Աստուածպետական Լուրեր
◼ Արեւմտեան Ափրիկէի երկիրներէն՝ Գամերուն, Գոթ Տիվուար, Լիպերիա, Կանա, Նիկերիա եւ Պենին, Փետրուար ամսուն հրատարակիչներու նոր գագաթ թիւ ունեցան։
◼ Շատ մը գաղթականներ կը վերադառնան Լիպերիա, եւ ներկայիս ճշմարտութեան համար իսկական սով կայ հոն։ Փետրուար ամսուն տեղեկագրող 2,286 հրատարակիչները, 6,277 տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ վարեցին։
◼ Մագաօ անցեալ տարուան հրատարակիչներու միջինին վրայ 16 առ հարիւր յաւելում մը ունեցաւ, Փետրուարին 135 հոգի տեղեկագրելով։
◼ Հարաւային Խաղաղականէն՝ Թահիթին, Սողոմոն Կղզիները եւ Ֆիճին, Փետրուար ամսուն հրատարակիչներու նոր գագաթ թիւ տեղեկագրեցին։
◼ Մատակասքար կղզին 9,484 հրատարակիչներու նոր գագաթ թիւ մը ունեցաւ, որ անցեալ տարուան միջինին վրայ 14 առ հարիւր յաւելում մըն էր։ Փետրուար ամսուն անոնք աւելի քան 20,000 տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ տեղեկագրեցին։