Կենցաղավարութիւնը՝ Բարեպաշտ Անհատներու Մէկ Յատկանիշն Է
1 Ներկայիս լաւ կենցաղավարութիւնը հազուագիւտ է։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մարդիկ ա՛յնքան կ’աճապարեն, որ հազուադէպօրէն կը խորհին հիմնական կենցաղավարութեան մասին, ինչպէս՝ «Հաճիս», «Շնորհակալ եմ», կամ «Ներողութիւն» ըսել։ Աստուծոյ Խօսքը նախագուշակեց թէ վերջին օրերուն քաղաքավարութիւնը պիտի նուազէր, նշելով թէ մարդիկ ‘պիտի ըլլային անձնասէր, ամբարտաւան, հպարտ, ապերախտ, անգութ, անժուժկալ, բարին չսիրող, յանդուգն’։ (Բ. Տիմ. 3։1-4) Այս բոլոր յատկանիշները վատ կենցաղավարութիւն յառաջ կը բերեն։ Որպէս բարեպաշտ անհատներ, Քրիստոնեաները զգոյշ պէտք է ըլլան որ ուրիշներու հանդէպ անյարգալից ըլլալու աշխարհի կեցուածքը չորդեգրեն։
2 Ի՞նչ Է Կենցաղավարութիւնը. Լաւ կենցաղավարութիւնը կարելի է նկարագրել որպէս՝ ուրիշներու զգացումներուն հանդէպ նկատառու ըլլալը, ուրիշներու հետ խաղաղութեամբ ապրելու կարողութիւնը։ Լաւ կենցաղավարութեան երեսակներն են՝ նկատառութիւնը, քաղաքավարութիւնը, ազնուութիւնը եւ փափկանկատութիւնը։ Այս յատկանիշները ծագում կ’առնեն Աստուծոյ ու դրացիին հանդէպ անհատին ունեցած սէրէն։ (Ղուկ. 10։27) Անոնք ծախսի չեն նայիր, սակայն, ուրիշներու հետ մեր յարաբերութիւնները բարելաւելու համար արժէքաւոր են։
3 Յիսուս Քրիստոս կատարեալ օրինակ մը հանդիսացաւ։ Ան միշտ Ոսկեղէն Կանոնը գործադրեց. «Ինչպէս կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք»։ (Ղուկ. 6։31) Իր աշակերտներուն հետ իր վերաբերմունքին մէջ Յիսուսի ցուցաբերած նկատառութեան եւ սիրալիր մօտեցումին վրայ չե՞նք հիանար։ (Մատթ. 11։28-30) Անոր լաւ կենցաղավարութիւնը հիմնուած չէր քաղաքավարութեան վերաբերեալ գրքերու մէջ գրուած օրէնքներուն վրայ։ Անոր ետին կար անկեղծ եւ առատաձեռն սիրտ մը։ Պէտք է ջանանք իր լաւ օրինակին հետեւիլ։
4 Քրիստոնեաները ե՞րբ լաւ կենցաղավարութեան կարիքը ունին։ Միայն մասնայատուկ առիթներո՞վ, երբ իրենց շարժառիթը ըլլայ լաւ տպաւորութիւն ձգել։ Կենցաղավարութիւնը անհրաժեշտ է միայն երբ կը ջանան ուրիշներու վրայ ազդեցութի՞ւն բանեցնել։ Ո՛չ։ Պէտք է ամէ՛ն ատեն լաւ կենցաղավարութիւն ցուցաբերենք։ Ժողովքին մէջ իրարու հետ մեր ընկերակցութեան մէջ, յատկապէս ի՞նչ կերպերով ասով հետաքրքրուած պէտք է ըլլանք։
5 Թագաւորութեան Սրահին Մէջ. Թագաւորութեան Սրահը մեր պաշտամունքի վայրն է։ Մեզ հոն հրաւիրողը Եհովա Աստուած է։ Այս առումով, մենք հիւր ենք։ (Սաղմ. 15։1) Երբ Թագաւորութեան Սրահ գանք, օրինակելի՞ հիւրեր ենք։ Մեր հագուելակերպին ու յարդարանքին բաւարար ուշադրութիւն կ’ընծայե՞նք։ Վստահաբար, պիտի ուզէինք խուսափիլ անպաշտօն կամ ծայրայեղ յարդարանքէ։ Թէ՛ նահանգային համաժողովներուն եւ թէ մեր շաբաթական ժողովներուն, Եհովայի ժողովուրդը ճանչցուած է իր քաղաքավար երեւոյթով, ինչպէս կը վայելէ աստուածպաշտութիւն դաւանող անհատներուն։ (Ա. Տիմ. 2։9, 10) Այսպիսով, պատշաճ նկատառութիւն եւ յարգանք ցոյց կու տանք, թէ՛ մեր սիրալիր երկնաւոր Հիւրընկալին եւ թէ միւս հրաւիրեալներուն հանդէպ։
6 Ժողովներու առնչութեամբ լաւ կենցաղավարութիւն ցոյց տալու ուրիշ կերպ մըն է՝ ճիշդ ժամանակին ներկայ ըլլալը։ Ճիշդ է որ ասիկա միշտ դիւրին չէ։ Ոմանք բաւական հեռու կրնան բնակիլ կամ մեծ ընտանիքներ ունենալ, որոնք պէտք է պատրաստուին։ Սակայն, նկատուած է թէ կարգ մը ժողովքներու մէջ, հրատարակիչներուն 25 տոկոսէն աւելին, սովորութիւն ունին բացման երգեցողութենէն ու աղօթքէն ետք հասնելու։ Ասիկա լուրջ հարց մըն է։ Լաւ կ’ըլլայ որ յիշենք թէ կենցաղավարութիւնը կապ ունի ուրիշներու զգացումներուն նկատմամբ նկատառու ըլլալուն հետ։ Եհովա, մեր գթառատ Հիւրընկալը, այս հոգեւոր խնճոյքները մեր օգտին համար պատրաստած է։ Ճշդապահ ըլլալով, մեր գնահատութիւնը եւ իր զգացումներուն հանդէպ մեր նկատառութիւնը ցոյց կու տանք։ Ասկէ զատ, ժողովներուն ուշ գալը կրնայ հոն ներկայ եղողները խանգարել, եւ անոնց հանդէպ յարգանքի պակաս ցոյց կու տայ։
7 Երբ ժողվուինք, ներկաներուն մէջ գտնուող նորեկներուն ուշադիր կ’ըլլա՞նք։ Անոնց բարի գալուստ մաղթելը լաւ կենցաղավարութեան մաս կը կազմէ։ (Մատթ. 5։47. Հռովմ. 15։7) Սիրալիր բարեւ մը, ջերմօրէն ձեռնուիլը, ազնիւ ժպիտ մը՝ չնչին բաներ են, սակայն ասոնք ալ, սիրոյ կողքին, կը նպաստեն որ ուրիշներէ զանազանուինք որպէս ճշմարիտ Քրիստոնեաներ։ (Յովհ. 13։35) Առաջին անգամ ըլլալով Թագաւորութեան Սրահ գալէ ետք, մարդ մը ըսաւ. «Մէկ օրուան մէջ, աւելի մեծ թիւով մարդոց ծանօթացայ, որոնք թէեւ բոլորովին օտար՝ սակայն անկեղծ ու սիրալիր էին, քան այն բոլոր տարիներու ընթացքին, որ եկեղեցի յաճախած էի։ Բացայայտ էր թէ ճշմարտութիւնը գտած էի»։ Որպէս արդիւնք, ան իր կեանքի ընթացքը փոխեց, եւ եօթը ամիս ետք մկրտուեցաւ։ Այո, լաւ կենցաղավարութիւնը կրնայ հեռահաս ազդեցութիւններ ունենալ։
8 Եթէ օտարներուն հետ քաղաքավարութեամբ կը վարուինք, պէտք չէ՞ նոյն կերպով վարուինք «մանաւանդ հաւատքի ընտանիներուն» հետ։ (Գաղ. 6։10) Հոս կը կիրարկուի հետեւեալ սկզբունքը. «Ծերին հետ նկատառութեամբ պէտք է վարուիս»։ (Ղեւտ. 19։32, ՆԱ) Ժողովներուն մէջ տարեցները երբեք պէտք չէ անտեսենք։
9 Ուշի Ուշով Հետեւիլ. Ժողովներու ընթացքին, Աստուծոյ Քրիստոնեայ ծառաները կը խօսին, որպէսզի մեզ կերտող հոգեւոր պարգեւներ հաղորդեն։ (Հռովմ. 1։11) Վստահաբար կենցաղավարութեան պակաս ցոյց տուած կ’ըլլանք, եթէ ժողովներու ընթացքին մրափենք, լսելի կերպով ձիւթ ծամենք, մեր քով նստողին շարունակ փսփսանք, անհարկիօրէն արտաքնոց երթանք, անկապ նիւթեր ընթերցենք, կամ ուրիշ բաներով զբաղինք։ Երէցները այս ուղղութեամբ օրինակելի պէտք է ըլլան։ Լաւ կենցաղավարութիւնը պիտի մղէ մեզ որ դասախօսին եւ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած անոր պատգամին հանդէպ պատշաճ յարգանք ցուցաբերենք, անոր ընծայելով մեր անշեղ ուշադրութիւնը։
10 Ասկէ զատ, թէ՛ դասախօսին եւ թէ ներկաներուն հանդէպ նկատառութենէ մղուած, պէտք չէ թոյլ տանք որ ելեկտրոնական փէյճըր–ները եւ բջիջային հեռաձայնները մեր ժողովները խանգարեն։
11 Կենցաղավարութիւնը եւ Երախաները. Ծնողներ միշտ արթուն պէտք է ըլլան որ իրենց զաւակները ի՛նչպիսի վարմունք կը ցուցաբերեն։ Եթէ երախայ մը ժողովի ընթացքին սկսի լալ կամ անհանդարտ ըլլալ եւ ասիկա ուրիշները խանգարէ, լաւ կ’ըլլայ որ կարելի եղածին չափ շուտով լսարանէն դուրս հանուի, զայն հանդարտեցնելու համար։ Երբեմն ասիկա կրնայ դժուար ըլլալ, սակայն, յիշեցէք թէ ասիկա ցոյց կու տայ թէ դուք ուրիշներու զգացումներուն հանդէպ նկատառու էք։ Ծնողներ որոնք անհանդարտ կենալու հակումը ունեցող երախաներ ունին, յաճախ կ’ընտրեն նստիլ լսարանին անցքերուն մօտ, որպէսզի եթէ հարկ ըլլայ ժողովի ընթացքին դուրս ելլել, կարելի եղածին չափ քիչ անձեր խանգարեն։ Անշուշտ, մնացեալ ներկաները կրնան ընտանիքներուն հանդէպ նկատառութիւն ցոյց տալ, ետեւի շարքերը անոնց վերապահելով, եթէ փափաքին։
12 Ծնողներ ժողովէն առաջ եւ վերջ ալ իրենց զաւակներուն վարքին զգոյշ պէտք է ըլլան։ Երախաներ պէտք չէ սրահին մէջ վազվռտեն, քանի որ ասիկա կրնայ արկածներ պատճառել։ Թագաւորութեան Սրահին շրջակայքը վազվռտելն ալ կրնայ վտանգաւոր ըլլալ, մանաւանդ երեկոները, երբ տեսողութիւնը աղօտ է։ Սրահէն դուրս՝ բարձրաձայն խօսիլն ալ կրնայ դրացիները խանգարել եւ մեր պաշտամունքին հանդէպ աննպաստ տպաւորութիւն ձգել։ Ծնողներ որոնք խղճմտօրէն ջանք կը թափեն իրենց զաւակներուն վրայ հսկելու Թագաւորութեան Սրահին մէջ թէ դուրս, գովասանքի արժանի են, քանի որ ասիկա միաբանութեամբ մեր իրարու հետ բնակիլը աւելի հաճելի կը դարձնէ։—Սաղմ. 133։1
13 Գրքի Ուսումնասիրութեան Վայրին Մէջ. Իրենց տուները ժողովներու համար տրամադրող մեր եղբայրներուն հիւրասիրութիւնը կը գնահատենք։ Երբ հոն ներկայ կը գտնուինք, պէտք է անոնց ստացուածքին հանդէպ նկատառութիւն եւ յարգանք ցոյց տանք։ Ներս մտնելէ առաջ պէտք է ուշադրութեամբ մեր կօշիկները սրբենք, որպէսզի գետինը եւ գորգերը չաղտոտենք։ Ծնողներ իրենց զաւակներուն վրայ պէտք է հսկեն, վստահ ըլլալով թէ անոնք տան այն մասին մէջ կը մնան, որ գրքի ուսումնասիրութեան համար յատկացուած է։ Թէեւ խումբը կրնայ պզտիկ ըլլալ եւ մթնոլորտը ձեւով մը անպաշտօն, սակայն, պէտք չէ ուրիշներու տան մէջ մեր ազատութիւնը առնենք։ Երբ երախայ մը արտաքնոց պիտի երթայ, ծնողքը պէտք է իրեն ընկերակցի։ Ասկէ զատ, քանի որ գրքի ուսումնասիրութիւնը ժողովքային հանդիպում մըն է, պէտք է հագնինք այնպէս ինչպէս որ կը հագնինք երբ Թագաւորութեան Սրահ կ’երթանք։
14 Լաւ Կենցաղավարութիւնը Կենսական Է. Քրիստոնէական կենցաղավարութիւն ի գործ դնելը ո՛չ միայն մեր ծառայութեան վրայ լաւ տպաւորութիւն կը ձգէ, այլեւ՝ ուրիշներու հետ լաւ յարաբերութիւններ ունենալու կը նպաստէ։ (Բ. Կորն. 6։3, 4, 6) Որպէս ուրախ Աստուծոյ երկրպագուներ, մեզի համար բնական բան մը պէտք է ըլլայ՝ ժպտալը, ուրիշներու հետ հաշտ ըլլալը եւ նոյնիսկ ուրիշները ուրախացնելու համար չնչին ու ազնիւ բաներ ընելը։ Քաղաքավարութեան այս յատկանիշները, որպէս բարեպաշտ անհատներ՝ մեր կեանքը պիտի զարդարեն։