2001–ի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոց
1 Բազմաթիւ սուրբ գրային պատճառներ կան թէ ինչո՛ւ բոլորս ալ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ կարելի եղածին չափ լիովին պէտք է մասնակցինք։—Առ. 15։23. Մատթ. 28։19, 20. Գործք 15։32. Ա. Տիմ. 4։12, 13. Բ. Տիմ. 2։2. Ա. Պետ. 3։15
2 Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցանութեան յայտագիրը երկար ատենէ ի վեր դպրոցին մէկ երեսակը եղած է։ Անիկա թոյլ կու տայ որ ամէն օր Աստուածաշունչէն շուրջ մէկ էջ կարդաք։ Այս տարուընէ սկսեալ, Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն մըն ալ նշանակուած է գրաւոր վերաքաղի իւրաքանչիւր շաբթուան համար։ Աստուածաշունչի յաւելեալ ընթերցանութիւնը, որ վերջին երեք տարիներու ընթացքին յայտագրուած էր, այժմ ամբողջացած է։ Սակայն, եթէ կը փափաքիք յայտագրին նշածէն աւելի ընթերցել, կրնաք ընթերցանութեան ձեր անձնական յայտագիրը պատրաստել։
3 Թիւ 2 Նշանակումը եղբայրները կը մարզէ Աստուծոյ Խօսքը ‘հանրապէս կարդալու’։ (Ա. Տիմ. 4։13, ՆԱ) Երբ ընթերցանութեան նշանակումը ունենաք, զայն քանի մը անգամ բարձրաձայն կարդացէք։ Կրնաք Ընկերութեան Աստուածաշունչի ձայներիզները գործածել, ձեր արտասանութիւնը, եղանակաւորումը եւ լաւ ընթերցանութեան միւս երեսակները բարելաւելու համար։
4 Նշանակում Թիւ 3–ը եւ Թիւ 4–ը հիմնուած են Պատճառաբանել գրքին վրայ, որ պատրաստուած էր դաշտի ծառայութեան մէջ գործածուելու համար։ Եթէ նշանակուած նիւթը յատկացուած ժամանակին մէջ չէք կրնար ծածկել, ընտրեցէք միայն այն ի՛նչ որ ձեր ժողովքի թաղամասին մէջ ամենէն աւելի գործնական է։ Ձեր թաղամասին համար ներկայացման ինչ կերպ որ յարմար է, անիկա կրնաք գործածել։
5 Կարելի եղածին չափ ջանացէք դպրոցին մէջ ձեր ունեցած բոլոր նշանակումները կատարել։ Լաւ պատրաստելու համար ժամանակ տրամադրեցէք, եւ ձեր սրտէն խօսեցէք։ 2001–ի ընթացքին Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ բոլոր սրտով մասնակցելով, ժողովքին համար քաջալերութեան աղբիւր մը պիտի ըլլաք եւ անձնապէս պիտի օգտուիք։