Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 12/97 էջ 1
  • Ձեր Բացակայութիւնը Զգալի Է

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ձեր Բացակայութիւնը Զգալի Է
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Քրիստոնէական ժողովները շինիչ դարձնելու մէջ բաժին կը բերե՞ս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
  • Մեր ժողովները ինչո՞ւ կարեւոր են
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Ընտանեկան յայտագիր՝ ժողովքային հանդիպումներ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
  • Եհովայի վկաներու ժողովները ինչպէ՞ս կրնան քեզի օգնել
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
թծ 12/97 էջ 1

Ձեր Բացակայութիւնը Զգալի Է

1 Երբեմն կրնայ պատահիլ որ մէկ կամ մէկէ աւելի ժողովներ փախցնենք, խորհելով որ ‘բացակայութիւնս մէկը պիտի չզգայ. անոնք նոյնիսկ պիտի չնկատեն որ հոն չեմ’։ Ասիկա շիտակ չէ։ Մեր ֆիզիքական մարմնի որեւէ անդամի նման, իւրաքանչիւրս կենսական դեր մը կը խաղանք ժողովքին գործընթացին մէջ։ (Ա. Կորն. 12։12) Շաբաթական ժողովէ մը բացակայ ըլլալնիս հոն յաճախողներուն հոգեւոր բարօրութեան կրնայ ազդել։ Եթէ ներկայ չէք, վստահաբար ձեր բացակայութիւնը զգալի է։

2 Ձեր Խաղցած Կենսական Դերը. Պօղոս կը տենչար իր եղբայրներուն հետ ընկերակցելու։ Հռովմայեցիս 1։11, 12 (ՆԱԹ) կը բացատրէ ինչո՛ւ. «Որպէսզի ձեզի փոխանցեմ ոեւէ հոգեւոր պարգեւ որ ձեզ ամրապնդելու կը ծառայէ. այսինքն՝ ձեր մէջ ըլլալով՝ իրար քաջալերենք այն հաւատքով որ ունինք դուք եւ ես»։ Նոյնպէս, մեր պատասխաններով, մեզի նշանակուած բաժիններով եւ մեր իսկ ներկայութեամբ, իրար մեծապէս կը կերտենք հաւատարիմ ընթացքով շարունակելու համար։—Ա. Թես. 5։11

3 Ժողովներուն մէջ ուրիշներուն տեսնելու չէ՞ք տենչար։ Անոնց պատասխաններուն ուշի ուշով մտիկ կ’ընէք եւ կը գնահատէք անոնց հաւատքի արտայայտութիւնները։ Անոնց հոգեւոր պարգեւները ձեր շինութեան կը նպաստեն։ Եթէ անոնցմէ ոմանք ժողովին ներկայ չըլլային, պիտի զգայիք որ կարեւոր բան մը պակաս էր։ Ձեր եղբայրներն ու քոյրերը միեւնոյն կերպով կը զգան եթէ դո՛ւք բացակայիք։

4 Ժողովներուն Խաղցած Կենսական Դերը. Առիթով մը Դիտարան–ը ցոյց տուաւ թէ ժողովները որքան կենսական են մեր հոգեւոր վերապրումին համար, ըսելով. «Պայքարով պառակտուած այս անբարոյ աշխարհին մէջ, քրիստոնէական ժողովքը հոգեւոր իսկական ապաստան մըն է . . . , խաղաղութեան ու սիրոյ պատսպարան մը։ Հետեւաբար, անոր բոլոր ժողովներուն կանոնաւորաբար յաճախեցէք»։ (Դիտ. 8/15/93 էջ 11, Անգլերէն) Ամէն օր մեզ հոգեւորապէս սպառող պարագաներ կը դիմագրաւենք։ Եթէ զգոյշ չըլլանք, կրնանք մեր մտահոգութիւններով ա՛յնչափ կլանուիլ որ թերեւս մոռնանք աւելի կարեւոր եղող հոգեւոր հետաքրքրութիւնները։ Բոլորս ալ իրար պէտք է քաջալերենք, որպէսզի Աստուծոյ ծառայութեան մէջ միացած ու նախանձախնդիր մնանք։—Եբր. 10։24, 25

5 Ժողովներուն մեր ներկայ ըլլալը կենսական է։ Երբեմն հիւանդութիւնը կամ չնախատեսուած բաներ կրնան մեզ ժողովներէ հեռու պահել։ Այլապէս, վճռենք միշտ գտնուիլ ժողովներուն մէջ, ուր միասնաբար Եհովան կը փառաբանենք։—Սաղմ. 26։12

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել