Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
ՆՇՄԱՐ. Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկը ամառուան ընթացքին իւրաքանչիւր շաբթուան համար Ծառայութեան Ժողով մը պիտի յայտագրէ։ Ժողովքները կրնան կարիքին համաձայն վերաճշդումներ ընել, նկատի ունենալով «Աստուծոյ Խօսքը Կատարողներ» Նահանգային Համաժողովին ներկայ գտնուիլը։ Ուր յարմար է, համաժողովէն առաջ տեղի ունենալիք վերջին Ծառայութեան Ժողովին ընթացքին, 15 վայրկեան գործածեցէք այս ամսուան յաւելուածականէն կարգ մը կէտեր վերաքաղ ընելու համար։ Բոլորը քաջալերեցէք, որ առաւօտեան եւ յետմիջօրէի իւրաքանչիւր նիստը չսկսած, քանի մը վայրկեան տրամադրեն տպուած յայտագիրը աչքէ անցընելու եւ նկատի առնուելիք նիւթերուն մասին կանխաւ մտածելու։ Ասիկա յայտագրի ընթացքին կեդրոնանալը եւ հակիրճ՝ սակայն իմաստալից նոթեր առնելը աւելի պիտի դիւրացնէ։ Համաժողովէն 2-4 շաբաթ ետք, յայտագրին աչքառու կէտերը Ծառայութեան Ժողովին մէջ 30 վայրկեան տեւողութեամբ վերաքաղ պէտք է ըլլան։ Այն ժամանակ, իւրաքանչիւր անհատ պատրաստուած պիտի ըլլայ հակիրճ մեկնաբանութիւն մը տալու, երբ այս բաժինը ձեռք առնող նշանակուած երեք որակելի եղբայրներ զանոնք հրաւիրեն ասիկա ընելու։ Անոնք կրնան արտայայտուիլ թէ համաժողովին մեր սորված բաները ի՛նչպէս կը կիրարկուին անհատի մը կեանքին եւ դաշտի ծառայութեան մէջ։ Մէկ կամ երկու ընտրուած, հակիրճ փորձառութիւններ կրնան պատմուիլ։ Բոլորին կողմէ լաւ պատրաստութիւնը շատ կարեւոր է որպէսզի Ծառայութեան Ժողովի այս բաժինը թէ՛ հետաքրքրական եւ թէ դաստիարակիչ ըլլայ։
Մայիս 8–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 28
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Երէց մը ուշադրութեամբ վերաքաղ պիտի ընէ Ծառայութեան Ժողովին վերաճշդումներուն նկատմամբ վերոյիշեալ նշմարը։
15 վյրկ. «Սրբազան Բաները կը Գնահատէ՞ք»։ Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն։ Նահանգային համաժողովի երեք օրերուն ալ ներկայ գտնուելու կարեւորութիւնը ընդգծեցէք։
15 վյրկ. «Ձեր Ամէն Բաները Սիրով Ըլլան»։ Հարց պատասխանով նկատի առէք։ Յիշեցէք այն կարգ մը դժուարութիւնները որոնք յառաջ կու գան, երբ անհատներ իջեւան ապահովելու նկատմամբ հայթայթուած ուղղութիւններուն չեն հետեւիր։
Երգեցողութիւն թիւ 114 եւ փակման աղօթք։
Մայիս 15–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 129
13 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։
16 վյրկ. «Ուշադրութիւն Ընծայեցէ՛ք Սրբազան Պատգամներուն»։ Հարց պատասխանով։ Շեշտեցէք այն պատճառները թէ ինչո՛ւ բոլորս ալ պէտք է մեր տեղերը նստած ըլլանք, երբ իւրաքանչիւր նիստ կը սկսի։
16 վյրկ. «Աստուած Փառաբանող Ընտիր Վարք մը Պահպանեցէք»։ Երէց մը յօդուածը նկատի կ’առնէ ընտանիքի մը հետ։ Անոնք վերաքաղ կ’ընեն թէ ի՛նչ պէտք է ընեն հանրային վայրերու մէջ կարգապահութիւն, քաղաքավարութիւն, մաքրութիւն, եւ օրինակելի երեւոյթ ու վարմունք պահպանելու համար։
Երգեցողութիւն թիւ 34 եւ փակման աղօթք։
Մայիս 22–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 123
12 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Վերաքաղ ըրէք Հարցումի Տուփը։
20 վյրկ. «Արթո՛ւն Մնացէք»։ Հարցում պատասխանով զրոյց։ Բացատրեցէք թէ ինչո՛ւ ստիպողական է որ հոգեւորապէս արթուն մնանք, թէեւ օրը եւ ժամը չենք գիտեր։—Տես՝ Դիտարան 1 Մարտ 1996, էջ 18։
13 վյրկ. Ամառուան Համար Ձեր Ծրագիրները Ի՞նչ Են։ Ընտանիքի անդամներ կը խօսակցին թէ ի՛նչ պիտի ընեն ամառուան ամիսներու ընթացքին։ Անոնք կը խօսակցին նահանգային համաժողովի երեք օրերուն ալ ներկայ գտնուելու եւ մէկ կամ աւելի ամիսներ օժանդակ ռահվիրայութիւն ընելու մասին։ Նաեւ առիթ կրնայ ըլլալ որ տեսարժան պարտէզ մը այցելեն կամ օգտակար զբօսանք մը վայելեն։ Բոլորն ալ կը համաձայնին չանտեսել իրենց աստուածպետական գործունէութեան ռուդինը։
Երգեցողութիւն թիւ 172 եւ փակման աղօթք։
Մայիս 29–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 32
12 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Յիշեցուցէք որ բոլորը Մայիս ամսուան իրենց դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները տան։ Յունիսի ընթացքին տեղաւորելիք գրականութեան հակիրճ մէկ ներկայացումը ցուցադրեցէք։ Ցոյց տուէք թէ ի՛նչպէս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կրնաք առաջարկել, Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկին 13–րդ դասը գործածելով։
15 վյրկ. «Ձեր Սրբազան Ծառայութեան Մէջ Ուրախութիւն Գտէք»։ Դասախօսութիւն։ Ծառայութեան մէջ ուրախ ըլլալու պատճառներու մասին խօսեցէք։—Տես՝ Խորաթափանց, Հատոր Բ., էջ 120։
18 վյրկ. Աստուածաշունչի Վարձահատոյց Ընթերցանութիւն։ Դասախօսութիւն եւ ցուցադրութիւն, հիմնուած՝ Դպրոցի Ուղեգիրք–ին վրայ, էջ 34-35, պարբերութիւն 6-7 (Անգլ.)։ Աստուածաշունչի ընթերցանութեան սովորական յայտագիրը՝ որու վրայ աչքառու կէտերը հիմնուած են՝ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի յայտագրին մաս կը կազմէ։ (Դեկտեմբեր 1999 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը, էջ 7) Ընտանիք մը թող ցուցադրէ թէ ընտանիք մը ի՛նչպէս այս շաբթուան դպրոցի յայտագրին ընթերցանութենէն մաս մը կրնար նկատի առած ըլլալ։ Անոնք մէկ կամ երկու հետաքրքրական կէտեր կ’ընտրեն եւ յաւելեալ փնտռտուքներ կ’ընեն Դիտարանի Գրականութիւններու Նիւթերու Ցանկ–ին կամ Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ գրքերուն մէջ։ Ցոյց տուէք թէ Աստուածաշունչը կարդալը ի՛նչպէս կրնայ աւելի իմաստալից դառնալ, մեզ զինելով որ ‘ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրենք’։—Բ. Տիմ. 2։15
Երգեցողութիւն թիւ 95 եւ փակման աղօթք։
Յունիս 5–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 14
5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
10 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
15 վյրկ. «Դեռահասակներուն Մատչելի Եղող Առանձնաշնորհում մը»։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց։ Պատմեցէք փորձառութիւններ, առնուած՝ Դիտարան 1 Ապրիլ 1997, էջ 10, պարբերութիւն 15–էն։ Դեռատիները հրաւիրեցէք որ պատմեն թէ պարբերաթերթեր բաշխելու մէջ ի՛նչպէս ուրախութիւն գտած են։ Մէկ կամ երկու պատանիներ թող ցուցադրեն դռնէ դուռ ծառայութեան մէջ պարբերաթերթի պարզ ներկայացում մը։ Ծնողները քաջալերեցէք որ ամէն շաբաթ զաւակները իրենց հետ տանին պարբերաթերթի գործունէութեան մասնակցելու համար։
15 վյրկ. «‘Առաջ Թող Փորձուին’—Ի՞նչպէս»։ Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն։ Ժողովքին մէջ օգնական ծառաներ ունենալու սուրբ գրային կարգադրութիւնը վերաքաղ ըրէք։ (Տես՝ Խորաթափանց, Հատոր Բ., էջ 409։) Ցոյց տուէք թէ նշանակուելու համար ի՛նչ որակումներու գոհացում պէտք է տան։ (Տես՝ Կազմակերպուած գրքին էջ 55-57։) Մատնանշեցէք թէ օգնական ծառաները ի՛նչ կերպերով կրնան ծառայել եւ քաջալերեցէք որ յաւելեալ եղբայրներ այս առանձնաշնորհումին ձգտին։
Երգեցողութիւն թիւ 57 եւ փակման աղօթք։