Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 2/00 էջ 1
  • ‘Խօսքը Շտապօրէն Քարոզենք’

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • ‘Խօսքը Շտապօրէն Քարոզենք’
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Հրատապութեան զգացումդ պահէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Արտերը հնձուելու պատրաստ են
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2010)
  • Վկայութիւնը Աւելցնենք Մինչ Վախճանը կը Մօտենայ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
  • Հունձքի ուրախ մշակներ եղէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
թծ 2/00 էջ 1

‘Խօսքը Շտապօրէն Քարոզենք’

1 Եթէ ծրար մը ստանաք որուն վրայ գրուած է՝ «ՇՏԱՊ», զայն ի՞նչպէս կը նկատէք։ «Շտապ» բառը կը նշանակէ «անմիջական ուշադրութիւն պահանջող»։ Լաւ պատճառով մը, Պօղոս առաքեալ պատուիրեց Քրիստոնեաները որ ‘խօսքը շտապօրէն քարոզեն’։ (Բ. Տիմ. 4։2, ՆԱ) Ասոր կ’ընդառաջէ՞ք, անմիջական ուշադրութիւն ընծայելով այս գործին։

2 Թերեւս Պօղոսի տեղեկացուցած էին թէ կարգ մը եղբայրներ որպէս Քրիստոնեաներ ‘ջանքի մէջ թուլասիրտ ըլլալու’ հակումը ցոյց կու տային։ (Հռովմ. 12։11) Ասիկա անոնց աշխատանքին արդիւնքը, ինչպէս նաեւ՝ ուրիշներուն օգնելէն ձեռք ձգուած ուրախութիւնը կը սահմանափակէր։

3 Յիսուսի Տեսակէտը Ծառայութեան Հանդէպ. Յիսուս իր ծառայութիւնը կատարելէն շա՜տ հաճոյք կ’առնէր։ Ան ըսաւ. «Իմ կերակուրս այն է, որ ես զիս ղրկողին կամքը ընեմ եւ անոր գործը կատարեմ»։ Յիսուսի օրինակը ոգեւորեց իր աշակերտները. ան զանոնք քաջալերեց ըսելով՝ ‘արտերը ճերմկած ու հնձուելու պատրաստ են’։ (Յովհ. 4։34, 35) Իր ծառայութեան ամբողջ տեւողութեան իր ցուցաբերած ստիպողականութեան զգացումը բացայայտ էր երբ իր աշակերտներուն ըսաւ. «Հունձքին Տէրոջը աղաչեցէք, որ մշակներ հանէ իր հունձքին»։ (Մատթ. 9։38) Յիսուս իր քարոզչութեան յանձնարարութիւնը կը գնահատէր, եւ վճռած էր թոյլ չտալ որ որեւէ բան զինք ետ պահէր ասիկա ընելէ։

4 Ի՞նչ Կրնանք Ըսել Մեր Մասին. Ներկայիս, որեւէ ժամանակէ աւելի ստիպողական է որ քարոզչութիւնը յառաջ տանինք։ Աշխարհի շատ մը մասերուն մէջ, արտերը հնձուելու պատրաստ են։ Նոյնիսկ այն երկիրներուն մէջ ուր կը թուէր թէ ամբողջական վկայութիւն մը տրուած էր, ամէն տարի հազարաւորներ կը մկրտուին։ Մինչ իրերու այս դրութեան վախճանը արագօրէն կը մօտենայ, ‘աւելիով աշխատինք Տիրոջ գործին համար’։ (Ա. Կորն. 15։58) Որեւէ ժամանակէ աւելի, կենսական է որ ծանր աշխատինք Թագաւորութեան պատգամը ուրիշներուն հետ բաժնելու համար։

5 Թող որ բարի լուրը ուրիշներուն տանելու գործով կլանուած ըլլանք, թէ՛ տունէ տուն եւ թէ թաղամասին մէջ ուրիշ ուր որ մարդիկ գտնուին։ Քարոզչութեան մէջ կարելի եղածին չափ լիովին մասնակցելով, բացայայտօրէն ցոյց կու տանք թէ Թագաւորութիւնը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դրած ենք։ (Մատթ. 6։33) Խօսքը շտապօրէն քարոզելու մէջ մեր հաւատարմութիւնը, շատ ուրախութիւն պիտի պատճառէ մեզի։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել