդէպ հարազատ սէրը պիտի մղէ մեզ որ յարատեւենք։

6 Հիմա ինքնագոհութեան ժամանակը չէ։ Թոյլ պէտք չէ տանք որ կեանքի ամէնօրեայ մտահոգութիւնները մեզ զբաղեցնեն, ո՛չ ալ միջամուխ ըլլանք այս դրութեան հաճոյքներուն, որոգայթ մը ըլլալու աստիճան։ (Ղուկ. 21։34, 35) Հիմա, որեւէ ժամանակէ աւելի, ստիպողականութեան զգացումի կարիքը կայ։ Ժամանակը արագօրէն կը մօտենայ որ Յիսուս Քրիստոս դատաստան ի գործ դնէ այս ամբարիշտ դրութեան դէմ։ Միայն անոնք որոնք արթուն կեցած են պիտի վերապրին։ Եթէ Յիսուսի հրահանգներուն հնազանդինք եւ «այս բոլոր նեղութիւններէն [ազատինք]», որքա՜ն շնորհապարտ պիտի ըլլանք։—Ղուկ. 21։36

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել