Բարի Լուրին Ինչպէս Կը Վայելէ՝ Այնպէս Վարուեցէք
1 Որպէս Եհովայի Վկաներ, կը փափաքինք Եհովայի անունը պատուել։ Մենք գիտենք որ մեր վարքը, խօսելակերպը, յարդարանքը եւ հագուելակերպը կրնան ազդել թէ ուրիշներ ի՛նչպէս պիտի նկատեն ճշմարիտ պաշտամունքը։ Ասիկա յատկապէս շիտակ է երբ մեր ժողովներուն ներկայ ենք։ Կ’ուզենք վստահ ըլլալ թէ ժողովներուն ամէն ինչ որ կ’ըսուի եւ կը կատարուի, բարի լուրին կը վայելէ եւ Եհովայի պատիւ կը բերէ։—Փիլ. 2։4
2 Քրիստոնեաներուն համար անընդունելի են աշխարհի շատ մը չափանիշները հագուելակերպի ու յարդարանքի առնչութեամբ։ Ասիկա հարց մըն է որու բարի լուրի ծառաները պէտք է սուր ուշադրութիւն ընծայեն։ Դիտարան Յուլիս 1, 1989–ի թիւը, էջ 20, նշեց. «Մեր հագուստները շատ սուղնոց ըլլալու պէտք չունին, բայց անոնք մաքուր, ճաշակաւոր եւ համեստ պէ՛տք է ըլլան։ Մեր կօշիկներն ալ նորոգուած եւ լաւ երեւոյթ մը պէտք է ունենան։ Նմանապէս, բոլոր ժողովներուն՝ մէջը ըլլալով Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութիւնը՝ մեր մարմինները մաքուր, իսկ մենք կոկիկ եւ պատշաճ կերպով հագուած պէտք է ըլլանք»։
3 Ճշդապահութիւնը ցոյց կու տայ սիրալիր նկատառութիւն եւ փափկանկատութիւն։ Երբեմն անխուսափելի պարագաներ արգելք կը հանդիսանան որ ժողովի մը ճիշդ ժամանակին հասնինք։ Բայց սովորութիւն դարձած ուշ հասնիլը կրնայ յարգանքի պակաս ցուցաբերել ժողովներուն սրբազան նպատակին հանդէպ եւ թերագնահատանք՝ ուրիշները խանգարելէ խուսափելու մեր պատասխանատուութեան հանդէպ։ Ուշ հասնողները յաճախ ուրիշները կը զբաղեցնեն եւ արգելք կը հանդիսանան որ անոնք յայտագրէն լման օգուտ քաղեն։ Ճշդապահութիւնը յարգանք ցոյց կու տայ բոլոր ներկաներուն զգացումներուն եւ շահերուն հանդէպ։
4 Մեր դրացիին հանդէպ եղած սէրը պէտք է մեզ ուշադիր դարձնէ որ խուսափինք խանգարում պատճառելէ ժողովներուն ընթացքին։ փսփսալը, ուտելը, ձիւթ ծամելը, էջեր դարձնելը եւ անտեղիօրէն արտաքնոց երթալը կրնան խանգարել ուրիշներու կեդրոնացումը եւ նսեմացնել այն լրջութիւնը որու արժանի է Եհովայի պաշտամունքին վայրը։ Անյարմար է որ ոեւէ անհատ ժողովքային հարցեր ձեռք առնէ կամ ուրիշներու հետ խօսակցի բացի եթէ ստիպողականութիւն մը կայ որ կը պահանջէ եղբայրները իրենց աթոռները ձգեն։ Այլապէս, բոլորն ալ պէտք է նստին ու յայտագրին մտիկ ընեն այնպէս որ իրենց անձերուն եւ իրենց ընտանիքներուն օգտեն։ Անքաղաքավարութիւնը տեղ չունի Թագաւորութեան Սրահին մէջ, քանի որ «սէրը . . . անվայել վարմունք չունենար»։—Ա. Կորն. 13։4, 5. Գաղ. 6։10
5 Ժողովներուն մէջ մեր զաւակներուն ընտիր վարքն ալ Եհովայի անուան փառաբանութիւն եւ պատիւ կը բերէ։ Ծնողներուն կողմէ մօտիկ վերահսկողութիւնը կենսական է։ Պզտիկներուն պէտք է քաջալերութիւն տրուի որ մտիկ ընեն ու մասնակցին։ Մանուկներ ունեցող շատ մը ծնողներ կ’ընտրեն նստիլ տեղ մը ուր կրնան դիւրաւ դուրս ելլել եւ իրենց զաւակներուն կարիքներուն հոգ տանիլ առանց ուրիշները անտեղիօրէն խանգարելու։
6 Պօղոս խրատեց. «Աւետարանին [բարի լուրին (ՆԱ)] ինչպէս կը վայլէ՝ այնպէս վարուեցէք»։ (Փիլ. 1։27) Ուստի, թող որ ջանանք քաղաքավար ու նկատառու ըլլալ ուրիշներու հանդէպ երբ ժողովներուն ներկայ կը գտնուինք։ Բոլորին համագործակցութիւնը պիտի երաշխաւորէ որ ‘քաջալերութիւն ըլլայ իրարու փոխադարձ հաւատքին միջոցով’։—Հռովմ. 1։12