Ճշգրիտ Գիտութեան Մէջ Շարունակենք Աճիլ
Աստուծոյ մասին ճշգրիտ գիտութիւն ունենալը յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ։ (Յովհ. 17։3) Անհրաժեշտ է որ մեր լաւագոյնը ընենք Եհովայի մասին մեր ճշգրիտ գիտութիւնը աւելցնելու համար։ (Կող. 1։9, 10) Յունիս 9–էն ի վեր, սկսած ենք Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան մէջ՝ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գիրքը ուսումնասիրել։
Ուսումնասիրութեան յայտագիրը թոյլ կու տայ որ գրքին մէջ գտնուող իւրաքանչիւր պարբերութիւն եւ սուրբ գրային համար լիովին քննարկուին։
Ուսումնասիրութեան երեսակներէն մէկն է՝ իւրաքանչիւր գլուխին վերջաւորութեան գտնուող ուսուցումի շրջագծին քննարկումը։ Հետեւաբար, բաւարար ժամանակ պէտք է տրամադրուի, շրջագծին յիշած հարցումները նկատի առնելու համար։
Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան վարիչներուն յորդոր կը տրուի, որ մասնաւոր ուշադրութիւն ընծայեն իրենց պատրաստութեան եւ քաջալերեն իրենց խումբին նշանակուած բոլոր անհատները՝ մէջ ըլլալով նորեկները՝ որ լաւ պատրաստուին, կանոնաւորաբար ներկայ ըլլան ու իրենց մասնակցութիւնը բերեն։—Մեր Ծառայութիւնը էջ 74-76
Ո՛չ միայն Աստուծոյ Խօսքին մեր հասկացողութիւնը պիտի խորանայ, այլ նաեւ՝ աւելի լաւ կերպով պիտի զինուինք զայն ուրիշներու սորվեցնելու։ Դուք եւ ձեր ընտանիքը պիտի օրհնուիք, եթէ առաջուընէ պատրաստէք, իւրաքանչիւր շաբաթ ներկայ գտնուիք ու մասնակցիք, եւ ձեր սորվածը գործածէք ծառայութեան մէջ։