Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 5/00 էջ 1
  • «Արթո՛ւն Մնացէք»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Արթո՛ւն Մնացէք»
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Արթո՛ւն կեցէք»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2003
  • «Վերջին ժամանակ»ին մէջ արթուն կենանք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Արթուն կեցողները ուրա՛խ են
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
  • Հրատապութեան զգացումդ պահէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
թծ 5/00 էջ 1

«Արթո՛ւն Մնացէք»

1 Այս դրութեան վերջին օրերը նշող ծանրակշիռ դէպքերը նկարագրելէ ետք, Յիսուս իր աշակերտները յորդորեց որ ‘արթուն մնան’։ (Մար. 13։33) Քրիստոնեաները ինչո՞ւ արթուն պէտք է մնան։ Քանի որ կ’ապրինք մարդկային պատմութեան ամենէն վտանգաւոր ժամանակին մէջ։ Հոգեւորապէս թմրելու ժամանակը չէ։ Եթէ թմրինք՝ գնահատութիւն պիտի չունենանք այն գործին հանդէպ զոր Եհովա մեզի տուած է որ ընենք այս վերջին ժամանակին մէջ։ Ի՞նչ գործ։

2 Եհովա իր ժողովուրդին պատուիրած է որ համայն երկրի մէջ մարդկութեան միակ յոյսը եղող իր Թագաւորութեան մասին բարի լուրը քարոզեն։ Աստուծոյ կազմակերպութեան հետ սերտօրէն գործակցիլը մեզ կը բնորոշէ որպէս ճշմարիտ Քրիստոնեաներ, որոնք ուշադիր են ժամանակներուն՝ եւ «յաւիտենական կեանքի խօսքեր»ը լսելի դարձնելու մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերելու կարիքին նկատմամբ։ (Յովհ. 6։69) Այս կարեւորագոյն գործին նախանձախնդրաբար մասնակցելով, կ’ապացուցանենք որ հոգեւորապէս արթուն ենք։

3 Քարոզելու Մղում. Որպէս Եհովայի Վկաներ, մեր ծառայութեան նկատմամբ դրական պէտք է ըլլանք։ Աստուծոյ եւ դրացիի հանդէպ սէրը անհատապէս կը մղէ մեզ որ քարոզչութեան մասնակցինք։ (Ա. Կորն. 9։16, 17) Ասիկա ընելով, մենք մեզ պիտի ապրեցնենք եւ զանոնք ալ՝ որոնք մեզի մտիկ կ’ընեն։ (Ա. Տիմ. 4։16) Վճռե՛նք կարելի եղած չափով կանոնաւորաբար մասնակցիլ ու երկար ժամեր տրամադրել, քարոզելու համար Աստուծոյ Թագաւորութիւնը՝ այն լաւագոյն կառավարութիւնը, որ մարդկութիւնը բնաւ ունեցած չէ։

4 Կարեւոր իրողութիւն մը մեր ծառայութեան ստիպողականութիւնը ցոյց կու տայ. մեծ նեղութիւնը պիտի սկսի, մինչ տակաւին այս գործով կը զբաղինք։ Օրը եւ ժամը չգիտնալը կը պահանջէ որ արթուն մնանք եւ ամէն ատեն պատրաստ ըլլանք, աղօթքով Եհովայի ապաւինելու։ (Եփ. 6։18) Քարոզչութեան տարողութիւնը հետզհետէ կը ծաւալի։ Սակայն, շուտով պիտի գայ օր մը, երբ մարդկային պատմութեան վկայութեան մեծագոյն գործը իր յանգումին պիտի հասնի։

5 Հաւատարմօրէն հնազանդեցէք ‘արթուն մնալու’ Յիսուսի պատուէրին։ Ասիկա որեւէ ժամանակէ աւելի կարեւոր է։ Թող որ ստիպողականութեան զգացումով ընդառաջենք։ Այսօր եւ ամէ՛ն օր, հոգեւորապէս զգաստ, արթուն եւ գործունեայ մնանք Եհովայի ծառայութեան մէջ։ Այո, թող որ «արթուն ու զգաստ ըլլանք»։—Ա. Թես. 5։6

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել