Անձնազոհութեան Հոգին Ունի՞ք
1 Մարդկութեան սիրոյն Յիսուս Քրիստոսի անձնուրացօրէն իրագործած բաներուն հանդէպ գնահատութիւնը, բոլորս պէտք է մղէ որ մեր կարողութիւնները, կորովը եւ ուժը անձնուրաց կերպով գործածենք։ Սուրբ Գրութիւնները կը յորդորեն. «Ձեր մարմինները ընծայ[եց]էք կենդանի զոհ մը՝ սուրբ, Աստուծոյ հաճելի, որ է ձեր բանաւոր պաշտօնը»։ (Հռովմ. 12։1) Ժամանակ առ ժամանակ անձնաքննութիւն մը կատարելով պիտի կարենաք տեսնել թէ դուք, ձեր անհատական պարագաներուն ներած չափով, այսպիսի հոգի մը կը ցուցաբերէք թէ ոչ։
2 Աստուածաշունչի Գիտութեան Հետամուտ Ըլլալու Մէջ. Անձնապէս Աստուածաշունչը կարդալու եւ զայն կանոնաւորաբար ուսումնասիրելու համար ժամանակ յատկացուցա՞ծ էք։ Այդ յայտագրին կը կառչի՞ք։ Ժողովքային հանդիպումներուն համար լաւ պատրաստուիլը սովորութիւն դարձուցա՞ծ էք։ Եթէ ընտանիքի գլուխ մըն էք, ձեր ընտանիքին հետ կանոնաւորաբար Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէ՞ք։ Ասոնք ընելը կրնայ պահանջել որ զոհենք այն ժամանակը որ հեռատեսիլի կամ համակարգիչի առջեւ, կամ՝ ուրիշ բանի համար կը վատնենք։ Սակայն, ասիկա ի՜նչ փոքր զոհողութիւն մըն է, գիտնալով թէ Աստուծոյ Խօսքին համար տրամադրուած ժամանակը ձեզ յաւիտենական կեանքի պիտի առաջնորդէ։—Յովհ. 17։3
3 Ձեր Զաւակները Մարզելու Մէջ. Անձնազոհութիւն սորվեցնելու լաւագոյն ժամանակը՝ մանկութիւնն է։ Ձեր զաւակներուն սորվեցուցէք, որ թէեւ խաղալու ժամանակ կայ, բայց եւ այնպէս աշխատելու եւ աստուածպետական գործունէութիւններու ժամանակ ալ կայ։ (Եփ. 6։4) Անոնց պիտանի աշխատանք մը տուէք տան մէջ։ Անոնց հետ ծառայութեան մասնակցելու համար, կանոնաւոր յայտագիր մը հաստատեցէք։ Ձեր տուած կրթութիւնը աւելի զօրացուցէք՝ ձեր լաւ օրինակով։
4 Ժողովքային Գործունէութիւններու Մէջ. Ժողովք մը կ’ուռճանայ, երբ անոր բոլոր անդամները սիրայօժար զոհողութիւններ կ’ընեն բոլորին օգտին համար։ (Եբր. 13։16) Կրնա՞ք աւելի ժամանակ տրամադրել Թագաւորութեան քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին։ Կրնա՞ք սիրայօժար կերպով աջակցիլ հիւանդներուն կամ տարեցներուն, թերեւս ժողովներու երթալու համար փոխադրութեան միջոց ապահովելով անոնց։
5 Իր մարդկային կեանքը վերջնականապէս զոհելէ առաջ, Յիսուս իր աշակերտները խրատեց որ իրենց աչքերը Թագաւորութեան շահերուն վրայ կեդրոնացնեն, կեանքի միւս բոլոր բաները երկրորդական սեպելով։ (Մատթ. 6։33) Այսպիսի անձնազոհութեան հոգի մը հետապնդելը մեր ուրախութիւնը պիտի աւելցնէ, մինչ կը շարունակենք Եհովայի ծառայել ցնծութեամբ։