Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 5/97 էջ 1
  • Շարունակաբար Յիսուսի Հետեւիլ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Շարունակաբար Յիսուսի Հետեւիլ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Այլեւս մենք մեզի համար չենք ապրիր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
  • ՀԱՐՑՈՒՄԻ ՏՈՒՓ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1993)
  • Անձնազոհ հոգի մը ունեցէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • 100,000 Օժանդակ Ռահվիրաներ Կ’ուզուին—Կրնա՞ք Օժանդակ Ռահվիրայ Մը Ըլլալ Մարտին, Ապրիլին, Մայիսին
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
թծ 5/97 էջ 1

Շարունակաբար Յիսուսի Հետեւիլ

1 Առիթով մը, Յիսուս ըսաւ. «Եթէ մէկը իմ ետեւէս գալ կ’ուզէ, թող իր անձը ուրանայ եւ իր տանջանքի ցիցը վերցնէ ու շարունակաբար իմ ետեւէս գայ»։ (Մատթ. 16։24, ՆԱ) Անկասկած, կ’ուզենք դրականօրէն ընդառաջել Յիսուսի խօսքերուն։ Այժմ քննենք, թէ Յիսուսի այս հրաւէրին ամէն մէկ նախադասութիւնը ի՛նչ կը պարփակէ։

2 «Թող Իր Անձը Ուրանայ». Երբ մեր կեանքը Աստուծոյ կը նուիրենք, մեր անձը կ’ուրանանք։ «Ուրանալ» Յունարէն բառին գլխաւոր իմաստը՝ «ո՛չ ըսել» կը նշանակէ։ Ասիկա կը նշանակէ յօժարակամօրէն մէկդի դնել մեր փառասիրութիւնները, ցանկութիւնները, հանգիստը եւ անձնասէր հաճոյքները ու վճռակամօրէն ամէն բանով յաւիտեան, Եհովան հաճեցնել։—Հռովմ. 14։8. 15։3

3 «Տանջանքի Ցիցը Վերցնէ». Քրիստոնեային կեանքը, Եհովայի անձնազոհ ծառայութեան տանջանքի ցիցը վերցնելու կեանք մըն է։ Անձնազոհ հոգի մը ցուցաբերելու կերպերէն մէկն է, ջանադիր ըլլալ ծառայութեան մէջ։ Այս տարի, մինչեւ հիմա բազմաթիւ հրատարակիչներ օժանդակ ռահվիրայութեան ծառայութիւնը վայելեցին։ Թերեւս դո՛ւք ալ անոնց մէջ էք եւ կրնաք հաստատել, թէ անկէ ձեր ստացած օրհնութիւնները, զոհողութիւններէն գերազանց են։ Անոնք որոնք կարող չեն որպէս օժանդակ ռահվիրաներ ծառայել, յաճախ իրենց գործերը կարգադրած են, որպէսզի աւելի՛ ծառայութեան ժամանակ տրամադրեն։ Այս նպատակով, կարգ մը ժողովքներ դաշտի ծառայութեան ժողովները սովորականէն քիչ մը աւելի կանուխ յայտագրած են։ Գարնան եղանակը ըլլալով, բազմաթիւ հրատարակիչներ, ծառայութեան համար աւելի երկար ժամեր ունենալը կ’արժեւորեն։ Ոմանք սքանչելի արդիւնքներ ձեռք ձգած են, երբ պարզապէս որոշած են ‘միայն մէկ դուռ ալ ընել’ կամ ‘քանի մը վայրկեան աւելի երկար աշխատիլ’։

4 Անձնական նպատակակէտեր դնելը, անձնազոհ հոգի մը ցոյց տալու ուրիշ կերպ մըն է։ Ուշադիր կերպով ծրագրելով եւ հարկ եղած բարեփոխութիւնները ընելով, շատեր կրցած են կանոնաւոր ռահվիրայ ըլլալ։ Ուրիշներ, իրենց գործերը կարգադրած են, որպէսզի իրենք զիրենք մատչելի դարձնեն, Պէթէլի կամ միսիոնարական ծառայութեան համար։ Ոմանք փոխադրուած են հո՛ն, ուր Թագաւորութեան հրատարակիչներու աւելի մեծ կարիք կայ։

5 «Շարունակաբար Իմ Ետեւէս Գայ». Յիսուսի աշակերտները շատ մը փորձութիւններ ունենալով հանդերձ, կը քաջալերուէին ծառայութեան մէջ իր ունեցած նախանձախնդրութենէն եւ համբերատարութենէն։ (Յովհ. 4։34) Իր ներկայութիւնը եւ պատգամը հոգեպէս կը կազդուրէր զիրենք։ Այս պատճառաւ, անոնք որոնք իրեն կը հետեւէին, իսկական ուրախութիւն կը ճառագայթէին։ (Մատթ. 11։29) Մե՛նք ալ նոյնպէս զիրար քաջալերենք, որպէսզի Թագաւորութեան քարոզչութեան եւ աշակերտելու այս ամենակարեւոր գործին մէջ յարատեւենք։

6 Թող որ բոլորս ալ շարունակաբար իր ետեւէն երթալու՝ Յիսուսի հրաւէրին դրական կերպով ընդառաջենք, անձնուրաց հոգի մը զարգացնելով։ Մինչ ասիկա կ’ընենք, հիմա մեծապէս պիտի ուրախանանք, աւելի մեծ ուրախութիւն ակնկալելով ապագային։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել