Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 8/00 էջ 3-4
  • Դուք Ալ կ’Օգտուի՞ք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Դուք Ալ կ’Օգտուի՞ք
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Մէկտեղ հաւաքուիլ՝ պաշտամունքի համար
    Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛
  • Պատանիներուն Օգտակար Եղող Ժողովներ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
  • Սիրոյ եւ բարեգործութեան մղող ժողովներ
    Եհովայի վկաները. միացած՝ Աստուծոյ կամքը կատարելու համար համայն աշխարհի մէջ
  • Դաշտի ծառայութեան ժողովներէն լիովին օգտուէ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2006)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
թծ 8/00 էջ 3-4

Դուք Ալ կ’Օգտուի՞ք

1 Ներկայիս միլիոնաւոր մարդիկ կ’ուզեն գիտնալ թէ ի՛նչպէս կրնան խնդիրներ յաղթահարել եւ ուրախ կեանք մը վայելել։ Անոնք մեծ հետաքրքրութեամբ ինքնուսոյց գրքեր կը կարդան, խումբերու կամ կազմակերպութիւններու կը դիմեն, իրենց կեանքը բարելաւելու մասին անոնցմէ խրատ հայցելու համար։ Թերեւս ոմանք կրնան նշել իրենց ձեռք ձգած սահմանափակ օգուտները։ Սակայն, ներկայ կեանքի որակէն դատելով, մարդիկ ընդհանրապէս սորվա՞ծ են խաղաղ ու խորապէս գոհունակ կեանք մը վայելել՝ մարդկային դաստիարակչական յայտագիրներու շնորհիւ։ Վստահաբար ո՛չ։—Ա. Կորն. 3։18-20

2 Միւս կողմէ, մեր Ստեղծիչը ամենէն օգտակար դաստիարակութիւնը ձրիօրէն կը հայթայթէ բոլոր անոնց՝ որոնք կ’ուզեն մտիկ ընել։ Եհովա կ’ուզէ որ ամէն անհատ Իր ուսուցումէն օգտուի։ Ան ազնուօրէն իր ներշնչեալ Խօսքը հայթայթած է, մարդկութիւնը շիտակ ճամբուն մէջ առաջնորդելու համար, եւ իր Թագաւորութեան բարի լուրը ամբողջ աշխարհի մէջ յայտարարել տուած է։ (Սաղմ. 19։7, 8. Մատթ. 24։14. Բ. Տիմ. 3։16) Իրապէ՛ս ուրախ կեանք մը, ուղղակիօրէն առնչութիւն ունի Եհովայի պատուիրաններուն ուշադրութիւն ընծայելուն հետ։—Եսայ. 48։17, 18

3 Եհովայի առաջնորդութիւնը շա՜տ աւելի գերադաս է, քան՝ աշխարհի կողմէ հրամցուած որեւէ ինքնուսոյց գրքի մը կամ ինքնաբարելաւման ծրագիրներու տուած առաջնորդութիւնը։ Կրնանք իսկական օգնութիւն եւ մնայուն օգուտներ քաղել, եթէ լիովին օգտուինք Եհովայի կարգադրութիւններէն, որոնք Իր Խօսքին մէջ ուրուագծուած եւ իր կազմակերպութեան կողմէ ուսուցուած են։—Ա. Պետ. 3։10-12

4 Ժողովքային Հանդիպումներէն Օգտուեցէք. Ներկայիս, Եհովա իր ճամբաները սորվեցնելով իսկական հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ, իսկ մենք կ’օգտուինք եթէ իր հրահանգներուն ուշադրութիւն ընծայենք։ Մեր շաբաթական հինգ ժողովները Եհովայի սիրալիր հոգատարութիւնը կ’ապացուցանեն։ Երբ ժողովներու ներկայ կը գտնուինք, Աստուծոյ մասին մեր գիտութիւնը կ’աւելնայ։ Կը սորվինք ի՛նչպէս մենք մեզ չարէն պաշտպանել՝ Եհովայի մօտենալով։ Այս կերպով կ’ոգեւորուինք։

5 Տակաւին ասկէ աւելին կայ։ Ժողովքային հանդիպումներուն կրնանք ‘լայն բանալ մեր սրտերը’։ (Բ. Կորն. 6։13) Ասիկա կը պարփակէ ժողովքի տարբեր անդամներուն ծանօթանալ։ Ինչպէս Պօղոս առաքեալ յիշեց Հռովմէացիներուն գրած իր նամակին մէջ, փոխադարձ քաջալերութենէն կ’օգտուինք։ (Հռովմ. 1։11, 12) Եբրայեցիներուն գրած իր նամակին մէջ, ան խիստ կերպով խրատեց քրիստոնէական ընկերակցութենէն բացակայելու սովորութիւնը զարգացնողները։—Եբր. 10։24, 25

6 Կեանքի մէջ ուրախ եւ գոհունակ ըլլալը, ուղղակիօրէն առնչուած է ուրիշներու բարօրութեամբ հետաքրքրուելուն հետ։ Մեզի քաջալերութիւն տրուած է որ ուրիշներու ուրախութեան նպաստելու կերպեր գտնենք։ Հետեւաբար, մեր քրիստոնէական ժողովները վստահաբար օգտակար են թէ՛ մեզի եւ թէ անոնց համար, որոնց հետ առողջ ընկերակցութիւն կը մշակենք։ Մեզմէ կը պահանջուի անոնց սրտանց մասնակցիլ։

7 Պօղոս առաքեալ նման կէտ մը յիշեց Տիմոթէոսի ուղղած իր խրատին մէջ, ուր գրեց. «Քու անձդ աստուածպաշտութեան վարժեցուր»։ (Ա. Տիմ. 4։7) Մենք մեզի հարց տանք. ‘Ինքզինքս կը մարզե՞մ։ Ժողովներուն մէջ լսած բաներէս օգտուիլ կը սորվի՞մ’։ Մեր պատասխանները դրական պիտի ըլլան, եթէ ժողովներուն մէջ մեր լսած բաներուն ուշադրութիւն ընծայենք եւ ջանանք մեր սորվածը գործադրել։ Հաւատքի աչքերով կարող պէտք է ըլլանք մեզի սորվեցնող եղբայրներէն անդին նայիլ եւ Եհովան տեսնել, որպէս իր ժողովուրդին Մեծ Ուսուցիչը։—Եսայ. 30։20, ՆԱ

8 Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցը եւ Ծառայութեան Ժողովը. Այս երկու ժողովները ծրագրուած են մեզի օգնելու, որ քրիստոնէական ծառայութեան մէջ ազդու ըլլանք։ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին անունը վրան է. դպրոց մը, ուր աշակերտները կանոնաւորաբար հրահանգ եւ խրատ կը ստանան։ Որպէս հանրային դասախօս եւ Աստուծոյ Խօսքին ուսուցիչ, ձեր յառաջդիմութիւնը ցոյց տալու պատեհութիւնը ունիք։ Սակայն, դպրոցէն լաւագոյնս օգտուելու համար, պէտք է անոր մէջ ելոյթ ունենաք, ներկայ գտնուիք, կանոնաւորաբար մասնակցիք, եւ ձեր նշանակումներուն մէջ ձեր սիրտը դնէք։ Տրուած խրատը ընդունելով եւ կիրարկելով, պիտի յառաջդիմէք։

9 Ծառայութեան Ժողովը մեզի կը սորվեցնէ քրիստոնէական ծառայութեան կարեւորութիւնը եւ ցոյց կու տայ թէ ի՛նչպէս կրնանք աշակերտելու գործին մասնակցիլ։ Դուք եւ ձեր ընտանիքը այս երկու ժողովներուն ներկայացուած նիւթերէն լիովին կ’օգտուի՞ք։ Քրիստոնեայ ամոլ մը դիտել կու տայ. «Ծառայութեան Ժողովի մը ընթացքին, լսեցինք թէ որպէս ընտանիք օրուան համարը նկատի պէտք է առնենք։ Մինչեւ հիմա ասիկա չէինք ըներ, բայց հիմա կ’ընենք»։ Անոնք ի՞նչպէս օգտուած են ասկէ։ Անոնք կ’ընդունին. «Նկատած ենք որ ճաշի սեղանին շուրջ մեր խօսակցութիւնները աւելի հաճոյալի դարձած են։ Ընթրիքի ժամանակ այլեւս չենք վիճաբանիր»։ Զաւակներն ալ ժողովներէն կ’օգտուի՞ն։ Այո՛։ Մայրը կ’ըսէ. «Բացայայտ է թէ մեր զաւակները խորապէս կ’ազդուին ժողովներէն։ Անգամ մը մեր վեց տարեկան տղուն սուտ խօսիլը բռնեցինք։ Սակայն, ա՛յդ շաբաթ, հրահանգիչ ուղերձը ստախօսութեան մասին էր։ Յանցապարտ նայուածքով մը, մեր տղան հօրը նայեցաւ եւ իր աթոռին մէջ կծկուեցաւ։ Ան իր դասը սորված էր, եւ անկէ ետք խնդիր չունեցանք»։

10 Ռահվիրայ քոյր մը կ’ըսէ թէ ուրախ է որ Ծառայութեան Ժողովին մէջ մեր ծառայութիւնը բարելաւելու մասին թելադրութիւններ կը տրուին։ Ինչո՞ւ։ Ան կը բացատրէ. «Ինծի միօրինակ կը թուի։ Երբեմն կը խորհիմ թէ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին մէջի թելադրութիւնները գործնական չեն։ Սակայն, Ծառայութեան Ժողովին, երբ լսեմ թէ զայն պէտք է փորձենք, թելադրութիւնները կիրարկելու խանդավառութիւն մը կը զգամ։ Ասիկա ծառայութիւնը աւելի հետաքրքրական կը դարձնէ»։ Առաջին այցելութենէն Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու թելադրութիւնը շաբաթներ կիրարկելէ ետք, ան առաջին այցելութենէն իսկ ուսումնասիրութիւն մը սկսաւ աղջկայ մը հետ, որ աղօթքով օգնութիւն կը խնդրէր։

11 Երբ ձեր անհատական ընտրութիւններուն շուրջ սուրբ գրային խրատ պարունակող դասախօսութիւն մը մտիկ ընէք, կը զգա՞ք թէ Եհովա ուղղակիօրէն ձեզի՛ հետ կը խօսի։ Եղբայր մը այսպէս զգաց։ Ան ըսաւ. «Վերջերս, ժողովի մը ընթացքին, եղբօր մը դասախօսութիւնը նկատի առաւ թէ ո՛ր զբօսանքները պատշաճ, եւ որո՛նք անպատշաճ էին Քրիստոնեաներուն համար։ Կը սիրէի հեռատեսիլէն կռփամարտութիւն դիտել։ Սակայն, այդ ժողովէն ետք, որոշեցի որ ա՛յս մարմնամարզանքը Քրիստոնեաներուն համար պատշաճ չեղող զբօսանքներու շարքին կը դասուի։ Ուստի, այլեւս զայն չեմ դիտեր»։ Այո, թէեւ այս եղբայրը վայրագ եղող բանի մը հանդէպ սէր զարգացուցած էր, սակայն ան խոնարհաբար ընդառաջեց Եհովայի առաջնորդութեան։—Սաղմ. 11։5

12 Հանրային Ժողովը, Դիտարան–ի Ուսումնասիրութիւնը եւ Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութիւնը. Ամէն շաբաթ մեր լսած հանրային դասախօսութիւնները Աստուածաշունչի զանազան նիւթեր կ’ընդգրկեն։ Այս դասախօսութիւններէն ի՞նչ կերպով կ’օգտուիք։ Քրիստոնեայ ամուսին մը իր քաղած օգուտներուն մասին խօսելով, ըսաւ. «Դասախօսութիւն մը ունկնդրեցի, որ հոգիին բոլոր պտուղները աչքառու դարձուց։ Դասախօսը յիշեց թէ այս պտուղները մշակելու համար, ինք՝ որոշ յատկութիւն մը կ’ընտրէր եւ մէկ շաբաթ անոր վրայ կ’աշխատէր։ Շաբթուան վերջաւորութեան, յետադարձ ակնարկ մը կը նետէր, տեսնելու համար թէ ո՛րքանով կրցած էր այդ պտուղը ցուցաբերել իր առօրեայ գործունէութիւններուն մէջ։ Ապա յաջորդ շաբաթ ուրիշ յատկութեան մը վրայ կ’աշխատէր։ Գաղափարը սիրեցի եւ սկսայ զայն անձա՛մբ գործադրել»։ Լսուածը ի գործ դնելու ի՜նչ հոյակապ օրինակ մը։

13 Դիտարան–ի Ուսումնասիրութիւնը մեզի կը սորվեցնէ որ Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկենք կեանքի զանազան պարագաներուն մէջ։ Ասիկա մեզի կ’օգնէ որ հանդարտ միտք եւ սիրտ մը պահպանենք, հակառակ կեանքի մտահոգութիւններուն։ Դիտարան–ի Ուսումնասիրութիւնը նաեւ կ’օգնէ մեզի որ աստիճանաբար յառաջդիմող ճշմարտութեան հետ քայլ պահենք։ Օրինակ, չօգտուեցա՞նք Դիտարան 1 Մայիս 1999–ի ուսումնասիրութեան յօդուածներէն՝ «‘Այս Ամէնը Պէտք Է որ Ըլլան’», «‘Ով որ Կարդայ, Թող Հասկնայ’» եւ «Աչալուրջ եւ Ջանասէր Եղէ՛ք»։ Այս ուսումնասիրութիւնները ի՞նչ կերպով ազդեցին ձե՛ր վրայ։ Ձեր արարքներով ցոյց կու տա՞ք թէ ապագայի նկատմամբ Յիսուսի ազդարարութիւնը լուրջի կ’առնէք։ Կը պատրաստուի՞ք այն փորձութիւններուն համար որոնք պիտի գան, երբ տեսնենք «աւերմունքին պղծութիւնը . . . սուրբ տեղը կը կենայ»։ (Մատթ. 24։15-22) Ձեր նպատակակէտերը եւ կեանքի ընթացքը ցոյց կու տա՞ն թէ ձեզի համար ամենէն կարեւոր բանը Եհովայի անուան սրբացումն է, եւ ո՛չ թէ՝ նիւթական ստացուածքներու կուտակումը։ Դիտարան–ի Ուսումնասիրութենէն հիմա իսկ օգուտներ չե՞նք քաղեր։

14 Պահ մը խորհեցէք թէ ամէն շաբաթ Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան ընթացքին որքա՜ն բաներ կը սորվինք։ Ներկայիս կ’ուսումնասիրենք Աստուածաշունչի Դանիէլ գիրքը։ Չորս ամիսէ ի վեր որ Աստուածաշունչի այս գիրքը կ’ուսումնասիրենք, չե՞նք նկատած որ մեր հաւատքը ամէն շաբաթ կ’աւելնայ։ Եհովայի սիրելի մարգարէին՝ Դանիէլի նման, մեր հաւատքը կը զօրացնենք, որպէսզի կարենանք համբերութեամբ տոկալ։

15 Եհովա Մեզի կը Սորվեցնէ Ուրախ Ապրիլ. Երբ Աստուծոյ պատուիրաններուն ուշադրութիւն ընծայենք, շատ սրտացաւերէ կը խուսափինք։ Ասկէ զատ, ուրախ կեանքին ինչ ըլլալը կը հասկնանք։ Եհովայի առաջնորդութեան հետեւելով, Իր գործին մասնակիցներ կ’ըլլանք եւ ոչ թէ՝ դիտողներ։ Իսկ Աստուծոյ գործը կատարողները ուրա՛խ անհատներ են։—Ա. Կորն. 3։9. Յակ. 1։25

16 Մտածեցէք թէ ժողովքային հանդիպումներուն ձեր լսած բաները ի՛նչպէս պիտի կիրարկէք։ (Յովհ. 13։17) Աստուծոյ եռանդունօրէն ծառայեցէք, ձեր բոլոր սրտով։ Ձեր ուրախութիւնը պիտի բազմապատկուի։ Ձեր կեանքը աւելի ճոխ եւ աւելի իմաստալից պիտի ըլլայ։ Ա՛րդարեւ, պիտի օգտուիք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել