Դեռահասակներուն Մատչելի Եղող Առանձնաշնորհում մը
1 Ներկայ ծնողներէն շատեր հաճելիօրէն կը վերյիշեն առանձնաշնորհում մը, զոր վայելեցին երբ ճշմարտութեան մէջ կը մեծնային, որ է՝ Պարբերաթերթի Օրուան գործունէութիւնը։ Այդ գործունէութիւնը բոլոր ժողովքներուն մէջ հիմնուեցաւ 1949–ին։ Ամէն անհատ շաբաթը մէկ օր պէտք էր կեդրոնանար Դիտարան եւ Զարթի՛ր–ը ցրուելու փողոցներու մէջ, տունէ տուն, խանութէ խանութ եւ այլ կերպերով։ Մանաւանդ անչափահաս հրատարակիչները ակնկառոյց կը սպասէին այս գործին մասնակցելու, քանի որ անիկա պատեհութիւն կու տար որ ժողովքի միւս չափահասներուն նման միեւնոյն գործունէութեան մասնակցէին։ Երբ երախայ էիք ձեր պարագան ա՞յս էր։
2 Ձեր Զաւակները Միջամուխ Ըրէք. Շատ փոքր երախաներ, որոնք տակաւին պատրաստ չեն դրան առջեւ սուրբ գրային զրոյց մը սկսելու, կրնան պարբերաթերթեր ներկայացնել։ Ասիկա կը պահանջէ քանի մը կարճ նախադասութիւններէ բաղկացած պարզ ներկայացում մը սորվիլ։ Կողքին վրայի պատկերին մասին հակիրճ մեկնաբանութիւն մը կրնայ բաւարար ըլլալ։ Շատ մը տանտէրներ անմիջապէս կ’ընդունին պարբերաթերթերը մեր փոքրերէն, յաճախ դրական կերպով արտայայտուելով անոնց անկեղծութեան եւ լաւ վարքին մասին։ Քիչ մը օգնութեամբ, երախաները կրնան այս ծառայութիւնը շատ լաւ կերպով կատարել, մեծապէս նպաստելով Թագաւորութեան պատգամը տարածելու։ Անշուշտ, մինչ երախաները կը մեծնան, անոնց ծնողները պիտի փափաքին օգնել, որ իրենց վկայելու հմտութիւնները զարգացնելու մէջ շարունակեն յառաջդիմել։
3 Մանուէլ սկսաւ դռնէ դուռ քարոզել երբ երեք տարեկան էր։ Իր ծնողքը իրեն անգիր սորվեցուցին հակիրճ ներկայացում մը։ Ան եռանդուն կերպով անոնց կողքին կը քարոզէ, բազմաթիւ պարբերաթերթեր, գրքոյկներ եւ թերթիկներ տեղաւորելով։ Ան նաեւ անպաշտօն կերպով կը վկայէ։ Առիթով մը, երբ ծնողքը զինք զբօսանքի համար հանրային պարտէզ մը տարին, ան նախաքայլը առնելով հոն գտնուող անհատներուն կարգ մը թերթիկներ տեղաւորեց։ Թէեւ տակաւին շատ փոքր է, սակայն ծառայութեան հանդէպ Մանուէլի խանդավառութիւնը իր ծնողքին եւ ամբողջ ժողովքին համար իսկական քաջալերութեան աղբիւր մըն է։—Առ. 22։6
4 Եհովայի Վկաներու 2000–ի Օրացոյց–ին վրայ ամէն Շաբաթ օրերը նշուած են որպէս «Պարբերաթերթի Օր»։ Ո՛վ ծնողներ, կը յանձնարարենք որ այս գործունէութեան հանդէպ ձեր հետաքրքրութիւնը վերարծարծէք, օգնելով ձեր զաւակներուն որ կարելի եղածին չափ կանոնաւորաբար մասնակցին ծառայութեան այս առանձնաշնորհումին։