Կատարողներ Ըլլանք—Ոչ Միայն Լսողներ
1 Ներկայիս ճշմարիտ Քրիստոնեաները լուրջի կ’առնեն Աստուածաշունչի յորդորը որ խօսքը կատարողներ ըլլան, ոչ միայն լսողներ։ (Յակ. 1։22) Անոնք Քրիստոնեայ ըլլալ դաւանողներուն հետ սուր կերպով կը հակադրուին, որոնք Աստուծոյ միայն շրթներու ծառայութիւն կը մատուցանեն։ (Եսայ. 29։13) Յիսուս յստակօրէն նշեց որ միայն Աստուծոյ կամքը կատարողները պիտի փրկուին։—Մատթ. 7։21
2 Պաշտամունքը առանց բարեպաշտ գործերու անիմաստ է։ (Յակ. 2։26) Ուստի մենք մեզի հարց պէտք է տանք. ‘Գործերս ի՞նչպէս կ’ապացուցանեն որ հաւատքս հարազատ է։ Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ իրապէս հաւատացածիս համաձայն կ’ապրիմ։ Ի՞նչպէս կրնամ աւելի լման կերպով Յիսուսը ընդօրինակել’։ Այս հարցումներուն պարկեշտօրէն պատասխանելը պիտի օգնէ մեզի որ տեսնենք Աստուծոյ կամքը կատարելու մէջ ի՛նչ յառաջդիմութիւն ըրած ենք կամ տակաւին պէտք է ընենք։
3 Յիսուսի քայլերուն հետեւողներ ըլլալով, կեանքի մէջ մեր գլխաւոր նպատակակէտը սաղմոսերգուին արտայայտածին նման պէտք է ըլլայ. «Ամէն օր Աստուծմով կը պարծենանք ու յաւիտեան քու անունդ պիտի գովենք»։ (Սաղմ. 44։8) Քրիստոնէութիւնը կենցաղ մըն է որ ամէն օր եւ մեր ըրած ամէն բանով կը յայտնաբերուի։ Ի՜նչ գոհունակութիւն կը գտնենք մինչ մեր բոլոր գործունէութիւններուն մէջ Եհովան փառաբանելու մեր սրտանց փափաքը կը ցուցաբերենք։—Փիլ. 1։11
4 Եհովան Փառաբանելը Ուղիղ Կեանք մը Վարելէն Աւելի կը Պարփակէ. Եթէ Աստուծոյ պահանջածը միմիայն բարի վարմունք ըլլար, մենք կրնայինք պարզապէս մեր անձնաւորութիւնը բարելաւելու վրայ կեդրոնանալ։ Սակայն, մեր պաշտամունքը նաեւ կը պարփակէ Եհովայի առաքինութիւնները ծանուցանել եւ իր անունը հանրապէս յայտարարել։—Եբր. 13։15. Ա. Պետ. 2։9
5 Բարի լուրը հանրապէս քարոզելը մեր կատարած ամենակարեւոր գործերէն մէկն է։ Յիսուս այդ գործին ինքզինք ամբողջովին տրամադրեց, քանի որ գիտէր որ անիկա ընդառաջողներուն յաւիտենական կեանք կը նշանակէր։ (Յովհ. 17։3) Ներկայիս ‘խօսքին ծառայել’ը նմանապէս կարեւոր է. անիկա միակ միջոցն է որով կարելի է մարդիկ փրկել։ (Գործք 6։4. Հռովմ. 10։13) Հեռահաս օգուտները նկատելով, կրնանք ըմբռնել թէ ինչո՛ւ Պօղոս յորդորեց մեզ որ ‘խօսքը քարոզենք’ ու ‘մտադրութեամբ մեր գործին պարապինք’։—Բ. Տիմ. 4։2
6 Ո՞ր տարողութեամբ Եհովան փառաբանելով պէտք է զբաղինք։ Սաղմոսերգուն ըսաւ որ Եհովան փառաբանելը օրն ի բուն իր մտքին մէջ էր։ Նոյն մտավիճակը չունի՞նք։ Ամէն հաղորդակցութիւն ոեւէ անհատի հետ Եհովայի անուան մասին խօսելու հաւանական առիթ պիտի սեպենք։ Մեր խօսակցութիւնը հոգեւոր նիւթերու ուղղելու համար յարմար պատեհութիւններ պիտի փնտռենք։ Նաեւ, ժողովքին կողմէ կազմակերպուած դաշտի ծառայութեան գործունէութիւններուն պիտի ջանանք կանոնաւորաբար մասնակցիլ։ Նպաստաւոր պարագաներ ունեցողները կրնան ռահվիրայական ծառայութիւնը լրջօրէն նկատի առնել, որովհետեւ ասիկա մեզի կ’օգնէ որ ամէն օր քարոզչութեան գործը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնենք։ Աստուծոյ Խօսքը կը վստահեցնէ մեզ որ Աստուծոյ կամքը յարատեւ կատարելով ուրախ պիտի ըլլանք։—Յակ. 1։25